Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 74
  • Մարդ մը որ չի վախնար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարդ մը որ չի վախնար
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երեմիան Եհովային մասին խօսելէ չկեցաւ
    Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Երեմիայի նման քա՛ջ եղէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 74
Երեմիա մարգարէն իսրայէլացիները անվախօրէն կ’ազդարարէ, բայց անոնք իր վրայ կը խնդան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 74

Մարդ մը որ չի վախնար

ՏԵՍԷՔ, մարդիկ ի՛նչպէս կը ծաղրեն այս երիտասարդին։ Գիտէ՞ք ով է ան։ Ան Աստուծոյ շատ մեծ մարգարէներէն մէկը՝ Երեմիան է։

Յովսիա Թագաւոր երկրէն կուռքերը մաքրելու սկսելէն քիչ ետք, Եհովա Երեմիայի կ’ըսէ որ Իր մարգարէն ըլլայ։ Սակայն, Երեմիա կը խորհի որ ինք շատ երիտասարդ է մարգարէ մը ըլլալու համար։ Բայց Եհովա կը վստահեցնէ որ Ինք պիտի օգնէ իրեն։

Երեմիա Իսրայելացիներուն կ’ըսէ որ չարութիւն գործելէն դադրին։ ‘Ազգերուն պաշտած աստուածները կեղծ են’, կ’ըսէ ան։ Բայց շատ մը Իսրայելացիներ կը նախընտրէին կուռքեր պաշտել քան թէ Եհովան՝ ճշմարիտ Աստուածը։ Երբ Երեմիա կ’ըսէ ժողովուրդին որ Աստուած պիտի պատժէ զիրենք իրենց չարութեան համար, անոնք վրան կը խնդան։

Տարիներ կ’անցնին։ Յովսիա կը մեռնի եւ երեք ամիս ետք իր որդին՝ Յովակիմ թագաւոր կ’ըլլայ։ Երեմիա կը շարունակէ մարդոց ըսել. ‘Եթէ ձեր չար ճամբաները չփոխէք, Երուսաղէմը պիտի կործանի’։ Քահանաները զայրացած կը բռնեն զինք ու անոր վրայ կը պոռան. ‘Այս բաները ըսելուդ համար պէ՛տք է մեռնիս’։ Ապա անոնք կ’ըսեն Իսրայէլի իշխաններուն. ‘Երեմիա մահուա՛ն պէտք է դատապարտուի, քանի որ մեր քաղաքին դէմ խօսած է’։

Արդ Երեմիա ի՞նչ պիտի ընէ։ Ան չի վախնար, ու կ’ըսէ անոնց. ‘Եհովա ինծի կը ղրկէ որ այս բաները ըսեմ ձեզի։ Եթէ ձեր գէշ ապրելակերպը չփոխէք, Եհովա պիտի կործանէ Երուսաղէմը։ Բայց լաւ գիտցէք որ եթէ զիս սպաննէք, անմեղ մը սպաննած պիտի ըլլաք’։

Իշխանները Երեմիան չեն մեռցներ, բայց Իսրայելացիները իրենց չար ճամբաները չեն փոխեր։ Հետագային, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը կու գայ եւ Երուսաղէմի դէմ կը պատերազմի։ Վերջապէս ան Իսրայելացիները կը գերեվարէ եւ անոնցմէ հազարաւորներ Բաբելոն կը տանի։ Երեւակայեցէք որ որքա՜ն ցաւ պիտի զգայիք, եթէ ձեզի ստի­պէին որ ձեր երկիրը ձգելով օտար երկիր մը երթայիք։

Երեմիա 1։1–8. 10։1–5. 26։1–16. Դ. Թագաւորաց 24։1–17

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել