Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 2 էջ 6-7
  • 1. Մեր տառապանքին պատճառը Աստուա՞ծ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 1. Մեր տառապանքին պատճառը Աստուա՞ծ է
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է
  • Պահ մը մտածէ
  • Աստուածաշունչը կ’ըսէ
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2020
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 2 էջ 6-7
Քահանայ մը եկեղեցիին մէջ Աստուածաշունչը բռնած է, մինչ սգաւորներու քարոզ կու տայ։

1. Մեր տառապանքին պատճառը Աստուա՞ծ է

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Շատեր Աստուած կը մերժեն, քանի որ կը կարծեն որ ինք տառապանքը կը պատճառէ։

Պահ մը մտածէ

Կրօնական առաջնորդներէն շատեր, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն, սորվեցուցած են թէ մեր տառապանքին պատճառը Աստուած է։ Օրինակ, անոնցմէ ոմանք հետեւեալը կ’ըսեն.

  • Բնական աղէտները Աստուծոյ կողմէ պատիժ են։

  • Պզտիկներ կը մեռնին, քանի որ Աստուած երկինքի մէջ աւելի հրեշտակներու պէտք ունի։

  • Աստուած կողմ կը բռնէ պատերազմներու մէջ, որոնք մեծ տառապանք կը պատճառեն։

Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ կրօնական առաջնորդները Աստուծոյ մասին սխալ բաներ սորվեցուցած են։ Կարելի՞ է որ Աստուած զանոնք մերժած է։

ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Կրնաս դիտել Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել վիտէոն, www.jw.org/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Մեր տառապանքին պատճառը Աստուած չէ։

Եթէ Աստուած մեզի տառապանք պատճառէր, ասիկա ներդաշնակ պիտի չըլլար իր յատկութիւններուն հետ, որոնք Սուրբ Գիրքը յայտնած է։ Օրինակ.

«Աստուծոյ. . . բոլոր ճամբաները արդար են. . . անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. ՕՐԻՆԱՑ 32։4)։

«Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ» (ՅՈԲ 34։10)։

«Ամենակարողը դատը չի ծռեր» (ՅՈԲ 34։12)։

Աստուած կը մերժէ որեւէ կրօնք, որ զինք սխալ կերպով կը ներկայացնէ։

Ասիկա կը պարփակէ այն կրօնքները, որոնք կը սորվեցնեն թէ Աստուած է մեր տառապանքին պատճառը, եւ այն կրօնքները, որոնք կը քաջալերեն պատերազմներն ու բռնութիւնը։

«Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն։ Զանոնք ես չղրկեցի եւ անոնց չհրամայեցի ու անոնց չխօսեցայ։ Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ. . . եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան’» (ԵՐԵՄԻԱ 14։14)։

Յիսուս դատապարտեց կրօնական կեղծաւորութիւնը։

«Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։ Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 7։21-23)։

Մեր տառապանքին պատճառը Աստուա՞ծ է

Սեպենք թէ հայր մը իր զաւակները կը մեծցնէ եւ անոնց բոլոր պէտքերը կ’ապահովէ։ Ետքը, զաւակներէն մէկը կ’ըմբոստանայ, տունէն կը փոխադրուի եւ այնպիսի ապրելակերպ մը կ’ընտրէ, որ իր կեանքը կը քանդէ։ Արդեօք հայրը պատասխանատո՞ւ է իր զաւակին վարքին համար։ Իսկ զաւակը կրնա՞յ իր հայրը այպանել իր ունեցած գէշ փորձառութիւններուն համար։ Նոյնպէս, չենք կրնար սեպել, որ Աստուած է մեր տառապանքին պատճառը։

Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ մեր տառապանքին պատճառը մենք ենք։

Տե՛ս 2–րդ հարցումը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել