Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ապ մաս 3 էջ 6
  • Մարդկութիւնը Ջրհեղեղէն կը վերապրի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարդկութիւնը Ջրհեղեղէն կը վերապրի
  • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ան եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
Տես աւելին
Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
ապ մաս 3 էջ 6
Տապանը կը ծփայ, մինչ ջրհեղեղի ջուրերը անձրեւէն կը բարձրանան

ՄԱՍ 3

Մարդկութիւնը Ջրհեղեղէն կը վերապրի

Աստուած չար աշխարհը կը կործանէ, բայց Նոյն ու անոր ընտանիքը ողջ կը պահէ։

ՄԻՆՉ մարդկութիւնը կը բազմանար, մեղքն ու չարութիւնը երկրի վրայ արագօրէն կը տարածուէր։ Ենովք անունով մարգարէ մը առանձին ազդարարեց, թէ Աստուած օր մը պիտի բնաջնջէր չարերը։ Այսուհանդերձ, չարութիւնը չդադրեցաւ, հապա աւելի՛ շատցաւ։ Հրեշտակներէն ոմանք Եհովայի դէմ ըմբոստացան՝ երկինքի մէջ իրենց նշանակուած վայրերը լքելով, երկրի վրայ մարդկային մարմիններ հագնելով եւ անյագաբար իրենց կիներ առնելով։ Այդ անբնական միութիւնները յառաջ բերին խառնածին զաւակներ, դաժան հսկաներ, որոնք աշխարհի վրայ բռնութիւնն ու արիւնահեղութիւնը սաստկացուցին։ Աստուած խորապէս նեղուած էր տեսնելով թէ իր երկրային ստեղծագործութիւնը ինչպէ՛ս կ’ապականուէր։

Ենովքի մահէն ետք, այդ չար աշխարհին մէջ առանձնայատուկ մարդ մը կար։ Անոր անունը Նոյ էր։ Նոյ ու իր ընտանիքը փորձեցին ընել ինչ որ ճիշդ էր Աստուծոյ աչքին։ Երբ Աստուած որոշեց այդ աշխարհի չար մարդիկը կործանել, ան ուզեց պաշտպանել Նոյը եւ անասունները։ Ուստի ան Նոյին ըսաւ որ տապան մը շինէր,– հսկայ ուղղանկիւնաձեւ նաւ մը։ Տապանին մէջ, Նոյ ու իր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ բազմազան անասուններ, պիտի վերապրէին գալիք համաշխարհային ջրհեղեղէն։ Նոյ Աստուծոյ հնազանդեցաւ։ Այդ տապանը կառուցանելու ընթացքին, մինչ տասնամեակներ կ’անցնէին, Նոյ նաեւ «արդարութեան քարոզիչ» էր (Բ. Պետրոս 2։5)։ Ան ազդարարեց Ջրհեղեղին գալը, բայց մարդիկ անտեսեցին զինք։ Ժամանակը հասաւ որ Նոյ ու իր ընտանիքը, անասուններուն հետ մէկտեղ, տապանը մտնեն։ Ապա, Աստուած տապանին դուռը գոցեց եւ սկսաւ անձրեւել։

40 օր եւ 40 գիշեր տեղատարափ անձրեւ տեղաց, մինչեւ որ ամբողջ երկիրը ջուրով ծածկուեցաւ։ Չարերը ոչնչացան։ Ամիսներ ետք, մինչ ջուրերը կը քաշուէին, տապանը լերան մը վրայ նստաւ։ Լման տարի մը անցաւ, մինչեւ որ տապանին մէջ եղողները կարողացան ապահովութեամբ անկէ դուրս ելլել։ Նոյ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց՝ Եհովային ողջակէզ մը մատուցանելով։ Առ ի պատասխան, Աստուած Նոյն ու անոր ընտանիքը վստահեցուց, թէ ա՛լ ջրհեղեղ պիտի չբերէր երկրի երեսէն ամէն կենդանութիւն բնաջնջելու համար։ Եհովան, որպէս տեսանելի երաշխիք, տուաւ ծիածանը, որ մարդոց պիտի յիշեցնէր իր այս մխիթարական խոստումը։

Ջրհեղեղէն ետք, Աստուած մարդկութեան կարգ մը նոր պատուէրներ ալ տուաւ։ Ան արտօնեց որ մարդիկ անասուններու միս ուտեն, բայց արիւն ուտելը արգիլեց։ Ան նաեւ Նոյի սերունդին պատուիրեց որ երկրի վրայ տարածուի, բայց ոմանք չհնազանդեցան։ Նեբրովթ անունով ղեկավարի մը առաջնորդութեան ներքեւ, մարդիկ մէկտեղ հաւաքուեցան եւ սկսան բարձր աշտարակ մը շինել Բաբելոն քաղաքին մէջ։ Անոնց նպատակն էր՝ երկրի վրայ տարածուելու Աստուծոյ պատուէրին ընդդիմանալ։ Բայց Աստուած ըմբոստներուն ծրագիրը խափանեց, անոնց մէկ լեզուն խառնակելով եւ պատճառելով որ տարբեր լեզուներով խօսին։ Հաղորդակցիլ չկարենալով, անոնք աշտարակին գործը կէս ձգեցին եւ ցիրուցան եղան։

Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 6–էն մինչեւ 11. Յուդա 14, 15։

  • Երկրի վրայ չարութիւնը ինչպէ՞ս տարածուեցաւ։

  • Նոյ իր հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս փաստեց։

  • Ջրհեղեղէն ետք, Աստուած մարդիկը ի՞նչ բան ընելէ արգիլեց։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ՔԱԼԵԼ

Ադամի եւ Եւայի սերունդին մեծ մասը մերժեց Եհովայի իշխանութիւնը։ Սակայն կային բացառութիւններ, սկսելով իրենց հաւատարիմ որդիէն՝ Աբէլէն։ Յետոյ կը նշուի թէ Ենովք եւ Նոյ Աստուծոյ հետ քալեցին, այսինքն՝ Եհովան հաճեցնող կեանք մը վարեցին (Ծննդոց 5։22. 6։9)։ Աստուածաշունչի արձանագրութեան մեծ մասը կը խօսի այնպիսի տղամարդոց եւ կիներու մասին, որոնք նոյնպէս Աստուծոյ իշխանութիւնը ընտրեցին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել