Ուսումնասիրութիւն 25
Ուրուագծի Գործածութիւն
ՈՒՐՈՒԱԳԾԷ մը խօսելու գաղափարը շատերը ջղագրգիռ կը դարձնէ։ Անոնք աւելի ապահով կը զգան, եթէ իրենց ամէն ըսելիքը գրուած ըլլայ, կամ անգիր սորված ըլլան։
Բայց, իրականութեան մէջ, ամէն օր առանց ձեռագիր մը ունենալու կը խօսինք։ Ասիկա կ’ընենք երբ ընտանիքի անդամներու ու բարեկամներու հետ կը խօսակցինք. երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք։ Նաեւ՝ երբ սրտանց աղօթքներ կը մատուցանենք անհատապէս կամ խումբի մը համար։
Երբ դասախօսութիւն մը կու տաք, տարբերութիւն կ’ընէ՞ եթէ գործածէք ձեռագիր մը կամ ուրուագիծ մը։ Թէեւ պատրաստուած գրութենէ մը կարդալը ճշգրտութեան եւ բառերու ընտրութեան կը նպաստէ, սակայն սրտին հասնելու կրնայ արգելք ըլլալ։ Երբ քանի մը նախադասութենէ աւելի կարդաք, սովորաբար ձեր ինքնաբուխ խօսակցական ոճէն տարբեր արագութիւն եւ ելեւէջ կ’որդեգրէք։ Եթէ ձեր ուշադրութիւնը աւելի շատ ձեր թուղթերուն տուած ըլլաք՝ քան ձեր ունկնդիրներուն, շատեր թերեւս չկարենան ձեզի ուշի ուշով հետեւիլ, զոր պիտի ընէին, եթէ զգային որ իրապէս իրենց մասին կը մտածէք եւ ձեր նիւթը իրենց պարագաներուն կը յարմարցնէք։ Իրապէս գործի լծող դասախօսութեան մը համար, յանպատրաստից խօսելակերպը լաւագոյնն է։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին նպատակն է առօրեայ կեանքին մէջ մեզի օգնել։ Երբ բարեկամի մը հանդիպինք, մեր գրպանէն թուղթ մը հանելով մեր ըսելիքները չենք կարդար, վստահ ըլլալու համար որ լաւագոյն բառերը կը գործածենք։ Դաշտի ծառայութեան մէջ մեր հետ գրուած թուղթ մը չենք տանիր որ կարդանք, վախնալով որ կարգ մը կէտեր կրնանք մոռնալ, զորս կ’ուզէինք մարդոց հետ բաժնել։ Երբ դպրոցին մէջ այսպիսի պարագաներու ներքեւ վկայելու մասին ցուցադրութիւն մը կ’ընէք, կարելի եղածին չափ բնական կերպով խօսելու վարժութիւն ըրէք։ Երբ լաւ պատրաստութիւն մը տեսնէք, պիտի նկատէք որ ուրուագիծ մը՝ անգիր թէ գրուած՝ սովորաբար բաւարար է ձեզի յիշեցնելու այն գլխաւոր կէտերը, որոնց մասին կ’ուզէք խօսիլ։ Բայց ի՞նչպէս կրնաք ուրուագծէ մը աշխատելու համար հարկ եղած վստահութիւնը զարգացնել։
Ձեր Մտքերը Դասաւորեցէք։ Խօսելու ատեն ուրուագիծ մը գործածելու համար, պէտք է ձեր մտքերը դասաւորէք։ Ասիկա ձեր գործածելիք բառերը ընտրել չի նշանակեր։ Անիկա պարզապէս խօսելէն առաջ խորհիլ կը նշանակէ։
Առօրեայ կեանքին մէջ, առանց մտածելու խօսող անհատ մը թերեւս անխոհեմաբար բաներ ըսէ, որոնց համար վերջը զղջայ։ Ուրիշ անհատ մը թերեւս աննպատակ խօսի, մէկ գաղափարէն միւսը ցատկելով։ Կարելի է այս երկու հակումներուն ճարին նայիլ, խօսելէ առաջ կենալով ու մտքով պարզ ուրուագիծ մը պատրաստելով։ Նախ ձեր մտքին մէջ ունեցէք ձեր նպատակը, յետոյ անոր հասնելու համար ձեր առնելիք քայլերը ընտրեցէք, ապա սկսեցէք խօսիլ։
Դաշտի ծառայութեա՞ն կը պատրաստուիք։ Ո՛չ միայն ձեր վկայութեան պայուսակը պատրաստելու, այլ նաեւ՝ ձեր մտքերը դասաւորելու համար ժամանակ յատկացուցէք։ Եթէ որոշած էք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին թելադրած ներկայացումներէն մէկը գործածել, զայն կրկին անգամ կարդացէք, գլխաւոր գաղափարները ձեր մտքին մէջ յստակօրէն ունենալու համար։ Մէկ կամ երկու նախադասութիւններով անոր գլխաւոր կէտերը նշեցէք։ Անոր խօսքերը ձեր անձնաւորութեան ու ձեր թաղամասին յարմարցուցէք։ Ձեր մտքին մէջ ուրուագիծ մը ունենալը օգտակար պիտի ըլլայ։ Անիկա ի՞նչ կրնայ պարունակել։ (1) Որպէս բացում, կրնաք յիշել բան մը որ ձեր համայնքի մարդոցմէ շատերուն համար հետաքրքրական է։ Դիմացի անհատը հրաւիրեցէք որ արտայայտուի։ (2) Ձեր մտքին մէջ մասնայատուկ բան մը ունեցէք այդ նիւթին շուրջ, ի ներառեալ մէկ կամ երկու համարներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուած ի՛նչ խոստացած է՝ ամոքում բերելու համար։ Եթէ ձեզի առիթ տրուի, շեշտեցէք թէ Եհովա ասիկա պիտի ընէ իր Թագաւորութեան՝ երկնային կառավարութեան միջոցաւ։ (3) Քաջալերեցէք որ անհատը կարգ մը քայլեր առնէ ձեր խօսած բաներուն վրայ։ Կրնաք գրականութիւն մը եւ/կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել, եւ զրոյցը շարունակելու համար մասնաւոր կարգադրութիւն մը ընել։
Այսպիսի ներկայացումի մը համար միակ ուրուագիծը, որուն պէտք ունիք՝ անգիր ուրուագիծ մըն է։ Եթէ ձեր առաջին այցելութենէն առաջ ուզէք գրուած ուրուագիծ մը նկատի առնել, անիկա հաւանաբար միայն քանի մը բառեր պիտի պարունակէ բացումին համար, մէկ կամ երկու համարներ պիտի թուէ, եւ քանի մը խօսք ալ ձեր եզրակացութեան համար։ Այսպիսի ուրուագծի մը պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը կրնայ անկապ ըլլալուն առաջքը առնել, օգնելով որ անհատին յստակ պատգամ մը տանք որ կրնայ յիշել։
Եթէ ձեր թաղամասին մէջ յաճախ կարգ մը հարցումներու կամ առարկութիւններու կը հանդիպիք, այդ մասին պրպտում ընելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Սովորաբար, ձեր պէտք ունեցածը երկու կամ երեք հիմնական կէտեր ու անոնց որպէս հիմ ծառայող համարներ են։ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկը կամ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին մէջի սեւատիպ ենթագլուխները կրնան ձեզի տալ ճիշդ այն ուրուագիծը որուն պէտք ունիք։ Կրնաք լաւ մէջբերում մը գտնել ուրիշ աղբիւրէ մը, զոր կ’ուզէք պարփակել։ Հակիրճ ուրուագիծ մը պատրաստեցէք, մէջբերումին լուսապատճենը անոր միացուցէք եւ ասիկա դաշտի ծառայութեան ձեր պիտոյքներուն մէջ դրէք։ Երբ տանտէր մը այս հարցը կամ առարկութիւնը յարուցանէ, իրեն գիտցուցէք որ ձեզի համար հաճելի առիթ մըն է իրեն բացատրել ձեր հաւատալիքները։ (Ա. Պետ. 3։15) Ուրուագիծը որպէս հիմ գործածեցէք ձեր պատասխանին։
Երբ ձեր ընտանիքին, գրքի ուսումնասիրութեան խումբի մը կամ ժողովքին համար աղօթք պիտի մատուցանէք, դարձեալ օգտակար է ձեր մտքերը դասաւորել։ Ղուկաս 11։2-4–ի համաձայն, Յիսուս իր աշակերտներուն պարզ ուրուագիծ մը տուաւ իմաստալից աղօթքի համար։ Երուսաղէմի տաճարի նաւակատիքին, Սողոմոն երկար աղօթք մը մատուցանեց։ Ակներեւաբար, ան նախապէս մտածած էր այս նիւթին մասին։ Ան ուշադրութիւնը նախ Եհովայի եւ Դաւիթի տուած Իր խոստումին, ապա՝ տաճարին վրայ դարձուց. եւ անկէ ետք մէկ առ մէկ մասնայատուկ կացութիւններ եւ մարդոց խումբեր նկատի առաւ։ (Գ. Թագ. 8։22-53) Այս օրինակներէն կրնանք օգտուիլ։
Դասախօսութեան Ձեր Ուրուագիծը Պարզ Պահեցէք։ Արդեօք ձեր ուրուագիծը դասախօսութիւն մը տալո՞ւ համար պիտի գործածէք։ Անիկա ո՞րքան բան պէտք է պարունակէ։
Յիշեցէք թէ ուրուագծի մը նպատակն է ձեզի օգնել որ գաղափարներ յիշէք։ Կրնաք խորհիլ թէ բացումին համար քանի մը նախադասութիւն գրելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Բայց անկէ ետք, ո՛չ թէ բառերու, այլ գաղափարներու վրայ կեդրոնացէք։ Եթէ այս գաղափարները նախադասութիւններու կերպով գրի առնէք, նախընտրելի են կարճ նախադասութիւնները։ Գլխաւոր կէտերը, զորս կ’ուզէք զարգացնել, պէտք է յստակօրէն գրուած ըլլան ձեր ուրուագծին մէջ։ Ասիկա կարելի է մեծատառ գրել, կէտերը ընդգծել, կամ զանոնք գունաւորել։ Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտի ներքեւ, գրեցէք այն գաղափարները զորս կ’ուզէք գործածել զայն զարգացնելու ատեն։ Յիշեցէք համարները, զորս կը ծրագրէք կարդալ։ Սովորաբար նախընտրելի է ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդալ։ Նշեցէք այն օրինակները զորս կ’ուզէք գործածել։ Նաեւ կրնաք կարեւոր ու տեղին եղող աշխարհիկ մէջբերում մը ընել։ Ձեր նոթերը բաւականին երկար ըրէք, որպէսզի ներկայացնելիք մասնայատուկ իրողութիւններ ունենաք։ Կոկիկ ուրուագիծ մը աւելի դիւրին է գործածել։
Ոմանք ուրուագծեր կը գործածեն, որոնք շատ պարզ են։ Ուրուագիծ մը կրնայ բաղկացած ըլլալ քանի մը գլխաւոր բառերէ, համարներու նոթագրութիւններէ՝ զորս դասախօսը անգիր պիտի ըսէ, եւ գծագրութիւններէ կամ պատկերներէ, որոնք իրեն պիտի օգնեն որ գաղափարները յիշէ։ Այս պարզ նոթերով, դասախօս մը կրնայ իր նիւթը ներկայացնել տրամաբանական շարքաւորումով եւ խօսակցական կերպով։ Այս ուսումնասիրութեան բուն նպատակը այս է։
Այս գրքին 39-42–րդ էջերուն վրայ, պիտի գտնէք «Ուրուագծի Պատրաստութիւն» խորագրով քննարկութիւնը։ Շատ օգտակար պիտի ըլլայ այդ նիւթը կարդալ, մինչ կ’աշխատիք՝ «Ուրուագծի Գործածութիւն» այս ուսումնասիրութեան վրայ։
Ի՛նչպէս Գործածել Ուրուագիծը։ Երբ այս կէտին հասնիք, ձեր նպատակակէտը չէ պարզապէս ուրուագծի կերպով դասախօսութիւն մը պատրաստել։ Այլ՝ ձեր նպատակակէտը ուրուագիծը ազդու կերպով գործածել է։
Ձեր ուրուագիծը գործածելու առաջին քայլն է դասախօսելու համար պատրաստուիլ։ Բնաբանին նայեցէք, իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ կարդացէք եւ դուք ձեզի ըսէք թէ այդ գլխաւոր կէտերէն իւրաքանչիւրը ի՛նչ կապ ունի բնաբանին հետ։ Ձեր քով նշեցէք թէ իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտի ո՛րքան ժամանակ կրնաք յատկացնել։ Ապա ետ գացէք ու առաջին գլխաւոր կէտը ուսումնասիրեցէք։ Այդ կէտը զարգացնելու համար ձեր գործածելիք առարկութիւնները, համարները եւ օրինակները վերաքաղ ըրէք։ Նիւթը մի քանի անգամ աչքէ անցուցէք, մինչեւ որ ձեր դասախօսութեան այդ հատուածը յստակ ըլլայ ձեր մտքին մէջ։ Նոյնը ըրէք միւս գլխաւոր կէտերուն հետ։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ բան կրնաք զեղչել՝ եթէ հարկ ըլլայ՝ ժամանակին վերջացնելու համար։ Յետոյ ամբողջ դասախօսութիւնը վերաքաղ ըրէք։ Գաղափարներուն վրայ կեդրոնացէք եւ ո՛չ թէ՝ բառերուն։ Դասախօսութիւնը անգիր մի՛ ընէք։
Երբ դասախօսութիւնը կու տաք, պէտք է կարենաք աչքի լաւ հաղորդակցութիւն պահել ձեր ունկնդիրներուն հետ։ Համար մը կարդալէ ետք, ձեր Աստուածաշունչը գործածելով սովորաբար կարող պէտք է ըլլաք անոր վրայ տրամաբանելու, բայց առանց ձեր նոթերուն վերադառնալու։ Նոյն կերպով, եթէ օրինակ մը գործածէք, զայն բարեկամի մը պատմելու կերպով պատմեցէք, փոխանակ ձեր նոթերէն կարդալու։ Երբ կը խօսիք, իւրաքանչիւր նախադասութեան համար ձեր նոթերուն մի՛ նայիք։ Ձեր սրտէն խօսեցէք, այդ պարագային պիտի կարենաք ձեզի մտիկ ընողներուն սրտին հասնիլ։
Երբ ուրուագծէ մը խօսելու արուեստին տիրանաք, ատակ հանրային դասախօս մը ըլլալու համար շատ կարեւոր յառաջխաղացք մը կատարած կ’ըլլաք։