Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուը մաս 9 մասեր 1-2
  • Ընտանեօք Եհովան պաշտեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ընտանեօք Եհովան պաշտեցէք
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1 ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ
  • 2 ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՎԱՅԵԼԵՑԷՔ
  • Օգնութիւն ընտանիքներու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ի՞նչ է ընտանեկան պաշտամունքը
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Ընտանեկան պաշտամունքը կրնա՞ս աւելի հաճոյալի դարձնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ընտանիքներ՝ Աստուած կը փառաբանեն որպէս իր ժողովքին մէկ մասը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
ուը մաս 9 մասեր 1-2
Զոյգ մը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ

Մաս 9

Ընտանեօք Եհովան պաշտեցէք

«Երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը» (Յայտնութիւն 14։7)

Ինչպէս որ այս գրքոյկին մէջ տեսար, Աստուածաշունչին մէջ շա՜տ սկզբունքներ կան, որոնք քեզի եւ ընտանիքիդ պիտի օգնեն։ Եհովան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս։ Ան կը խոստանայ, որ եթէ իր պաշտամունքը առաջին տեղը դնես, «այդ բոլոր բաներն ալ. . . պիտի տրուին» քեզի (Մատթէոս 6։33)։ Ան իսկապէս կ’ուզէ որ իր բարեկամը ըլլաս։ Ամէն պատեհութիւն գործածէ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ մշակելու։ Ասիկա մեծագոյն առանձնաշնորհումն է որ մարդ արարածը կրնայ ունենալ (Մատթէոս 22։37, 38)։

1 ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

Ամուսնացած զոյգ մը միասին կը ծառայեն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «‘Ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք’, կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը» (Բ. Կորնթացիս 6։18)։ Աստուած կ’ուզէ որ իր մտերիմ բարեկամը ըլլաս։ Ասիկա իրագործելու կերպերէն մէկն է՝ աղօթքը։ Եհովան կ’ըսէ որ «անդադար աղօթք» ընես (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Ան կը տենչայ ներքին մտածումներդ եւ մտահոգութիւններդ լսել (Փիլիպպեցիս 4։6)։ Երբ ընտանիքիդ հետ կ’աղօթես, անոնք պիտի նկատեն թէ Աստուած որքա՜ն իրական է քեզի համար։

Աստուծոյ աղօթելու կողքին, պէտք է նաեւ իրեն մտիկ ընես։ Ասիկա կրնաս ընել՝ իր Խօսքը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ուսումնասիրելով (Սաղմոս 1։1, 2)։ Սորվածներուդ վրայ խոկա՛ (Սաղմոս 77։11, 12)։ Աստուծոյ մտիկ ընելը նաեւ կը պահանջէ կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ (Սաղմոս 122։1-4)։

Եհովայի մասին ուրիշներուն խօսիլը ուրիշ կարեւոր կերպ մըն է իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացնելու։ Ո՛րքան աւելի իր մասին խօսիս, ա՛յնքան աւելի իրեն մօտիկ պիտի զգաս (Մատթէոս 28։19, 20)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ամէն օր ժամանակ տրամադրէ Աստուածաշունչը կարդալու եւ աղօթելու

  • Ընտանեօք նախապատուութիւն տուէք հոգեւոր գործունէութիւններուն, քան՝ ժամանցին ու հանգստանալուն

2 ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՎԱՅԵԼԵՑԷՔ

Հայր մը կը պատրաստուի իր ընտանիքին հետ ուսումնասիրելու, ապա միասին ընտանեկան պաշտամունքը կը վայելե

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Պէտք է ընտանեկան պաշտամունքի կանոնաւոր յայտագիր մը ունենաք եւ ատոր հետեւիք (Ծննդոց 18։19)։ Բայց ասիկա բաւարար չէ։ Պէտք է որ Աստուած ձեր առօրեայ կեանքին մաս կազմէ։ Աստուծոյ հետ ձեր փոխյարաբերութիւնը զօրացուցէք, իր մասին խօսելով՝ ‘թէ՛ տան մէջ նստած ատեն, թէ՛ ճամբայ քալած ատեն եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատեն’ (Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Նպատակակէտ դրէք նմանելու Յեսուին, որ ըսաւ. «Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք» (Յեսու 24։15)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ընտանեկան պաշտամունքի կանոնաւոր յայտագիր մը ունեցէք, նկատի առնելով ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին կարիքները

Մայր մը իր տղուն պատմութիւն մը կը կարդայ. ընտանիք մը Աստուածաշունչի մէկ պատմութիւնը կը խաղարկէ. հայր մը իր աղջկան հետ կը սերտէ

ԵՀՈՎԱՅԻ ՈՒՐԱԽ ԾԱՌԱՆԵՐ

Եհովա Աստուած պաշտելը ամէնէն լաւ բանն է։ Ան կ’ուրախանայ տեսնելով թէ դուն եւ ընտանիքդ անկեղծաբար իրեն կը ծառայէք։ Մինչ ասիկա կ’ընէք, Եհովան պիտի ընդօրինակէք եւ զինք աւելի՛ պիտի սիրէք (Մարկոս 12։30. Եփեսացիս 5։1)։ Եթէ Աստուած ամուսնութեանդ մէջ պարփակուած ըլլայ, կողակիցիդ հետ կապդ պիտի ամրապնդուի (Ժողովող 4։12. Եսայի 48։17)։ Դուն եւ ընտանիքդ կրնաք յաւիտեա՛ն ուրախ ըլլալ, գիտնալով որ ‘Աստուած ձեզ օրհնած է’ (Բ. Օրինաց 12։7)։

ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ.

  • Վերջին անգամ ե՞րբ որպէս զոյգ միասնաբար աղօթեցինք։

  • Ընտանիքիս հետ ի՞նչ կրնամ սերտել, որպէսզի Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը զօրանայ։

ՆՇՄԱՐ՝ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԳԼՈՒԽԻՆ

  • Թոյլ մի՛ տար որեւէ բանի, որ ընտանեկան պաշտամունքդ խանգարէ

  • Կանխաւ ընտանիքիդ լուր տուր թէ ի՛նչ պիտի քննարկուի, որպէսզի կարենան նիւթը պատրաստել

  • Վստահ եղիր որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ներկայ է

  • Հանդարտ եւ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել