Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 48
  • Իմաստուն գաբաւոնացիները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իմաստուն գաբաւոնացիները
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գաբաւոնացիներէն ի՞նչ կը սորվինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Արեւը անշարժ կը կենայ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Մեր անաչառ Աստուածը՝ Եհովան՝ ընդօրինակենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 48
Իսրայէլացիներուն բնակավայրին մէջ Գաբաւոնացիները Յեսուին ցոյց կու տան իրենց պատռտած հանդերձները եւ չորցած հացը

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 48

Իմաստուն գաբաւոնացիները

ՔԱՆԱՆՈՒ շատ մը քաղաքները կը պատրաստուին Իսրայէլի դէմ պատերազմելու։ Անոնք կը խորհին որ կրնան շահիլ։ Բայց մօտակայ Գաբաւոն քաղաքին բնակիչները նոյնպէս չեն խորհիր։ Անոնք կը հաւատան որ Աստուած կ’օգնէ Իսրայելացիներուն եւ չեն ուզեր Աստուծոյ դէմ պատերազմիլ։ Ուստի գիտէ՞ք Գաբաւոնացիները ի՛նչ կ’ընեն։

Անոնք կ’որոշեն այնպէս մը ներկայանալ, իբրեւ թէ շատ հեռու տեղ մը կը բնակին։ Ուստի անոնցմէ ոմանք պատռտուած հանդերձներ եւ մաշած կօշիկներ կը հագնին։ Իրենց էշերուն վրայ հին քուրձեր կը դնեն եւ քիչ մըն ալ օթեկ հաց կ’առնեն։ Յետոյ կ’երթան Յեսուի ու կ’ըսեն. ‘Մենք շա՜տ հեռու երկրէ մը կու գանք, քանի որ ձեր հոյակապ Աստուծոյն՝ Եհովայի մասին լսեցինք։ Լսեցինք այն բոլոր բաները զորս ան ըրաւ ձեզի, Եգիպտոսի մէջ։ Ուստի մեր առաջնորդները մեզի ըսին որ մեզի հետ ճամբու համար քիչ մը պաշար առնենք եւ գանք ու ձեզի ըսենք. «Մենք ձեր ծառաներն ենք։ Խօսք տուէք որ մեզի հետ պատերազմ պիտի չընէք»։ Արդէն կը տեսնէք որ երկար ճամբորդութենէն մեր հագուստները մաշած են եւ մեր հացը չորցած է’։

Յեսու ու միւս առաջնորդները կը հաւատան Գաբաւոնացիներուն։ Ուստի անոնք կը խոստանան որ անոնց հետ պիտի չպատերազմին։ Բայց երեք օր վերջ, անոնք կը տեղեկանան որ Գաբաւոնացիները, իրականութեան մէջ, մօտակայքը կը բնակին։

‘Ինչո՞ւ մեզի ըսիք թէ դուք հեռու երկրէ մը եկաք’, կը հարցնէ Յեսու անոնց։

Գաբաւոնացիները կը պատասխանեն. ‘Ասիկա ըրինք քանի որ մեզի ըսին որ ձեր Աստուածը՝ Եհովա, խոստացած էր այս ամբողջ Քանանու երկիրը ձեզի տալ։ Ուստի մենք վախցանք որ մեզ ալ սպաննէք’։ Սակայն Իսրայելացիները իրենց խոստումը կը պահեն եւ զանոնք չեն սպաններ, այլ՝ զանոնք իրենց ծառաները կ’ընեն։

Երուսաղէմի թագաւորը՝ երբ կը տեղեկանայ որ Գաբաւոնացիները Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն ըրեր են, կը բարկանայ։ Ուստի ան ուրիշ չորս թագաւորներու կ’ըսէ. ‘Եկէ՛ք եւ ինծի օգնեցէք Գաբաւոնի դէմ կռուելու’ եւ այս հինգ թագաւորները կը միաբանին։ Արդեօք Գաբաւոնացիները Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն կնքելով իմաստութեամբ վարուեցա՞ն, որու պատճառաւ այս թագաւորները անոնց դէմ պատերազմելու կու գան։ Պիտի տեսնենք։

Յեսուայ 9։1–27. 10։1–5

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել