Ուսումնասիրութիւն 40
Խօսքի Ճշգրտութիւն
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ մը թերեւս ինչո՞ւ բան մը ըսէ որ ճիշդ չէ։ Կրնայ ըլլալ որ պարզապէս կը կրկնէ ինչ որ լսած է, առանց իրողութիւնները քննելու համար ժամանակ տրամադրելու։ Կամ կրնայ շատ մեծ կարեւորութիւն տալ նիւթի մը, քանի որ առանց անդրադառնալու, իր քաղած տեղեկութիւնը սխալ հասկցած է։ Երբ նոյնիսկ աննշան բաներու մէջ ճշգրտութեան շատ ուշադիր ըլլանք, մեր ունկնդիրները պիտի տեսնեն թէ կրնան վստահիլ մեր պատգամին շատ աւելի կարեւոր երեսակներուն։
Դաշտի Ծառայութեան Մէջ։ Անդրադառնալով որ տակաւին շատ բան ունին սորվելիք, շատեր կը վարանին դաշտի ծառայութեան ձեռնարկելու։ Սակայն, այսպիսիներ շուտով կը տեսնեն որ ազդու վկայութիւն կրնան տալ, ճշմարտութեան մասին իրենց ունեցած միայն տարրական գիտութեամբ։ Ի՞նչպէս։ Գաղտնիքը՝ պատրաստութեան մէջ կը կայանայ։
Դաշտի ծառայութեան երթալէ առաջ, լաւ գիտցէք թէ ի՛նչ նիւթի մասին պիտի խօսիք։ Փորձեցէք նախատեսել այն հարցումները, զորս ձեր ունկնդիրները կրնան հարցնել։ Անոնց գոհացուցիչ ու սուրբ գրային պատասխաններ գտէք։ Ասիկա ձեզ պիտի պատրաստէ որ ճշգրիտ պատասխաններ տաք՝ հանդարտ մտքով։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութի՞ւն մը պիտի վարէք։ Ուսումնասիրելիք նիւթը ուշադիր կերպով վերաքաղ ըրէք։ Վստահ եղէք որ տպագրուած հարցումներուն պատասխաններուն սուրբ գրային պատճառաբանութիւնը հասկցած էք։
Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ տանտէր մը կամ գործընկեր մը հարցում մը հարցնէ, որուն պատասխանը չէք գիտեր։ Եթէ իրողութիւններէն վստահ չէք, մի՛ փորձէք ենթադրել։ «Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ»։ (Առ. 15։28) Եթէ ձեր լեզուով մատչելի են, կրնաք օգնութիւն ստանալ՝ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքէն, կամ՝ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկէն։ Եթէ ասոնցմէ որեւէ մէկը չունիք ձեր հետ, առաջարկեցէք այդ մասին պրպտում ընել ու վերադառնալ։ Եթէ հարցնողը անկեղծ է, ան պիտի յօժարի սպասել, որպէսզի շիտակ պատասխանը ստանայ։ Իրականութեան մէջ, ան կրնայ լաւ տպաւորուիլ ձեր հեզութենէն։
Փորձառու հրատարակիչներու հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը կրնայ օգնել որ Աստուծոյ Խօսքը շիտակ գործածելու մէջ վարժ ըլլաք։ Ուշադրութեամբ հետեւեցէք թէ ի՛նչ համար կը գործածեն եւ ի՛նչպէս կը պատճառաբանեն։ Խոնարհաբար ընդունեցէք անոնց մատուցած որեւէ թելադրութիւն կամ սրբագրում։ Եռանդուն Ապօղոս աշակերտը ուրիշներէն ստացած օգնութենէն օգտուեցաւ։ Ղուկաս Ապօղոսը նկարագրեց որպէս «ճարտարախօս», «քաջածանօթ», եւ ‘հոգիով եռացող’, մարդ մը որ «կը քարոզէր եւ ճշգրտութեամբ կ’ուսուցանէր Յիսուսի մասին»։ Այսուհանդերձ, իր հասկացողութիւնը թերի էր։ Երբ Պրիսկիղա եւ Ակիւղաս նկատեցին ասիկա, անոնք «զայն իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ ձեւով իրեն պարզեցին Աստուծոյ ճամբան»։—Գործք 18։24-28, Անթիլիաս
‘Հաստատ Բռնել Հաւատարիմ Խօսքը’։ Ժողովներուն մեր ներկայացումները պէտք է բարձր նկատողութիւն արտացոլացնեն որպէս «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը» ժողովքին ունեցած դերին հանդէպ։ (Ա. Տիմ. 3։15) Ճշմարտութեան թիկունք կանգնելու համար, կարեւոր է դասախօսութիւններու մէջ մեր գործածելիք համարներուն իմաստը լաւ գիտնալ։ Հաշուի առէք անոնց բովանդակութիւնը եւ միտքը։
Ժողովքային հանդիպումի մը մէջ ի՛նչ որ կ’ըսէք, կրնայ ուրիշներու կողմէ կրկնուիլ։ Անշուշտ, «բոլորս ալ կը թերանանք շատ բաներու մէջ»։ (Յակ. 3։2, Վերանայուած) Բայց ճշգրիտ խօսակցութեան նպաստող սովորութիւններ մշակելէն օգուտ պիտի քաղէք։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մասնակցող եղբայրներէն շատեր, ժամանակի ընթացքին երէցներ պիտի ըլլան։ Այսպիսի պատասխանատուութիւն յանձնուած անհատներէն «ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի»։ (Ղուկ. 12։48) Եթէ երէց մը անփութօրէն սխալ խրատ մը տայ, որուն հետեւանքով լուրջ խնդիրներ ծագին ժողովքին մէջ, ան Աստուծոյ տհաճութեան կրնայ արժանանալ։ (Մատթ. 12։36, 37) Ուստի, երէցի որակում ունեցող եղբայր մը, պէտք է ճանչցուի որպէս ‘վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը հաստատ բռնող’ մը։—Տիտ. 1։9
Հոգ տարէք որ ձեր եզրակացութիւնները համաձայն ըլլան «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»ին հետ, որ բացայայտ է սուրբ գրային ամբողջ ճշմարտութեան մէջ։ (Բ. Տիմ. 1։13) Ասիկա պէտք չէ վհատցնէ ձեզ։ Թերեւս տակաւին պէտք է լրացնէք ամբողջ Աստուածաշունչին ընթերցանութիւնը։ Շարունակեցէք անոր վրայ աշխատիլ։ Բայց մինչ այդ, նկատի առէք թէ հետեւեալ թելադրութիւնները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի վերլուծելու այն նիւթը, որ կը ծրագրէք ձեր ուսուցումին մէջ գործածել։
Նախ դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Այս նիւթը մինչեւ հիմա Աստուածաշունչէն իմ սորվածիս համաձա՞յն է։ Անիկա իմ ունկնդիրներս Եհովայի՞ պիտի մօտեցնէ, թէ աշխարհի իմաստութիւնը պիտի բարձրացնէ, մարդիկը քաջալերելով որ անով առաջնորդուին’։ Յիսուս ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհ. 17։17. Բ. Օր. 13։1-5. Ա. Կորն. 1։19-21) Երկրորդ՝ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հայթայթած սերտողութեան գործիքները օգտագործեցէք։ Անոնք ձեզի ո՛չ միայն պիտի օգնեն որ համարները շիտակ կերպով հասկնաք, այլ նաեւ՝ զանոնք չափաւոր եւ տրամաբանական կերպով կիրարկէք։ Եթէ ձեր դասախօսութիւնները «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»ին վրայ հիմնէք եւ համարները բացատրելու ու կիրարկելու ատեն Եհովայի գործածած խողովակին ապաւինիք, ձեր խօսքերը ճշգրիտ պիտի ըլլան։
Տեղեկութեան Ճշգրտութիւնը Ստուգել։ Ընթացիկ անցուդարձեր, մէջբերումներ եւ փորձառութիւններ կրնան օգտակար ըլլալ, երբ որոշ կէտեր կը բացատրէք ու կը կիրարկէք։ Ի՞նչպէս կրնաք վստահ ըլլալ որ անոնք ճշգրիտ են։ Նախ՝ այսպիսի նիւթեր վստահելի աղբիւրներէ քաղած պէտք է ըլլաք։ Մի՛ մոռնաք ստուգել տեղեկութեանց այժմէական ըլլալը։ Վիճակագրութիւնները կը հիննան. գիտական յայտնագործութիւններ արագօրէն կը փոխարինուին. եւ մինչ մարդը պատմութեան եւ հին լեզուներու մասին աւելի մեծ հասկացողութիւն ձեռք կը ձգէ, նախկին գիտութեան վրայ հիմնուած եզրակացութիւններ վերաքննութեան կ’ենթարկուին։ Չափազանց զգոյշ եղէք, երբ լրագիրներէն, հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն, ելեկտրոնական թղթակցութենէն կամ Համացանցէն քաղուած տեղեկութիւն կը ծրագրէք գործածել։ Առակաց 14։15–ը կը խրատէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Տուեալ աղբիւրը վստահելի ըլլալու համբաւը կը վայելէ՞։ Կարելի՞ է տեղեկութիւնը այլ միջոցով ստուգել’։ Եթէ նիւթի մը ճշգրտութենէն վստահ չէք, զանց ըրէք զայն։
Աղբիւրին վստահելի ըլլալը ստուգելէ զատ, ուշադրութեամբ նկատի առէք թէ ի՛նչ կերպով կը ծրագրէք այդ տեղեկութիւնը գործածել։ Վստահ եղէք որ մէջբերումներու եւ վիճակագրութիւններու գործածութիւնը համաձայն ըլլայ ընդհանուր բովանդակութեան հետ, ուրկէ առնուած են։ Ձեր կէտը շեշտել ջանալով, ուշադիր եղէք որ «ոմանք»ը՝ «մարդոց մեծամասնութիւնը» չդառնայ, թէ «շատեր»ը՝ «ամէն մարդ» չդառնայ, եւ թէ «կարգ մը պարագաներուն»ը՝ «մի՛շտ» չդառնայ։ Նիւթերը չափէ աւելի շեշտելը, կամ թիւ, տարողութիւն կամ լրջութիւն պարունակող տեղեկագրութիւնները չափազանցելը՝ վաւերականութեան հարց կը յարուցանէ։
Երբ ձեր ըսածը միշտ ճշգրիտ ըլլայ, պիտի ճանչցուիք որպէս անհատ մը որ ճշմարտութիւնը կը յարգէ։ Ասիկա որպէս խումբ Եհովայի Վկաներուն մասին լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ։ Աւելի կարեւորը՝ անիկա կը պատուէ ‘Եհովան՝ ճշմարտութեան Աստուածը’։—Սաղմ. 31։5