Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 3 էջ 12-13
  • Սէր ցոյց տուր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սէր ցոյց տուր
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խնդիրը
  • Սուրբ Գիրքէն սկզբունք
  • Ի՞նչ կրնաս ընել
  • Անոնք նախապաշարումին դրած պատը քանդեցին
    Զարթի՛ր 2020
  • Նախապաշարումով վարակուա՞ծ ես
    Զարթի՛ր 2020
  • Ուզեցի անարդարութեան դէմ պայքարիլ
    Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Ե՞րբ կանխադատութիւնը վերջ պիտի գտնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 3 էջ 12-13
Հնդիկ կին մը տարիքոտ կովկասցի կնոջ մը գնած ապրանքները բռնած, իրեն կ’օգնէ որ աստիճանները ելլէ։

Սէր ցոյց տուր

Խնդիրը

Նախապաշարումի զգացումները անմիջապէս չեն անհետանար։ Ճիշդ ինչպէս որ ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կը պահանջուի, որպէսզի ժահրէ մը ազատինք, նոյնպէս ժամանակ ու ջանք կը պահանջուի նախապաշարումէն ձերբազատուելու համար։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որ նախապաշարումը սրտէդ արմատախիլ ընես։

Սուրբ Գիրքէն սկզբունք

1. Ասիացի տղամարդ մը դուռը բաց կը պահէ սեւամորթ մարդու մը համար, որ սուրճի գաւաթներ բռնած է։ 2. Նոյն սեւամորթ տղամարդը կը հրամցնէ սուրճը իր գործակիցներուն, մէջը ըլլալով նախորդ նկարին մէջ եղող հնդիկ կինը։

«Սէրը հագէք, որ միութեան կատարեալ կապն է» (ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։14, ՆԱ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Ուրիշներուն համար ազնիւ գործեր ընելը մարդիկը կը միացնէ։ Ո՛րչափ աւելի ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց տաս, ա՛յդչափ աւելի նուազ նախապաշարուած պիտի ըլլաս։ Եւ սիրտիդ մէջ ո՛րչափ աւելի սէր ունենաս, ա՛յդչափ աւելի քիչ տեղ պիտի ըլլայ ատելութեան կամ անարգանքին։

Ի՞նչ կրնաս ընել

1. Տարիքոտ կովկասցի կին մը հնդիկ կնոջմէ մը օգնութիւն կը ստանայ։ 2. Տարիքոտ կովկասցի կինը խմորեղէն ուտելիք կը տանի իր դրացիին՝ նախորդ նկարին մէջ եղող ասիացի տղամարդուն։.

Մտածէ թէ ի՛նչ մասնայատուկ կերպերով կրնաս սէր ցոյց տալ այն մարդոց հանդէպ, որոնք կը պատկանին այն խումբին, որուն նկատմամբ ժխտական կեցուածք ունիս։ Պէտք չկայ մեծ բաներ ընելու։ Փորձէ հետեւեալները.

Սէր արտայայտող ամէն մէկ պզտիկ արարքով, քայլ առ քայլ պիտի հեռանաս նախապաշարումէն

  • Քաղաքավար կերպով վարուէ այդ խումբին պատկանողներուն հետ, օրինակ՝ դուռը բանալով կամ պասին մէջ տեղդ տալով։

  • Ջանա՛ պզտիկ զրոյց մը ունենալ, նոյնիսկ եթէ անոնք քու լեզուդ սահուն կերպով չեն խօսիր։

  • Համբերող եղիր, երբ քեզի համար անհասկնալի ըլլայ իրենց ըրածը։

  • Ցոյց տուր, որ զիրենք կը հասկնաս, եթէ իրենց խնդիրներուն մասին խօսին։

Փորձառութիւն մը. Նըզարէ (Կուինիա–Պիսաու)

«Ատեն մը, գաղթականներուն հանդէպ նախապաշարուած էի։ Ինծի ըսած էին, թէ շատ մը գաղթականներ կառավարութիւնը խաբելով դրամ կամ օգնութիւն կը ստանային, եւ թէ անոնցմէ շատեր ոճրագործներ էին։ Այս պատճառով շատ դժուար էր զիրենք ընդունիլ։ Բայց զգացումներս նախապաշարում չէի սեպեր, քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը այս աչքով կը դիտէր գաղթականները։

«Սակայն ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ, որ իրականութեան մէջ գաղթականներուն հանդէպ նախապաշարուած եմ։ Աստուածաշունչի տուած իմաստութիւնը օգնեց, որ անոնց հանդէպ աւելի ազնիւ ըլլամ։ Այժմ անոնցմէ հեռու մնալու փոխարէն, անոնց բարեւ կու տամ ու կը խօսակցիմ հետերնին։ Կը ջանամ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ճանչնալ որպէս անհատ։ Հիմա անոնց հանդէպ զգացումներս դրական են եւ անոնց հետ շատ հանգիստ կը զգամ»։

«Ուզեցի անարդարութեան դէմ պայքարիլ»

Ռըֆիքա Մորիս

Ռըֆիքան յեղափոխական խումբի մը միացաւ ցեղային անարդարութեան դէմ պայքարելու համար։ Բայց երբ Եհովայի վկաներու համաժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ, վերջապէս գտաւ այն միութիւնը, որ միշտ կը փնտռէր։

Դիտէ՛ Ռըֆիքա Մորիս. Ուզեցի անարդարութեան դէմ պայքարիլ վիտէոն։ Վերնագիրը փնտռէ jw.org կայքին վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել