Ուսումնասիրութիւն 37
Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու
Ի՞ՆՉ են դասախօսութեան մը գլխաւոր կէտերը։ Անոնք պարզապէս հարեւանցիօրէն նշուած հետաքրքրական մասեր չեն։ Այլ՝ կարեւոր գաղափարներ են, որոնք լայնօրէն կը մշակուին։ Անոնք այն գաղափարներն են, որոնք հիմնական են ձեր նպատակին հասնելու համար։
Ձեր դասախօսութեան գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնելու կարեւոր բանալիներէն մէկն է՝ իմաստութեամբ ձեր նիւթը ընտրել ու դասաւորել։ Երբ դասախօսութեան մը համար պրպտում ընէք, յաճախ պէտք եղածէն աւելի տեղեկութիւն կը հաւաքէք։ Ի՞նչպէս կրնաք որոշել ի՛նչ տեղեկութիւն գործածել։
Նախ՝ ձեր ունկնդիրները նկատի ունեցէք։ Անոնք ընդհանրապէս ծանօթ չե՞ն ձեր նիւթին, թէ ոչ՝ բաւական ծանօթ են։ Անոնց մեծամասնութիւնը համաձա՞յն է Աստուածաշունչի ըսածներուն, թէ ոչ ոմանք թերահաւատ են։ Առօրեայ կեանքին մէջ ի՞նչպիսի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, երբ կը ջանան այս նիւթին մասին Աստուածաշունչին ըսածը կիրարկել։ Երկրորդ՝ վստահ եղէք որ ձեր մտքին մէջ յստակ է թէ ի՛նչ կ’ուզէք իրագործել, երբ կը խօսիք ներկաներուն այն նիւթին մասին որ կը ծրագրէք գործածել։ Այս երկու ուղեգծերը գործածելով, նիւթը արժեւորեցէք եւ պահեցէք միայն յարմար տեղեկութիւնները։
Եթէ ձեզի բնաբանով մը եւ գլխաւոր կէտերով ուրուագիծ մը տրուած է, պէտք է անոր կառչած մնաք։ Սակայն, իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ զարգացնելու ատեն, եթէ վերոյիշեալ ազդակները ի մտի ունենաք, ձեր ներկայացումը շատ աւելի արժէք պիտի ունենայ։ Երբ ձեզի ուրուագիծ մը տրուած չէ, ձեզի կ’իյնայ գլխաւոր կէտերը ընտրել։
Անգամ մը որ ձեր գլխաւոր կէտերը ձեր մտքին մէջ յստակ են եւ մանրամասնութիւնները ասոնց ներքեւ դասաւորած էք, ձեզի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դասախօսութիւնը տալ։ Ձեր ունկնդիրներն ալ հաւանաբար անկէ աւելի պիտի օգտուին։
Ձեր Նիւթը Դասաւորելու Տարբեր Կերպեր։ Ձեր դասախօսութեան մարմինը դասաւորելու համար այլազան կերպերու կարելի է հետեւիլ։ Երբ անոնց ծանօթ ըլլաք, պիտի տեսնէք որ անոնցմէ շատերը ազդու են, կախեալ ըլլալով թէ ի՛նչ է ձեր նպատակը։
Ճկուն կերպ մըն է՝ թեմատիկ ենթաբաժանում գործածել։ (Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ անհրաժեշտ է, քանի որ անիկա ձեր ունկնդիրներուն կ’օգնէ ձեր նիւթը հասկնալու, կամ կ’օգնէ ձեր դասախօսութեան նպատակը իրագործելու։) Ուրիշ կերպ մըն է՝ ժամանակագրական կարգով դասաւորում։ (Նախաջրհեղեղեան դէպքերէն ետք, զոր օրինակ, կարելի է յիշել Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի կործանումէն առաջ տեղի ունեցած դէպքերը, ապա նշել ներկայ դէպքերը։) Երրորդ կերպ մըն է՝ պատճառ եւ արդիւնք։ (Ասիկա կրնայ երկու ուղղութեամբ ալ զարգացուիլ։ Օրինակ, կրնաք ընթացիկ կացութեամբ մը սկսիլ՝ արդիւնքը՝ ու ետքը պատճառը ցոյց տալ։) Չորրորդ կերպ մըն է՝ հակադրում։ (Կրնաք լաւը հակադրել վատին հետ, կամ դրականը՝ ժխտականին հետ։) Երբեմն դասախօսութեան մը մէջ մէկէ աւելի կերպեր կրնան ըլլալ։
Երբ Ստեփանոս հրէական Սենետրիոնին դիմաց սխալ կերպով կ’ամբաստանուէր, ան զօրաւոր ատենաբանութիւն մը ըրաւ, ժամանակագրական կերպի մը հետեւելով։ Մինչ կը կարդաք Գործք Առաքելոց 7։2-53–ը, նկատի առէք որ կէտերուն ընտրութիւնը՝ դիտաւորեալ էր։ Ստեփանոս նախ յստակացուց թէ կը պատմէր պատմական իրողութիւններ, զորս իր ունկնդիրները չէին կրնար ուրանալ։ Ապա նշեց որ թէեւ Յովսէփի եղբայրները զինք մերժեցին, Աստուած զինք գործածեց ազատագրութիւն հայթայթելու համար։ Ետքը, ան ցոյց տուաւ թէ Հրեաները չհնազանդեցան Մովսէսի, որու Աստուած կը գործածէր։ Ան եզրափակեց շեշտելով թէ Յիսուս Քրիստոսի մահուան պատճառ եղողները, Հրեայ նախկին սերունդներուն ցուցաբերած նոյն հոգին ցոյց տուած էին։
Գլխաւոր Կէտերը Շատ Պէտք Չէ Ըլլան։ Որեւէ բնաբան զարգացնելու համար միայն քանի մը հիմնական կէտեր կ’ըլլան։ Ընդհանրապէս ասոնք մէկ ձեռքի վրայ կը համրուին։ Նոյնն է պարագան երբ 5 վայրկեան, 10 վայրկեան, 30 վայրկեան թէ աւելի երկար կը խօսիք։ Մի՛ փորձէք չափազանց շատ կէտեր աչքառու դարձնել։ Ձեր ունկնդիրները տրամաբանօրէն միայն քանի մը տարբեր գաղափարներ կրնան ըմբռնել դասախօսութենէ մը։ Իսկ դասախօսութիւնը ո՛րքան երկար ըլլայ, գլխաւոր կէտերը ա՛յնքան աւելի իմաստալից ու շեշտուած պէտք է ըլլան։
Ձեր գլխաւոր կէտերը քանի հատ ալ ըլլան, հոգ տարէք որ իւրաքանչիւրը բաւարար կերպով մշակուի։ Թոյլ տուէք որ ունկնդիրները իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ քննելու ժամանակ ունենան, որպէսզի անիկա լաւ կերպով դրոշմուի իրենց մտքին մէջ։
Ձեր դասախօսութիւնը պարզ ըլլալու տպաւորութիւնը պէտք է տայ։ Ասիկա միշտ ձեր ներկայացուցած նիւթին քանակէն կախեալ չէ։ Եթէ ձեր մտքերը միայն քանի մը գլխաւոր ենթագլուխներու ներքեւ յստակօրէն համախմբուած ըլլան, եւ զանոնք մէկ–մէկ մշակէք, դասախօսութիւնը դիւրըմբռնելի պիտի ըլլայ եւ դիւրաւ պիտի չմոռցուի։
Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու Դարձուցէք։ Եթէ ձեր նիւթը պատշաճօրէն դասաւորուած ըլլայ, դժուար պիտի չըլլայ գլխաւոր կէտերուն կարեւորութիւնը շեշտել դասախօսութեան ընթացքին։
Գլխաւոր կէտ մը աչքառու դարձնելու լաւագոյն կերպն է՝ ապացոյցներ, համարներ եւ այլ նիւթեր ներկայացնել այնպիսի կերպով մը, որ անոնք գլխաւոր գաղափարին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեն եւ զայն ընդլայնեն։ Երկրորդական բոլոր կէտերը պէտք է գլխաւոր կէտը յստակացնեն, փաստեն կամ ընդլայնեն։ Անտեղի գաղափարներ մի՛ աւելցնէք, պարզ անոր համար որ հետաքրքրական են։ Մինչ երկրորդական կէտերը կը զարգացնէք, յստակօրէն ցոյց տուէք իրենց նեցուկ կանգնող գլխաւոր կէտին հետ իրենց ունեցած կապակցութիւնը։ Մի՛ ձգէք որ ունկնդիրները իրենք այդ կապը տեսնեն։ Կապակցութիւնը կրնայ ցոյց տրուիլ գլխաւոր միտքը արտայայտող բանալի բառերը կրկնելով, կամ պարբերաբար կրկնելով գլխաւոր կէտին միտք բանին։
Կարգ մը դասախօսներ գլխաւոր կէտերը կը շեշտեն՝ զանոնք թուելով։ Թէեւ ասիկա գլխաւոր կէտերը ցցուն ընելու կերպ մըն է, բայց նիւթը ուշադիր կերպով ընտրելու եւ տրամաբանական կերպով զարգացնելուն տեղը պէտք չէ առնէ։
Եթէ կ’ուզէք, կրնաք սկիզբէն ձեր գլխաւոր կէտը ըսել, անոր թիկունք կանգնող պատճառաբանութիւնը ներկայացնելէ առաջ։ Ասիկա պիտի օգնէ ունկնդիրներուն որ անկէ ետք ըսուածին արժէքը գնահատեն, եւ անիկա պիտի շեշտէ նաեւ այդ գլխաւոր կէտը։ Կրնաք կէտը աւելի շեշտել, լիովին զարգացնելէ ետք զայն ամփոփելով։
Դաշտի Ծառայութեան Մէջ։ Վերը նկատի առնուած սկզբունքները ո՛չ միայն պաշտօնական դասախօսութիւններուն կը կիրարկուին, այլ նաեւ՝ դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր ունեցած խօսակցութիւններուն։ Երբ ասոր համար կը պատրաստուիք, նկատի ունեցէք շրջանին մէջ մարդոց մտքին մէջ եղած որեւէ լուրջ կացութիւն։ Բնաբան մը ընտրեցէք որ պատեհութիւն կու տայ ցուցնելու թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչին մատուցած յոյսը այդ կացութեան լուծում մը պիտի բերէ։ Այդ բնաբանը զարգացնելու համար ընտրեցէք թերեւս երկու գլխաւոր կէտեր։ Որոշեցէք թէ ո՛ր համարները պիտի գործածէք այդ կէտերուն թիկունք կանգնելու համար։ Ապա ծրագրեցէք թէ ի՛նչպէս պիտի սկսիք ձեր քննարկութիւնը։ Այսպիսի պատրաստութիւն մը խօսակցութեան կու տայ պէտք եղած ճկունութիւնը։ Անիկա նաեւ ձեզի կ’օգնէ նշելու բան մը, որ տանտէրները պիտի յիշեն։