Ուսումնասիրութիւն 33
Փափկանկատ՝ Բայց Հաստատ
ՓԱՓԿԱՆԿԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ դիմացինը առանց անհարկիօրէն վիրաւորելու, անոր հետ վարուիլ գիտնալն է։ Անիկա կը պարփակէ գիտնալ ի՛նչպէս եւ ե՛րբ ըսել կարգ մը բաներ։ Ասիկա չի նշանակեր շիտակ բանին մէջ զիջումներ ընել, կամ իրողութիւնները խեղաթիւրել։ Փափկանկատութիւնը պէտք չէ շփոթել մարդու վախի հետ։—Առ. 29։25
Հոգիին պտուղները փափկանկատ ըլլալու լաւագոյն հիմն են։ Ուստի, սիրով մղուած անհատ մը չ’ուզեր ուրիշները բարկացնել, այլ կ’ուզէ անոնց օգնել։ Ազնիւ ու քաղցրաբարոյ անհատ մը քնքշութեամբ կը վարուի։ Խաղաղ անհատ մը, ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալու կերպեր կը փնտռէ։ Նոյնիսկ երբ մարդիկ կոպիտ ըլլան, երկայնամիտ անհատ մը հանդարտ կը մնայ։—Գաղ. 5։22, 23
Բայց Աստուածաշունչի պատգամը ի՛նչ կերպով ալ ներկայացուի, ոմանք անկէ պիտի չախորժին։ Առաջին դարու Հրեաներուն մեծամասնութեան չար սրտին պատճառաւ, Յիսուս Քրիստոս անոնց համար «գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար» եղաւ։ (Ա. Պետ. 2։7, 8) Թագաւորութիւնը ծանուցանելու իր գործին կապակցաբար, Յիսուս ըսաւ. «Կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ»։ (Ղուկ. 12։49) Իսկ Եհովայի Թագաւորութեան պատգամը՝ որ կը պարփակէ իրենց Ստեղծիչին գերիշխանութեան ճանաչումը մարդոց կողմէ՝ տակաւին մարդկութիւնը դիմագրաւող հրատապ հարց մըն է։ Շատեր կը նեղանան այն պատգամէն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով մէջտեղէն պիտի վերցնէ իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ հնազանդելով կը շարունակենք քարոզել։ Բայց մինչ ասիկա կ’ընենք, ի մտի ունինք Աստուածաշունչի խրատը՝ «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։—Հռովմ. 12։18
Փափկանկատ՝ Երբ կը Վկայենք։ Շատ առիթներով ուրիշներու կը խօսինք մեր հաւատքին մասին։ Անշուշտ ասիկա կ’ընենք դաշտի ծառայութեան մէջ, բայց նաեւ ասիկա ընելու յարմար առիթներ կը փնտռենք, երբ մեր ազգականներուն, գործընկերներուն եւ դասընկերներուն հետ ըլլանք։ Այս բոլոր պարագաներուն, փափկանկատութեան կարիքը կայ։
Եթէ Թագաւորութեան պատգամը տանք այնպիսի կերպով մը որ ուրիշներ զգան որ իրենց քարոզ կը կարդանք՝ պիտի ընդվզին։ Եթէ օգնութիւն խնդրած չեն եւ թերեւս անոր կարիքը չեն զգար, անոնք կրնան վիրաւորուիլ որեւէ ակնարկութենէ թէ շտկուելու կարիքը ունին։ Ի՞նչպէս կրնանք սխալ տպաւորութիւն ձգելէ խուսափիլ։ Ընկերային խօսակցութեան արուեստը սորվիլը կրնայ օգնել։
Ջանացէք խօսակցութիւնը սկսիլ նիւթով մը, որ կը հետաքրքրէ դիմացինը։ Եթէ այդ անհատը ազգական մը, աշխատակից մը կամ դասընկեր մըն է, արդէն գիտէք թէ ի՛նչ բան զինք կը հետաքրքրէ։ Նոյնիսկ երբ նախապէս բնաւ հանդիպած չէք անհատին, կրնաք լուրերուն մէջ ձեր լսած կամ լրագրին մէջ ձեր կարդացած բանի մը մասին խօսք բանալ։ Այսպիսի նիւթեր սովորաբար կ’արտաբերեն ինչ որ շատերուն մտքին մէջ կայ։ Երբ տունէ տուն կ’աշխատիք, նկատող եղէք։ Տան զարդարանքը, բակին մէջի խաղալիքները, կրօնական իրերը, եւ տան առջեւ շարուած ինքնաշարժին վրայ փակցուած պիտակներու լոզունգները կրնան նշել թէ տանտէրը ինչով հետաքրքրուած է։ Երբ տանտէրը դուռը բանայ, մտի՛կ ըրէք՝ մինչ կը խօսի։ Անոր խօսքերը իր հետաքրքրութիւններուն ու տեսակէտին մասին ձեր եզրակացութիւնները պիտի հաստատեն կամ հերքեն, եւ յաւելեալ թելադրանքներ պիտի տան թէ ի՛նչ բաներ նկատի առնէք՝ վկայութիւն տալու համար։
Մինչ խօսակցութիւնը կ’ընթանայ, Աստուածաշունչէն ու սուրբ գրային գրականութիւններէն կէտեր յիշեցէք այդ նիւթին շուրջ։ Բայց խօսակցութեան ղեկը մի՛ ստանձնէք։ (Ժող. 3։7) Տանտէրը խօսակցութեան մէջ մտցուցէք, եթէ կը փափաքի մասնակցիլ։ Իր տեսակէտներուն ու կարծիքներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուէք։ Ասոնք ձեզի որպէս ցուցմունք կրնան ծառայել, որոնց պէտք ունիք փափկանկատ ըլլալու համար։
Որեւէ բան ըսելէ առաջ, նկատի ունեցէք թէ դիմացի անհատը զայն ի՛նչպէս պիտի ընդունի։ Առակաց 12։8–ն (ՆԱ) կը գովէ ‘խոհեմ բերանը’։ Հոս գործածուած Եբրայերէն արտայայտութիւնը կը բովանդակէ խորատեսութիւն եւ շրջահայեցութիւն։ Ուստի, խոհեմութիւնը կը պարփակէ խօսակցութեան մէջ վերապահութիւն, որ իմաստուն կերպով վարուելու համար, հարց մը ամէն կողմէ նկատի առնելուն արդիւնքն է։ Առակացի այդ նոյն գլուխին 18–րդ համարը կը զգուշացնէ ‘անմիտ խօսքերով սուրի պէս խոցոտելու’ դէմ։ Կարելի է Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը պաշտպանել՝ առանց վիրաւորական ըլլալու։
Ձեր գործածելիք բառերը խոհեմաբար ընտրելով կրնաք անհարկիօրէն պատնէշ մը կանգնելուն առաջքը առնել։ Եթէ «Աստուածաշունչ» բառին գործածութիւնը դիմացինին մտքին մէջ պատնէշ մը կը կանգնէ, կրնաք գործածել «սուրբ գրութիւններ» կամ՝ «գիրք մը որ հիմա աւելի քան 2,000 լեզուներով հրատարակուած է» արտայայտութիւնը։ Եթէ ակնարկութիւն ընէք Աստուածաշունչին, անոր մասին կրնաք դիմացինին կարծիքը հարցնել, ապա իր ըսածը հաշուի առէք մնացեալ խօսակցութեան ընթացքին։
Փափկանկատ ըլլալը յաճախ կը պարփակէ բան մը ըսելու համար շիտակ ժամանակը գիտնալ։ (Առ. 25։11) Կրնայ ըլլալ որ դիմացինին ամէն ըսածին հետ համամիտ չըլլաք, բայց հարկ չկայ իր արտայայտած իւրաքանչիւր հակա–սուրբ գրային կէտին համար հակաճառելու։ Մի՛ փորձէք ամէն բան մէկ անգամէն տանտիրոջ ըսել։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ»։—Յովհ. 16։12
Երբ կարելի ըլլայ, անկեղծօրէն գովեցէք այն անհատները որոնց հետ կը խօսիք։ Նոյնիսկ երբ տանտէրը առարկող ըլլայ, տակաւին կրնաք զինք գովել իր ունեցած մէկ տեսակէտին համար։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ըրաւ, երբ Աթէնքի Արիսպագոսին մէջ իմաստասէրներուն հետ կը խօսէր։ Իմաստասէրները «իրեն հետ հակաճառութիւն կ’ընէին»։ Ան ի՞նչպէս կրցաւ իր ըսելիքը ըսել առանց վիրաւորական ըլլալու։ Ան նախապէս զննած էր իրենց չաստուածներուն համար անոնց շինած բազմաթիւ զոհասեղանները։ Փոխանակ Աթենացիները դատապարտելու իրենց կռապաշտութեան համար, ան փափկանկատօրէն զիրենք գովեց իրենց ունեցած կրօնական զօրաւոր զգացումներուն համար։ Ան ըսաւ. «Ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ»։ Այս մօտեցումը ճամբան հարթեց ճշմարիտ Աստուծոյ մասին իր պատգամը ներկայացնելու։ Ասոր որպէս հետեւանք, ոմանք հաւատացեալ եղան։—Գործք 17։18, 22, 34
Երբ առարկութիւններ ըլլան, շուտով մի՛ բորբոքիք։ Հանդարտ մնացէք։ Ասոնք անհատին խորհուրդներուն թափանցելու առիթ նկատեցէք։ Կրնաք շնորհակալութիւն յայտնել իրեն իր տեսակէտները արտայայտելուն համար։ Ի՞նչ կրնաք ընել երբ յանկարծ ըսէ՝ «Ես իմ կրօնքս ունիմ»։ Կրնաք փափկանկատօրէն հարցնել. «Մի՞շտ հաւատացեալ եղած էք»։ Ապա, իր պատասխանէն ետք, աւելցուցէք. «Կը խորհի՞ք որ օր մը մարդիկ մէկ կրօնքի մէջ միացած պիտի ըլլան»։ Ասիկա խօսակցութիւնը շարունակելու կրնայ նպաստել։
Մեր անձին մասին պատշաճ տեսակէտ ունենալը կրնայ օգնել որ փափկանկատ ըլլանք։ Մենք իրապէս համոզուած ենք որ Եհովայի ճամբաները շիտակ են ու իր Խօսքը ճշգրիտ է։ Այս բաներուն մասին համոզումով կը խօսինք։ Բայց ինքնարդար ըլլալու պատճառ չունինք։ (Ժող. 7։15, 16) Մենք երախտապարտ ենք որ ճշմարտութիւնը գիտենք եւ Եհովայի օրհնութիւնը կը վայելենք, բայց քաջ գիտենք որ իր հաճութիւնը ունենալը իր անարժան ողորմութեան եւ Քրիստոսի վրայ մեր հաւատքին արդիւնքն է, եւ ո՛չ թէ՝ մեր արդարութեան։ (Եփ. 2։8, 9) Կարիքը կը զգանք յարատեւաբար ‘մենք մեզ փորձելու թէ հաւատքին մէ՞ջն ենք, ու մեր անձերը քննելու’։ (Բ. Կորն. 13։5) Ուստի, երբ մարդոց կը խօսինք որ պէտք է Աստուծոյ պահանջներուն համակերպին, Աստուածաշունչի խրատները խոնարհաբար մեր վրայ ալ կը կիրարկենք։ Մենք ուրիշները դատելու իրաւասութիւն չունինք։ Եհովա «ամէն դատաստան Որդիին տուաւ», եւ իր ատեանին առջեւ է որ մեր ըրածներուն համար հաշիւ պիտի տանք։—Յովհ. 5։22. Բ. Կորն. 5։10
Ընտանիքին եւ Հաւատակիցներու Հետ։ Միայն դաշտի ծառայութեան մէջ չէ որ փափկանկատ պէտք է ըլլանք։ Քանի որ փափկանկատութիւնը Աստուծոյ հոգիին պտուղներուն յայտնաբերումներէն մէկն է, տան մէջ մեր ընտանիքի անդամներուն հետ ալ փափկանկատութեամբ պէտք է վարուինք։ Սէրը պիտի մղէ որ ուրիշներուն զգացումները նկատի ունենանք։ Եսթեր Թագուհիին ամուսինը Եհովան պաշտող մը չէր, բայց Եսթեր յարգանք եւ մեծ խորատեսութիւն ցոյց տուաւ, երբ անոր ներկայացուց Եհովայի ծառաներուն վերաբերող հարցեր։ (Եսթերայ, գլ. 3-8) Կարգ մը պարագաներու, Վկայ չեղող ընտանիքի անդամներու հետ փափկանկատ ըլլալը կրնայ պահանջել որ ճշմարտութիւնը անոնց յանձնարարենք ո՛չ թէ մեր հաւատալիքներուն մասին բացատրութիւն տալով, այլ՝ մեր վարմունքով։—Ա. Պետ. 3։1, 2
Նմանապէս, քանի որ ժողովքի անդամները լաւ կը ճանչնանք, անիկա չի նշանակեր որ անոնց հետ կրնանք կոպտօրէն կամ անազնուօրէն վարուիլ։ Պէտք չէ խորհինք որ անոնք հասուն են եւ պէտք է ամէն բանի հանդուրժեն։ Ո՛չ ալ մենք մեզ պէտք է արդարացնենք՝ ըսելով. «Ե՛ս՝ այսպէս եմ»։ Եթէ տեսնենք որ մեր արտայայտութեան կերպը կը վիրաւորէ դիմացինները, պէտք է որոշենք փոխուիլ։ «Իրարու հանդէպ սրտանց սէր»ը պէտք է մղէ մեզ որ «բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։—Ա. Պետ. 4։8, 15. Գաղ. 6։10
Երբ Հանդիսականներու կը Խօսինք։ Բեմէն խօսողներն ալ փափկանկատ պէտք է ըլլան։ Հանդիսականները կրնան տարբեր ենթահողէ եւ տարբեր միջավայրէ եկած ըլլալ։ Անոնք հոգեւոր աճման տարբեր աստիճաններու մէջ կը գտնուին։ Ոմանք թերեւս առաջին անգամն է որ Թագաւորութեան Սրահ եկած են։ Ուրիշներ թերեւս որոշ ճնշումի մը ներքեւ կը գտնուին, որմէ տեղեակ չէ դասախօսը։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել դասախօսին որ իր հանդիսականները որեւէ կերպով վիրաւորելէ զգուշանայ։
Տիտոսի տուած Պօղոս առաքեալի խրատին հետ ներդաշնակ ըլլալով, մտադրեցէք ‘ոեւէ մէկուն մասին չարախօսութիւն չընել, հեզահամբոյր ըլլալ, բոլոր մարդոց հանդէպ վերաբերիլ քաղցրութեամբ’։ (Տիտ. 3։2, Երուսաղէմ) Խուսափեցէք աշխարհին նմանելէ, գործածելով արտայայտութիւններ որոնք ուրիշ ցեղի, լեզուի կամ ազգութեան պատկանողները կը նսեմացնեն։ (Յայտ. 7։9, 10) Անկեղծօրէն խօսեցէք Եհովայի պահանջներուն մասին եւ զանոնք կիրարկելուն բանաւոր ըլլալը ցոյց տուէք. բայց զգուշացէք նուաստացուցիչ ակնարկութիւններ ընելէ անոնց մասին, որոնք տակաւին լիովին չեն քալեր Եհովայի ճամբաներուն մէջ։ Ընդհակառակը, քաջալերեցէք բոլորը որ ըմբռնեն Աստուծոյ կամքը եւ իրեն հաճելի եղածը ընեն։ Ձեր խրատի խօսքերը մեղմացուցէք ջերմ եւ անկեղծ գովասանքով։ Ձեր խօսելակերպով եւ ձայնի թոնով, եղբայրական սէր հաղորդեցէք, զոր բոլորս ալ պէտք է ունենանք իրարու հանդէպ։—Ա. Թես. 4։1-11. Ա. Պետ. 3։8