Ուսումնասիրութիւն 28
Խօսակցական Կերպ
ՄԱՐԴԻԿ սովորաբար հանգիստ կը զգան երբ բարեկամներու հետ կը խօսին։ Անոնց արտայայտութիւնները ինքնաբուխ կ’ըլլան։ Ոմանք վառվռուն են, իսկ ուրիշներ՝ աւելի վերապահ։ Այսուհանդերձ, այսպիսի խօսակցութիւններ երբ բնական ըլլան՝ հաճելի են։
Բայց երբ օտարականի մը կը հանդիպիք, պատշաճ չէ որ շատ բարեկամական կամ անպաշտօն կերպով խօսիք։ Իրականութիւն է որ կարգ մը մշակոյթներու մէջ, օտարականներու հետ որեւէ խօսակցութիւն շատ պաշտօնական կերպով կը սկսի։ Պէտք եղած յարգանքը ցոյց տրուելէն ետք, խորատեսութեամբ թերեւս փափաքելի ըլլայ աւելի նուազ պաշտօնական եւ աւելի խօսակցական լեզու մը գործածել։
Երբ բեմէն կը խօսիք, դարձեալ ուշադրութիւն պէտք է ընէք։ Շատ անպաշտօն կերպով խօսիլը, քրիստոնէական ժողովին վայել յարգանքը եւ ըսուած բաներուն լրջութիւնը կ’արժէքազրկէ։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, կարգ մը արտայայտութիւններ կը պահանջուին տարեցի, ուսուցիչի, պաշտօնեայի կամ ծնողի մը հետ խօսելու համար։ (Նկատի առէք Գործք Առաքելոց 7։2 եւ 13։16–ի մէջ գործածուած արտայայտութիւնները։) Տարբեր արտայայտութիւններ կը գործածուին կողակիցի մը կամ մտերիմ բարեկամի մը հետ խօսելու ատեն։ Թէեւ բեմին վրայ մեր խօսելակերպը չափազանց պաշտօնական պէտք չէ ըլլայ, բայց յարգալից պէտք է ըլլայ։
Սակայն կան ազդակներ, որոնք մէկու մը խօսելակերպը անտեղիօրէն անթեք կամ պաշտօնական կրնան դարձնել։ Ասոնցմէ մէկն է նախադասութեան կառոյցը։ Խնդիր կը ծագի երբ դասախօսը փորձէ արտայայտութիւնները կրկնել ճիշդ գրուածին պէս։ Գրութիւն մը սովորաբար տարբեր է խօսուած կերպէն։ Ճիշդ է որ դասախօսութեան մը համար պրպտումը սովորաբար հրատարակուած նիւթերէն կ’ընենք։ Հաւանաբար տպուած ուրուագիծ մը դասախօսութեան հիմը կը կազմէ։ Բայց եթէ ճիշդ տպուած կերպով գաղափարները արտայայտէք, կամ դասախօսութեան ընթացքին ուղղակի անկէ կարդաք, հաւանական չէ որ ձեր դասախօսութիւնը խօսակցական հնչէ։ Խօսակցական ոճ մը պահելու համար, գաղափարները ձեր անձնական բառերով արտայայտեցէք եւ նախադասութեան բարդ կառոյցէ խուսափեցէք։
Ուրիշ ազդակ մը՝ արագութեան աստիճանի այլազանութիւնն է։ Խօսակցութիւն մը որ անճկուն եւ պաշտօնական է, անոր բառերուն իրարու ետեւէ արտասանութիւնն ու հեռաւորութիւնը շատ նոյնանման կ’ըլլայ։ Բնական խօսակցութեան մէջ, արագութեան աստիճանը կը փոխուի եւ տարբեր երկարութեամբ յաճախակի դադարներ կը գործածուին։
Անշուշտ, երբ մեծ ամբոխի մը կը խօսիք, անոնց ուշադրութիւնը վառ պահելու համար խօսակցական ոճին պէտք է կցէք ձայնածաւալի բարձրացում, ուժգնութիւն եւ խանդավառութիւն։
Ծառայութեան յարմար խօսակցական ոճ մը գործածելու համար, ամէն օր լաւ խօսիլը սովորութիւն պէտք է դարձնէք։ Ասիկա չի նշանակեր թէ շատ ուսեալ պէտք է ըլլաք։ Բայց լաւ է խօսակցութեան լաւ սովորութիւններ զարգացնել, որպէսզի ուրիշները յարգանքով մտիկ ընեն ձեր ըսածը։ Ասիկա ի մտի ունենալով, նայեցէք թէ ձեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ հետեւեալ կէտերուն վրայ աշխատելու կարիքը ունի՛ք թէ ոչ։
Խուսափեցէք այն արտայայտութիւններէն որոնք ուղղակիօրէն քերականական կանոններու հակառակ են, կամ կրնան ձեզ դասել այնպիսի մարդոց հետ, որոնց ապրելակերպը աստուածային չափանիշներուն հակառակ է։ Կողոսացիս 3։8–ի խրատին անսալով, խուսափեցէք կոշտ կամ ռամիկ լեզու գործածելէ։ Բայց միւս կողմէ, սովորական խօսակցութիւնը առարկելի չէ։ Առօրեայ արտայայտութիւնները պաշտօնական չեն, բայց խօսակցական ընդունուած չափանիշներուն համաձայն են։
Խուսափեցէք նոյն արտայայտութիւնները կամ խօսքերը անդադար կրկնելէ, ձեր ունեցած տարբեր գաղափարները հաղորդելու համար։ Սորվեցէք գործածել բառեր, որոնք յստակօրէն կ’արտայայտեն ինչ որ կ’ուզէք ըսել։
Խուսափեցէք անտեղիօրէն ձեր ըսածը կրկնելէ. խօսելու սկսելէ առաջ, ձեր ըսելիքը ձեր մտքին մէջ յստակ թող ըլլայ։
Խուսափեցէք լաւ գաղափարները չափազանց շատ բառերու մէջ խեղդելէ։ Վարժութիւն դարձուցէք պարզ նախադասութեան մը մէջ յստակօրէն ըսել այն կէտը որ պէտք է յիշուի։
Այնպիսի կերպով մը խօսեցէք, որ ուրիշներուն հանդէպ յարգանք ցոյց կու տայ։