ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԸՉՈՐՍ
Միասնաբար ծերանալ
1, 2. (ա) Տարիքի յառաջացման հետ ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան։ (բ) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, աստուածավախ այրեր ի՞նչպէս իրենց ծերութենէն գոհունակութիւն ստացան։
ՄԻՆՉ տարիքի մէջ կը յառաջանանք՝ շատ մը փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան։ Մեր ֆիզիքական կորովը կը նուազի։ Հայելիին մէջ նայելով կը տեսնենք նոր կնճիռներ եւ ալեխառն՝ նոյնիսկ ցանցառ՝ մազեր։ Թերեւս յիշողութեան թերացում ունենանք։ Երբ զաւակները ամուսնանան, նոր յարաբերութիւններ կը զարգանան, նաեւ՝ երբ թոռներ ծնին։ Ոմանց կեանքի առօրեայ վարժութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ, երբ՝ հանգստեան կոչուին։
2 Արդարեւ, տարիքի յառաջացումը կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ (Ժողովողի 12։1-8) Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրած Աստուծոյ ծառաները նկատի առէք։ Թէեւ անոնք վերջապէս մեռան, բայց իրենց ձեռք ձգած իմաստութիւնը եւ հասկացողութիւնը, ծերութեան մէջ իրենց մեծ գոհունակութիւն պատճառեցին։ (Ծննդոց 25։8. 35։29. Յոբայ 12։12. 42։17) Անոնք ի՞նչպէս կրցան ուրախութեամբ ծերանալ։ Անկասկած այն բոլոր սկզբունքներուն համաձայն ապրելով, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ։—Սաղմոս 119։105. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
3. Պօղոս յառաջացած տարիքի մէջ եղողներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։
3 Տիտոսի գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ տարիքի մէջ յառաջացողներուն մասին խոհեմ խրատներ տուաւ։ Ան գրեց. ‘Ծերերը թող զգաստ ըլլան, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով։ Նոյնպէս ալ պառաւները այնպիսի վարմունք ունենան, ինչպէս կը վայելէ սրբութեան. ո՛չ բանսարկու ըլլան, ո՛չ գինեմոլ, հապա բարի խրատ տուող’։ (Տիտոս 2։2, 3) Այս խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ ձեզի օգնել որ ծերութեան դժուարութիւնները դիմագրաւէք։
ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐՄԱՐԵՑԷՔ
4, 5. Երբ զաւակները տունը ձգեն, կարգ մը ծնողներ ի՞նչպէս կը հակազդեն, իսկ ոմանք նոր կացութիւնը ի՞նչպէս ձեռք կ’առնեն։
4 Դերերու փոփոխութիւնը կը պահանջէ որ յարմարող ըլլանք։ Ասիկա որքա՜ն ճշմարիտ է, երբ չափահաս զաւակներ ամուսնանալով տունէն հեռանան։ Շատ մը ծնողներու համար ասիկա առաջին վերյիշեցումն է որ սկսած են տարիք առնել։ Թէեւ կ’ուրախանան որ իրենց զաւակները մեծցած են, բայց անոնք յաճախ կը մտահոգուին որ արդեօք զանոնք պէտք եղածին պէս պատրաստա՞ծ են անկախ կեանք մը վարելու։ Ասկէ զատ, առանց զաւակներու, տան մէջ պարապութիւն մը կը զգան։
5 Հասկնալի է որ ծնողներ շարունակեն մտահոգուիլ իրենց զաւակներով, նոյնիսկ երբ անոնք տունը ձգեն։ «Եթէ միայն յաճախ իրենց լուրերը առնեմ, վստահ ըլլալու համար որ լաւ են, ատիկա զիս կ’ուրախացնէ», ըսաւ մայր մը։ Հայր մը կը պատմէ. «Երբ մեր աղջիկը տունը ձգեց, շատ դժուար եղաւ։ Տան մէջ մեծ պարապութիւն մը գոյացաւ, քանի որ միշտ ամէն բան միասնաբար կ’ընէինք»։ Անոնք իրենց աղջկան բացակայութեան ի՞նչպէս դիմացան։ Շատ անգամ, ուրիշներով հետաքրքրուելով եւ անոնց օգնելով։
6. Ի՞նչ բան կ’օգնէ որ ընտանեկան յարաբերութիւնները իրենց պատշաճ տեղը պահուին։
6 Երբ զաւակները ամուսնանան, ծնողներուն դերը կը փոխուի։ Ծննդոց 2։24–ը կը նշէ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Գլխաւորութեան աստուածային սկզբունքներուն եւ կարգ ու կանոնի գիտակցութիւնը պիտի օգնէ ծնողներու որ շիտակ տեսակէտ մը ունենան։—Ա. Կորնթացիս 11։3. 14։33, 40
7. Հայր մը ի՞նչ լաւ կեցուածք մը որդեգրեց, երբ իր աղջիկները ամուսնանալու համար տունէն հեռացան։
7 Իրենց երկու աղջիկները ամուսնանալէ եւ տունը ձգելէ ետք, զոյգ մը պարապութիւն զգաց։ Սկիզբը, ամուսինը իր փեսաներուն դէմ բարկացաւ։ Բայց երբ գլխաւորութեան սկզբունքին մասին մտածեց, ան անդրադարձաւ որ իր աղջիկներուն ամուսինները այլեւս իրե՛նք պատասխանատու են իրենց պատկան տուներուն։ Ուստի, երբ իր աղջիկները իրմէ խորհուրդ հարցնէին, անոնց կը հարցնէր թէ իրենց ամուսինները ի՛նչ կը մտածեն այդ մասին, ապա կարելի եղածին չափ թիկունք կը կանգնէր անոնց։ Հիմա անոր փեսաները զինք ընկեր կը նկատեն եւ սիրով կ’ընդունին իր խրատները։
8, 9. Կարգ մը ծնողներ իրենց մեծցած զաւակներուն անկախ ըլլալու գաղափարին հետ ի՞նչպէս հաշտուեցան։
8 Ի՞նչ կրնանք ըսել, երբ նոր ամուսնացողները Սուրբ Գրքի հակառակ եղող բան մը չընելով հանդերձ, ծնողներուն կողմէ լաւագոյն նկատուած կերպով չվարուին։ Ամուսնացած զաւակներ ունեցող զոյգ մը կը բացատրէ. «Անոնց մի՛շտ կ’օգնենք որ Եհովայի տեսանկիւնէն դիտեն ամէն բան։ Բայց եթէ իրենց տուած մէկ որոշումին հետ համաձայն չըլլանք, զայն կ’ընդունինք եւ պէտք եղած օգնութիւնը եւ քաջալերութիւնը կու տանք»։
9 Ասիական կարգ մը երկիրներու մէջ, կարգ մը մայրեր մասնաւորաբար դժուարութիւն ունին ընդունելու իրենց տղուն անկախութիւնը։ Բայց եթէ քրիստոնէական կարգը եւ գլխաւորութիւնը յարգեն, անոնք իրենց հարսին հետ նուազ բախումներ կ’ունենան։ Քրիստոնեայ կին մը կը խորհի որ իր տղոց տունէն մեկնիլը «հետզհետէ աւելի մեծ երախտագիտութեամբ» կը դիտէ։ Ան շատ ուրախ է տեսնելով որ անոնք իրենց նոր տունը լաւ կերպով կը ղեկավարեն։ Ասիկա իր կարգին, իրեն եւ իր ամուսնոյն համար ֆիզիքական եւ մտային թեթեւացում մը եղած է, մինչ տարիքի մէջ կը յառաջանան։
ՁԵՐ ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՐԾԱՐԾԵՑԷՔ
Մինչ տարիքի մէջ կը յառաջանաք, իրարու հանդէպ ձեր սէրը վերահաստատեցէք
10, 11. Սուրբ գրային ո՞ր խրատները պիտի օգնեն որ միջին տարիքի հասած անհատներ կարգ մը որոգայթներէ խուսափին։
10 Միջին տարիքի հասնող անհատներ իրարմէ տարբեր կերպով կը հակազդեն։ Կարգ մը այրեր կը սկսին տարբեր ձեւով հագուիլ, աւելի երիտասարդ երեւոյթ մը ստանալու համար։ Դաշտանադադարի շրջանին ընկերակցող փոփոխութիւնները մտահոգիչ են շատ մը կիներու համար։ Դժբախտաբար, միջին տարիքի պատկանող կարգ մը անհատներ իրենց կողակիցին բարկութիւնը եւ նախանձը կը գրգռեն, հակառակ սեռի պատկանող աւելի երիտասարդ անհատներ դարպասելով։ Սակայն, աստուածապաշտ տարեցները «զգաստ» են եւ անպատեհ ցանկութիւնները կը սանձեն։ (Ա. Պետրոս 4։7) Հասուն կիներն ալ կը ջանան իրենց ամուսնութիւնը կայուն պահել, քանի որ կը սիրեն իրենց ամուսինը եւ կը փափաքին Եհովայի հաճելի ըլլալ։
11 Ներշնչման ներքեւ, Լեմուէլ Թագաւորը գովերգեց «առաքինի կինը», որ «իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ [իր ամուսնոյն] բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք»։ Քրիստոնեայ ամուսին մը բնաւ պէտք չէ թերագնահատէ այն ջանքը զոր իր կինը կը թափէ, տարիքի բերմամբ իր զգացական խանգարումներուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Իր սէրը զինք պիտի մղէ որ «գովէ» իր կինը։—Առակաց 31։10, 12, 28
12. Մինչ տարիները կ’անցնին, զոյգեր ի՞նչպէս աւելի կը մտերմանան իրարու հետ։
12 Երբ զաւակներ մեծցնելու տարիքի մէջ էիք, երկուքդ ալ ձեր անձնական ցանկութիւնները մէկդի դրած, ձեր զաւակներուն կարիքներով հետաքրքրուած էիք։ Հիմա որ անոնք մեկնած են, ժամանակն է որ ձեր ամուսնական կեանքին ուշադրութիւն դարձնէք։ Ամուսին մը կ’ըսէ. «Երբ աղջիկներս տունը ձգեցին, անգամ մը եւս սկսայ դարպասել կինս»։ Ուրիշ ամուսին մը կ’ըսէ. «Իրարու առողջութեան հոգ կը տանինք եւ իրարու կը յիշեցնենք թէ պէտք է մարզանք ընենք»։ Ուստի, առանձին չզգալու համար, ինքն ու իր կինը ժողովքի ուրիշ անդամները կը հիւրասիրեն։ Այո, ուրիշներով հետաքրքրուիլը օրհնութիւններ կը բերէ։ Ամենակարեւորը՝ անիկա Եհովան կը հաճեցնէ։—Փիլիպպեցիս 2։4. Եբրայեցիս 13։2, 16
13. Մինչ զոյգը միասնաբար կը յառաջանայ տարիքի մէջ, անկեղծութիւնն ու պարկեշտութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղան։
13 Թոյլ մի՛ տաք որ անդունդ մը գոյանայ ձեր եւ ձեր կողակիցին միջեւ։ Անկեղծօրէն խօսեցէք իրարու հետ։ (Առակաց 17։27) «Իրարու հոգ տանելով եւ իրարու հանդէպ նկատառու ըլլալով, աւելի խոր կերպով կը հասկնանք զիրար», կը բացատրէ ամուսին մը։ Իր կինը համաձայն գտնուելով, կ’ըսէ. «Մինչ մեր տարիքը առինք, սկսանք հաճոյք առնել իրարու հետ նստելէ ու թէյ խմելէ, խօսակցելէ եւ համագործակցելէ»։ Անկեղծ եւ պարկեշտ ըլլալը կ’օգնէ որ ամուսնական միութիւնը աւելի զօրանայ, անոր դիմադրողականութիւն մը տալով, որպէսզի ամուսնութեան քանդիչին՝ Սատանայի՝ յարձակումներուն դիմադրէ։
ՁԵՐ ԹՈՌՆԵՐԸ ՎԱՅԵԼԵՑԷՔ
14. Տիմոթէոսի մեծ–մայրը ի՞նչ դեր խաղցաւ որպէս Քրիստոնեայ անոր աճման մէջ։
14 Թոռները ծերերուն «պսակն» են։ (Առակաց 17։6) Թոռներուն ընկերակցութիւնը իրապէս հաճելի, կենսունակ եւ թարմացուցիչ է։ Աստուածաշունչը գովասանքով կը խօսի մեծ–մօր մը՝ Լաւոդիայի՝ մասին, որ իր աղջկան, Եւնիկէի հետ, իր թոռան՝ Տիմոթէոսի, հաղորդեց իր հաւատալիքները։ Այս պատանին իր մօրը եւ մեծ–մօրը հետ մեծցաւ, գիտնալով որ անոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները կ’արժեւորէին։—Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15
15. Մեծ–ծնողներ ի՞նչ արժէքաւոր նպաստ մը կրնան բերել իրենց թոռներուն, բայց ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանան։
15 Ահաւասիկ մասնաւոր մարզ մը, որու մէջ մեծ–ծնողներ կրնան մեծապէս նպաստել։ Ո՛վ մեծ–ծնողներ, դուք Եհովայի նպատակներուն մասին ձեր ունեցած գիտութիւնը փոխանցեցիք ձեր զաւակներուն։ Հիմա նոյնը կրնաք ընել ձեր թոռներուն հետ։ Ընդհանրապէս պզտիկներ հաճոյքով մտիկ կ’ընեն, երբ մեծ–ծնողներ Աստուածաշունչի պատմութիւններ կը պատմեն իրենց։ Անշուշտ, զաւակներուն մէջ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններ քանդակելու համար հօրը պատասխանատուութիւնը առանց իր ձեռքէն առնելու։ (Բ. Օրինաց 6։7) Հապա, ամբողջացուցէք զայն։ Սաղմոսերգուին աղօթքը ձերն ալ թող ըլլայ. «Մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան»։—Սաղմոս 71։18. 78։5, 6
16. Մեծ–ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց ընտանիքին մէջ լարուածութիւն ստեղծելէ խուսափիլ։
16 Դժբախտաբար, կարգ մը մեծ–ծնողներ այն աստիճան կը շփացնեն իրենց թոռները որ իրենց զաւակներուն հետ խնդիր կ’ունենան։ Սակայն, ձեր անկեղծ ազնուութիւնը թերեւս պատճառ ըլլայ որ ձեր թոռները աւելի դիւրութեամբ ձեզի հետ խօսին կարգ մը հարցերու մասին, քան իրենց ծնողքին հետ։ Երբեմն դեռահասակներ կը յուսան որ իրենց թոյլատու մեծ–ծնողները իրենց կողմը պիտի բռնեն եւ ծնողքին դէմ ելլեն։ Ի՞նչ ընել այս պարագային։ Իմաստութիւն ի գործ դնելով, ձեր թոռները քաջալերեցէք որ իրենց ծնողքին հետ ազատօրէն խօսին։ Անոնց բացատրեցէք որ ասիկա հաճելի է Եհովայի։ (Եփեսացիս 6։1-3) Եթէ հարկ ըլլայ, կրնաք իրենց առջեւ ճամբան հարթել, նախապէս ծնողքին հետ խօսելով։ Ձեր թոռներուն անկեղծօրէն խօսեցէք թէ տարիներու ընթացքին ի՛նչ սորված էք։ Ձեր պարկեշտութիւնն ու անկեղծութիւնը անոնց օգտակար կրնան ըլլալ։
ՁԵՐ ՏԱՐԻՔԻՆ ՅԱՐՄԱՐԵՑԷՔ
17. Տարեց Քրիստոնեաներ, սաղմոսերգուին ո՞ր որոշումին պէտք է հետեւին։
17 Մինչ տարիները կը սահին, պիտի անդրադառնաք որ այլեւս չէք կրնար ընել այն բոլոր բաները, զորս կ’ընէիք կամ կ’ուզէք ընել։ Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ համակերպիլ ծերութեան հետ։ Թերեւս դուք ձեր մտքին մէջ 30 տարեկան էք, բայց հայելիին մէջ աչք մը նետելը ձեզ ուրիշ իրողութեան մը առջեւ կը դնէ։ Մի՛ յուսահատիք։ Սաղմոսերգուն Եհովայի պաղատեցաւ. «Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր. ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր»։ Դուք ալ վճռեցէք սաղմոսերգուին նմանիլ։ Ան ըսաւ. «Ես ամէն ատեն պիտի յուսամ եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ»։—Սաղմոս 71։9, 14
18. Երբ հասուն Քրիստոնեայ մը հանգստեան կոչուի, ի՞նչպէս կրնայ արժէքաւոր կերպով գործածել իր ժամանակը։
18 Շատեր, նախապէս կը ծրագրեն որ գործէն հանգստեան կոչուելէ ետք, Եհովայի գովաբանութիւնը պիտի աւելցնեն։ Այժմ, հանգստեան կոչուած հայր մը կը բացատրէ. «Երբ աղջիկս դպրոցը ձգեց, ես կանխօրօք ծրագրած էի թէ ի՛նչ պիտի ընեմ։ Որոշեցի լիաժամ քարոզչութեան ձեռնարկել եւ առեւտուրս ծախեցի, որպէսզի Եհովայի աւելի լման կերպով ծառայելու համար՝ ազատ ըլլամ։ Աստուծոյ աղօթեցի որ զիս առաջնորդէ»։ Եթէ դուք ալ մօտ ատենէն հանգստեան պիտի կոչուիք, մեր Հոյակապ Ստեղծիչին խօսքերով մխիթարուեցէք. «Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ»։—Եսայեայ 46։4
19. Տարիքի մէջ յառաջացողներուն ի՞նչ խրատ կը տրուի։
19 Գործունեայ կեանք մը ունենալէ ետք հանգստեան կոչուելու հետ յարմարիլը կրնայ դժուար ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ տարեց այրերուն խրատեց որ ‘զգաստ ըլլան’։ Ասիկա ընդհանուր ինքնազսպում կը պահանջէ. ինքնահաճ կեանքի անձնատուր չըլլալու համար։ Հանգստեան կոչուելէ ետք, թերեւս առօրեայ սովորութիւններու եւ ինքնակրթութեան մէջ առաջուընէ աւելի մեծ կարիք մը տեսնուի։ Հետեւաբար, զբաղած մնացէք, «ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Ուրիշներու օգնելու համար ձեր գործունէութիւնը ընդարձակեցէք։ (Բ. Կորնթացիս 6։13) Շատ մը Քրիստոնեաներ ասիկա կ’ընեն, նախանձախնդրաբար բարի լուրը քարոզելով, իրենց կացութեան համաձայն։ Մինչ տարիքով կը մեծնաք, «ողջամիտ՝ [եղէք] հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով»։—Տիտոս 2։2
ՁԵՐ ԿՈՂԱԿԻՑԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ ՏՈԿԱՑԷՔ
20, 21. (ա) Իրերու ներկայ դրութեան մէջ, ի՞նչ բան վերջապէս պիտի բաժնէ ամուսնացած զոյգերը։ (բ) Այրիացած կողակիցներուն համար Աննան ի՞նչպէս օրինակ կը հանդիսանայ։
20 Տխուր, սակայն անժխտելի իրողութիւն մըն է, որ իրերու ներկայ դրութեան մէջ, ամուսնացած զոյգեր վերջապէս իրարմէ կը բաժնուին՝ մահուան պատճառաւ։ Կորուստ ունեցող Քրիստոնեայ կողակիցներ գիտեն որ իրենց սիրելիները քունի մէջ են եւ վստահ են որ զանոնք դարձեալ պիտի տեսնեն։ (Յովհաննու 11։11, 25) Այսուհանդերձ, կորուստը մեծ վիշտ կը պատճառէ։ Ողջ մնացողը ի՞նչպէս կրնայ կրել այս ցաւը։a
21 Սուրբ Գրքի որոշ անձնաւորութիւն մը մտաբերելը կրնայ օգնել մեզի։ Աննան իր ամուսնութենէն միայն եօթը տարի ետք այրի մնացած էր եւ իր մասին խօսք եղած ժամանակ, ան 84 տարեկան էր։ Վստահաբար ան վշտացաւ իր ամուսնոյն մահուան համար։ Բայց ի՞նչպէս յաղթահարեց զայն։ Ան տաճարին մէջ ցերեկ ու գիշեր Եհովայի սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանէր։ (Ղուկաս 2։36-38) Աննայի աղօթարար, բարեպաշտ կեանքը անկասկած իր այրիութեան զգացած առանձնութեան եւ վշտին դէմ բալասան մը եղաւ։
22. Կարգ մը այրի կիներ կամ տղամարդիկ ի՞նչպէս գլուխ ելած են առանձնութեան հետ։
22 Տասը տարի առաջ այրիացած 72 տարեկան կին մը կը բացատրէ. «Ինծի համար ամենէն դժուար բանն էր ընկերակից մը չունենալ՝ խօսելու համար։ Ամուսինս լաւ մտիկ ընող մըն էր։ Իրարու հետ կը խօսէինք ժողովքին եւ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ մեր ունեցած մասնակցութեան մասին»։ Ուրիշ այրի կին մը կ’ըսէ. «Թէեւ ժամանակը կը բուժէ, բայց ես աւելի ճիշդ գտած եմ ըսել թէ անհատ մը իր ժամանակը ի՛նչպէս կ’անցընէ, անի՛կա է որ կ’օգնէ բուժուելու։ Ուրիշներուն աւելի լաւ կրնանք օգնել»։ Ուրիշ 67 տարեկան այրի մարդ մը ըսաւ. «Սուգի հետ գլուխ ելլելու լաւագոյն կերպն է ուրիշները մխիթարելու համար անձդ տրամադրել»։
23, 24. Աստուածաշունչը ի՞նչ հոյակապ մխիթարութիւն կու տայ տարեցներուն, մանաւանդ անոնց որոնք այրիացած են։
23 Թէեւ մահը մեզմէ կրնայ խլել կողակից մը, սակայն Եհովան միշտ հաւատարիմ, միշտ վստահ կը մնայ։ Վաղեմի Դաւիթ Թագաւորը երգեց. «Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն ու ասիկա կ’աղաչեմ, որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար»։—Սաղմոս 27։4
24 Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։3) Այս խրատին հետեւող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան որ մօտ ազգական չունեցող արժանի որբեւայրի կիներ կրնան նիւթական օժանդակութիւն ստանալ ժողովքէն։ Այսուհանդերձ, ‘պատուելու’ մասին տրուած խրատը իր մէջ կը բովանդակէ զանոնք արժեւորելու գաղափարը։ Աստուածավախ այրի այրերու ու կիներու համար որքա՜ն մեծ մխիթարութիւն է գիտնալ թէ Եհովա կ’արժեւորէ զիրենք եւ իրենց նեցուկ պիտի կանգնի։—Յակոբու 1։27
25. Ծերերը տակաւին ի՞նչ նպատակակէտեր կրնան ունենալ։
25 «Ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է», կ’ըսէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը։ Անիկա «փառաց պսակ է եթէ . . . արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի»։ (Առակաց 16։31. 20։29) Ուստի, ըլլաք ամուսնացած թէ այրիացած, շարունակեցէք Եհովայի ծառայութիւնը ձեր կեանքին առաջին տեղը դնել։ Այս կերպով Աստուծոյ քով լաւ անուն մը պիտի շահիք եւ՝ յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւն մը, աշխարհի մը մէջ, ուր այլեւս ծերութեան ցաւերը գոյութիւն պիտի չունենան։—Սաղմոս 37։3-5. Եսայեայ 65։20
a Այս նիւթին մասին աւելի մանրամասն բացատրութեան համար, տես՝ Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք գրքոյկը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։