Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 98
  • Ձիթենեաց լերան վրայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ձիթենեաց լերան վրայ
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ժամանակը հասած է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Յիսուս երկինք կը վերադառնայ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Հարիւրաւորներ Յիսուսը կը տեսնեն Պէնտէկոստէէն առաջ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Առաքեալները Յիսուսէն նշան մը կը խնդրեն
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 98
Ձիթենեաց լերան վրայ, Յիսուս իր առաքեալներէն ոմանց կը խօսի

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 98

Ձիթենեաց լերան վրայ

ՀՈՍ կը տեսնէք Յիսուսը Ձիթենեաց Լերան վրայ։ Իրեն հետ եղող չորս մարդիկը իր առաքեալներն են։ Անոնք Անդրէաս եւ Պետրոս եղբայրները, ինչպէս նաեւ Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրներն են։ Հեռուն ձեր տեսածը՝ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Աստուծոյ տաճարն է։

Երուսաղէմի տաճարը

Աւանակի մը վրայ նստած Յիսուսի Երուսաղէմ մտնելէն երկու օր անցած է եւ օրը Երեքշաբթի է։ Այդ օր, Յիսուս կանուխէն տաճար կը գտնուէր։ Հոն քահանաները ուզեցին Յիսուսը ձերբակալել զինք սպաննելու համար։ Բայց անոնք վախցան ժողովուրդէն, որ կը սիրեն Յիսուսը։

‘Օձեր եւ օձերու որդիներ’, այսպէս կոչեց Յիսուս կրօնական այդ առաջնորդները։ Ապա Յիսուս ըսաւ թէ Աստուած պիտի պատժէր զիրենք, իրենց ըրած բոլոր չար գործերուն համար։ Անկէ ետք, Յիսուս Ձիթենեաց Լեռը ելաւ եւ ապա այս չորս առաքեալները սկսան իրեն հարցումներ ուղղել։ Կ’ուզէ՞ք գիտնալ թէ անոնք ի՛նչ կը հարցնեն Յիսուսի։

Առաքեալները ապագային պատահելիք բաներու մասին կը հարցնեն։ Անոնք գիտեն թէ Յիսուս վերջ մը պիտի դնէ երկրի վրայ եղող ամբողջ չարութեան։ Բայց անոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ ե՛րբ ասիկա պիտի պատահի։ Յիսուս ե՞րբ պիտի վերադառնայ որպէս Թագաւոր իշխելու։

Յիսուս գիտէ թէ երկրի վրայ իր հետեւորդները պիտի չկարենան զինք տեսնել երբ ինք վերադառնայ։ Քանի որ երկնքի մէջ պիտի ըլլայ եւ անոնք պիտի չկարենան զինք տեսնել հոն։ Ուստի Յիսուս իր առաքեալներուն կը խօսի կարգ մը բաներու մասին, որոնք պիտի պատահին երբ ինք երկնքի մէջ իշխէ որպէս Թագաւոր։ Ի՞նչ են այդ բաներէն ոմանք։

Յիսուս կ’ըսէ թէ մեծ պատերազմներ պիտի ըլլան, շատեր պիտի հիւանդանան եւ անօթի պիտի մնան, ոճիրը պիտի աւելնայ եւ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Յիսուս նաեւ կ’ըսէ որ Աստուծոյ թագաւորութեան մասին բարի լուրը երկրի բոլոր կողմերը պիտի քարոզուի։ Այս բաներուն տեղի ունենալը կը տեսնե՞նք մեր օրերուն։ Այո եւ կրնաք վստահ ըլլալ թէ Յիսուս հիմա երկնքի մէջ կ’իշխէ։ Ան շուտով վերջ մը պիտի դնէ երկրի վրայ գտնուող ամբողջ չարութեան։

Մատթէոս 21։46. 23։1–39. 24։1–14. Մարկոս 13։3–10

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել