Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ18 թիւ 3 էջ 3
  • Մահուան պատճառած ցաւը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մահուան պատճառած ցաւը
  • Զարթի՛ր 2018
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2018
  • Այս թիւին մէջ. Օգնութիւն սգաւորներուն
    Զարթի՛ր 2018
  • Քեզի ի՛նչ կը սպասէ
    Զարթի՛ր 2018
  • Բացում
    Զարթի՛ր 2018
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2018
զ18 թիւ 3 էջ 3
Սգաւոր մը մինակ նստած է ճաշարանի մը մէջ

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Մահուան պատճառած ցաւը

«Սոֆիայինa հետ ամուսնանալէս աւելի քան 39 տարի ետք, երկարատեւ հիւանդութիւն մը անոր կեանքը խլեց։ Բարեկամներս միշտ քովս էին եւ ինքզինքս զբաղած կը պահէի։ Բայց լման տարի մը սիրտս արիւն լացաւ։ Ատեններ, զգացումներս իրենց գլուխը կ’առնէին կ’երթային։ Նոյնիսկ հիմա որ երեք տարի անցած է անոր մահուան վրայ, երբեմն զգացական խոր ցաւերու մէջ կ’ընկղմիմ, եւ շատ անգամ՝ անակնկալ կերպով» (Քոսթաս)։

Եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես, թերեւս կը զգաս ի՛նչ որ Քոսթաս զգաց։ Կողակիցի մը, ազգականի մը կամ մտերիմ բարեկամի մը մահը, ամէնէն շատ սթրես կամ սրտացաւ պատճառող բաներէն մէկն է։ Մասնագէտները կը համաձայնին ասոր։ Պարբերաթերթի մը մէջ հրատարակուած յօդուած մը կ’ըսէ, թէ «մահը՝ կորուստի ամէնէն մնայուն կերպն է, որ ծայրայեղ վիշտ կը պատճառէ» (The American Journal of Psychiatry)։ Ան որ այս անտանելի ցաւը կը զգայ, թերեւս մտածէ. ‘Այս զգացումները որքա՞ն պիտի տեւեն։ Օր մը պիտի գա՞յ որ նորէն ուրախ ըլլամ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ցաւս թեթեւցնել’։

Այդ հարցումներուն պատասխանները նկատի պիտի առնուին Զարթի՛ր–ի այս թիւին մէջ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ի՛նչ կրնաս ակնկալել որ քեզի պատահի, եթէ վերջերս սիրելի մը կորսնցուցած ես։ Իսկ յաջորդ յօդուածները պիտի բացատրեն, որ ի՛նչ կերպերով կրնաս վիշտդ թեթեւցնել։

Սրտանց կը յուսանք որ տրուած տեղեկութիւնները մխիթարեն եւ գործնական կերպով օգնեն անոնց, որոնք մահուան պատճառած ցաւէն կը տառապին։

a Կարգ մը անուններ փոխուած են այս յօդուածաշարքին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել