Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 78
  • Պատին վրայի ձեռագիրը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատին վրայի ձեռագիրը
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Չորս բառեր՝ որոնք աշխարհը փոխեցին
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Դանիէլ. ամբաստանուած գիրք մը
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Դանիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 78
Բաղտասար թագաւոր եւ իր հիւրերը վախնալով եւ ապշահար պատին վրայի գրութիւնը կը դիտեն

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 78

Պատին վրայի ձեռագիրը

Ի՞ՆՉ կը պատահի հոս։ Այս մարդիկը խնճոյքի մէջ են։ Բաբելոնի թագաւորը հազար կարեւոր անձնաւորութիւններ հրաւիրած է։ Անոնք Երուսաղէմի Եհովայի տաճարէն առնուած ոսկիէ եւ արծաթէ գաւաթները եւ անօթները կը գործածեն։ Բայց, յանկարծ, մարդու ձեռքի մը մատներ կ’երեւնան օդին մէջ եւ կը սկսին գրել պատին վրայ։ Ամէն մարդ կը սարսափի։

Բաղտասար՝ Նաբուգոդոնոսորի թոռը՝ հիմա թագաւոր է։ Ան կը պոռայ որ իր իմաստուն մարդիկը ներս բերուին։ Թագաւորը կ’ըսէ. ‘Ո՛վ որ այս գրութիւնը կարդայ եւ անոր մեկնութիւնը ըսէ ինծի, շատ մը նուէրներ պիտի ստանայ եւ թագաւորութեանս մէջ երրորդ ամենէն կարեւոր իշխանը պիտի հռչակուի’։ Բայց այդ իմաստուն մարդոցմէն ո՛չ մէկը կրնայ կարդալ պատին վրայի գրութիւնը, ոչ ալ անոր մեկնութիւնը տալ։

Թագաւորին մայրը կը լսէ աղմուկը եւ կու գայ խնճոյքի հսկայ սրահը։ ‘Մի՛ զարհուրիր’, կ’ըսէ ան թագաւորին. ‘Քու թագաւորութեանդ մէջ մարդ մը կայ որ կը ճանչնայ սուրբ աստուածները։ Երբ քու մեծ հայրդ՝ Նաբուգոդոնոսոր՝ թագաւոր էր, ան զինք իր բոլոր իմաստուն մարդոց գլխաւորը ըրաւ։ Ան Դանիէլ կը կոչուի։ Զինք կանչել տուր եւ ան քեզի պիտի ըսէ թէ այս բոլորը ի՛նչ կը նշանակեն’։

Ուստի անմիջապէս Դանիէլը ներս կը բերուի։ Նուէրներ առնելը մերժելէ ետք, Դանիէլ կը սկսի պատմել թէ Եհովա անցեալին ի՛նչու Բաղտասարի մեծ հօրը՝ Նաբուգոդոնոսորի թագաւորութիւնը անոր ձեռքէն առաւ։ ‘Ան շատ հպարտ էր’, կ’ըսէ Դանիէլ։ ‘Եւ Եհովա պատժեց զինք’։

‘Բայց դուն’, կ’ըսէ Դանիէլ Բաղտասարի, ‘այս բոլորը գիտէիր թէ ի՛նչ պատահեցաւ անոր եւ տակաւին Նաբուգոդոնոսորի նման դուն ալ հպարտ ես։ Դուն Եհովայի տաճարին գաւաթները եւ անօթները բերած եւ անոնց հետ խմած ես։ Դուն փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գոված ես եւ մեր Հոյակապ Ստեղծիչը չես պատուած։ Անոր համար է որ Աստուած այս ձեռքը ղրկած է այս խօսքերը գրելու։

Ձեռք մը պատին վրայ կը գրէ. ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ու ՓԱՐՍԻՆ

‘Այսպէս գրուած է’, կ’ըսէ Դանիէլ. ‘ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ու ՓԱՐՍԻՆ’։

‘ՄԱՆԷ՝ կը նշանակէ թէ Աստուած քու թագաւորութեանդ օրերը համրած եւ զայն վերջացուցած է։ ԹԵԿԷՂ կը նշանակէ թէ դուն կշիռքով կշռուած ու թերի գտնուած ես։ ՓԱՐՍԻՆ կը նշանակէ թէ քու թագաւորութիւնդ Մարերուն ու Պարսիկներուն տրուած է’։

Մինչ Դանիէլ կը խօսի, Մարերը եւ Պարսիկները արդէն սկսած են յարձակիլ Բաբելոնի վրայ։ Անոնք կը գրաւեն քաղաքը եւ Բաղտասարը կը սպաննեն։ Այդ նոյն գիշերն իսկ, պատին վրայի ձեռագիրը ճշմարիտ կ’ելլէ։ Արդ, ի՞նչ պիտի պատահի Իսրայելացիներուն։ Շուտով պիտի գիտնանք, բայց նախ տեսնենք թէ ի՛նչ կը պատահի Դանիէլին։

Դանիէլ 5։1–30

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել