ՄԱՍ 19
Յիսուս ապագայի մասին մարգարէութիւն մը կու տայ
Յիսուս կ’ընդգծէ երեսակներ, որոնք պիտի մատնանշեն թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութիւնը եւ այս աշխարհին վերջը։
ԵՐԲ Յիսուս առանձին նստեր էր ձիթենեաց լեռը, ուրկէ յստակօրէն կ’երեւէր Երուսաղէմն ու անոր տաճարը, իր առաքեալներէն չորսը իր քով գացին եւ իր կարգ մը ըսածներուն մասին հարցումներ ուղղեցին։ Յիսուս դեռ նոր ըսած էր թէ Երուսաղէմի տաճարը պիտի կործանուէր։ Իսկ ատկէ առաջ, ան իրենց խօսած էր «աշխարհիս վերջ»ի մասին (Մատթէոս 13։40, 49)։ Ուստի առաքեալները հարց տուին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։
Յիսուս ըսաւ այն ինչ որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի կործանումէն առաջ։ Բայց իր խօսքերը շատ աւելի մեծ տարողութիւն ունէին։ Իր տուած մարգարէութիւնը յետագային աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենար, աշխարհածաւալ գետնի վրայ։ Յիսուս մարգարէացաւ շարք մը դէպքերու եւ աշխարհի վիճակներու մասին, որոնք միասնաբար պիտի կազմէին նշան մը։ Այդ նշանը տեսնելով՝ մարդիկ պիտի գիտնային, թէ Յիսուսի ‘ներկայութիւնը’ որպէս երկնային Թագաւոր, սկսած էր։ Ուրիշ խօսքով, նշանը ցոյց պիտի տար, թէ Եհովա Աստուած Յիսուսը դարձուցած էր երկար ատենէ խոստացուած Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը։ Նշանը պիտի նշանակէր, թէ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի վերցնէր չարութիւնը եւ իսկական խաղաղութիւն բերէր մարդկութեան վրայ։ Արդ, Յիսուսի կանխագուշակած բաները պիտի մատնանշէին այս աշխարհին,– այժմու կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային տարրերու,– վերջին օրերը, եւ նոր աշխարհի մը սկիզբը։
Յիսուս բացատրեց թէ այն ժամանակաշրջանին, երբ ինք որպէս Թագաւոր ներկայ ըլլար երկնքի մէջ, երկրի վրայ պիտի ըլլային միջազգային պատերազմներ, ուտելիքի պակաս, մեծ երկրաշարժներ եւ լայնատարած հիւանդութիւններ։ Անօրէնութիւնը պիտի շատնար։ Յիսուսի իսկական աշակերտները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին համայն աշխարհի վրայ։ Այս բոլորը իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնէին ‘մեծ նեղութեան’, որուն նմանը բնաւ չէր եղած (Մատթէոս 24։21)։
Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս պիտի գիտնային որ այդ նեղութիւնը կը մօտենար։ «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք», ըսաւ Յիսուս (Մատթէոս 24։32)։ Թզենիի ճիւղերուն վրայ տերեւներ տեսնելը, աչքառու նշան մըն է թէ ամառը մօտ է։ Նմանապէս, Յիսուսի նախագուշակած բոլոր բաներուն միաժամանակ կատարուիլը տեսնելը, յստակ նշան մըն է թէ վերջը մօտ է։ Սակայն Հօրմէն զատ մէկը պիտի չգիտնար մեծ նեղութիւնը սկսելուն ճշգրիտ օրն ու ժամը։ Հետեւաբար, Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց, ըսելով. «Արթո՛ւն մնացէք. . . վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է» (Մարկոս 13։33)։
Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 24–էն 25. Մարկոս, գլուխ 13. Ղուկաս, գլուխ 21։
a Յիսուսի մարգարէութեան շուրջ յաւելեալ քննարկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։