Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 86
  • Աստղ մը մարդիկը կ’առաջնորդէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստղ մը մարդիկը կ’առաջնորդէ
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս եւ աստղաբաշխները
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Փախուստ բռնապետի մը ձեռքէն
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Ո՞վ էին «երեք մոգերը»։ Աստուա՞ծ «իմաստուն տղամարդիկը» առաջնորդեց որ Բեթլեհէմի «աստղ»ին հետեւին
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Յիսուս ինչպէ՞ս պաշտպանուեցաւ
    Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 86
Մոգեր փայլուն աստղի մը կը հետեւին

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 86

Աստղ մը մարդիկը կ’առաջնորդէ

ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք այս մարդոցմէ մէկուն մատնանշած այդ փայլուն աստղը։ Անոնք երբ Երուսաղէմէ դուրս եկան, աստղը երեւցաւ։ Այս մարդիկը Արեւելքէն են եւ աստղերը կ’ուսումնասիրեն։ Անոնք կը հաւատան թէ այս նոր աստղը զիրենք կարեւոր անհատի մը կ’առաջնորդէ։

Փայլուն աստղը Բեթլեհէմին վրայ

Երբ մարդիկը Երուսաղէմ հասան, անոնք հարցուցին. ‘Ո՞ւր է այն երախան որ Հրեաներուն թագաւորը պիտի ըլլայ’։ «Հրեաներ»՝ Իսրայելացիներուն տրուած ուրիշ անուն մըն է։ ‘Երբ մենք Արեւելք կը գտնուէինք, երախային աստղը տեսանք’, ըսին մարդիկը, ‘եւ եկած ենք զինք պաշտելու’։

Հերովդէս՝ որ Երուսաղէմի թագաւորն է, երբ ասիկա լսեց, տակնուվրայ եղաւ։ Ան չուզեց որ ուրիշ թագաւոր մը իր տեղը առնէ։ Ուստի Հերովդէս կանչեց քահանայապետները եւ հարցուց. ‘Խոստացեալ թագաւորը ո՞ւր պիտի ծնի»։ Անոնք պատասխանեցին. ‘Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Բեթլէհէմի մէջ’։

Ուստի Հերովդէս Արեւելքէն եկող մարդիկը կանչեց եւ ըսաւ. ‘Երախան փնտռելու գացէ՛ք։ Երբ գտնէք զինք, ինծի ալ գիտցուցէք։ Ես ալ կ’ուզեմ երթալ եւ զինք պաշտել’։ Բայց, իրականութեան մէջ, Հերովդէս ուզեց երախան գտնել եւ սպաննել զայն։

Ապա աստղը մարդիկը կ’առաջնորդէ դէպի Բեթլէհէմ եւ ան կը կենայ այն տեղւոյն վրայ, ուր երախան կը գտնուի։ Երբ մարդիկը տան մէջ կը մտնեն, անոնք Մարիամը եւ պզտիկ Յիսուսը կը գտնեն։ Անոնք ընծաներ կը հանեն եւ կու տան Յիսուսի։ Բայց վերջը Եհովա երազի մը մէջ այս մարդոց կ’ազդարարէ որ Հերովդէսի չվերադառնան։ Ուստի անոնք իրենց երկիրը կ’երթան ուրիշ ճամբով մը։

Երբ Հերովդէս կ’իմանայ թէ Արեւելքէն եկող մարդիկը իրենց երկիրը վերադարձած են, կը զայրանայ։ Ուստի ան կը հրամայէ որ Բեթլէհէմի մէջ երկու տարեկան եւ անկէ վար եղող բոլոր տղաքը սպաննուին։ Բայց Եհովա նախապէս երազի մը մէջ Յովսէփը կը զգուշացնէ եւ Յովսէփ իր ընտանիքով Եգիպտոս կը փախչի։ Հետագային, երբ Յովսէփ կը լսէ թէ Հերովդէս մեռած է, ան կ’առնէ Մարիամն ու Յիսուսը եւ կը վերադառնայ Նազարէթ։ Հոս է որ Յիսուս կը մեծնայ։

Ըստ ձեզի, ո՞վ է որ փայլեցնել տուաւ այդ նոր աստղը։ Յիշեցէք որ մարդիկը աստղը տեսնելէն ետք նախ Երուսաղէմ գացին։ Բանսարկու Սատանան ուզեց սպաննել Աստուծոյ Որդին։ Ան գիտէր թէ Երուսաղէմի Հերովդէս Թագաւորը պիտի ջանար սպաննել Յիսուսը։ Ուստի հաւանաբար Սատանա՛ն այդ աստղը փայլեցնել տուած է։

Մատթէոս 2։1–23. Միքիա 5։2

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել