Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/08 էջ 3-4
  • Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Շարունակեցէ՛ք ‘զիրար շինել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովային օրուան համար պատրաստ կեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Զօրաւոր Համոզումով Քարոզենք Բարի Լուրը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 3/08 էջ 3-4

Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն

Սիրելի հաւատակիցներ,

Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն հանդէպ իր սէրն ու գնահատութիւնը արտայայտելու ամէն պատեհութիւն օգտագործեց։ Ան Հռովմի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն գրեց. «Կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամենուն համար, վասն զի ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհի մէջ կը պատմուի»։ (Հռովմ. 1։8) Այո, Հռովմէական Կայսրութեան տարածքին, առաջին դարու այս Քրիստոնեաները ճանչցուած էին իրենց զօրաւոր հաւատքով ու եռանդուն քարոզչութեամբ։ (Ա. Թես. 1։8) Զարմանալի չէ որ Պօղոս իր եղբայրներուն հանդէպ այսպիսի խոր խանդաղատանք ունէր։

Պօղոսի նման, ամէն անգամ որ ձեր մասին կը խորհինք, Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Բոլորդ շա՜տ կը սիրենք։ Եւ կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովա ձեզ անհատապէս կը սիրէ։ Ձեզմէ ոմանք խիստ հալածանք կրելով հանդերձ՝ կը շարունակեն քարոզել։ Անտարակոյս, ձեր ցուցաբերած համարձակ ու խիզախ հոգին Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ։—Առ. 27։11

Տարեգիրք–ը բազմաթիւ ապացոյցներ կու տայ թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս ‘յաղթող է եւ յաղթելու կ’երթայ’, եւ թէ Քրիստոսի հետեւորդներուն դէմ կռանուած ո՛չ մէկ զէնք արդիւնաւոր պիտի ըլլայ։—Յայտ. 6։2. Եսա. 54։17

Պօղոս Փիլիպպէի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն գրեց. «Շնորհակալ կ’ըլլամ իմ Աստուծմէս . . . քանի որ հաղորդակից եղաք աւետարանին»։ (Փիլ. 1։3-5, ԱՎ) Մենք՝ Կառավարիչ Մարմինի անդամներս՝ ձեզի հանդէպ նոյնը կը զգանք։ 2007–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, 6,691,790 հրատարակիչ 1,431,761,554 ժամ յատկացուցին, 236 երկիրներու մէջ բարի լուրը քարոզելու։ Ի՜նչ հսկայ ջանք կը թափէք բարի լուրին տարածման համար։ Պահ մը խորհեցէք այն հարիւր հազարաւորներուն մասին, որոնց կեանքը դրականօրէն ազդուեցաւ մեր հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ, Եհովայի փառք բերելով։

Ուրիշ առիթով, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ իր եղբայրներուն մեծապէս կը կարեկցէր։ Ան Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներուն գրեց. «Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս . . . մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք»։ (Ա. Թես. 1։2, 3, Անթիլիաս) Արդարեւ կեանքը մարտահրաւէրներէ զերծ չէ։ Խնդիրներ միշտ կը ծագին, բայց կենսական է որ տոկանք։ Անձնապէս ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւես։ Վհատա՞ծ ես՝ քանի որ լուրջ հիւանդութիւն մը Եհովայի մատուցած ծառայութիւնդ կը սահմանափակէ։ Անյագ թշնամին՝ Շէօլը քու սիրելի կողակիցդ խլա՞ծ է։ (Առ. 30։15, 16) Տակաւին կեանքի ընկեր կը փնտռե՞ս, որ քեզի պէս Եհովան կը սիրէ, մինչ միայն Տէրոջմով ամուսնանալու աստուածաշնչական խրատին հաւատարմօրէն կը կառչիս։ (Ա. Կորն. 7։39) Ծանր աշխատա՞նք կը տանիս որ տնտեսական գէշ պայմաններու ներքեւ զաւակներդ մեծցնես։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ ձեր պարագան, եթէ Թագաւորութեան շահերը առաջնագոյն տեղը պահէք, կրնաք վստահ ըլլալ որ Եհովա ‘պիտի չմոռնայ ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար’։ Ո՛վ եղբայրներ ու քոյրեր, ‘բարիք գործելէն մի՛ ձանձրանաք’։—Եբր. 6։10. Գաղ. 6։9

Ի՞նչ բան կ’օգնէ որ տոկաք։ Ինչպէս էր Թեսաղոնիկեցիներուն պարագան, «մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալ»ը։ Վաւերական պատճառով, Պօղոս «փրկութեան յոյս»ը նմանցուց տոկուն սաղաւարտի մը, որ կրնայ Քրիստոնեան պաշտպանել բացասական մտածումէն ու նեղիչ կասկածներէն։—Ա. Թես. 5։8

Իրապէս, ուրախութեամբ տոկալով՝ տիեզերական գերիշխանութեան մեծ հարցին մէջ Սատանայի նախատինքներուն պատասխան մը կը հայթայթէք։ Սատանան կը դաւանի թէ Աստուծոյ ծառաները ի բնէ անձնասէր են եւ թէեւ կը յօժարին որոշ ժամանակ մը Աստուծոյ ծառայել, բայց իրենց պաշտամունքին մէջ պիտի դանդաղին եթէ փորձութիւնները աւելնան կամ իրերու դրութիւնը իրենց ակնկալածէն աւելի երկարի։ Առանձնաշնորհում ունիք Բանսարկուն քօղազերծելու որպէս արհամարհելի ստախօս մը։ Իւրաքանչիւր օր ձեզ աւելի կը մօտեցնէ ձեր յոյսին իրականացման։

Ինչպէս Պօղոս պատեհութիւններ օգտագործեց իր եղբայրները գովելու՝ իրենց աշխոյժ հաւատքին, եռանդուն քարոզչութեան եւ համբերատարութեան համար, այս պատեհութիւնը կ’օգտագործենք ձեզ գովելու եւ ձեզի հանդէպ մեր սէրը հաստատելու։ Շարունակեցէք բարի գործը կատարել։

Կը յուսանք որ այս տարին հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններով լեցուն ըլլայ։ Բարի մաղթանքներով,

ձեր եղբայրները՝

Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել