Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 56-էջ 61 պարբ. 3
  • Որպէս Ուսուցիչ Կարողութիւն Մշակեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Որպէս Ուսուցիչ Կարողութիւն Մշակեցէք
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի Ապաւինեցէք
  • Եհովան Պատուեցէք
  • ‘Տարբերութիւն Դրէք’
  • Քաջալերեցէք Ունկնդիրները որ Խորհին
  • Ջանացէք Սրտին Հասնիլ
  • Կիրարկումը Ըրէք
  • Լաւ Օրինակ Հանդիսացէք
  • Սրտին Հասնելու Ջանք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ներատեսութեամբ եւ համոզումով ուսուցանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • ‘Դուն քեզ փրկէ եւ զանոնք՝ որ քեզի կ’ունկնդրեն’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 56-էջ 61 պարբ. 3

Որպէս Ուսուցիչ Կարողութիւն Մշակեցէք

ՈՐՊԷՍ ուսուցիչ ի՞նչ է ձեր նպատակակէտը։ Եթէ վերջերս Թագաւորութեան հրատարակիչ մը եղաք, անկասկած կը փափաքիք սորվիլ թէ ի՛նչպէս կրնաք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարել, քանի որ Յիսուս իր հետեւորդներուն աշակերտելու նշանակումը տուաւ։ (Մատթ. 28։19, 20) Եթէ այս մարզին մէջ արդէն փորձառութիւն ունիք, թերեւս հիմա ձեր նպատակակէտն է՝ ձեր օգնել ջանացած անհատներուն սրտին հասնելու համար աւելի ատակ ըլլալ։ Եթէ ծնող մըն էք, վստահաբար կ’ուզէք այնպիսի ուսուցիչ մը ըլլալ, որ կարենաք ձեր զաւակները մղել որ իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրեն։ (Գ. Յովհ. 4) Եթէ երէց մըն էք, կամ երէց մը ըլլալու կը ձգտիք, թերեւս կ’ուզէք այնպիսի հանրային դասախօս մը ըլլալ, որ կարենաք ձեր ունկնդիրներուն մէջ աւելի խոր գնահատութիւն մը կերտել Եհովայի եւ իր ճամբաներուն հանդէպ։ Այս նպատակակէտերուն ի՞նչպէս կրնաք հասնիլ։

Հմուտ Ուսուցիչէն՝ Յիսուս Քրիստոսէ օրինակ առէք։ (Ղուկ. 6։40) Յիսուս ո՛ւր որ ալ խօսէր, լերան կողքին մեծ ամբոխի մը, թէ ճամբան քալող քանի մը մարդոց, իր ըսած բաները եւ ըսելու կերպը մնայուն տպաւորութիւն կը ձգէին անոնց վրայ։ Յիսուս իր ունկնդիրներուն մտքերն ու սրտերը կը խթանէր, եւ գործնական կիրարկում կ’ընէր, որպէսզի անոնք հասկնային։ Դուք ալ կրնա՞ք այսպիսի բաներ ընել։

Եհովայի Ապաւինեցէք

Յիսուսի սորվեցնելու կարողութեան նպաստողը թէ՛ իր երկնաւոր Հօրը հետ իր ունեցած մտերիմ յարաբերութիւնն էր եւ թէ՝ Աստուծոյ հոգիին օրհնութիւնը։ Եհովայի անձկագին կ’աղօթէ՞ք որ կարող ըլլաք ազդու կերպով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Եթէ ծնող մըն էք, ձեր զաւակներուն սորվեցնելու համար կանոնաւորաբար աստուածային առաջնորդութիւնը կը խնդրէ՞ք։ Դասախօսութիւններ տալու, կամ ժողովները վարելու համար երբ պատրաստութիւն կը տեսնէք, սրտանց կ’աղօթէ՞ք։ Այսպէս աղօթարար կերպով Եհովայի ապաւինիլը ձեզի պիտի օգնէ որ աւելի ատակ ուսուցիչ մը ըլլաք։

Եհովայի ապաւինիլը յայտնի կ’ըլլայ նաեւ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին յենուելով։ Որպէս կատարեալ մարդ իր կեանքին վերջին իրիկունը իր մատուցած աղօթքին մէջ, Յիսուս իր Հօրը ըսաւ. «Ես քու խօսքդ անոնց տուի»։ (Յովհ. 17։14) Թէեւ Յիսուս շատ մեծ փորձառութիւն ունէր, բայց բնաւ ինքնիրմէ չխօսեցաւ։ Ան միշտ իր Հօրը իրեն սորվեցուցած բաները կը խօսէր եւ ասով մեզի օրինակ հանդիսացաւ։ (Յովհ. 12։49, 50) Աստուծոյ խօսքը՝ որ պահպանուած է Աստուածաշունչին մէջ, մարդոց արարքներուն, ներքին խորհուրդներուն եւ զգացումներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու զօրութիւն ունի։ (Եբր. 4։12) Երբ Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան մէջ աճիք եւ սորվիք զայն լաւ կերպով գործածել ձեր ծառայութեան մէջ, սորվեցնելու այնպիսի կարողութիւն մը պիտի զարգացնէք որ մարդիկը Աստուծոյ կը մօտեցնէ։—Բ. Տիմ. 3։16, 17

Եհովան Պատուեցէք

Քրիստոսի նման ուսուցիչ մը ըլլալը միմիայն հետաքրքրական դասախօսութիւն մը տալու հարց չէ։ Ճիշդ է որ մարդիկ կը սքանչանային Յիսուսի «շնորհալի խօսքերուն» վրայ։ (Ղուկ. 4։22) Բայց լաւ խօսելու մէջ Յիսուսի նպատակը ի՞նչ էր։ Իր նպատակն էր Եհովան պատուել ու ո՛չ թէ ուշադրութիւնը ինքն իր վրայ հրաւիրել։ (Յովհ. 7։16-18) Իսկ ան իր հետեւորդներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթ. 5։16) Այդ խրատը մեր սորվեցնելու կերպին պէտք է ազդէ։ Մեր մտադրութիւնը պէտք է ըլլայ խուսափիլ որեւէ բանէ որ այդ նպատակէն կը շեղեցնէ։ Ուստի, երբ կը ծրագրենք թէ ի՛նչ պիտի ըսենք կամ ի՛նչպէս պիտի ըսենք, լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ասիկա Եհովայի հանդէպ գնահատութիւն պիտի խորացնէ՞, թէ ոչ ուշադրութիւնը իմ վրաս պիտի դարձնէ’։

Օրինակ, երբ կը սորվեցնենք, լուսաբանութիւնները եւ իրական կեանքէ առնուած օրինակները կրնան ազդու կերպով գործածուիլ։ Սակայն, երբ օրինակը շատ երկար ըլլայ, կամ երբ փորձառութիւն մը ամենայն մանրամասնութեամբ պատմուի, մեր սորվեցնել ուզած կէտը կրնայ կորսուիլ։ Նոյն կերպով, պարզապէս զուարճացնելու մտքով պատմութիւններ պատմելը, մեր ծառայութիւնը իր նպատակէն կը շեղեցնէ։ Այսպէս ընելով, ուսուցիչը ուշադրութիւնը ինքն իր վրայ կը հրաւիրէ, փոխանակ աստուածպետական ուսուցումին իսկական նպատակը իրագործելու։

‘Տարբերութիւն Դրէք’

Անհատ մը իրապէս աշակերտ մը ըլլալու համար, պէտք է յստակօրէն հասկնայ իրեն ուսուցանուածը։ Ան պէտք է լսէ ճշմարտութիւնը եւ տեսնէ թէ անիկա ի՛նչպէս կը տարբերի միւս հաւատալիքներէն։ Ասիկա իրագործելու համար լաւ է հակադրութիւններ ներկայացնել։

Եհովա կրկին անգամ յորդորեց իր ժողովուրդը որ մաքուրին ու անմաքուրին մէջտեղ ‘տարբերութիւն դնեն’։ (Ղեւտ. 10։9-11) Ան ըսաւ որ անոնք որ իր հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ պիտի ծառայէին, «անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը» պիտի գիտցնէին ժողովուրդին։ (Եզեկ. 44։23) Առակաց գիրքը լեցուն է արդարութեան ու ամբարշտութեան, իմաստութեան ու յիմարութեան միջեւ եղող բաղդատութիւններով։ Նոյնիսկ իրարու հակառակ չեղող բաներ կրնան իրարմէ զատորոշուիլ։ Հռովմայեցիս 5։7–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ հակադրեց արդար մարդը բարի մարդուն հետ։ Եբրայեցիս գրքին մէջ, ան ցոյց տուաւ Քրիստոսի քահանայապետական ծառայութեան գերադաս ըլլալը՝ Ահարոնի ծառայութենէն։ Արդարեւ, ինչպէս ԺԷ. դարու դաստիարակ Եան Ամոս Գոմէնսգի գրեց. «Սորվեցնելը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ցոյց տալ թէ իրերը ի՛նչպէս իրարմէ կը տարբերին իրենց նպատակներուն, ձեւերուն եւ ծագումներուն մէջ։ . . . Ուստի, ան որ կրնայ լաւ կերպով տարբերութիւնը ցոյց տալ՝ կրնայ լաւ կերպով սորվեցնել»։

Ենթադրենք որ անհատի մը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը սորվեցնէք։ Եթէ ան չի հասկնար Թագաւորութեան ինչ ըլլալը, կրնաք անոր ցոյց տալ թէ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, հակառակ է այն գաղափարին թէ Թագաւորութիւնը պարզապէս անհատի մը սրտին մէջ վիճակ մըն է։ Կամ՝ կրնաք ցոյց տալ թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս կը տարբերի մարդկային կառավարութիւններէն։ Սակայն, այս հիմնական ճշմարտութիւնները գիտցող անհատներու պարագային, կրնաք աւելի մանրամասնութիւններու երթալ։ Կրնաք անոնց ցոյց տալ թէ Մեսիական Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս տարբեր է Սաղմոս 103։19–ի մէջ նկարագրուած Եհովայի տիեզերական իշխանութենէն, կամ՝ Կողոսացիս 1։13–ի ‘իր սիրելի Որդիին թագաւորութենէն’, կամ՝ Եփեսացիս 1։10–ի մէջ խօսուած ‘տնտեսութենէն’։ Հակադրութիւններու գործածութիւնը կրնայ օգնել որ Աստուածաշունչի այս կարեւոր ուսուցումը յստակօրէն ձեր ունկնդիրներուն համար ցցուն ըլլայ։

Յիսուս յաճախ ուսուցումի այս կերպը գործածեց։ Ան Մովսիսական Օրէնքին ժողովրդական հասկացողութիւնը հակադրեց՝ Օրէնքին իրական դիտաւորութեան հետ։ (Մատթ. 5։21-48) Ան իրական աստուածպաշտութիւնը զանազանեց Փարիսեցիներուն կեղծաւոր արարքներէն։ (Մատթ. 6։1-18) Ան ‘ուրիշներու վրայ տիրելու’ հոգին հակադրեց իր հետեւորդներուն ցուցաբերելիք անձնազոհ հոգիին հետ։ (Մատթ. 20։25-28) Ուրիշ առիթով մը, որ արձանագրուած է Մատթէոս 21։28-32–ի մէջ, Յիսուս իր ունկնդիրները հրաւիրեց որ իրե՛նք տարբերութիւնը տեսնեն ինքնարդարացումի եւ իրական զղջումի միջեւ։ Ասիկա լաւ կերպով սորվեցնելու արժէքաւոր ուրիշ երեսակի մը կը հասցնէ մեզ։

Քաջալերեցէք Ունկնդիրները որ Խորհին

Մատթէոս 21։28–ի մէջ (Անթիլիաս), կը կարդանք թէ Յիսուս բաղդատութիւնը սկսաւ, հարցնելով՝ «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։ Ատակ ուսուցիչ մը պարզապէս իրողութիւններ չի ներկայացներ, կամ պատասխաններ չի հայթայթեր։ Հապա, կը քաջալերէ իր ունկնդիրները որ մտածելու կարողութիւն մշակեն։ (Առ. 3։21. Հռովմ. 12։1) Ասիկա մասամբ հարցումներ հարցնելով կը կատարուի։ Մատթէոս 17։25–ի (Անթիլիաս) մէջ կը գտնենք Յիսուսի հետեւեալ հարցումը. «Սիմո՛ն, ի՞նչ է կարծիքդ, աշխարհի թագաւորները հարկերը եւ տուրքերը որմէ՞ կ’առնեն, քաղաքացիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ Յիսուսի միտք գրգռող հարցումները օգնեցին Պետրոսին որ հարկ վճարելու մասին անձնական շիտակ եզրակացութեան յանգէր։ Նմանապէս, երբ կը պատասխանէր մարդու մը հարցուցած՝ «իմ ընկերս ո՞վ է» հարցումին, Յիսուս քահանայի մը եւ Ղեւտացիի մը արարքները բաղդատեց Սամարացիի մը արարքներուն հետ։ Ապա հետեւեալ հարցումը հարցուց. «Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ (Ղուկ. 10։29-36) Հոս դարձեալ, փոխանակ իր ունկնդրին տեղ ինք մտածելու, Յիսուս հրաւիրեց որ ունկնդիրը պատասխանէր իր հարցումին։—Ղուկ. 7։41-43

Ջանացէք Սրտին Հասնիլ

Այն ուսուցիչները, որոնք Աստուծոյ Խօսքին իմաստը կ’ըմբռնեն, կը գիտակցին որ ճշմարիտ պաշտամունքը պարզապէս կարգ մը իրողութիւններ անգիր սորվիլ եւ կարգ մը կանոններու համակերպիլ չէ։ Անիկա Եհովայի հետ լաւ յարաբերութեան եւ իր ճամբաներուն հանդէպ գնահատութեան վրայ հիմնուած է։ Այսպիսի պաշտամունք սրտին հետ կապուած է։ (Բ. Օր. 10։12, 13. Ղուկ. 10։25-27) Սուրբ Գրքին մէջ, «սիրտ» բառը յաճախ կ’ակնարկէ ներքին լման անձնաւորութեան, պարփակելով ցանկութիւնները, խանդաղատանքները, զգացումներն ու շարժառիթները։

Յիսուս գիտէր թէ մինչ մարդիկ դրսերեւոյթին կը նային, Աստուած սրտին է որ կը նայի։ (Ա. Թագ. 16։7) Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը իրեն հանդէպ սէրէ մղուած պէտք է ըլլայ ու ո՛չ թէ ընկեր արարածները տպաւորելու ջանքերէ։ (Մատթ. 6։5-8) Միւս կողմէ, Փարիսեցիները շատ բաներ կ’ընէին ի ցոյց մարդկանց։ Անոնք շատ շեշտ կը դնէին Օրէնքին մանրամասնութիւններուն եւ իրենց դրած կանոններուն հնազանդութեան վրայ։ Սակայն իրենց կեանքին մէջ չէին յայտնաբերեր յատկութիւններ, որոնք զիրենք պիտի կապէին այն Աստուծոյն հետ, զոր կը դաւանէին պաշտել։ (Մատթ. 9։13. Ղուկ. 11։42) Յիսուս սորվեցուց որ թէեւ Աստուծոյ պահանջներուն հնազանդիլը կարեւոր է, բայց այս հնազանդութեան արժէքը պիտի չափուի սրտին մէջ եղածով։ (Մատթ. 15։7-9. Մար. 7։20-23. Յովհ. 3։36) Մեր ուսուցումը լաւագոյն օգուտը պիտի ունենայ, եթէ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ Կարեւոր է մարդոց օգնել որ սորվին թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ իրենցմէ։ Բայց անոնց համար նաեւ կարեւոր է Եհովան ճանչնալ ու սիրել որպէս էութիւն մը, որպէսզի իրենց վարքը արտացոլացնէ թէ ո՛րքանով կ’արժեւորեն ճշմարիտ Աստուծոյ հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը ունենալը։

Անշուշտ, այսպիսի ուսուցումէ մը օգտուելու համար, մարդիկ պէտք է յօժարին ընդունիլ իրենց սրտին մէջ եղածը։ Յիսուս քաջալերեց մարդիկը որ իրենց շարժառիթները վերլուծեն եւ իրենց զգացումները քննեն։ Երբ սխալ տեսակէտ մը կը սրբագրէր, ան իր ունկնդիրներուն կը հարցնէր թէ ինչո՛ւ կարգ մը բաներ խորհեցան, ըսին կամ ըրին։ Բայց այդքանով չբաւարարուելով՝ Յիսուս իր հարցումին կը միացնէր կարծիք մը, օրինակ մը կամ արարք մը, քաջալերելով որ հարցը շիտակ կերպով դիտէին։ (Մար. 2։8. 4։40. 8։17. Ղուկ. 6։41, 46) Մենք ալ կրնանք մեր ունկնդիրներուն օգնել, անոնց թելադրելով որ իրենք իրենց այսպիսի հարցումներ հարցնեն. ‘Այս վերաբերմունքը ինչո՞ւ հաճելի է ինծի։ Այս կացութեան ինչո՞ւ այսպէս հակազդեցի’։ Ապա պէտք եղած դրդապատճառը տուէք որ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտեն։

Կիրարկումը Ըրէք

Լաւ ուսուցիչ մը գիտէ թէ «ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է»։ (Առ. 4։7) Իմաստութիւնը՝ խնդիրները լուծելու, վտանգներէն զգուշանալու, նպատակակէտերու հասնելու եւ ուրիշներուն օգնելու համար գիտութիւնը յաջող կերպով կիրարկելու կարողութիւնն է։ Ուսուցիչի մը պարտականութիւնն է աշակերտներուն օգնել որ սորվին ասիկա ընել, բայց առանց անոնց տեղ ինք որոշում տալու։ Երբ Աստուածաշունչի այլազան սկզբունքներուն մասին կը խօսիք, աշակերտին օգնեցէք որ տրամաբանէ։ Կրնաք առօրեայ կեանքէն վիճակ մը նշել, ապա աշակերտին հարցնել թէ տակաւին նոր ուսումնասիրած սկզբունքը ի՛նչպէս կրնայ իրեն օգնել եթէ նման կացութեան մը դիմաց գտնուի։—Եբր. 5։14

Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին իր արտասանած ճառին մէջ, Պետրոս առաքեալ գործնական կիրարկում ունեցող օրինակ մը գործածեց, որ մարդոց կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ։ (Գործք 2։14-36) Սուրբ Գրութիւններէն՝ ամբոխին ծանօթ եղող երեք հատուածներու մասին խօսելէ ետք, Պետրոս անոնց կիրարկումը ըրաւ, բոլորին ականատես եղած իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Որպէս հետեւանք, մարդիկ իրենց լսած բանին վրայ գործի անցնելու կարիքը զգացին։ Ձեր ուսուցումն ալ նման ազդեցութիւն մը ունի՞ մարդոց վրայ։ Իրողութիւնները թուելէն աւելին կ’ընէ՞ք, մարդոց օգնելով որ անոնց պատճառը հասկնան։ Զանոնք կը քաջալերէ՞ք որ նկատի առնեն թէ իրենց սորված բաները ի՛նչպէս պէտք է ազդեն իրենց կեանքին։ Հաւանաբար անոնք բարձրաձայն չըսեն՝ «Ի՞նչ ընենք», ինչպէս որ ամբոխը ըսաւ Պէնտէկոստէին, բայց եթէ համարները լաւ կերպով կիրարկէք, անոնք պէտք եղած քայլերը առնելու մասին պիտի մտածեն։—Գործք 2։37

Ո՛վ ծնողներ, երբ ձեր զաւակներուն հետ Աստուածաշունչ կը կարդաք, ասիկա լաւ առիթ մըն է զանոնք մարզելու, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն գործնական կիրարկման մասին մտածեն։ (Եփ. 6։4) Կրնաք, զոր օրինակ, այդ շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն քանի մը համարներ ընտրել, անոնց նշանակութիւնը բացատրել, ապա հետեւեալին նման հարցումներ հարցնել. ‘Ասիկա ի՞նչպէս մեզի ուղղութիւն կը հայթայթէ։ Այս համարները ի՞նչպէս կրնանք ծառայութեան մէջ գործածել։ Ասոնք ի՞նչ կը յայտնեն Եհովայի եւ իր գործառնութեանց մասին, եւ ի՞նչպէս իրեն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը կերտեն’։ Ձեր ընտանիքի անդամները քաջալերեցէք որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերը նկատի առնուած ատեն, այս մասին արտայայտուին։ Այն համարները որոնց մասին մեկնաբանութիւն կու տան, շատ հաւանաբար անոնք են զորս պիտի յիշեն։

Լաւ Օրինակ Հանդիսացէք

Ո՛չ միայն ձեր խօսքերով կը սորվեցնէք, այլ նաեւ՝ ձեր գործերով։ Ձեր գործերը գործնական օրինակ կը հայթայթեն ձեր ըսածները ինչպէս կիրարկելու մասին։ Երախաները այս կերպով է որ կը սորվին։ Երբ իրենց ծնողները կ’ընդօրինակեն, անոնք կ’ապացուցանեն որ կ’ուզեն իրենց ծնողներուն նմանիլ։ Անոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ իրենց ծնողներուն ըրածին պէս ընելը ինչպէս է։ Նոյն կերպով, երբ ձեր ուսուցանած անհատները ‘ձեզի նմանող կ’ըլլան, ինչպէս դուք ալ՝ Քրիստոսին’, անոնք կը սկսին վայելել այն օրհնութիւնները, որ Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալելէն կու գան։ (Ա. Կորն. 11։1) Անոնք անձամբ փորձառութիւնը կ’ունենան իրենց հանդէպ Աստուծոյ վերաբերմունքին։

Ասիկա լրջօրէն մեզի կը յիշեցնէ լաւ օրինակ ըլլալուն կարեւորութիւնը։ «Սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ» ապրող անհատներ, Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՛նչպէս կիրարկելու նկատմամբ կենդանի ցուցադրութիւն մը պիտի ըլլան իրենց ուսուցանած անհատներուն։ (Բ. Պետ. 3։11) Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտի մը քաջալերութիւն կու տաք որ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդայ, դո՛ւք զայն կարդալու մէջ ջանադիր եղէք։ Եթէ կ’ուզէք որ ձեր երախաները Աստուածաշունչի սկզբունքները պահեն, անոնք պէտք է տեսնեն որ ձեր արարքները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ են։ Եթէ ժողովքի անդամներուն կը սորվեցնէք որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլան, պէտք է դուք լիարժէք կերպով մասնակցիք այդ գործին։ Երբ ձեր սորվեցուցած բաները անձամբ գործադրէք, այն ատեն կրնաք ի վիճակի ըլլալ ուրիշները խրախուսելու։—Հռովմ. 2։21-23

Ձեր ուսուցումը բարելաւելու մտքով, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Երբ կը սորվեցնեմ, այնպիսի կերպով մը կ’ընե՞մ որ զայն լսողներուն կեցուածքին, խօսակցութեան կամ արարքներուն ազդէ։ Հարցերը յստակ դարձնելու համար, գաղափար մը կամ ընթացք մը ուրիշի մը հետ կը բաղդատե՞մ։ Ի՞նչ կ’ընեմ աշակերտներուս, զաւակներուս կամ ունկնդիրներուն օգնելու համար որ յիշեն ըսածս։ Իմ ունկնդիրներուս յստակօրէն ցոյց կու տա՞մ թէ ինչպէս կրնան կիրարկել իրենց սորվածը։ Անոնք իմ մէջս զանիկա կը տեսնե՞ն։ Անոնք կը հասկնա՞ն թէ նկատի առնուած նիւթին հանդէպ իրենց ընդառաջումը, Եհովայի հետ իրենց յարաբերութեան կրնայ ազդել’։ (Առ. 9։10) Շարունակեցէք այս բաներուն ուշադրութիւն ընծայել, մինչ որպէս ուսուցիչ կը ջանաք ատակ ըլլալ։ «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։—Ա. Տիմ. 4։16

ՁԵՐ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ԱԶԴՈՒ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

  •  Եհովայի ապաւինեցէք ու ո՛չ թէ ձեր անձնական կարողութեան

  •  Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը արժեւորեցէք ու զայն լաւ գործածեցէք

  •  Ձեր նպատակակէտը ըրէք Եհովան պատուել ու ո՛չ թէ ձեր անձին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել

  •  Հակադրութիւններ գործածեցէք, որպէսզի դիմացինները յստակօրէն հասկնան

  •  Ունկնդիրները քաջալերեցէք որ մտածեն

  •  Դիմացինները յորդորեցէք որ իրենց շարժառիթներն ու զգացումները քննեն

  •  Լսողները քաջալերեցէք որ նկատի առնեն թէ Աստուածաշունչի գիտութիւնը ի՛նչպէս պէտք է ազդէ իրենց կեանքին

  •  Ընդօրինակուելու արժանի օրինակ հանդիսացէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել