ԴԱՍ 103
Յիսուս տաճարը նորէն կը մաքրէ
ՄԱՏԹԷՈՍ 21։12, 13, 18, 19 ՄԱՐԿՈՍ 11։12-18 ՂՈՒԿԱՍ 19։45-48 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 12։20-27
ՅԻՍՈՒՍ ԹԶԵՆԻ ՄԸ Կ’ԱՆԻԾԷ ԵՒ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՄԱՔՐԷ
ՅԻՍՈՒՍ ՊԷՏՔ Է ՄԵՌՆԻ, ՈՐ ՇԱՏԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔ ՏԱՅ
Երիքովէն գալէն ի վեր, Յիսուս եւ իր աշակերտները երեք գիշեր անցուցած են Բեթանիայի մէջ։ Հիմա, առտու կանուխ, երկուշաբթի, նիսան 10–ին, անոնք Երուսաղէմ կ’ուղղուին։ Յիսուս անօթի է։ Թզենի մը տեսնելով, անոր կը մօտենայ։ Անոր վրայ թուզ կա՞յ։
Հիմա մարտ ամսուն վերջերն է, եւ թուզին եղանակը յունիսին կը սկսի։ Բայց այս թզենիին տերեւները ժամանակէն առաջ ելած են։ Անոր համար Յիսուս կը մտածէ որ թերեւս կանխահաս թուզ գտնէ։ Բայց չի գտներ։ Տերեւները խաբէական տեսք տուած են ծառին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան» (Մարկոս 11։14)։ Անմիջապէս ծառը կը սկսի չորնալ։ Յաջորդ առտու այս դէպքին նշանակութիւնը յստակ պիտի դառնայ։
Շատ չանցած, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը հասնին։ Ան կ’երթայ տաճար, ուր երէկ՝ կէսօրէ ետք ամէն բան ուշի–ուշով աչքէ անցուց։ Իսկ այսօր ան կ’ընէ բան մը, որ երեք տարի առաջ, Ք.Ե. 30–ի Պասեքին ըրած էր (Յովհաննէս 2։14-16)։ Այս անգամ, ան դուրս կը հանէ անոնք՝ որոնք ‘տաճարին մէջ կը ծախեն ու կը գնեն’։ Ան նաեւ «ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները» կը կործանէ (Մարկոս 11։15)։ Ասկէ զատ, Յիսուս չի ձգեր որ մարդիկ քաղաքին մէկ կողմէն միւսը ապրանք տանելու համար տաճարին գաւիթէն անցնին՝ որպէս կտրուկ ճամբայ։
Յիսուս ինչո՞ւ լուրջ եւ վճռական քայլեր կ’առնէ այդ դրամափոխներուն եւ անասուն ծախողներուն դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’. բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք» (Մարկոս 11։17)։ Ան այս մարդիկը աւազակ կը կոչէ, քանի որ ժողովուրդին չափազանց բարձր գինով կը ծախեն այն անասունները, որոնք որպէս զոհ պիտի մատուցանուին։ Յիսուս անոնց ըրածը գողութիւն կը սեպէ։
Անշուշտ, քահանայապետները, դպիրներն ու ժողովուրդին գլխաւորները կը լսեն Յիսուսին ըրածը, եւ նորէն քայլեր կ’առնեն, որ զինք սպաննեն։ Բայց խնդիր մը կայ։ Անոնք չեն գիտեր Յիսուսը ինչպէ՛ս սպաննել, քանի որ անոր շուրջը միշտ շատ մարդ կայ։
Պասեքը տօնելու համար ոչ միայն հրեաներ եկած են, հապա նաեւ նորահաւատներ, այսինքն՝ հրեաներուն կրօնքը ընդունող մարդիկ։ Անոնց մէջ կան յոյներ, որոնք եկած են տօնին մասնակցելու եւ Աստուած պաշտելու։ Անոնք կը մօտենան Փիլիպպոսին,– թերեւս քանի որ յունական անուն ունի,– եւ կը խնդրեն Յիսուսը տեսնել։ Փիլիպպոս թերեւս վստահ չըլլալով, թէ ասիկա յարմար է կամ ոչ, Անդրէասին կարծիքը կ’առնէ։ Եւ երկուքը Յիսուսին քով կ’երթան, որ այնպէս կ’երեւի թէ դեռ տաճարն է։
Յիսուս գիտէ որ քանի մը օր ետք պիտի մեռնի, եւ հիմա ժամանակը չէ ուրիշներուն հետաքրքրասիրութեան գոհացում տալու կամ ժողովրդականութիւն փնտռելու։ Ան երկու առաքեալներուն կը պատասխանէ՝ օրինակ մը տալով. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’» (Յովհաննէս 12։23, 24)։
Ցորենի հատիկ մը թերեւս քիչ արժէք ունենայ։ Բայց եթէ հողին մէջ դրուի եւ «մեռնի» որպէս հատիկ, կրնայ ծլիլ եւ ժամանակի ընթացքին դառնալ հասկ՝ շատ հատիկներով։ Նոյնպէս, Յիսուս մէկ կատարեալ մարդ է։ Բայց մինչեւ մահ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալով, միջոցը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանք տալու շատերու, որոնք իրեն պէս անձնազոհ ոգի կը դրսեւորեն։ Անոր համար, Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա» (Յովհաննէս 12։25)։
Յիսուս իր կեդրոնացումը ուրիշներու վրայ դարձնելով՝ կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա» (Յովհաննէս 12։26)։ Ի՜նչ վարձատրութիւն։ Անոնք որոնք պատիւի կ’արժանանան Հօր կողմէ, Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի ընկերակիցները պիտի ըլլան։
Մտածելով այն չարչարանքին եւ ցաւալի մահուան մասին, որ իրեն կը սպասեն, Յիսուս կ’ըսէ. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’»։ Բայց Յիսուս չ’ուզեր իր Հօր կամքը կատարելէն խոյս տալ։ Ան կ’աւելցնէ. «Բայց ես եկայ այս ժամուան համար» (Յովհաննէս 12։27)։ Յիսուս յօժար է ընելու ամէն ինչ որ Աստուած նպատակադրած է, մէջը ըլլալով իր կեանքը զոհել։