Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թկ գլ. 12 էջ 133-147
  • Կազմակերպուած՝ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ ծառայելու

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կազմակերպուած՝ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ ծառայելու
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Խաղաղութի՛ւնը պիտի նշանակեմ քեզի իբր վերատեսուչ»
  • Քրիստոս Ժողովքը ինչպէ՛ս կ’առաջնորդէ
  • «Հօտին օրինակ ըլլալ»
  • Ներկայիս երէցները Աստուծոյ հօտը ինչպէ՛ս կը հովուեն
  • Տեսչութեան մէջ բարեփոխումները Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը կ’ամրացնեն
  • Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայեն
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • ‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
թկ գլ. 12 էջ 133-147

ԳԼՈՒԽ 12

Կազմակերպուած՝ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ ծառայելու

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Եհովան իր ժողովուրդը աստիճանաբար կը կազմակերպէ

1, 2. Յունուար 1895–ին Սիօնի դիտարան–ին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն եղաւ, եւ եղբայրները ինչպէ՞ս հակազդեցին։

ԵՐԲ նախանձախնդիր Աստուածաշունչի Աշակերտ Ճոն Է. Պոնէթ Սիօնի դիտարան–ին յունուար 1895 թիւը ստացաւ, իր տեսածով հիացաւ։ Պարբերաթերթը նոր կողք մը ունէր. փարոս մը մթութեան մէջ իր լոյսը կը տարածէր ալեկոծ ծովու մը վրայ։ Պարբերաթերթը այս փոփոխութեան նկատմամբ ծանուցում մը ըրած էր՝ «Մեր նոր կողքը» խորագրով։

2 Եղբայր Պոնէթ իր տեսածով այնքան տպաւորուեցաւ, որ եղբայր Ռասըլին նամակ մը գրեց։ «Ուրախ եմ տեսնելով պարբերաթերթին շքեղ տեսքը», գրեց ան։ «Շա՜տ գեղեցիկ է»։ Այլ հաւատարիմ Աստուածաշունչի Աշակերտ մը՝ Ճոն Հ. Պրաուն, կողքին մասին գրեց. «Շա՜տ հիանալի է։ Աշտարակը ամուր հիմի վրայ կը կենայ, մինչ հսկայ ալիքներն ու փոթորիկը զայն կը հարուածեն»։ Այդ տարի այդ նոր կողքը եղբայրներուն տեսած առաջին փոփոխութիւնն էր, բայց ոչ վերջինը։ Նոյեմբերին անոնք ականատես եղան ուրիշ հիմնական փոփոխութեան մը։ Ուշագրաւ է որ անիկա ալ կապ ունէր փոթորկոտ ծովու մը հետ։

3, 4. Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 1895 թիւը ի՞նչ հարց նշեց, եւ ի՞նչ կարեւոր փոփոխութիւն մը յայտարարուեցաւ։

3 Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 1895 թիւը հրատարակեց յօդուած մը, որուն մէջ բացայայտուեցաւ հարց մը. ալեկոծ խնդիրներ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն խաղաղութիւնը կը խանգարէին։ Եղբայրները երթալով ա՛լ աւելի կը վիճաբանէին թէ ո՛վ տեղական ժողովքը պիտի առաջնորդէր։ Եղբայրներուն օգնելու համար որ տեսնեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն մրցակցութեան պառակտիչ հոգիին դէմ դնելու, յօդուածը կազմակերպութիւնը համեմատեց նաւի մը հետ։ Ապա ամենայն անկեղծութեամբ ըսաւ որ պատասխանատու եղբայրները չէին կրցած նաւանման կազմակերպութիւնը պատրաստել գալիք փոթորկոտ օդին։ Ի՞նչ կարելի էր ընել։

4 Յօդուածը նշեց թէ ատակ նաւապետ մը վստահ կ’ըլլայ, թէ նաւուն վրայ հարկ եղած փրկարար միջոցները կան եւ թէ նաւակազմը պատրաստ է պէտք եղած քայլերը առնելու, եթէ հակառակ պարագային փոթորիկ մը նաւը հարուածէ։ Նմանապէս, պատասխանատու եղբայրները պէտք էր վստահ ըլլային, որ բոլոր ժողովքները պատրաստուած են փոթորկալից պայմաններ դիմագրաւելու։ Ասիկա իրագործելու համար, յօդուածը յայտարարեց կարեւոր փոփոխութիւն մը. «Իւրաքանչիւր միաւորի մէջ երէցներ պէտք է ընտրուին» որպէս «տեսուչ»ներ հօտը հովուելու (Գործք 20։28)։ Այս փոփոխութիւնը անմիջապէս ի զօրու պիտի դառնար։

5. ա) Երէցներ նշանակելու կարգադրութիւնը ինչո՞ւ ժամանակայարմար էր։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

5 Երէցներ նշանակելու այդ կարգադրութիւնը ժամանակայարմար էր, քանի որ ժողովքին մէջ կայուն կառոյց մը ունենալուն նպաստեց։ Անիկա մեր եղբայրներուն օգնեց որ Ա. Աշխարհամարտի պատճառած ալեկոծ ծովուն մէջ յաջողութեամբ նաւարկեն։ Յաջորդ տասնամեակներուն, կազմակերպչական յաւելեալ բարեփոխումներ Եհովայի ծառաներուն օգնեցին որ աւելի լաւ պատրաստուած ըլլան Եհովային ծառայելու։ Աստուածաշնչական ո՞ր մարգարէութիւնը այս զարգացումը կանխաւ նշեց։ Կազմակերպչական ի՞նչ փոփոխութիւններու ականատես եղած ես։ Անոնցմէ ինչպէ՞ս օգտուած ես։

«Խաղաղութի՛ւնը պիտի նշանակեմ քեզի իբր վերատեսուչ»

6, 7. Եսայի 60։17–ին նշանակութիւնը ի՞նչ է։ բ) Ի՞նչ կը հասկնանք «վերատեսուչ» եւ «գործավար» բառերէն։

6 Ինչպէս որ 9–րդ գլուխին մէջ տեսանք, Եսային մարգարէացաւ թէ Եհովան իր ժողովուրդը պիտի օրհնէր անոնց թիւը աւելցնելով (Եսա. 60։22)։ Սակայն, Եհովան նոյնիսկ ասկէ աւելին խոստացաւ։ Նոյն մարգարէութեան մէջ ան ըսաւ. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն [«Խաղաղութի՛ւնը պիտի նշանակեմ քեզի իբր վերատեսուչ, եւ արդարութիւնը՝ իբր գործավար», ԱԾ]» (Եսա. 60։17)։ Այս մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա ներկայիս ինչպէ՞ս մեզի կը կիրարկուի։

Ո՛չ թէ վատ նիւթը կը փոխարինուի լաւ նիւթով, հապա՝ լաւ նիւթը աւելի լաւ նիւթով

7 Եսայիի մարգարէութիւնը կը նշէ թէ նիւթ մը ուրիշ նիւթով պիտի փոխարինուէր։ Բայց նկատի առ թէ ո՛չ թէ վատ նիւթը կը փոխարինուի լաւ նիւթով, հապա՝ լաւ նիւթը աւելի լաւ նիւթով։ Պղինձը ոսկիով փոխարինելը բարեփոխում է, եւ նոյնն է պարագան միւս նիւթերուն։ Ուստի այս պատկերաւոր խօսքով Եհովան մարգարէացաւ թէ իր ժողովուրդին վիճակը քայլ առ քայլ պիտի բարեփոխուէր։ Մարգարէութիւնը ի՞նչ տեսակի բարեփոխումի կ’ակնարկէ։ Նշելով «վերատեսուչ» եւ «գործավար» բառերը, Եհովան ցոյց տուաւ թէ աստիճանական բարեփոխումներ պիտի ըլլային կազմակերպչական հարցերուն մէջ։

8. ա) Եսայիի մարգարէութեան մէջ նշուած բարեփոխումները ո՞վ կը պատճառէ։ բ) Բարեփոխումներէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (տես նաեւ «Խոնարհաբար սրբագրութիւնը ընդունեց» շրջանակը)։

8 Այս կազմակերպչական յառաջդիմութիւնը ո՞վ կը պատճառէ։ Եհովան կը նշէ. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ. . .երկաթ պիտի բերեմ. . . խաղաղութի՛ւնը պիտի նշանակեմ»։ Արդարեւ, այս բարեփոխումները Եհովա՛ն է որ կ’ընէ եւ ոչ թէ մարդիկ։ Եւ Յիսուսի թագադրութենէն ի վեր Եհովան այս բարեփոխումները իր Որդիին միջոցով կ’ընէ։ Այս փոփոխութիւններէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Նոյն համարը կը նշէ թէ այս բարեփոխումները ‘խաղաղութեան’ եւ ‘արդարութեան’ պիտի նպաստեն։ Երբ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը ընդունինք եւ ճշդումներ ընենք, մեր մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ եւ արդարութեան հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ ծառայելու Եհովային, որուն մասին Պօղոս գրեց թէ «խաղաղութեան Աստուած» է (Փլպ. 4։9)։

9. Ի՞նչ բան ժողովքին մէջ կարգապահութիւն եւ միութիւն կը յառաջացնէ եւ ինչո՞ւ։

9 Եհովայի մասին Պօղոս նաեւ գրեց. «Աստուած խռովութեան [«անկարգութեան», ՆԱ] Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան» (Ա. Կոր. 14։33)։ Նկատի առ թէ Պօղոս անկարգութիւնը հակադրեց խաղաղութեան հետ եւ ո՛չ թէ կարգուկանոնին հետ։ Ինչո՞ւ։ Հետեւեալը նկատի առ. կարգուկանոնը ինքնին միշտ խաղաղ պայմաններու չի նպաստեր։ Օրինակ, խումբ մը զինուորներ կրնան կարգապահութեամբ ուղղուիլ դէպի պատերազմի ճակատ, բայց իրենց այս կարգապահ ընթացքը պատերա՛զմ յառաջ կը բերէ, եւ ո՛չ թէ՝ խաղաղութիւն։ Ուստի մենք՝ քրիստոնեաներս լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ որեւէ կարգուկանոն որ հիմնուած չէ խաղաղութեան վրայ, ուշ կամ կանուխ փուլ պիտի գայ։ Ասոր հակառակը, աստուածային խաղաղութիւնը յառաջ կը մղէ այնպիսի կարգուկանոն, որ կը գոյատեւէ։ Ուստի, որքա՜ն երախտապարտ ենք որ մեր կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդուի եւ կը զտուի ‘խաղաղութեան Աստուծմով’ (Հռով. 15։32)։ Աստուածատուր խաղաղութիւնը յառաջ կը բերէ կարգապահութիւն եւ միութիւն, որոնք ակնյայտ են աշխարհի տարածքին մեր բոլոր ժողովքներուն մէջ (Սաղ. 29։11)։

10. ա) Անցեալին մեր կազմակերպութեան մէջ ի՞նչ բարեփոխումներ եղած են (տե՛ս «Տեսչութեան մէջ բարեփոխումներ» շրջանակը)։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

10 «Տեսչութեան մէջ բարեփոխումներ» շրջանակը ամփոփ կերպով կը նշէ անցեալի կազմակերպչական դրական փոփոխութիւնները։ Բայց Եհովան ինչպէ՞ս «պղինձի տեղ ոսկի» բերած է վերջին օրերուն։ Տեսչութեան մէջ այդ բարեփոխումները ինչպէ՞ս ամրացուցած են բոլոր ժողովքներուն խաղաղութիւնն ու միութիւնը։ Անոնք ինչպէ՞ս կ’օգնեն քեզի որ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ ծառայես։

Քրիստոս Ժողովքը ինչպէ՛ս կ’առաջնորդէ

11. ա) Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ ի յայտ բերաւ։ բ) Կառավարիչ մարմինին եղբայրները ի՞նչ վճռած էին ընել։

11 1964–1971 կառավարիչ մարմինը վերահսկեց աստուածաշնչական խոր ուսումնասիրութեան մը վրայ, որ այլ նիւթերու կողքին նկատի առաւ թէ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՛ս կը գործէրa։ Կազմակերպչական կառոյցին նկատմամբ ի յայտ եկաւ թէ առաջին դարուն ժողովքներուն վրայ կը վերահսկէր երէցներու մարմին մը, եւ ոչ թէ՝ միայն մէկ երէց կամ տեսուչ մը (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։1. Ա. Տիմոթէոս 4։14)։ Երբ այս կէտը ա՛լ աւելի յստակացաւ, կառավարիչ մարմինը անդրադարձաւ, թէ իրենց Թագաւորը՝ Յիսուս զիրենք կ’առաջնորդէր կազմակերպչական կառոյցին մէջ բարեփոխումներ ընելու, եւ կառավարիչ մարմինին եղբայրները վճռած էին Թագաւորին ուղղութեան հետեւիլ։ Անոնք անմիջապէս ճշդումներ ըրին երէցներու կարգադրութեան մէջ, որպէսզի անիկա աւելի ներդաշնակ ըլլայ Աստուածաշունչի ուղղութեան։ Ի՞նչ կարգ մը բարեփոխումներ եղան 1970–ական թուականներու սկիզբը։

ԽՈՆԱՐՀԱԲԱՐ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

ԴԻՏԱՐԱՆ–Ի 1 ապրիլ 1916 թիւին ֆիններէն հրատարակութիւնը կը բովանդակէր նամակ մը, որ եղբայր Ռասըլ ուղղած էր Սկանտինավիոյ շրջանին մէջ ապրող քանի մը եղբայրներու, որոնց մէջ կար եղբայր Քարլօ Հարդեվան։ Եղբայր Ռասըլ անոնց գրեց. «Սիրելի հաւատակիցներ, բոլորդ կը քաջալերենք որ ճշմարտութեան վերադառնաք եւ մեզի վստահուած գործին վրայ կեդրոնանաք»։ Եղբայր Ռասըլ ինչո՞ւ այսպէս ըսաւ։

Քարլօ Հարդեվա

Քարլօ Հարդեվա

Եղբայր Հարդեվան, որ ծնած էր 1882–ին, Ֆինլանտայի առաջին Աստուածաշունչի Աշակերտներէն էր։ Ան մկրտուած էր ապրիլ 1910–ին, եւ 1912–ի ամրան եղբայր Ռասըլ իրեն հեղինակութիւն տուած էր հրատարակելու Դիտարան–ը ֆիններէն լեզուով։ Ամէն բան լաւ կ’ընթանար մինչեւ Ա. Աշխարհամարտին պայթումը։ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1914 թիւին մէջ եղբայր Հարդեվան գրեց. «Տնտեսական ծանր վիճակին պատճառով. . . չենք կրնար խոստանալ որ Դիտարան–ը նոյնքան էջեր պիտի ունենայ կամ նոյնքան յաճախ պիտի հրատարակուի որքան անցեալին»։ Սակայն 1915–ին, հիմնադրամ հաւաքելու համար, եղբայր Հարդեվան եւ ուրիշներ հիմնեցին «Արարատ» անունով գործակցական հաստատութիւն մը, որ սկսաւ այդ անունով պարբերաթերթ մը հրատարակել։

Մինչ եղբայր Հարդեվան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց նոր հաստատութեան եւ նոր պարբերաթերթին վրայ, ուրիշ եղբայր մը սկսաւ ծառայել որպէս Դիտարան–ի ֆիններէն հրատարակութեան խմբագիր։ Արարատ պարբերաթերթը ոչ միայն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յօդուածներ հրատարակեց, այլեւ՝ յօդուածներ բնական միջոցներով բուժումի եւ նորագիւտ լեզուի՝ էսփերանթոյի մասին։ Շատ չանցած այդ նոր պարբերաթերթը եղբայրներուն ուշադրութիւնը շեղեց ճշմարտութեան յստակ ուսուցումներէն։ Այն ատեն էր որ եղբայր Ռասըլ եղբայր Հարդեվայէն եւ ուրիշներէ խնդրեց որ ‘ճշմարտութեան վերադառնան’, քանի որ իրենց հոգեւոր վիճակով մտահոգուած էր։

Եղբայր Հարդեվան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան եղբայր Ռասըլի նամակը ինչպէս նաեւ իր պատասխանը հրատարակեց Արարատ պարբերաթերթին մէջ։ Եղբայր Հարդեվան ներողութիւն խնդրեց իր ըրածին համար եւ ըսաւ. «Եթէ ինծի առիթ տաք որ սխալս սրբագրեմ, պատրաստ եմ ամէ՛ն ջանք թափելու»։ Անկէ քիչ ետք, Արարատ պարբերաթերթին վերջին թիւին մէջ, եղբայր Հարդեվան ներողութիւն խնդրեց իր պատճառած շփոթութեան համար եւ աւելցուց. «Պիտի փորձեմ ճշմարիտ ուսուցումներուն հանդէպ աւելի ուշադիր ըլլալ»։ Այդ ատենուան կարգ մը հպարտ երէցներու հակառակը, Քարլօ Հարդեվան խոնարհաբար սրբագրութիւնը ընդունեց։

Յետագային եղբայր Հարդեվան դարձեալ նշանակուեցաւ Դիտարան–ի ֆիններէն հրատարակութեան խմբագիր եւ մասնաճիւղի տեսուչ։ Ան շարունակեց այդ պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ մինչեւ 1950։ Եւ հաւատարմաբար իր երկրային ընթացքը աւարտեց 1957–ին։ Արդարեւ, Եհովան կը զտէ եւ կ’օրհնէ անոնք որոնք իրենց Թագաւորին՝ Յիսուսին սրբագրութիւնը խոնարհաբար կ’ընդունին։

12. ա) Կառավարիչ մարմինին կառոյցին մէջ ի՞նչ ճշդում եղաւ։ բ) Բացատրէ թէ կառավարիչ մարմինը այժմ ինչպէ՛ս կազմակերպուած է (տե՛ս «Կառավարիչ մարմինը Թագաւորութեան շահերուն ինչպէ՛ս հոգ կը տանի» շրջանակը)։

12 Առաջին ճշդումը եղաւ կառավարիչ մարմինի կառոյցին մէջ։ Մինչեւ այդ ատեն, օծեալ եղբայրներու այդ խումբը կը բաղկանար եօթը անդամներէ, որոնք կը կազմէին Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան վարչական խորհուրդը։ Սակայն 1971–ին կառավարիչ մարմինին անդամներուն թիւը 7–էն բարձրացաւ 11–ի։ Կառավարիչ մարմինը այլեւս վարչական խորհուրդին հետ չէր բնորոշուեր։ Անոր անդամները մէկը միւսէն գերադաս չէր եւ ամէն տարի ատենապետը կը փոխուէր այբուբենի շարքով։

13. ա) 40 տարի շարունակ ժողովքը ո՞ր կարգադրութեան կը հետեւէր։ բ) 1972–ին Կառավարիչ մարմինը ի՞նչ ըրաւ։

13 Յաջորդ ճշդումը կ’առնչուէր բոլոր ժողովքներուն։ Ինչպէ՞ս։ 1932–1972 գլխաւորաբար մէկ եղբայր ժողովքին վրայ կը վերահսկէր։ Մինչեւ 1936 այս նշանակումը ունեցող եղբայրը կը կոչուէր ծառայութեան ղեկավար։ Անկէ ետք, անոր անունը եղաւ միաւորի ծառայ, ապա՝ ժողովքի ծառայ, իսկ ի վերջոյ՝ ժողովքի տեսուչ։ Նշանակուած եղբայրները նախանձախնդրօրէն հօտին հոգեւոր բարօրութեան հոգ տարին։ Ժողովքի տեսուչը ընդհանրապէս ժողովքին առնչուող որոշումներ կը կայացնէր առանց միւս ծառաներուն հետ խորհրդակցելու։ Սակայն 1972–ի ընթացքին, Կառավարիչ մարմինը պատմական փոփոխութեան մը ճամբան հարթեց։ Այդ փոփոխութիւնը ի՞նչ կը պարփակէր։

14. ա) 1 հոկտեմբեր 1972–ին ի՞նչ նոր կարգադրութիւն եղաւ։ բ) Երէցներու մարմինի համակարգողը ինչպէ՞ս կը կիրարկէ Փիլիպպեցիս 2։3–ի պատուէրը։

14 Այլեւս ժողովքները ժողովքի տեսուչ պիտի չունենային։ Այն եղբայրները, որոնք Աստուածաշունչի պահանջներուն գոհացում կու տային, աստուածպետականօրէն պիտի նշանակուէին ծառայելու որպէս երէցներ։ Միասնաբար, անոնք պիտի կազմէին երէցներու մարմին մը, որ տեղական ժողովքին վրայ պիտի վերահսկէր։ Երէցներու այդ նոր կարգադրութիւնը ի զօրու դարձաւ 1 հոկտեմբեր 1972–ին։ Ներկայիս երէցներու մարմինին համակարգողը ինքզինք միւս երէցներէն կարկառուն չի սեպեր, այլ՝ «պզտիկ» (Ղուկ. 9։48)։ Այս խոնարհ եղբայրները ինչ մե՜ծ օրհնութիւն են համաշխարհային եղբայրութեան համար (Փլպ. 2։3)։

Յստակ է որ մեր իմաստուն Թագաւորը յարմար ժամանակին իր հետեւորդներուն հայթայթած է հարկ եղած հովիւները

15. ա) Ժողովքներուն մէջ երէցներու մարմին ունենալու կարգադրութիւնը ի՞նչ օգուտներ բերած է։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ մեր Թագաւորը իմաստութեամբ գործած է։

15 Երէցներու մարմին ունենալու կարգադրութիւնը արդիւնաւէտ բարեփոխում մը եղած է։ Նկատի առ հետեւեալ երեք օգուտները. նախ եւ առաջ, կարգադրութիւնը բոլոր երէցներուն կ’օգնէ որ գիտակցին, թէ որքա՛ն ալ ծանր ըլլան իրենց ժողովքին պատասխանատուութիւնները, Յիսո՛ւսն է ժողովքին Գլուխը (Եփ. 5։23)։ Երկրորդ, ինչպէս որ Առակաց 11։14–ը կ’ըսէ, «խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ»։ Երբ երէցները ժողովքին հոգեւոր բարօրութեան առնչուող հարցերու շուրջ խորհրդակցին եւ իրարու կարծիքը հաշուի առնեն, կրնան Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած որոշումներ կայացնել (Առ. 27։17)։ Եհովան այսպիսի որոշումներ կ’օրհնէ, եւ անոնք կը յաջողին։ Երրորդ, քանի որ ա՛լ աւելի եղբայրներ որակեալ են որպէս երէցներ ծառայելու, կազմակերպութիւնը կրցած է գոհացում տալ տեսչութեան եւ հովուելու կարիքին, որ հետզհետէ ժողովքներուն մէջ կ’աւելնայ (Եսա. 60։3-5)։ Պահ մը մտածէ. աշխարհի տարածքին ժողովքներու թիւը աւելցաւ։ 1971–ին աւելի քան 27,000 ժողովքներ կային, բայց 2013–ին եղան աւելի քան 113,000։ Յստակ է որ մեր իմաստուն Թագաւորը յարմար ժամանակին իր հետեւորդներուն հայթայթած է հարկ եղած հովիւները (Միք. 5։5)։

ՏԵՍՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ

  • 1881։ Նոյն շրջանին մէջ գտնուող Աստուածաշունչի Աշակերտներուն միջեւ կապ հաստատելու համար, եղբայր Ռասըլ կանոնաւորաբար ժողով ունեցողներէն կը խնդրէ որ Դիտարանի գրասենեակը տեղեակ պահեն թէ ո՛ւր կը հաւաքուին։

  • 1895։ Բոլոր ժողովքներուն ուղղութիւն կը տրուի որ իրենց մէջէն ընտրեն եղբայրներ, որոնք կրնան որպէս երէց ծառայել։

  • 1919։ Իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ ծառայութեան ղեկավար մը աստուածպետականօրէն կը նշանակուի մասնաճիւղին կողմէ։ Անոր պատասխանատուութիւնները կը պարփակեն քարոզչութիւնը կազմակերպել եւ բոլորը քաջալերել որ դաշտի ծառայութեան մասնակցին։ Երէցներէն ոմանք այս կարգադրութեան թիկունք չեն կանգնիր։

  • 1932։ Ժողովքներէն կը խնդրուի որ երէցներու տարեկան քուէարկութիւնը դադրեցնեն։ Փոխարէն ժողովքը քուէարկութեամբ կ’ընտրէ ծառայութեան յանձնախումբ մը, որ բաղկացած է եղբայրներէ՝ որոնք նախանձախնդրօրէն քարոզչութեան կը մասնակցին եւ կ’ապրին իրենց որդեգրած նոր անուան համաձայն,– Եհովայի վկաներ։ Ապա ժողովքին յանձնարարութեամբ, Ընկերութիւնը կամ մասնաճիւղը կը նշանակէ անոնցմէ մէկը որպէս ծառայութեան ղեկավար։

  • 1937։ Մեծ բազմութեան մաս կազմող եղբայրները կրնան օծեալ եղբայրներուն հետ ծառայութեան յանձնախումբերու մէջ ծառայել։

  • 1938։ Ժողովքները կ’որդեգրեն որոշում մը՝ թէ բոլոր ժողովքի ծառաները պէտք է աստուածպետականօրէն նշանակուին։ Այսպիսով ժողովքներուն մէջ ժողովրդավարական ընտրութիւնը վերջ կը գտնէ։

Կազմակերպչական կառոյցին վերաբերեալ պատմական զարգացումներուն մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, էջ 204-235 (անգլերէն)։

Ժողովքին կողմէ երէցներուն տարեկան քուէարկութիւնը 1920–ական թուականներուն

«Երէցներ ընտրելու համար կը քուէարկէինք մեր աջ ձեռքը բարձրացնելով։ Ապա եղբայր մը քուէարկութեան ձայները կը հաշուէր» (քոյր Ռոզ Սուինկըլ, ­Շիքակօ, Իլինոյ, ԱՄՆ)։

«Հօտին օրինակ ըլլալ»

16. ա) Երէցները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։ բ) Աստուածաշունչի Աշակերտները ‘ոչխարները արածելու’ Յիսուսի պատուէրը ինչպէ՞ս նկատեցին։

16 20–րդ դարու սկիզբը, երէցները արդէն իսկ հասկցած էին թէ պատասխանատուութիւն ունէին հաւատակիցներուն օգնելու որ Աստուծոյ ծառաները մնան (կարդա՛ Գաղատացիս 6։10)։ 1908–ին, Դիտարան–ին մէջ յօդուած մը նկատի առաւ Յիսուսի այս պատուէրը. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհ. 21։15-17)։ Յօդուածին մէջ երէցներուն ըսուեցաւ. «Անհրաժեշտ է որ հօտին առնչուող Տէրոջ պատուէրը մեր սրտին մէջ կարեւոր տեղ գրաւէ, որպէսզի մեծ պատիւ համարենք Տէրոջ հետեւորդները կերակրելու եւ անոնց հոգ տանելու առանձնաշնորհումը»։ 1925–ին, Դիտարան–ը դարձեալ շեշտեց որպէս հովիւ ծառայելու կարեւորութիւնը, երէցներուն յիշեցնելով հետեւեալը. «Ժողովքը Աստուծոյ կը պատկանի. . . եւ Ան հաշիւ պիտի պահանջէ բոլոր երէցներէն, որոնք առանձնաշնորհումը ունին իրենց եղբայրներուն ծառայելու»։

17. Տեսուչները ինչպէ՞ս օգնութիւն ստացած են ատակ հովիւներ ըլլալու։

17 Եհովային կազմակերպութիւնը երէցներուն ինչպէ՞ս օգնած է որ իրենց հովուելու հմտութիւնները բարելաւեն, որպէսզի «երկաթի տեղ արծաթ» ըլլան։ Զիրենք մարզելով։ 1959–ին առաջին Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը տեղի ունեցաւ տեսուչներուն համար։ «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել» խորագրով դասախօսութիւն մը պատասխանատու եղբայրները քաջալերեց «հրատարակիչներուն այցելելու յայտագիր մը դնել»։ Այդ դասախօսութեան մէջ ներկայացուեցան կերպեր, որոնցմով հովիւները կրնան այսպիսի այցելութիւններ շինիչ դարձնել։ 1966–ին, Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը նոր յայտագրով մը սկսաւ տեղի ունենալ։ Անիկա նկատի առաւ «Հովուական գործին կարեւորութիւնը» նիւթը։ Այդ դասախօսութեան գլխաւոր կէտը ի՞նչ էր։ Պատասխանատու եղբայրները «պէտք է Աստուծոյ հօտին սիրալիր կերպով հոգ տանին, բայց միեւնոյն ժամանակ չթերանան կատարելու իրենց ընտանեկան պարտականութիւնը եւ քարոզչութիւնը»։ Վերջին տարիներուն երէցներուն համար ա՛լ աւելի դպրոցներ տեղի ունեցած են։ Եհովայի կազմակերպութեան հայթայթած յարատեւ մարզումին արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Ներկայիս քրիստոնէական ժողովքը ունի հազարաւոր որակեալ եղբայրներ, որոնք կը ծառայեն որպէս հոգեւոր հովիւներ։

Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին մէկ դասարանը Ֆիլիփիններու մէջ, 1966

Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոց Ֆիլիփիններու մէջ, 1966

18. ա) Երէցներուն ի՞նչ ծանր պարտականութիւն տրուած է։ բ) Եհովան եւ Յիսուսը ինչո՞ւ խոր խանդաղատանք ունին ժրաջան երէցներուն հանդէպ։

18 Եհովան մեր Թագաւորին՝ Յիսուսին միջոցաւ երէցները նշանակած է ծանր պարտականութիւն մը կատարելու։ Ի՞նչ է ատիկա։ Մարդկութեան պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակին մէջ Աստուծոյ ոչխարները առաջնորդել (Եփ. 4։11, 12. Բ. Տիմ. 3։1)։ Եհովան եւ Յիսուսը խոր խանդաղատանք ունին ժրաջան երէցներուն հանդէպ, քանի որ այս եղբայրները կը հնազանդին Աստուածաշունչի այս պատուէրին. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք. . . կամաւ. . . յօժարութեամբ. . . հօտին օրինակ ըլլալով» (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Նկատի առնենք այն շատ մը կերպերէն երկուքը, որոնցմով քրիստոնեայ հովիւները հօտին օրինակ կ’ըլլան եւ մեծապէս կը նպաստեն ժողովքին խաղաղութեան եւ ուրախութեան։

«ԶԱՐՄԱՑԱ՛ՆՔ»

ԱՍԻՈՅ մէջ միսիոնար զոյգ մը նշանակուեցաւ ժողովքի մը մէջ, որ տարիներ շարունակ չէր աճեր։ Անոնք նկատեցին թէ տեղացի եղբայրները սիրալիր էին, բայց կազմակերպչական ուղղութիւններուն չէին հետեւեր։ Զոյգը հրատարակիչներուն հետ բարեկամութիւններ մշակելէ ետք, միսիոնար եղբայրը ջանք թափեց որ ժողովքը համընթաց քալէ կազմակերպչական ուղղութիւններուն հետ, որոնցմով Եհովայի վկաները ամբողջ աշխարհի մէջ կ’առաջնորդուին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Երկու տարուան մէջ ժողովներու ներկաներուն թիւը կրկնապատկուեցաւ, նորեկները սկսան քարոզչութեան մասնակցիլ եւ աւելի քան 20 անհատներ մկրտուեցան։ «Զարմացա՛նք», ըսաւ զոյգը։ «Եհովան մեզ առատօրէն օրհնեց։ Աստուծոյ կազմակերպութեան ուղղութիւնները կիրարկելուն արդիւնքները տեսնելով, ժողովքին մէջ բոլորը ուրախացան»։

Ներկայիս երէցները Աստուծոյ հօտը ինչպէ՛ս կը հովուեն

19. Ծառայութեան մէջ մեզի ընկերակցող երէցներուն հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգանք։

19 Նախ երէցները ժողովքի անդամներուն հետ կը ծառայեն։ Ղուկաս աւետարանագիրը Յիսուսին մասին ըսաւ. «Քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր ու տասներկուքը իրեն հետ էին» (Ղուկ. 8։1)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ քարոզեց, նոյնպէս ալ ներկայիս օրինակելի երէցներ իրենց հաւատակիցներուն հետ ուս ուսի կը ծառայեն։ Անոնք կը գիտակցին թէ այդպէս ընելով ժողովքը դրականօրէն կ’ազդուի։ Ժողովքին անդամները այսպիսի երէցներու հանդէպ ի՞նչ կը զգան։ Ժանին, 80–ական տարիքի մէջ քոյր մը, կ’ըսէ. «Երէցի մը հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը ինծի պատեհութիւն կու տայ որ անոր հետ զրուցեմ եւ զինք մօտէն ճանչնամ»։ Սթիվըն, 30–ական տարիքի մէջ եղբայր մը, կ’ըսէ. «Երբ երէց մը ինծի հետ դռնէ դուռ քարոզէ, կը զգամ թէ կ’ուզէ ինծի օգնել։ Այսպիսի օգնութիւն ստանալը զիս կ’ուրախացնէ»։

Փոթորկալից գիշեր մը հովիւ մը կը գտնէ միայնակ ու կորսուած ոչխար մը

Ճիշդ ինչպէս որ հովիւը ոչխարը կը փնտռէ, նոյնպէս երէցները կը ջանան ժողովքին չընկերակցող անհատները գտնել

20, 21. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսին առակին մէջ նշուած հովիւը ընդօրինակել։ Օրինակ մը տուր (տես նաեւ «Շաբաթական արդիւնաբեր այցելութիւններ» շրջանակը)։

20 Երկրորդ, Եհովային կազմակերպութիւնը երէցները մարզած է որ հետաքրքրուին անոնցմով, որոնք այլեւս ժողովքին հետ չեն ընկերակցիր (Եբ. 12։12)։ Երէցները այս հոգեւորապէս տկար անհատներուն ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է օգնեն։ Պատասխանը կը գտնենք կորսուած ոչխարին մասին Յիսուսի առակին մէջ (կարդա՛ Ղուկաս 15։4-7)։ Երբ առակին մէջ նշուած հովիւը կը նկատէ թէ ոչխար մը կորսուած է, ան այնպէս մը կը փնտռէ զայն որ կարծես թէ իր ունեցած միակ ոչխարն է։ Երէցներ ինչպէ՞ս կ’ընդօրինակեն այդ հովիւը։ Ճիշդ ինչպէս որ կորսուած ոչխարը հովիւին աչքին թանկարժէք է, նոյնպէս ալ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ա՛լ չընկերակցող անհատները երէցներուն աչքին թանկարժէք են։ Անոնք հոգեւորապէս տկար անհատը կորսուած ոչխար կը նկատեն եւ անոր օգնելու համար իրենց տրամադրած ժամանակն ու ջանքերը ի զուր չեն համարեր։ Ասկէ զատ, ինչպէս որ հովիւը կ’որոշէ «կորսուածին ետեւէն երթա[լ], մինչեւ զանիկա գտնէ», նոյնպէս ալ երէցները նախաձեռնութիւնը կ’առնեն հոգեւորապէս տկարները գտնելու եւ իրենց օգնելու։

21 Առակին մէջ նշուած հովիւը ի՞նչ կ’ընէ երբ ոչխարը կը գտնէ։ Ան քնքշութեամբ զինք կը գրկէ, «իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա» եւ հօտին կը վերադարձնէ։ Նմանապէս, երէցի մը քնքուշ խօսքերը կրնան հոգեւորապէս տկար անհատ մը ոգեւորել եւ իրեն օգնել որ ժողովքին վերադառնայ։ Ասիկա պատահեցաւ Վիքթըրին հետ՝ Ափրիկէի մէջ եղբայր մը, որ ժողովքին ընկերակցելէ դադրեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Այն ութ տարիներուն ընթացքին որ անգործունեայ էի, երէցները շարունակեցին ինծի հետ կապ պահել»։ Ի՞նչ բան մասնաւորաբար իր սրտին դպաւ։ Ան կը բացատրէ. «Օր մը Ճոնը,– երէց մը որուն հետ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը յաճախած էի,– ինծի այցելեց եւ ցոյց տուաւ մեր նկարները, որոնք այդ դպրոցին ընթացքին նկարուած էինք։ Անոնք այնքա՛ն գեղեցիկ յիշատակներ միտքս բերին, որ ուզեցի դարձեալ զգալ այն ուրախութիւնը՝ որ Եհովային ծառայելէն յառաջ կու գայ»։ Ճոնին այցելութենէն քիչ ետք Վիքթըր ժողովքին վերադարձաւ։ Ներկայիս ան ռահվիրայ է։ Արդարեւ, հոգատար երէցները մեծապէս կը նպաստեն մեր ուրախութեան (Բ. Կոր. 1։23)b։

Երկու եղբայրներ բարեկամական այցելութիւն կու տան անգործունեայ տարեց եղբօր մը

ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՓԱՓԱՔԵԼՈՎ կորսուած ոչխարներուն օգնել, Միացեալ Նահանգներու մէջ ժողովքի մը երէցները մտածեցին թէ ի՛նչ կրնան ընել օգնելու այն անհատներուն, որոնք այլեւս հօտին չեն ընկերակցիր։ Անոնք նկատեցին թէ շուրջ 30 անհատներ, որոնք տասնամեակներ առաջ Եհովային ծառայելէ դադրած էին, տակաւին ժողովքին թաղամասերուն մէջ կը բնակէին։ Անոնց մեծամասնութիւնը յառաջացած տարիքի մէջ էր։

Երէցներէն մէկը՝ Ալֆրէտոն՝ անգործունեայ անհատներու անուններուն ցանկը պատրաստեց եւ սկսաւ իրենց այցելել։ «Ամէն ուրբաթ առտու անգործունեայ անհատի մը դուռը կը զարնեմ», կ’ըսէ ան։ Երբ ան դուռը բանայ, Ալֆրէտոն կը ջանայ հանդարտ խօսակցութիւն մը ունենալ եւ իր խոր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել։ Ան անգործունեայ եղբօր կամ քրոջ կ’ըսէ թէ ժողովքը չէ մոռցած Եհովայի Թագաւորութեան ի նպաստ իր ըրած աղէկ գործերը։ Ալֆրէտոն կ’ըսէ. «Երբ անգործունեայ տարեց եղբօր մը ըսի թէ քանի՛ ժամ քարոզած է եւ քանի՛ պարբերաթերթ տեղաւորած է դաշտի ծառայութեան իր վերջին տեղեկագրին մէջ, 1976–ին, եղբայրը լացաւ»։ Ալֆրէտոն նաեւ անոնց կը կարդայ Ղուկաս 15։4-7, 10–ը եւ ապա կը հարցնէ. «Ի՞նչ կ’ըլլայ երբ կորսուած ոչխար մը ժողովքին կը վերադառնայ։ Եհովան, Յիսուսը եւ հրեշտակները կ’ուրախանան։ Ասիկա հոյակապ բան մը չէ՞»։

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Ալֆրէտոն անգործունեայ անհատներու այցելած է։ Իր համբերատար ջանքերուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Ան առանձնաշնորհումը ունեցած է երկու եղբայրներու օգնելու, որ դարձեալ ժողովքին ընկերակցին։ Անոնք այժմ կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուին կիրակի օրուան ժողովին։ «Երբ անոնք Թագաւորութեան սրահ մտան, իմ կարգս էր որ լայի», ժպիտով մը կ’ըսէ։ Ան կ’աւելցնէ. «Թէեւ այս անգործունեայ անհատները սկսած են ժողովներու ներկայ գտնուիլ, բայց տակաւին ուրբաթ օրերը կ’այցելեմ իրենց, քանի որ ինծի կ’ըսեն թէ անձկալից կը սպասեն այդ շաբաթական այցելութիւններուն. ես ալ այդպէս կը զգամ»։

Տեսչութեան մէջ բարեփոխումները Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը կ’ամրացնեն

22. Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը քրիստոնէական ժողովքին միութիւնը ինչպէ՞ս կ’ամրացնեն (տես նաեւ «Զարմացա՛նք» շրջանակը)։

22 Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Եհովան մարգարէացաւ թէ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ հետզհետէ պիտի աւելնան (Եսա. 60։17)։ Այս երկու յատկութիւնները ժողովքներուն միութիւնը կ’ամրացնեն։ Ի՞նչ կերպերով։ Ինչ կը վերաբերի արդարութեան, «մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է» (Բ. Օր. 6։4, ՆԱ)։ Իր արդար չափանիշները ժողովքէ ժողովք եւ երկրէ երկիր չեն տարբերիր։ Ճիշդի ու սխալի առնչուող իր չափանիշները մէկ են, եւ «սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ» նոյնն են (Ա. Կոր. 14։33)։ Ուստի, ժողովք մը պիտի բարգաւաճի միա՛յն՝ եթէ Աստուծոյ չափանիշները կիրարկէ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան, մեր Թագաւորը կ’ուզէ որ ո՛չ միայն ժողովքին մէջ խաղաղութիւն վայելենք, այլեւ՝ «խաղաղութիւն ընողներ» ըլլանք (Մատ. 5։9)։ Անոր համար ‘հետամո՛ւտ կ’ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն’։ Նախաձեռնութիւնը կ’առնենք լուծելու որեւէ թիւրիմացութիւն որ թերեւս մեր միջեւ ըլլայ (Հռով. 14։19, ԱԾ)։ Այդպիսով թէ՛ ժողովքին խաղաղութեան եւ թէ միութեան կը նպաստենք (Եսա. 60։18)։

23. Որպէս Եհովայի ծառաներ, ներկայիս ի՞նչ կը վայելենք։

23 Նոյեմբեր 1895–ին, երբ Դիտարան–ը երէցներ նշանակելու կարգադրութեան մասին ծանուցանեց, պատասխանատու եղբայրները սրտագին փափաք մը յայտնեցին։ Ի՞նչ էր այդ։ Անոնք փափաքեցան եւ աղօթեցին որ կազմակերպչական այս նոր կարգադրութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին օգնէ որ «հաւատքի մէջ միացած ըլլայ»։ Անցեալ տասնամեակներուն վրայ յետադարձ ակնարկ նետելով, երախտապարտ ենք որ տեսչութեան մէջ աստիճանական զտումները պաշտամունքի մէջ մեր միութիւնը իրապէս ամրացուցած են (Սաղ. 99։4)։ Առ ի արդիւնք, ներկայիս Եհովայի ամբողջ ժողովուրդը ուրախ է, մինչ «նոյն հոգիով» կը քալէ, «նոյն ճամբով» կ’ուղղուի եւ «մէկ սրտով» ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ կը ծառայէ (Բ. Կոր. 12։18. կարդա՛ Սոփոնիա 3։9)։

a Այդ ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրատարակուեցան Օգնութիւն՝ Աստուածաշունչը հասկնալու համար գրքին մէջ։

b Տե՛ս «Երէցները ‘Գործակիցներ են մեր ուրախութեան’» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 յունուար 2013 թիւին մէջ։

Թագաւորութիւնը որքա՞ն իրական է քեզի համար

  • Թագաւորութիւնը կազմակերպչական ի՞նչ բարեփոխումներ բերած է։

  • Ժողովքի տեսչութեան առնչուող բարեփոխումները ինչպէ՞ս օգնած են քեզի որ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ ծառայես։

  • Երէցի մը ո՞ր խօսքերն ու գործերը ուրախութիւնդ աւելցուցած են։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս անձամբ նպաստել ժողովքին խաղաղութեան ու միութեան։

Կառավարիչ մարմինի անդամներ իրենց օգնականներուն հետ ժողով կ’ընեն

ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀՈԳ ԿԸ ՏԱՆԻ

ԵՀՈՎԱՅԻ վկաներու Կառավարիչ մարմինը կը բաղկանայ եղբայրներէ, որոնք Եհովա Աստուծոյ օծեալ ծառաներն են։ Անոնք որպէս խումբ կը կազմեն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Անոնց պատասխանատուութիւնն է հոգեւոր սնունդ հայթայթել եւ Թագաւորութեան համաշխարհային քարոզչութիւնը առաջնորդել եւ անոր թափ տալ (Մատ. 24։14, 45-47)։

Կառավարիչ մարմինին ժողովները տեղի կ’ունենան ամէն շաբաթ, յաճախ չորեքշաբթի օրը։ Ասիկա կարելի կը դարձնէ որ եղբայրները միութեամբ գործեն (Սաղ. 133։1)։ Կառավարիչ մարմինին անդամները նաեւ կը ծառայեն զանազան յանձնախումբերու մէջ։ Իւրաքանչիւր յանձնախումբ կը վերահսկէ Թագաւորութեան շահերուն հետ կապ ունեցող որոշ գործունէութիւններու վրայ։ Ամփոփ կերպով տեսնենք թէ ի՛նչ են անոնց պատասխանատուութիւնները։

  • Եղբայրներ միասնաբար ջանք կը թափեն եղբայրութեան հոգ տանելու

    Համակարգողներու յանձնախումբ

    Կը վերահսկէ օրինական հարցերու վրայ եւ երբ անհրաժեշտ ըլլայ կապ կը պահէ հաղորդամիջոցներուն հետ, որպէսզի մեր հաւատալիքները ճշգրիտ կերպով ներկայացնեն։ Անիկա նաեւ կը հետաքրքրուի համաշխարհային եղբայրութեան ազդող աղէտներով, հալածանքներով եւ այլ ստիպողական պարագաներով։

  • Բեթէլի ընտանիքի անդամներ զանազան նշանակումներ կը կատարեն

    Անձնակազմի յանձնախումբ

    Այս յանձնախումբին վստահուած է համայն աշխարհի Բեթէլի ընտանիքի անդամներուն ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքները հոգալու պատասխանատուութիւնը։ Այս յանձնախումբը կը վերահսկէ Բեթէլի ընտանիքի նոր անդամներ ընտրելուն ու հրաւիրելուն վրայ, եւ Բեթէլի ծառայութեան վերաբերող հարցումներուն կը պատասխանէ։

  • Բեթէլական մը կ’օգնէ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ տպելու եւ առաքելու

    Հրատարակչական յանձնախումբ

    Կը վերահսկէ համայն աշխարհի մէջ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ տպելու եւ առաքելու գործին վրայ, Վկաներուն կողմէ գործածուած հիմնարկներուն ունեցած տպարաններուն ու կալուածներուն վրայ եւ համաշխարհային շինարարական գործին վրայ, որ կը պարփակէ՝ Թագաւորութեան սրահներ շինելու գործը։ Անիկա հոգ կը տանի որ Թագաւորութեան համաշխարհային գործին համար նուիրուած հիմնադրամները լաւագոյն կերպով գործածուին։

  • Եղբայր մը գրասենեակի մը մէջ փնտռտուք կ’ընէ

    Ծառայութեան յանձնախումբ

    Կը վերահսկէ քարոզչութեան բոլոր երեսակներուն վրայ եւ այն հարցերուն վրայ, որոնք կ’ազդեն ժողովքներուն, հրատարակիչներուն, ռահվիրաներուն, երէցներուն, շրջագայող տեսուչներուն եւ միսիոնարներուն։ Այլ բաներու կողքին, անիկա կը վերահսկէ Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբին գործունէութիւններուն վրայ։

  • Եղբայր մը ամպիոնի մը վրայ դասախօսութիւն կու տայ

    Ուսուցումի յանձնախումբ

    Կը վերահսկէ այն նիւթերուն վրայ, որոնք համաժողովներուն եւ ժողովքային հանդիպումներուն կը ներկայացուին։ Անիկա նաեւ կը վերահսկէ Գաղաադի դպրոցին, Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին, Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցին եւ այլ դպրոցներու վրայ։ Ասկէ զատ, այս յանձնախումբը կը վերահսկէ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը ժողովի տետր–ին պատրաստութեան վրայ, ինչպէս նաեւ՝ լսատեսողական յայտագիրներու պատրաստութեան վրայ։

  • Տարբեր հրատարակութիւններու ձեւաչափեր, ներառեալ՝ jw.org կայքը

    Գրական յանձնախումբ

    Կը վերահսկէ հոգեւոր սնունդին (տպուած եւ ելեկտրոնային) պատրաստութեան վրայ, որ թէ՛ հաւատակիցներուն եւ թէ հանրութեան համար է։ Անիկա նաեւ հոգ կը տանի կազմակերպութեան կայքին եւ կը վերահսկէ համաշխարհային թարգմանութեան գործին վրայ։ Ասկէ զատ, անիկա կը պատասխանէ որոշ համարներու կամ հրատարակութիւններու մէջ կարգ մը կէտերու իմաստին շուրջ եղած հարցումներուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել