Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Թ-31 էջ 1-4
  • Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես
  • Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
  • Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞
    Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞
  • Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ
    Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ
  • Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին
    Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին
Տես աւելին
Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես
Թ-31 էջ 1-4

Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես

Արդեօք աշխարհին վիճակը. . .

  • նո՞յնը պիտի մնայ

  • աւելի գէ՞շ պիտի ըլլայ

  • պիտի լաւանա՞յ

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

«Աստուած. . . անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ)։

ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Իմաստալից եւ գոհացուցիչ աշխատանք (Եսայի 65։21-23)։

Այլեւս ո՛չ հիւանդութիւն եւ ոչ ալ որեւէ տառապանք (Եսայի 25։8. 33։24)։

Ընտանիքի եւ բարեկամներու հետ ուրախ եւ անվերջ կեանք (Սաղմոս 37։11, 29)։

Տղամարդ մը եւ կին մը լաւատեսութեամբ ապագան կը դիտեն. աղջնակ մը բոյսը կը ջրէ. շինարարներ տուն մը կը կառուցանեն

ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

Այո՛, նուազագոյնը երկու պատճառներով.

  • Աստուած կարողութիւնը ունի այս խոստումը կատարելու։ Սուրբ Գիրքին մէջ, միայն Եհովա Աստուա՛ծ կը կոչուի «Ամենակալ», որովհետեւ ան անսահման զօրութիւն ունի (Յայտնութիւն 15։3)։ Ուստի ան կրնա՛յ լիովին իրագործել իր խոստումը՝ աշխարհը բարեփոխելու։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է» (Մատթէոս 19։26)։

  • Աստուած կը փափաքի՛ այս խոստումը կատարել։ Օրինակ, Եհովան կարօտով կը տենչայ մեռելները ետ կեանքի բերել (Յոբ 14։14, 15, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով)։

    Սուրբ Գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, հիւանդները բուժեց։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ փափա՛քը ունէր (Մարկոս 1։40, 41)։ Կարիքաւորներուն օգնել ուզելով, Յիսուս կատարելապէս արտացոլեց իր Հօր անձնաւորութիւնը (Յովհաննէս 14։9)։

    Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ, որ թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուս կ’ուզե՛ն մեզի օգնել որ ուրախ ապագայ մը ունենանք (Սաղմոս 72։12-14. 145։16. Բ. Պետրոս 3։9)։

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մարդ մը Աստուածաշունչէն համար մը կը մատնանշէ

Աստուած ինչպէ՞ս աշխարհը պիտի բարեփոխէ։

Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ՄԱՏԹԷՈՍ 6։9, 10 եւ ԴԱՆԻԷԼ 2։44։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել