Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 29 էջ 181-էջ 185 պարբ. 3
  • Ձայնի Որակ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ձայնի Որակ
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բառերու Յստակ Արտասանութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • «Օտարներուն ձայն»էն զգուշացիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 29 էջ 181-էջ 185 պարբ. 3

Ուսումնասիրութիւն 29

Ձայնի Որակ

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ձեր ձայնը բարելաւեցէք, ո՛չ թէ ուրիշի մը ձայնը ընդօրինակելով, այլ՝ լաւ կերպով շունչ առնելով եւ պրկուած մկանները թուլցնելով։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Ձայնի լաւ որակ մը կ’օգնէ որ դիմացինները հանգստանան եւ հաճոյքով մտիկ ընեն ձեզի։ Ձայնի խեղճ որակ մը հաղորդակցութեան արգելք կը հանդիսանայ, եւ կրնայ խանգարել թէ՛ դասախօսը եւ թէ ունկնդիրները։

ՄԱՐԴԻԿ մեծապէս կ’ազդուին ո՛չ միայն ըսուած բանէն, հապա նաեւ՝ անոր ըսուած կերպէն։ Եթէ ձեզի հետ խօսող անհատը հաճելի, ջերմ, ընկերային եւ քաղցր ձայն մը ունենայ, ճիշդ չէ՞ որ աւելի հաճոյքով մտիկ կ’ընէք իրեն, քան երբ իր ձայնը պաղ կամ կոշտ ըլլայ։

Ցանկալի ձայնի որակ մը մշակելը միմիայն ձայնի մեքենաբանութեան հարց չէ։ Անհատին անձնաւորութիւնն ալ դեր ունի։ Մինչ անհատ մը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան գիտութեան ու կիրարկման մէջ կը յառաջդիմէ, իր խօսելակերպին մէջ փոփոխութիւնը զգալի կ’ըլլայ։ Իր ձայնին մէջ զգալի կ’ըլլան կարգ մը աստուածային յատկութիւններ, ինչպէս՝ սէր, ուրախութիւն եւ քաղցրութիւն։ (Գաղ. 5։22, 23) Երբ ուրիշներու հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն զգայ, իր ձայնը ցոյց կու տայ ասիկա։ Երբ անվերջ գանգատի հոգիին տեղը առնէ երախտագիտութիւնը, ասիկա զգալի կ’ըլլայ թէ՛ իր խօսքերուն եւ թէ իր ձայնի թոնին մէջ։ (Ողբք 3։39-42. Ա. Տիմ. 1։12. Յուդա 16) Նոյնիսկ երբ խօսուած լեզուն չէք հասկնար, ձեզի համար դժուար չ’ըլլար տարբերութիւնը զգալ սնապարծ, անհանդուրժող, քննադատական եւ կոշտ կերպով խօսողի մը, եւ հեզահամբոյր, համբերող, ազնիւ ու սիրալիր կերպով խօսողի մը միջեւ։

Կարգ մը պարագաներու, անփափաքելի ձայնի որակ մը կրնայ հիւանդութեան մը հետեւանքը ըլլալ, որ անհատին խռչափողին վնաս հասցուցած է, կամ՝ ժառանգուած ֆիզիքական թերութիւն մը ըլլալ։ Այսպիսի կացութիւններ կրնան ա՛յնքան լուրջ ըլլալ, որ իրերու այս դրութեան մէջ ամբողջովին չեն շտկուիր։ Սակայն, սովորաբար խօսելու գործարանները պատշաճ կերպով գործածել սորվիլը կրնայ բարելաւել կացութիւնը։

Նախ եւ առաջ, կարեւոր է նկատի ունենալ որ ձայնի յատկանիշները մէկ անհատէն միւսը կը տարբերին։ Ձեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ ուրիշի մը ձայնը ընդօրինակել։ Հապա՝ ձեր անձնական ձայնը ու անոր իւրայատուկ յատկութիւնները մշակեցէք։ Ի՞նչ բաներ կրնան օգնել ձեզի այս մարզին մէջ։ Երկու հիմնական բաներ կան։

Շիտակ Կերպով Շնչեցէք։ Ձեր ձայնի գործածութիւնը լաւագոյն արդիւնքը տալու համար, բաւականաչափ օդի եւ շիտակ կերպով շնչելու կարիք ունիք։ Առանց ասոնց, ձեր ձայնը կրնայ տկար հնչել ու ձեր խօսակցութիւնը՝ կցկտուր ըլլալ։

Թոքերուն ամենալայն մասը կուրծքին վերի կողմը չի գտնուիր. այս մասը աւելի լայն կը թուի ուսի ոսկորներուն պատճառաւ։ Հապա՝ թոքերուն ամենէն լայն մասը ստոծանիին ճիշդ վերը կը գտնուի։ Վարի կողոսկրերուն փակած ըլլալով, ստոծանին կրծքավանդակը կը բաժնէ որովայնի խոռոչէն։

Ներշնչելու ատեն եթէ միայն ձեր թոքերուն վերի մասը կը լեցնէք, շատ շուտով շնչասպառ պիտի ըլլաք։ Ձեր ձայնը իր զօրութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ շուտ պիտի յոգնիք։ Շիտակ կերպով շնչելու համար, պէտք է ուղիղ նստիք կամ կայնիք եւ ձեր ուսերը ետեւ նետէք։ Գիտակից ջանք թափեցէք որ ձեր կրծքավանդակին միայն վերի մասը չընդլայնի, երբ խօսելու համար կը ներշնչէք։ Նախ ձեր թոքերուն վարի մասը լեցուցէք։ Երբ այս մասը լեցուի, ձեր կրծքավանդակին վարի մասը երկու կողմերէն պիտի ընդլայնի։ Նոյն ատեն, ստոծանին դէպի վար պիտի շարժի, թեթեւօրէն անդին տանելով ստամոքսն ու աղիքները, այնպէս որ ձեր գօտիին կամ ձեր որովայնին վրայ եղող հագուստին ճնշումը կը զգաք։ Բայց թոքերը հոն վարը չեն գտնուիր. անոնք կրծքավանդակին մէջ են։ Փորձ ընելու համար, ձեր ձեռքերը դրէք ձեր կրծքավանդակին վարի մասին երկու կողմերը։ Հիմա խոր կերպով շնչեցէք։ Եթէ շիտակ կերպով շնչէք, ձեր փորը ներս պիտի չքաշէք ու ձեր ուսերը բարձրացնէք։ Ընդհակառակը, պիտի զգաք որ ձեր կողոսկրերը թեթեւ մը վեր կ’ելլեն եւ կ’ընդլայնին։

Անկէ ետք, արտաշնչելու վրայ աշխատեցէք։ Այս պաշարը մի՛ վատնէք, օդը արագօրէն պարպելով։ Աստիճանաբար դուրս հանեցէք զայն։ Մի՛ փորձէք զայն հակակշռի տակ առնել ձեր կոկորդը սեղմելով։ Այդ պարագային, շուտով ձեր ձայնը պրկուած կամ անբնականօրէն բարձր պիտի հնչէ։ Որովայնի մկաններուն եւ միջկողային մկաններուն պատճառած ճնշումը օդը դուրս կը հանէ, մինչ ստոծանին անոր որքան արագ դուրս ելլելուն վրայ ազդեցութիւն ունի։

Գծապատկերներ՝ էջ 183

Ճիշդ ինչպէս որ մրցավազքի մասնակցող մը կը մարզուի, նոյնպէս դասախօս մը կրնայ շիտակ շնչառութիւն զարգացնել՝ վարժութեամբ։ Ուղիղ կայնեցէք՝ ձեր ուսերը դէպի ետեւ՝ այնպէս շնչեցէք որ ձեր թոքերուն վարի մասը լեցուի, ապա աստիճանաբար բայց դանդաղօրէն եւ առանց կենալու արտաշնչեցէք, մէկ շունչով համրելով որքան որ կրնաք։ Ապա նոյն կերպով շնչելով, բարձրաձայն կարդալու վարժութիւն ըրէք։

Պրկուած Մկանները Թուլցուցէք։ Լաւ ձայնի որակ ունենալու համար անհրաժեշտ եղող ուրիշ բան մը՝ դուք ձեզ թուլցնելն է։ Իրապէս անհաւատալի է թէ որքա՜ն բարելաւում կ’արձանագրէք, խօսելու ատեն դուք ձեզ թուլցնել սորվելով։ Միտքը, ինչպէս նաեւ մարմինը պէտք է թուլցնէք, քանի որ մտային լարուածութիւնը՝ մկանային լարուածութիւն կը պատճառէ։

Մտային լարուածութիւնը նուազեցուցէք, ձեր ունկնդիրներուն հանդէպ շիտակ տեսակէտ ունենալով։ Եթէ ձեր ունկնդիրները դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր հանդիպած մարդիկն են, յիշեցէք որ նոյնիսկ եթէ միայն քանի մը ամիսէ կ’ուսումնասիրէք Աստուածաշունչը, Եհովայի նպատակին մասին արժէքաւոր բաներ գիտէք, զորս կրնաք բաժնել անոնց հետ։ Իսկ դուք անոնց կ’այցելէք, քանի որ անոնք օգնութեան կարիքը ունին, ասոր գիտակցին կամ՝ ոչ։ Իսկ եթէ կը խօսիք Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ձեր ունկնդիրներուն մեծամասնութիւնը Եհովայի ծառաներ են։ Անոնք ձեր բարեկամներն են եւ կ’ուզեն որ յաջողիք։ Աշխարհի մէջ չկայ ոեւէ դասախօս որ այսքան բարեկամական ու սիրալիր ունկնդիրներ դիմագրաւէ, ինչպէս՝ մենք։

Ձեր կոկորդի մկանները թուլցուցէք, ձեր միտքը սեւեռելով անոնց վրայ եւ գիտակցաբար նուազեցնելով անոնց պրկումը։ Յիշեցէք որ ձեր ձայնալարերը կը թրթռան, երբ օդը անոնց մէջէն կ’անցնի։ Ձայնի թոնը կը փոխուի երբ կոկորդի մկանները կը պրկուին կամ կը թուլնան, ճիշդ ինչպէս որ կիթառի մը կամ ջութակի մը լարը քաշելով կամ թուլցնելով անոր թոնը կը փոխուի։ Երբ ձայնալարերը թուլցնէք՝ թոնը կ’իջնէ։ Կոկորդի մկանները թուլցնելը նաեւ կ’օգնէ որ ռնգային անցքերը բաց մնան, եւ ասիկա ուղղակի պիտի ազդէ ձեր ձայնի որակին։

Ձեր ամբողջ մարմինը՝ ծունկերը, ձեռքերը, ուսերը եւ վիզը՝ թուլցուցէք։ Ասիկա պիտի նպաստէ հնչականութեան, ինչ որ անհրաժեշտ է ձեր ձայնի հասողութեան կարողութեան համար։ Հնչականութիւն կ’արտադրուի երբ ամբողջ մարմինը որպէս հնչական տախտակ կը գործէ, բայց լարուածութիւնը ասոր արգելք կը հանդիսանայ։ Ձայնի թոնը որ խռչափողին մէջ կը յառաջանայ, կ’արձագանգէ ոչ միայն ռնգային անցքերուն մէջ, այլ նաեւ՝ կրծքավանդակի ոսկրային կառոյցին, ակռաներուն, քիմքին եւ խոռոչներուն զարնուելով։ Այս բոլորը կը նպաստեն հնչականութեան որակին։ Եթէ կիթառի մը ձայնի տախտակին վրայ ծանրութիւն մը դնէք, ձայնը պիտի մարի. ձայնի տախտակը ազատ պէտք է ըլլայ թրթռալու՝ լաւ հնչելու համար։ Նոյնն է պարագան մեր մարմնի ոսկրային կառոյցին, որ մկաններով հաստատ կը պահուի։ Հնչականութեան շնորհիւ կրնաք ձեր ձայնը պէտք եղած կերպով եղանակաւորել եւ զգացումի երանգներ արտայայտել։ Պիտի կարենաք ունկնդիրներու մեծ խումբի մը հասնիլ առանց ձեր ձայնը պրկելու։

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ Կ’ԱՐՏԱԲԵՐՈՒԻ

Բոլոր ձայնային հնչիւններուն հիմը, ձեր թոքերէն վեր ղրկուած օդի քանակին արդիւնքն է։ Թոքերը որպէս փքոց կը ծառայեն, օդը հրելով շնչափողին մէջէն դէպի խռչափող, որ ձեր կոկորդին մէջտեղը կը գտնուի։ Ձեր խռչափողին մէջ, երկու կողմերը շատ փոքր մկանի խորշոմներ կան, որոնք կը կոչուին ձայնալարեր։ Ասոնք գլխաւոր ձայն արտադրողներն են։ Մկանի այս խորշոմները խռչափողին մէջի օդի անցքը կը բանան ու կը գոցեն, որպէսզի օդը մտնէ ու ելլէ, ինչպէս նաեւ անփափաքելի իրերը թոքերէն ներս չմտնեն։ Բնական շնչառութեան պարագային, ձայն չ’արտաբերուիր երբ օդը ձայնալարերէն կ’անցնի։ Բայց երբ անհատ մը ուզէ խօսիլ, մկանները կը պրկեն ձայնալարերը եւ անոնք կը թրթռան, մինչ թոքերէն եկած օդը կը ստիպուի անոնցմէ անցնիլ։ Այսպէս է որ ձայնը մէջտեղ կու գայ։

Ձայնալարերը որքան շատ քաշուած ըլլան, այնքան արագ կը թրթռան եւ ձայնի թոնը այդքան աւելի բարձր կ’ըլլայ։ Իսկ լարերը որքան թոյլ ըլլան, թոնը այդքան աւելի ցած կ’ըլլայ։ Խռչափողէն անցնելէ ետք, ձայնի ալիքը կոկորդին վերի մասը կը մտնէ, որ կը կոչուի ըմբան։ Ապա անիկա կը մտնէ բերանն ու ռնգային խինձը։ Հոն՝ հնչերանգներ կ’աւելնան անոր վրայ, հիմնական թոնը փոխելու, ընդլայնելու եւ ուժեղացնելու համար։ Քիմքը, ինչպէս նաեւ լեզուն, ակռաները, շրթները եւ կզակը կը միանան ձայնի թրթռացող ալիքները ենթաբաժանելու համար, որոնք դուրս կու գան որպէս հասկնալի խօսակցութիւն։

Մարդկային ձայնը սքանչելիք մըն է, որուն բազմակերպութիւնը կարելի չէ համեմատել մարդակերտ որեւէ գործիքի հետ։ Անիկա կարողութիւն ունի զգացումներ եւ յոյզեր արտայայտելու՝ քնքոյշ, հեզահամբոյր սէրէն մինչեւ բիրտ, վայրագ ատելութիւնը։ Երբ պէտք եղած կերպով մշակուի ու մարզուի, ձայնը կրնայ մինչեւ երեք ութեակ հասնիլ, եւ ոչ միայն գեղեցիկ երաժշտութիւն կրնայ արտաբերել, այլ նաեւ՝ սիրտ տոգորող խօսքեր։

ՄԱՍՆԱՅԱՏՈՒԿ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

Տկար ձայն։ Պայման չէ որ մեղմ ձայն մը տկար ձայն ըլլայ։ Եթէ անիկա հաճելի հնչերանգներով լեցուն է, ուրիշներ կրնան հաճոյքով մտիկ ընել զայն։ Բայց ազդու ըլլալու համար, ձայնը պէտք է բաւարար ծաւալ ունենայ։

Ձեր ձայնին հասողութիւնը բարելաւելու համար, պէտք է անոր հնչականութիւնը բարելաւէք։ Ասիկա կը պահանջէ ձեր ամբողջ մարմինը թուլցնել, ճիշդ ինչպէս բացատրուած է այս ուսումնասիրութեան մէջ։ Մտադրաբար ձեր մարմինը թուլցնելու կողքին, քթի տակէն երգելու փորձերն ալ կրնան օգնել։ Ձեր շրթները հազիւ իրարու պէտք է դպչին եւ ոչ թէ զօրաւոր կերպով իրարու վրայ սեղմուին։ Մինչ ձեր քթին տակէն կ’երգէք, ձեր գլխուն եւ կրծքավանդակին մէջ թրթռացումը զգացէք։

Երբեմն ձայն մը տկար կամ պրկուած կը հնչէ, քանի որ անհատը անհանգիստ է կամ բաւարար քնացած չէ։ Ակներեւաբար, եթէ այս կացութիւնը շտկուի, ձայնը կը բարելաւուի։

Ձայն մը՝ որուն աստիճանը շատ բարձր է։ Երբ ձայնալարերուն պրկումը աւելնայ, ձայնաստիճանը կը բարձրանայ։ Պրկուած ձայն մը պատճառ կ’ըլլայ որ զայն լսողներն ալ պրկուած ըլլան։ Ձայնալարերուն պրկումը նուազեցնելու համար կոկորդի մկանները թուլցնելով, կրնաք ձայնաստիճանը իջեցնել։ Ասիկա դիտումնաւոր կերպով ըրէք, ձեր առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին դուք ձեզ վարժեցնելով։ Խորունկ շնչառութիւնն ալ կ’օգնէ։

Ձայն մը որ ռնգային կը հնչէ։ Երբեմն ասիկա քիթը գոց ըլլալուն պատճառաւ կ’ըլլայ, բայց սովորաբար այս չէ պարագան։ Երբեմն անհատ մը իր կոկորդին ու բերնին մկանները պրկելով, իր ռնգային անցքերը կը գոցէ, այնպէս որ օդը ազատօրէն չի կրնար անցնիլ։ Ասիկա քթահնչիւն կը յառաջացնէ։ Ասկէ խուսափելու համար, պէտք է դուք ձեզ թուլցնէք։

Խռպոտ ձայն։ Այսպիսի ձայն մը բարեկամականօրէն գաղափարներ փոխանակելու հրաւէր չի տար։ Անիկա դիմացինները կրնայ վախցնել։

Կարգ մը պարագաներուն, պայման է որ անհատը իր անձնաւորութիւնը փոխելու համար յարատեւ ջանք թափէ։ (Կող. 3։8, 12) Ասիկա կատարուելէ ետք, ձայնի մեքենաբանութեան սկզբունքները կիրարկելը կրնայ օգնել։ Ձեր կոկորդը եւ ծնօտը թուլցուցէք։ Ասիկա ձայնը աւելի հաճելի պիտի դարձնէ եւ պիտի չձգէ որ անիկա աղաւաղուի ակռաներուն մէջէն դուրս գալով։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ

  • Քրիստոնէական անձնաւորութեան յատկութիւնները մշակեցէք։

  • Շիտակ կերպով շնչելու փորձ ըրէք, ձեր թոքերուն վարի մասը լեցնելով։

  • Խօսելու ընթացքին, ձեր մկանները՝ կոկորդը, վիզը, ուսերը եւ ամբողջ մարմինը՝ թուլցուցէք։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. (1) Մէկ շաբաթ՝ օրական քանի մը վայրկեան փորձ ըրէք այնպիսի կերպով շնչելու, որ ձեր թոքերուն վարի մասը լեցուի։ (2) Մէկ շաբաթ, առնուազն օրական մէկ անգամ մտադրաբար ձեր կոկորդի մկանները թուլցուցէք խօսելու ատեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել