Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ապ մաս 4 էջ 7
  • Աստուած Աբրահամի հետ ուխտ կ’ընէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած Աբրահամի հետ ուխտ կ’ընէ
  • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՞վ էր Աբրահամ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը կոչեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուած կը փորձէ Աբրահամի հաւատքը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Աբրահամի նման հաւատք ունի՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
ապ մաս 4 էջ 7
Աբրահամ աստղերուն կը նայի

ՄԱՍ 4

Աստուած Աբրահամի հետ ուխտ կ’ընէ

Աբրահամ հաւատքով Աստուծոյ կը հնազանդի։ Եհովան կը խոստանայ օրհնել զինք եւ բազմացնել անոր սերունդը։

ՆՈՅԻ օրուան Ջրհեղեղէն շուրջ 350 տարի անցած էր։ Աբրահամ նահապետը կ’ապրէր բարգաւաճ Ուր քաղաքին մէջ, որ կը գտնուէր այժմ Իրաք կոչուող երկրին մէջ։ Ան ուշագրաւ հաւատք ունէր։ Բայց անոր հաւատքը փորձի պիտի ենթարկուէր։

Եհովան Աբրահամին ըսաւ, որ ան իր ծննդավայրը լքէր եւ երթար օտար երկիր մը, որ յետագային գիտցուեցաւ որ Քանանն էր։ Աբրահամ առանց երկմտելու հնազանդեցաւ։ Ան իրեն հետ առաւ իր տան անդամները, որոնց մէջ կային իր կինը՝ Սառան եւ եղբօրորդին՝ Ղովտը։ Երկար ճամբորդութենէ ետք, ան Քանանի մէջ վրանաբնակ մը դարձաւ։ Աբրահամի հետ ըրած ուխտով մը, Եհովան խոստացաւ որ զինք մեծ ազգ մը պիտի ընէր, երկրի բոլոր ազգերը իրմով պիտի օրհնուէին եւ իր սերունդը Քանանի երկիրը պիտի ժառանգէր։

Աբրահամ եւ Ղովտ բարգաւաճեցան. անոնց հօտերն ու արջառները հետզհետէ աւելցան։ Աբրահամ անձնուրացօրէն թոյլ տուաւ, որ Ղո՛վտը ընտրէր իր ուզած տարածքը։ Ղովտ Յորդանան գետի պտղաբեր շրջանը ընտրեց եւ Սոդոմ քաղաքին մօտակայքը հաստատուեցաւ։ Սակայն Սոդոմի մարդիկը անբարոյ էին,– Եհովայի դէմ գարշելի մեղքեր կը գործէին։

Յետագային, Եհովա Աստուած Աբրահամը վստահեցուց, թէ անոր սերունդը երկնքի աստղերուն չափ շատ պիտի ըլլար։ Աբրահամ այդ խոստումին հաւատաց, հակառակ որ իր սիրելի կինը՝ Սառան, դեռ անզաւակ էր։ Բայց երբ ան 99 տարեկան էր, իսկ Սառան՝ 90–ի մօտ, Աստուած Աբրահամին ըսաւ որ իրենք որդի մը պիտի ունենային։ Ինչպէս Աստուած ըսած էր, Սառան Իսահակին ծնունդ տուաւ։ Ճիշդ է որ Աբրահամ ուրիշ զաւակներ ալ ունեցաւ, սակայն Եդեմի մէջ խոստացուած Ազատարարը Իսահակէն պիտի գար։

Մինչ այդ, Ղովտն ու իր ընտանիքը Սոդոմի մէջ կ’ապրէին, սակայն արդար Ղովտը քաղաքին անբարոյ բնակիչներուն չնմանեցաւ։ Երբ Եհովան որոշեց իր դատաստանը բերել Սոդոմի վրայ, կանխաւ հրեշտակներ ղրկեց գալիք կործանումէն Ղովտը զգուշացնելու համար։ Հրեշտակները յորդորեցին Ղովտն ու անոր ընտանիքը, որ Սոդոմէն փախչին՝ առանց ետեւ նայելու։ Ապա, Աստուած կրակ ու ծծումբ տեղացուց Սոդոմի եւ մօտակայ չար Գոմոր քաղաքին վրայ, անոնց բոլոր բնակիչները բնաջնջելով։ Ղովտն ու իր երկու աղջիկները փախան. բայց իր կինը ետեւ նայեցաւ, թերեւս իր ետին ձգած բաներուն ցանկալով։ Իր այս անհնազանդութեան համար, կինը իր կեանքը կորսնցուց։

Աղբիւրը՝ Ծննդոց 11։10–19։38։

  • Աբրահամ ինչո՞ւ Քանան տեղափոխուեցաւ։

  • Եհովան ի՞նչ ուխտ ըրաւ Աբրահամին հետ։

  • Եհովան ինչո՞ւ կործանեց Սոդոմն ու Գոմորը։

ՈՒԽՏԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԸ

Աստուածաշունչի օրերուն, ուխտը պայմանագիր կամ պաշտօնական համաձայնութիւն մըն էր։ Շարք մը ուխտերու միջոցով, Եհովան աստիճանաբար բացայայտեց, թէ Եդեմի մէջ խոստացուած Ազատարարին առնչութեամբ իր նպատակը ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր։ Աբրահամի հետ եղած ուխտը ցոյց տուաւ, թէ խոստացեալ Անձը Աբրահամի շառաւիղէն պիտի գար։ Յետագայ ուխտերը աւելի՛ լոյս պիտի սփռէին այդ Անձին ինքնութեան վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել