Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 21-էջ 26 պարբ. 5
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առիթը Լաւ Օգտագործեցէք
  • Շիտակ Շարժառիթով Կարդացէք
  • Արագութիւնը Նկատի Առէք
  • Կեդրոնանալ Սորվեցէք
  • Հանրային Ընթերցանութիւն
  • Կարդալու Ժամանակ Յատկացուցէք
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Միտք դիր կարդալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ընթերցելու սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներուն սորվեցնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 21-էջ 26 պարբ. 5

Կարդալու Հետամուտ Եղէք

ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐԸ չեն կրնար ընել այն ինչ որ դուք հիմա կ’ընէք։ Մարդոց 6–էն մէկը կարդալ չէ սորված, յաճախ քանի որ դպրոց երթալու պատեհութիւն չէ ունեցած, իսկ կարդալ սորվողներէն շատեր, կանոնաւորաբար կարդալու սովորութիւն չունին։ Սակայն, տպուած էջեր կարդալու ձեր կարողութիւնը առիթ կու տայ որ անոր միջոցաւ օտար երկիրներ ճամբորդէք, մարդոց հանդիպիք՝ որոնց կեանքը կրնայ ճոխացնել ձեր կեանքը, եւ գործնական գիտելիքներ ձեռք ձգէք, որ կեանքի հոգերուն հետ գլուխ ելլելու պիտի նպաստեն։

Նկար՝ էջ 22

Ինչ որ կը կարդաք ձեր զաւակներուն, անիկա կրնայ անոնց անձնաւորութիւնը ձեւաւորելու նպաստել

Կարդալու կարողութիւնը շատ տարբերութիւն կ’ընէ թէ պատանի մը ո՛րքանով պիտի օգտուի իր ստացած դպրոցական կրթութենէն։ Երբ գործ կը փնտռէ, իր կարդալու կարողութիւնը կրնայ տարբերութիւն ընել իր ընելիք գործի տեսակին եւ ապրուստ ճարելու համար իր աշխատանքի ժամերուն։ Լաւ կարդալ գիտցող տանտիկիններ կրնան աւելի լաւ հոգ տանիլ իրենց ընտանիքներուն, սնունդի, մաքրութեան եւ հիւանդութեան առաջքը առնելու հարցերուն մէջ։ Ընթերցասէր մայրեր նաեւ շատ դրական ազդեցութիւն մը կրնան ունենալ իրենց զաւակներուն մտային զարգացման վրայ։

Իսկ ընթերցելուն մեծագոյն օգուտը այն է, որ կրնաք ‘Աստուծոյ գիտութիւնը գտնել’։ (Առ. 2։5) Աստուծոյ ծառայելու բազմաթիւ երեսակներ՝ կարդալու կարողութեան հետ կապուած են։ Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային հրատարակութիւններ կը կարդացուին ժողովքային հանդիպումներուն։ Դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր ազդու ըլլալը մեծաւ մասամբ կախեալ է ձեր կարդալու կերպէն։ Իսկ այս գործունէութիւններուն համար պատրաստուիլը կարդալ կը պահանջէ։ Այդ պատճառաւ, ձեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է ձեր կարդալու սովորութիւններէն։

Առիթը Լաւ Օգտագործեցէք

Նկար՝ էջ 22

Սորվեցէք զգացումներ արտայայտող հանրային ընթերցող մը ըլլալ

Աստուծոյ ճամբաները սորվողներէն ոմանք սահմանափակ կրթութիւն ստացած են։ Թերեւս անոնք պէտք է կարդալ սորվին, որպէսզի իրենց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը բարելաւեն։ Կամ՝ թերեւս անձնական օգնութեան կարիքը ունին, իրենց կարդալու հմտութիւնը բարելաւելու համար։ Հոն ուր տեղական կարիք կը տեսնուի, ժողովքները գրագիտութեան դասընթացքներ կը կազմակերպեն՝ Միտք Դիր Կարդալու եւ Գրելու գրականութեան վրայ հիմնուած։ Հազարաւոր անհատներ մեծ օգուտ քաղած են այս կարգադրութենէն։ Լաւ կարդալու կարող ըլլալու կարեւորութեան ի տես, կարգ մը ժողովքներ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին կողքին ընթերցանութիւնը բարելաւելու դասարաններու կարգադրութիւն մը ըրած են։ Նոյնիսկ հո՛ն ուր այսպիսի դասընթացքներ չկան, անհատ մը կրնայ լաւ յառաջդիմութիւն արձանագրել, օրական որոշ ժամանակ բարձրաձայն կարդալու յատկացնելով եւ կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալով ու մասնակցելով դպրոցին։

Դժբախտաբար, պատկերազարդ զաւեշտական գրականութիւններու ու հեռատեսիլի նման բաներ, շատերուն կեանքին մէջ ընթերցելը ամենէն յետին տեղը նետած են։ Հեռատեսիլ դիտելը եւ քիչ կարդալը, անհատի մը ընթերցելու կարողութիւնը զարգացնելուն, յստակօրէն մտածելուն ու տրամաբանելուն, եւ լաւ արտայայտուելուն արգելք կրնան ըլլալ։

«Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» գրականութիւններ կը հայթայթէ, որոնք մեզի կ’օգնեն Աստուածաշունչը հասկնալու։ Ասոնք կենսական եղող հոգեւոր նիւթերու շուրջ ճոխ տեղեկութիւններ մատչելի կը դարձնեն։ (Մատթ. 24։45. Ա. Կորն. 2։12, 13) Նաեւ՝ մեզ տեղեակ կը պահեն աշխարհի կարեւոր փոփոխութիւններէն եւ անոնց նշանակութենէն, կ’օգնեն որ աւելի լաւ ծանօթանանք բնութեան հետ, եւ կը սորվեցնեն թէ ի՛նչպէս կրնանք գլուխ ելլել մեզ մտահոգող հարցերուն հետ։ Ամենէն կարեւորը, անոնք շեշտ կը դնեն Աստուծոյ ի՛նչպէս ընդունելի կերպով ծառայելու եւ իր հաճութիւնը ունենալու վրայ։ Այսպիսի օգտակար ընթերցանութիւն, ձեր հոգեւոր անհատ մը դառնալուն պիտի նպաստէ։

Անշուշտ, լաւ կարդալը ինքնին առաքինութիւն մը չէ։ Պէտք է այս հմտութիւնը պատշաճ կերպով գործածել։ Ուտելու նման՝ ընթերցելը ընտրութիւն կը պահանջէ։ Ինչո՛ւ ուտել կերակուր մը որ իրապէս սննդարար չէ եւ նոյնիսկ կրնայ թունաւորել ձեզ։ Նոյն կերպով, ինչո՛ւ կարդալ նիւթեր՝ նոյնիսկ պատահականօրէն՝ որոնք կրնան միտքն ու սիրտը ապականել։ Աստուածաշունչի սկզբունքները որպէս չափանիշ պէտք է ծառայեն, մեր ընթերցելիք նիւթերը որոշելու համար։ Ձեր ընթերցելիքը որոշելէ առաջ, ի մտի ունեցէք հետեւեալ համարները՝ Ժողովողի 12։12, 13. Եփեսացիս 4։22-24. 5։3, 4. Փիլիպպեցիս 4։8. Կողոսացիս 2։8. Ա. Յովհաննու 2։15-17. եւ Բ. Յովհաննու 10։

Շիտակ Շարժառիթով Կարդացէք

Ընթերցելու մէջ շիտակ շարժառիթ ունենալու կարեւորութիւնը բացայայտ կ’ըլլայ, երբ Աւետարանի պատմութիւնները կը քննենք։ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, զոր օրինակ, կը գտնենք բանիմաց կրօնական առաջնորդներուն ուղղած Յիսուսի հետեւեալ հարցումները՝ «Չէ՞ք կարդացեր» եւ «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր», նախ քան անոնց խորամանկ հարցումներուն սուրբ գրային պատասխաններ տալը։ (Մատթ. 12։3, 5. 19։4. 21։16, 42. 22։31) Ասկէ հետեւեալը կը սորվինք. եթէ ընթերցելու մեր շարժառիթը շիտակ չէ, կրնանք սխալ եզրակացութիւններու յանգիլ, կամ կէտը բոլորովին չհասկնալ։ Փարիսեցիները Սուրբ Գրութիւնները կը կարդային, քանի որ կը խորհէին թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։ Բայց Յիսուս նշեց որ այդ վարձատրութիւնը շնորհուած չէր անոնց՝ որոնք Աստուած չեն սիրեր եւ Իր փրկութեան միջոցը չեն ընդունիր։ (Յովհ. 5։39-43) Փարիսեցիները անձնասէր դիտաւորութիւններ ունէին, հետեւաբար անոնց եզրակացութիւններէն շատերը սխալ էին։

Եհովայի հանդէպ սէրը ամենէն մաքուր շարժառիթն է, զոր կրնանք ունենալ իր Խօսքը կարդալու համար։ Այսպիսի սէր մեզ կը խթանէ որ Աստուծոյ կամքը սորվինք, քանի որ սէրը «ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ»։ (Ա. Կորն. 13։6) Նոյնիսկ երբ անցեալին շատ չէինք սիրեր կարդալ, Եհովան մեր «բոլոր մտքով»ը սիրելը մեզ պիտի մղէ որ ջանադրութեամբ մեր միտքը աշխատցնենք Աստուծոյ գիտութիւնը ստանալու համար։ (Մատթ. 22։37) Սէրը հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէ, իսկ հետաքրքրութիւնը՝ սորվելու կը մղէ։

Արագութիւնը Նկատի Առէք

Ընթերցելը սերտօրէն կապուած է գիտելիքին հետ։ Հիմա որ կը կարդաք, բառերը կը ճանչնաք եւ անոնց իմաստը կը յիշէք։ Կրնաք ձեր ընթերցանութեան արագութիւնը աւելցնել, երբ ձեր գիտելիքներուն տարողութիւնը ընդարձակէք։ Փոխանակ իւրաքանչիւր բառին նայելու, փորձեցէք միեւնոյն ժամանակ քանի մը բառերու նայիլ։ Երբ այս կարողութիւնը զարգացնէք, պիտի տեսնէք թէ ձեր կարդացածը աւելի յստակօրէն կը հասկնաք։

Նկար՝ էջ 24

Միասնաբար կարդալը ընտանիքի անդամները իրարու կը միացնէ

Սակայն երբ աւելի խոր նիւթեր կը կարդաք, տարբեր կերպ մը գործածելով կրնաք ձեր ջանքերէն աւելին քաղել։ Սուրբ Գրութիւնները կարդալու շուրջ Յեսուի խրատ տալով, Եհովա ըսաւ. «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ [«զայն ցած ձայնով կարդա՛», ՆԱ]»։ (Յես. 1։8) Անհատ մը ցած ձայնով կը խօսի, երբ մտածկոտութեան մէջ է։ Անոր համար Եբրայերէն ‘ցած ձայնով կարդալ’ արտայայտութիւնը նաեւ թարգմանուած է՝ ‘խոկալ’։ (Սաղմ. 63։6, ՆԱ. 77։12, ՆԱ. 143։5, ՆԱ) Երբ անհատ մը կը խոկայ, ան խոր կերպով կը մտածէ՝ չ’աճապարեր։ Մտածելով կարդալը թոյլ կու տայ որ Աստուծոյ Խօսքը աւելի մեծ ազդեցութիւն մը ունենայ մտքին ու սրտին վրայ։ Աստուածաշունչը մարգարէութիւն, խրատներ, առակներ, բանաստեղծութիւն, աստուածային դատաստաններու ծանուցում, Եհովայի նպատակին մասին մանրամասնութիւններ, եւ իրական կեանքէ առնուած բազմաթիւ պատմութիւններ կը պարունակէ. բոլորն ալ թանկարժէք են Եհովայի ճամբուն մէջ քալել ուզողներուն համար։ Որքա՜ն օգտակար է Աստուածաշունչը կարդալ այնպիսի կերպով մը, որ խորապէս դրոշմուի ձեր մտքին ու սրտին մէջ։

Կեդրոնանալ Սորվեցէք

Նկար՝ էջ 22

Ձեր կարդալու սովորութիւնները ձեր հոգեւոր աճման կ’ազդեն

Մինչ կը կարդաք, նկարագրուած իւրաքանչիւր տեսարանին մէջ դուք ձեզ պատկերացուցէք։ Ձեր մտքին աչքերով փորձեցէք դերակատարները տեսնել եւ անոնց կեանքին մէջ պատահած բաներուն զգացականօրէն մասնակցեցէք։ Ասիկա յարաբերաբար դիւրին է, երբ Ա. Թագաւորաց 17–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Դաւիթին ու Գողիաթին պատմուածքին նման դէպք մը կը կարդաք։ Բայց նոյնիսկ Ելիցին եւ Ղեւտացւոցին մէջ յիշուած խորանին շինութեան կամ քահանայութեան հաստատման մանրամասնութիւնները կեանք պիտի ստանան, երբ մտապատկերացնէք անոր չափերն ու շինարարական նիւթերը, կամ երեւակայէք խունկին հոտը, բոհրած հացահատիկները եւ ողջակիզուած անասունները։ Խորհեցէք թէ որքա՜ն ակնածանք ներշնչող բան մը ըլլալու էր քահանայական ծառայութիւնը։ (Ղուկ. 1։8-10) Ձեր զգայարանքներն ու յոյզերը այս կերպով անոնց մէջ պարփակելը ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր կարդացածին իմաստը ըմբռնէք, եւ յիշելու պիտի նպաստէ։

Բայց եթէ ուշադիր չըլլաք, ընթերցելու ատեն ձեր միտքը կրնայ թափառիլ։ Ձեր աչքերը կրնան էջին նայիլ, բայց ձեր միտքը կրնայ ուրիշ տեղ ըլլալ։ Երաժշտութիւն կը նուագուի՞։ Հեռատեսիլը բա՞ց է։ Ընտանիքի անդամները կը խօսակցի՞ն։ Եթէ կարելի է, նախընտրելի է հանդարտ վայրի մը մէջ կարդալ։ Բայց ցրուածութիւնը ձե՛ր մէջէն կրնայ գալ։ Թերեւս շատ զեղուն օր մը ունեցաք։ Դժբախտաբար, որքա՜ն հեշտ է օրուան գործունէութիւնները որոճալ մտքին մէջ։ Անշուշտ, օրուան անցուդարձերը վերաքաղ ընելը լաւ է, բայց ո՛չ՝ կարդալու ատեն։ Թերեւս սկիզբը ձեր միտքը կեդրոնացնէք, կամ նոյնիսկ՝ ձեր կարդալու պահը աղօթքով բանաք։ Բայց մինչ կը կարդաք, ձեր միտքը կը սկսի ցրուիլ։ Դարձեալ փորձեցէք։ Ինքնակրթութիւն բանեցուցէք ձեր միտքը ձեր կարդացած նիւթին վրայ պահելու համար։ Աստիճանաբար, բարելաւում պիտի տեսնէք։

Ի՞նչ կ’ընէք, երբ հանդիպիք բառի մը որ չէք հասկնար։ Կրնայ ըլլալ որ կարգ մը անծանօթ բառեր նիւթին մէջ սահմանուին կամ բացատրուին։ Կամ թերեւս բովանդակութենէն հասկնաք անոր իմաստը։ Եթէ ոչ, ժամանակ տրամադրեցէք բառարանէն անոր իմաստը փնտռելու՝ եթէ բառարան մը ունիք, կամ այդ բառին վրայ նշան դրէք, որպէսզի հետագային ուրիշի մը հարցնէք անոր իմաստը։ Ասիկա ձեր բառամթերքը պիտի ընդարձակէ եւ ձեր կարդացածը հասկնալու պիտի նպաստէ։

Հանրային Ընթերցանութիւն

Նկար՝ էջ 22

Շարունակեցէք հանրապէս կարդալու հետամուտ ըլլալ

Երբ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի ըսաւ որ միտք դնէ կարդալու, ան մասնաւորաբար ուրիշներուն օգտին համար կարդալուն ակնարկութիւն կ’ընէր։ (Ա. Տիմ. 4։13) Ազդեցիկ հանրային ընթերցանութիւնը, պարզապէս էջէ մը բարձրաձայն բառեր կարդալէն աւելին է։ Ընթերցողը բառերուն իմաստը պէտք է հասկնայ եւ անոնց արտայայտած միտքը ըմբռնէ։ Միայն այն ատեն է որ կրնայ շիտակ կերպով փոխանցել գաղափարները ու ճշգրտօրէն դրսեւորել զգացումները։ Անշուշտ ասիկա շատ լաւ պատրաստութիւն եւ վարժութիւն կը պահանջէ։ Անոր համար Պօղոս յորդորեց. «Միտք դիր կարդալու»։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ այս մարզին մէջ արժէքաւոր մարզում պիտի ստանաք։

Կարդալու Ժամանակ Յատկացուցէք

«Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ»։ (Առ. 21։5) Ասիկա որքա՜ն շիտակ կ’ըլլայ, երբ կիրարկուի կարդալու մեր փափաքին։ «Առատութիւն» ունենալու համար, պէտք է ջանադրութեամբ ծրագրենք, որպէսզի ուրիշ գործունէութիւններ մեր ընթերցանութիւնը չխճողեն։

Ե՞րբ կը կարդաք։ Առաւօտ կանուխ կարդալէն կ’օգտուի՞ք, թէ ոչ օրուան ընթացքին աւելի ուշ ձեր միտքը աւելի արթուն կ’ըլլայ։ Եթէ օրական միայն 15 կամ 20 վայրկեան տրամադրէք ընթերցանութեան, պիտի զարմանաք թէ ո՛րքան բան կրնաք իրագործել։ Բանալին՝ կանոնաւոր ըլլալն է։

Եհովա ինչո՞ւ նախընտրած է իր հոյակապ նպատակները գրքի մը մէջ գրի առնել տալ։ Որպէսզի մարդիկ կարենան քննել իր գրաւոր Խօսքը։ Ասիկա կարելի կը դարձնէ որ անոնք Եհովայի սքանչելի գործերը նկատի առնեն, զանոնք իրենց երախաներուն սորվեցնեն եւ Աստուծոյ գործերը իրենց մտքին մէջ դրոշմեն։ (Սաղմ. 78։5-7) Այս հարցին մէջ Եհովայի առատաձեռնութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը լաւագոյնս ցոյց տուած կ’ըլլանք, իր կենսատու Խօսքը կարդալու համար մեր թափած ջանքին տեսակով։

ՁԵՐ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆԵՐՓԱԿԷ

  •  Աստուածաշունչը ձեր նախասիրած ընթերցանութիւններու ցանկին մէջ առաջնահերթ տեղը կը գրաւէ՞

  •  Կանոնաւորաբար Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կը կարդա՞ք

  •  Սուրբ Գրքի ուսումնասիրութեան օժանդակող նոր գրականութիւնները ստանալէն ետք իսկոյն կը կարդա՞ք

  •  Երբ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին ձեր անձնական օրինակը ստանաք, ծառայութեան մէջ ձեզի օգնելու համար հոն մատուցուած տեղեկութիւնը կը կարդա՞ք

  •  Եհովայի Վկաներու հին գրականութիւններէն քանի՞ հատը կարդացած էք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել