Մաս 8
Յիսուսի մահը ի՞նչ կը նշանակէ քեզի համար
Յիսուս մեռաւ որպէսզի կարենանք ապրիլ (Յովհաննէս 3։16)։
Յիսուսի մահէն երեք օր ետք, կարգ մը կիներ իր գերեզմանը գացին եւ զայն պարապ գտան։ Եհովա Յիսուսը մեռելներէն յարուցանած էր։
Ետքը, Յիսուս իր առաքեալներուն երեւցաւ։
Այո, Եհովա Յիսուսը ետ կեանքի բերած էր որպէս զօրաւոր, անմահ հոգեղէն արարած մը։ Յիսուսի աշակերտները իր երկինք համբառնալը տեսան։
Աստուած Յիսուսը յարուցանեց եւ զինք Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըրաւ (Դանիէլ 7։13, 14)։
Յիսուս իր կեանքը զոհեց, որպէսզի մարդկութեան համար փրկանք վճարէ (Մատթէոս 20։28)։ Այդ փրկանքին միջոցով, Աստուած մեզի կարելի կը դարձնէ որ յաւիտեան ապրինք։
Եհովա Յիսուսը Թագաւոր նշանակեց՝ երկրի վրայ իշխելու համար։ Անոր հետ պիտի ըլլան 144,000 հաւատարիմ մարդիկ, որոնք երկրէն կը յարուցանուին որ երկինքի մէջ ապրին։ Յիսուս եւ 144,000–ը արդար երկնային կառավարութիւն մը կը կազմեն, այսինքն՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը (Յայտնութիւն 14։1-3)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ։ Այլեւս պատերազմ, ոճիր, աղքատութիւն ու անօթութիւն պիտի չըլլան։ Մարդիկ իրապէս ուրախ պիտի ըլլան (Սաղմոս 145։16)։