Երգ 21
Գովէ՛ Եհովայի Թագաւորութիւնը
1. Ողջունենք Թագաւորութիւնն,
Որ արդէն հաստատուած է
Երկինքի մէջ, ուր Միքայէլ
Սատանայի յաղթած է,
Շուտով ան վիշապը եւ իր
Դեւերը պիտի կապէ.
Աստուածային բարիքներով
Երկիրը պիտ’ լեցնէ։
2. Օն յառաջ ո՛վ «փոքրիկ հօտ»ի
Հաւատարիմ մնացորդ,
Գովեցէ՛ք Արքայութիւնը,
Քրիստոսով էք ժառանգորդ։
Իսկ անոնք որ յոյսը ունին,
Դրախտին մէջ ապրելու,
Մնացորդին օգնեն իրենց
Գործը ամբողջացնելու։
3. Գովէ՛ Թագաւորութիւնը.
Սորվեցուր խոհեմութեամբ
Սրտով հեզ ու խոնարհները
Որ ըլլան բարեացակամ.
Թող Աստուծոյ հրաշալի
Արժանիքներն հռչակեն,
Որ Եհովայի անունը
Յաւիտեան ջատագովեն։