ՄԱՍ 26
Վերջապէս՝ Դրախտը կը վերահաստատուի
Քրիստոսի կողմէ կառավարուած Թագաւորութեան միջոցով, Եհովան կը սրբացնէ Իր անունը, կը ջատագովէ Իր գերիշխանութիւնը եւ կը բնաջնջէ ամէն չարութիւն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ վերջին գիրքը՝ Յայտնութիւնը, ամբողջ մարդկութեան յոյս մը կու տայ։ Այս գիրքը, որ Յովհաննէս առաքեալ գրած է, կը պարունակէ տեսիլքներ, որոնք Եհովայի նպատակին կատարումը իր հանգումին կը հասցնեն։
Առաջին տեսիլքին մէջ, յարուցանուած Յիսուս կը գովէ եւ կը սրբագրէ կարգ մը ժողովքներ։ Յաջորդ տեսիլքը մեզ կը տանի Աստուծոյ երկնային գահին առջեւ, ուր հոգեղէն արարածներ զինք կը փառաբանեն։
Մինչ Աստուծոյ նպատակը յառաջ կ’ընթանայ, Գառնուկը՝ Յիսուս Քրիստոս, եօթը կնիք ունեցող մագաղաթ մը կը ստանայ։ Առաջին չորս կնիքները բացուելով, խորհրդանշական ձիաւորներ կ’երեւնան աշխարհի թատերաբեմին վրայ։ Առաջին ձիաւորը Յիսուսն է, որ ճերմակ ձիու մը վրայ հեծած եւ թագադրուած է։ Ապա, կ’երեւնան ձիաւորներ, որոնք տարբեր գոյնի ձիերու վրայ հեծած են։ Անոնք մարգարէական առումով կը ներկայացնեն՝ պատերազմ, սով եւ համաճարակ, որոնք բոլորն ալ այս աշխարհի վերջին օրերու ընթացքին տեղի կ’ունենան։ Եօթներորդ կնիքին բացուիլը կ’առաջնորդէ եօթը խորհրդանշական փողերու հնչուելուն, որոնք Աստուծոյ դատաստանները կը ծանուցանեն։ Ասոնք, իրենց կարգին, կ’առաջնորդեն եօթը խորհրդանշական պատուհասներու, կամ Աստուծոյ բարկութեան արտայայտութիւններուն։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ նորածին արու զաւակով մը պատկերացուած է, կը հաստատուի երկնքի մէջ։ Պատերազմ կը ծագի, եւ Սատանան ու իր չար հրեշտակները երկիր կը ձգուին։ Բարձր ձայն մը կ’ըսէ. «Վա՜յ երկրին»։ Սատանան շատ զայրացած է, գիտնալով թէ քիչ ժամանակ ունի (Յայտնութիւն 12։12)։
Յովհաննէս կը տեսնէ Յիսուսը երկնքի մէջ, պատկերացուած գառնուկով մը, որուն հետ կան 144,000 անհատներ, որոնք մարդոցմէ ընտրուած են։ Այս անհատները Յիսուսի հետ «պիտի թագաւորեն»։ Այսպիսով, Յայտնութիւն գիրքը կը յայտնէ, թէ սերունդին երկրորդական անդամները 144,000 հոգիէ բաղկացած պիտի ըլլան (Յայտնութիւն 14։1. 20։6)։
Երկրի կառավարիչները կը հաւաքուին Արմագեդոնին՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» համար։ Անոնք պատերազմ կը մղեն ճերմակ ձիուն վրայ հեծնողին՝ Յիսուսի դէմ, որ երկնային զօրքերը կ’առաջնորդէ։ Այս աշխարհի բոլոր կառավարիչները կը կործանուին։ Սատանան կը կապուի եւ Յիսուս 144,000–ին հետ մէկտեղ «հազար տարի» կ’իշխէ երկրի վրայ։ Հազարամեակի վերջաւորութեան, Սատանան կ’ոչնչացուի (Յայտնութիւն 16։14. 20։4)։
Քրիստոսի եւ իր իշխանակիցներուն Հազարամեայ իշխանութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ հնազանդ մարդկութեան համար։ Յովհաննէս կը գրէ. «[Եհովան] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։4)։ Երկիրը դրախտի՛ կը վերածուի։
Այսպէս, Յայտնութիւն գիրքը կ’ամբողջացնէ Աստուածաշունչին պատգամը։ Մեսիական Թագաւորութեան միջոցով, Եհովային անունը կը սրբացուի եւ անոր գերիշխանութիւնը լիովին կը ջատագովուի յաւիտեա՛ն։
Աղբիւրը՝ Յայտնութիւն գիրքը։