ԴԱՍ 68
Աստուծոյ Որդին «աշխարհի լոյսն» է
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԹԷ Ո՛Վ Է ՈՐԴԻՆ
ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԾԱՌԱՆԵՐ ԵՆ
Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը՝ եօթներորդ օրը, Յիսուս կը սորվեցնէ տաճարին այն մասին մէջ, որ կը կոչուի «գանձատուն» (Յովհաննէս 8։20. Ղուկաս 21։1)։ Այնպէս կ’երեւի որ ատիկա կը գտնուի «Կիներու Գաւիթ»ին մէջ, ուր մարդիկ նուիրատուութիւններ կ’ընեն։
Տօնին ընթացքին, գիշերները, տաճարին այդ մասը յատկապէս լուսաւոր է։ Հոն չորս հսկայ աշտանակներ կան, եւ ատոնցմէ ամէն մէկը ունի իւղով լեցուած չորս մեծ աման։ Այս աշտանակներուն լոյսը այնքա՛ն զօրաւոր է, որ տաճարին շուրջ մեծ տարածութիւն կը լուսաւորէ։ Թերեւս մարդիկ այս տեսարանը կը յիշեն, երբ Յիսուս կ’ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ» (Յովհաննէս 8։12)։
Փարիսեցիները կ’առարկեն՝ ըսելով. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։ Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար» (Յովհաննէս 8։13-18)։
Յիսուսին խօսքերը մերժելով, փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ո՞ւր է քու Հայրդ»։ Յիսուս ուղղակի կը պատասխանէ. «Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս. եթէ զիս ճանչնայիք իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք» (Յովհաննէս 8։19)։ Ճիշդ է որ փարիսեցիները տակաւին կ’ուզեն Յիսուսը ձերբակալել, բայց մէ՛կը անոր չի դպչիր։
Այն ատեն Յիսուս կ’ըսէ բան մը, որ նախապէս ըսած էր. «Ես կ’երթամ ու զիս պիտի փնտռէք եւ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։ Հրեաները իր խօսքերը սխալ հասկնալով, հարց կու տան. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։ Անոնք չեն հասկնար թէ Յիսուս ինչ ըսել կ’ուզէ, քանի որ չեն գիտեր որ ան ուրկէ եկած է։ Յիսուս կը բացատրէ. «Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ» (Յովհաննէս 8։21-23)։
Յիսուս կը խօսի իր նախամարդկային գոյութեան մասին երկինքի մէջ եւ խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսը ըլլալուն մասին, որ պէտք էր այդ կրօնական առաջնորդները ճանչնային։ Մինչդեռ անոնք խիստ անարգական ոճով կ’ըսեն. «Դուն ո՞վ ես» (Յովհաննէս 8։25)։
Տեսնելով որ անոնք իրեն կը հակառակին ու կը մերժեն, Յիսուս կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ ես ձեզի հետ կը խօսիմ»։ Բայց եւ այնպէս, ան անոնց ուշադրութիւնը իր Հօր վրայ կը դարձնէ եւ կը բացատրէ, որ ինչո՛ւ հրեաները պէտք է մտիկ ընեն Որդիին. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի» (Յովհաննէս 8։25, ՆԱ, 26)։
Ետքը Յիսուս կը յայտնէ իր Հօր հանդէպ իր վստահութիւնը, բան մը՝ որ այս հրեաները չունին. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ. եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհաննէս 8։28, 29)։
Բայց կարգ մը հրեաներ իրեն կը հաւատան, անոր համար անոնց կ’ըսէ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։31, 32)։
Ոմանց համար, ազատելու գաղափարը տարօրինակ կը թուի։ Անոնք կ’առարկեն. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ ‘Ազատ պիտի ըլլաք’»։ Հրեաները գիտեն որ ատեն–ատեն օտար տիրապետութեան տակ եղած են, բայց եւ այնպէս՝ կը մերժեն ծառայ կամ ստրուկ կոչուիլ։ Բայց Յիսուս կը յստակացնէ որ անոնք տակաւին ծառաներ են, ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’» (Յովհաննէս 8։33, 34)։
Հրեաները չեն ընդունիր որ մեղքի ծառայ են, անոր համար Յիսուս անոնց կ’ըսէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի. «Ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ» (Յովհաննէս 8։35)։ Ծառան ժառանգութիւն ստանալու իրաւունք չունի եւ որեւէ ժամանակ կարելի է զինք տունէն դուրս դնել։ Միայն որդին կամ որդեգրուած որդին կրնայ տան մէջ «յաւիտեան» մնալ, այսինքն՝ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։
Ուրեմն, Որդիին մասին ճշմարտութիւնն է, որ մարդիկը յաւիտեան կ’ազատէ մահուան առաջնորդող մեղքէն։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յովհաննէս 8։36)։