Երգ 63
Հաւատարիմ պիտի մնանք
1. Հաւատարիմ պիտի մնանք
Տէր Եհովա Աստուծոյ։
Եւ իր խօսքը պիտի լսենք,
սիրենք զինք ամբողջ սրտով։
Իր տուած խրատն անգին է.
իրեն կը հնազանդինք։
Հաւատարիմ է Եհովան.
մենք իրեն կ’ապաւինինք։
2. Հաւատարիմ պիտի մնանք
մեր հաւատակիցներուն։
Մեր խօսքերով ու գործերով
պիտի ցոյց տանք բարութիւն։
Մեր եղբայրները կը պատուենք,
կը սիրենք ու կը յարգենք։
Թող Սուրբ Գիրքը մեզի օգնէ,
որ միութիւն պահպանենք։
3. Հաւատարիմ պիտի մնանք
ժողովքի երէցներուն։
Պիտի անսանք, հնազանդինք
տրուած ուղղութիւններուն։
Եհովա Աստուած մեզ կ’օրհնէ.
ոյժ կու տայ իր սուրբ հոգին։
Ուստի մնանք հաւատարիմ,
որ Եահին միշտ պատկանինք։
(Տե՛ս նաեւ Բ. Օր. 7։9. Առ. 28։20ա. Եբ. 13։17)