Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • իպ դաս 5 էջ 10-11
  • Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է երկրին համար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է երկրին համար
  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Կեանքը սքանչելի նպատակ մը ունի
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
  • «Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
իպ դաս 5 էջ 10-11

Դաս 5

Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է երկրին համար

Եհովա ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը։ (1, 2)

Ինչո՞ւ երկիրը հիմա դրախտ մը չէ։ (3)

Ի՞նչ պիտի պատահի չարերուն։ (4)

Յիսուս ապագային ի՞նչ պիտի ընէ հիւանդներուն, ծերերուն եւ մեռածներուն համար։ (5, 6)

Ապագայ օրհնութիւններ վայելելու համար, ի՞նչ պէտք է ընէք։ (7)

1. Եհովա այս երկիրը ստեղծեց, որպէսզի մարդիկ անոր վրայ յաւիտեան կեանքը վայելեն։ Ան կ’ուզէր որ երկիրը միշտ արդար եւ ուրախ մարդոցմով բնակուած ըլլար։ (Սաղմոս 115։16. Եսայեայ 45։18) Երկիրը բնաւ պիտի չկործանի. անիկա յաւիտեան պիտի գոյատեւէ։—Սաղմոս 104։5. Ժողովողի 1։4

2. Մարդը ստեղծելէն առաջ, Աստուած երկրին մէկ մասը ընտրեց եւ զայն գեղեցիկ դրախտ մը ըրաւ։ Զայն կոչեց Եդեմի պարտէզ, եւ առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան՝ հոն դրաւ։ Աստուած անոնց ըսաւ որ զաւակներ ունենան եւ ամբողջ երկիրը լեցնեն։ Անոնք աստիճանաբար ամբողջ երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէին։—Ծննդոց 1։28. 2։8, 15

3. Ադամն ու Եւա Աստուծոյ օրէնքը գիտակցաբար բեկանելով մեղանչեցին։ Ուստի, Եհովա զիրենք Եդեմի պարտէզէն վտարեց։ Այսպիսով Դրախտը կորսուեցաւ։ (Ծննդոց 3։1-6, 23) Բայց Եհովա չէ մոռցած երկրի նկատմամբ իր նպատակը։ Ան կը խոստանայ զայն դրախտի վերածել, ուր մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին։ Ասիկա ի՞նչպէս պիտի ընէ։—Սաղմոս 37։29

4. Այս երկիրը դրախտ մը ըլլալէն առաջ, չար մարդիկը պէտք է անկէ վերցուին։ (Սաղմոս 37։38) Ասիկա պիտի կատարուի Արմագեդոնով, չարութեան վերջ դնող Աստուծոյ պատերազմով։ Անկէ ետք, Սատանան 1,000 տարի պիտի բանտարկուի։ Ասիկա կը նշանակէ որ երկիրը աւերող չար մէկը պիտի չմնայ։ Միմիայն Աստուծոյ ծառաները պիտի վերապրին։—Յայտնութիւն 16։14, 16. 20։1-3

5. Այն ատեն, Յիսուս Քրիստոս այս երկրին վրայ որպէս Թագաւոր պիտի տիրէ 1,000 տարի։ (Յայտնութիւն 20։6) Ան աստիճանաբար մեր մտքէն եւ մարմնէն պիտի վանէ մեղքը։ Կատարեալ անհատներ պիտի ըլլանք, ճիշդ ինչպէս որ Ադամն ու Եւան էին՝ մեղանչելէ առաջ։ Այլեւս հիւանդութիւն, ծերութիւն եւ մահ պիտի չըլլան։ Հիւանդները պիտի առողջանան, իսկ ծերերը դարձեալ պիտի երիտասարդանան։—Յոբայ 33։25. Եսայեայ 33։24. Յայտնութիւն 21։3, 4

6. Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, հաւատարիմ անհատներ պիտի աշխատին, որպէսզի ամբողջ երկիրը դրախտի մը վերածուի։ (Ղուկաս 23։43) Միլիոնաւոր մեռելներ ալ պիտի յարուցանուին երկրի վրայ։ (Գործք 24։15) Եթէ անոնք ընեն ինչ որ Աստուած կը պահանջէ իրենցմէ, պիտի շարունակեն յաւիտեան երկրի վրայ ապրիլ։ Ապա թէ ոչ, յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։—Յովհաննու 5։28, 29. Յայտնութիւն 20։11-15

7. Երկրի համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակը այս կերպով յաջողութեամբ պիտի պսակուի։ Կ’ուզէ՞ք այս ապագայ օրհնութիւններուն մասնակից ըլլալ։ Եթէ այո, պէտք է շարունակէք Եհովայի մասին սորվիլ եւ իր պատուէրներուն հնազանդիլ։ Ձեր շրջանի Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահը յաճախելը ձեզի պիտի օգնէ որ ասիկա կարենաք ընել։—Եսայեայ 11։9. Եբրայեցիս 10։24, 25

[Նկար՝ էջ 10]

Դրախտը կորսուեցաւ

[Նկարներ՝ էջ 11]

Արմագեդոնէն ետք երկիրը դրախտի պիտի վերածուի

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել