ԴԱՍ 17
Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
‘Երկինքն ու երկիրը Ստեղծողը’ կ’ուզէ մեր աղօթքները լսել (Սաղմոս 115։15)
1, 2. Աղօթքը ինչո՞ւ յատուկ նուէր մըն է եւ ինչո՞ւ պէտք է գիտնանք որ Աստուածաշունչը անոր մասին ինչ կը սորվեցնէ։
ԵԹԷ երկիրը տիեզերքին հետ բաղդատենք, անիկա շատ պզտիկ է։ Եհովային աչքին բոլոր ազգերը դոյլէ մը կաթած ջուրի կաթիլի պէս են (Սաղմոս 115։15. Եսայի 40։15)։ Ճիշդ է որ տիեզերքին նայելով մենք շատ պզտիկ ենք, բայց Սաղմոս 145։18, 19–ն կ’ըսէ. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք»։ Ի՜նչ մեծ պատիւ է որ Եհովան՝ ամենակարող Ստեղծիչը, կ’ուզէ մեզի մօտիկ ըլլալ եւ մեր աղօթքները լսել։ Այո՛, աղօթքը Եհովայէն յատուկ նուէր մըն է ամէն մէկուս։
2 Բայց Եհովան մեզ կը լսէ միայն՝ երբ իրեն աղօթենք ի՛ր ուզած կերպով։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Տեսնենք որ Աստուածաշունչը աղօթքի մասին ի՛նչ կ’ըսէ։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՂՕԹԵՆՔ
3. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովային աղօթես։
3 Եհովան կ’ուզէ որ իրեն հետ խօսիս կամ իրեն աղօթես։ Ասիկա ուրկէ՞ գիտենք։ Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7։ Երեւակայէ. տիեզերքի Ստեղծիչը քեզմով շատ հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ որ իրեն պատմես զգացումներդ եւ խնդիրներդ։
4. Միշտ Եհովային աղօթելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ իրեն հետ մտերմանաս։
4 Աղօթքը կ’օգնէ որ Եհովային մտերիմ բարեկամը դառնանք։ Երբ բարեկամներ միշտ իրարու հետ խօսին իրենց մտածումներուն, մտահոգութիւններուն եւ զգացումներուն մասին, կը մտերմանան։ Նոյնն է պարագան աղօթքին։ Եհովան Սուրբ Գիրքին միջոցաւ քեզի կ’ըսէ իր մտածումներն ու զգացումները եւ թէ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ։ Դուն ալ, երբ միշտ իրեն աղօթես, կրնաս ամէնէն խոր զգացումներդ իրեն ըսել։ Այսպիսով, իրեն հետ աւելի պիտի մտերմանաս (Յակոբոս 4։8)։
Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ԼՍԷ
5. Ուրկէ՞ գիտենք որ Եհովան բոլոր աղօթքները չի լսեր։
5 Եհովան բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ։ Ո՛չ։ Եսայի մարգարէին օրերուն, Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են» (Եսայի 1։15)։ Ուրեմն, եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք ընել բաներ, որոնք Եհովան կ’ատէ եւ այդ պատճառով ան կրնայ մեր աղօթքները չլսել։
6. Հաւատքը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է եւ ինչպէ՞ս ցոյց կու տաս որ հաւատք ունիս։
6 Եթէ կ’ուզենք որ Եհովան մեր աղօթքները լսէ, պէտք է իրեն հանդէպ հաւատք ունենանք (Մարկոս 11։24)։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Առանց հաւատքի անհնար է [կամ անկարելի է] Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց [կամ կը վարձատրէ անոնք], որ զինք կը փնտռեն» (Եբրայեցիս 11։6)։ Բայց հաւատքը ինքնին բաւարար չէ։ Պէտք է մեր հաւատքը ցոյց տանք գործերով, այսինքն՝ ամէն բանի մէջ Եհովային հնազանդելով (կարդա՛ Յակոբոս 2։17)։
7. ա) Ինչո՞ւ պէտք է Եհովային խոնարհութեամբ եւ յարգանքով աղօթենք։ բ) Երբ կ’աղօթենք, ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ անկեղծ ենք։
7 Պէտք է Եհովային խոնարհութեամբ եւ յարգանքով աղօթենք։ Ինչո՞ւ։ Օրինակ, եթէ թագաւորի կամ նախագահի մը հետ խօսելու ըլլանք, յարգանքով կը խօսինք։ Եհովան Ամենակարող Աստուածն է. ուրեմն, երբ իրեն հետ կը խօսինք պէտք չէ՞ աւելի՛ յարգանքով խօսինք եւ խոնարհ ըլլանք (Ծննդոց 17։1. Սաղմոս 138։6)։ Պէտք է նաեւ անկեղծօրէն եւ սրտանց Եհովային աղօթենք, եւ ո՛չ թէ նոյն խօսքերը անդադար կրկնենք (Մատթէոս 6։7, 8)։
8. Երբ բանի մը մասին աղօթենք, ուրիշ ի՞նչ ալ պէտք է ընենք։
8 Իսկ երբ բանի մը մասին կ’աղօթենք, պէտք է մեր կարելին ընենք որ մեր աղօթքներուն համաձայն գործենք։ Օրինակ, եթէ Եհովային աղօթենք որ մեր ամէն օրուան պէտքերը տայ, չենք կրնար ծոյլ–ծոյլ նստիլ եւ սպասել որ Եհովան մեզի ամէն բան տայ, հակառակ անոր որ աշխատելու կարող ենք։ Պէտք է շատ աշխատինք եւ ընդունինք որեւէ գործ որ կրնանք ընել (Մատթէոս 6։11. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10)։ Կամ եթէ Եհովային աղօթենք որ մեզի օգնէ որ սխալ բան մը ընելէ դադրինք, պէտք է հեռու կենանք որեւէ պարագայէ որ կրնայ մեզ փորձութեան մէջ ձգել (Կողոսացիս 3։5)։ Հիմա նկատի առնենք աղօթքի մասին կարգ մը հարցումներ, որոնք ընդհանրապէս մարդիկ կը հարցնեն։
ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
9. Որո՞ւն պէտք է աղօթենք։ Յովհաննէս 14։6–ը աղօթքի մասին մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։
9 Որո՞ւն պէտք է աղօթենք։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն մեր ‘Հօր որ երկինքն է’ (Մատթէոս 6։9)։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Ուրեմն պէտք է միա՛յն Եհովային աղօթենք Յիսուսին անունով։ Ի՞նչ ըսել է Յիսուսին անունով աղօթել։ Որպէսզի Եհովան մեր աղօթքները ընդունի, պէտք է յարգենք Յիսուսին յատուկ դիրքը որ Եհովան իրեն տուած է։ Ինչպէս որ սորվեցանք, Յիսուս երկիր եկաւ որ մեզ մեղքէն ու մահէն ազատէ (Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 5։12)։ Եհովան նաեւ Յիսուսը նշանակած է Քահանայապետ եւ Դատաւոր (Յովհաննէս 5։22. Եբրայեցիս 6։20)։
Կրնաս որեւէ ատեն աղօթել
10. Պէ՞տք է ծունկի գանք երբ կ’աղօթենք. բացատրէ։
10 Պէ՞տք է ծունկի գանք երբ կ’աղօթենք։ Ո՛չ, Եհովան մեզմէ չի պահանջեր որ ծունկի գանք, նստինք կամ կայնինք երբ կ’աղօթենք։ Աստուածաշունչէն կը սորվինք որ պէտք է յարգանքով աղօթենք՝ ի՛նչ դիրք որ ալ առած ըլլանք (Ա. Մնացորդաց 17։16. Նէեմիա 8։6. Դանիէլ 6։10. Մարկոս 11։25)։ Եհովային համար ամէնէն կարեւորը ո՛չ թէ մեր առած դիրքն է, հապա որ իրեն աղօթենք յարգանքով եւ ամբողջ սրտով։ Մենք կրնանք աղօթել բարձրաձայն կամ մեր մտքէն, ո՛ւր որ ալ ըլլանք եւ որեւէ ատեն։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ նոյնիսկ երբ մեր մտքէն աղօթենք, Եհովան մեզ պիտի լսէ (Նէեմիա 2։1-6)։
11. Ի՞նչ բաներու մասին կրնանք Եհովային աղօթել։
11 Ինչի՞ մասին կրնանք աղօթել։ Կրնանք աղօթել որեւէ բանի մասին որ Եհովային կամքին համաձայն է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհաննէս 5։14)։ Կրնա՞նք անձնական բաներու մասին աղօթել։ Այո՛։ Եհովային աղօթելը պէտք է մտերիմ բարեկամի մը հետ խօսելուն պէս ըլլայ։ Կրնանք մեր մտքին ու սրտին մէջինը Եհովային ըսել (Սաղմոս 62։8)։ Կրնանք իրմէ խնդրել իր սուրբ հոգին, որ մեզի օգնէ ճիշդը ընելու (Ղուկաս 11։13)։ Կրնանք նաեւ Եհովայէն իմաստութիւն խնդրել որ ճիշդ որոշումներ առնենք, եւ աղօթել որ մեզի ոյժ տայ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար (Յակոբոս 1։5)։ Պէտք է Եհովայէն խնդրենք որ մեր մեղքերը ներէ (Եփեսացիս 1։3, 7)։ Պէտք է ուրիշներուն համար ալ աղօթենք, օրինակ՝ մեր ընտանիքին եւ ժողովքին եղբայրներուն ու քոյրերուն համար (Գործք 12։5. Կողոսացիս 4։12)։
12. Մեր աղօթքներուն մէջ ամէնէն կարեւորը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
12 Մեր աղօթքներուն մէջ ամէնէն կարեւորը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Եհովան եւ իր կամքը։ Օրինակ, մենք պէտք է իրմէ սրտանց շնորհակալ ըլլանք ամէն բանի համար որ ըրած է մեզի համար (Ա. Մնացորդաց 29։10-13)։ Լաւ, ինչո՞ւ պէտք է մասնաւորաբար աղօթենք Եհովային եւ իր կամքին մասին։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս աղօթել (կարդա՛ Մատթէոս 6։9-13)։ Ան ըսաւ որ անոնք նախ պէտք է աղօթեն որ Աստուծոյ անունը սուրբ ըլլայ կամ սրբացուի։ Ետքը պէտք է խնդրեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ Եհովային կամքը ըլլայ ամբողջ երկրի վրայ։ Միայն այդ շատ կարեւոր բաներուն մասին աղօթելէ ետքն է որ Յիսուս ըսաւ որ աղօթենք մեր անձնական պէտքերուն մասին։ Երբ Եհովան եւ անոր կամքը մեր աղօթքներուն մէջ առաջին տեղը դնենք, ցոյց կու տանք որ ի՛նչը մեզի համար ամէնէն կարեւորն է։
13. Մեր աղօթքները որքա՞ն երկար պէտք է ըլլան։
13 Մեր աղօթքները որքա՞ն երկար պէտք է ըլլան։ Ասոր մասին Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Մեր աղօթքները կրնան կարճ կամ երկար ըլլալ. պարագայէն կախեալ է։ Օրինակ, կրնանք ճաշելէ առաջ կարճ աղօթք ընել, իսկ երկար աղօթել, երբ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք կամ մեր մտահոգութիւններուն մասին կը խօսինք (Ա. Թագաւորաց 1։12, 15)։ Բայց մենք երկար չենք աղօթեր ուրիշները տպաւորելու համար, ինչպէս որ Յիսուսի օրերուն կարգ մը մարդիկ ըրին (Ղուկաս 20։46, 47)։ Եհովան այս տեսակ աղօթքներ չ’ընդունիր։ Իրեն համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք սրտանց աղօթենք։
14. Որքա՞ն յաճախ պէտք է աղօթենք, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
14 Որքա՞ն յաճախ պէտք է աղօթենք։ Եհովան կ’ուզէ որ միշտ իրեն աղօթենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ պէտք է ‘ստէպ [կամ շարունակ] աղօթքի կենանք’, ‘անդադար աղօթք ընենք’ եւ ‘գիշեր ցերեկ աղօթենք’ (Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Ա. Տիմոթէոս 5։5)։ Եհովան միշտ պատրաստ է մեզի մտիկ ընելու։ Կրնանք ամէն օր իրմէ շնորհակալ ըլլալ մեզ սիրելուն եւ առատաձեռն ըլլալուն համար։ Կրնանք նաեւ խնդրել որ մեզ առաջնորդէ, զօրացնէ եւ մխիթարէ։ Եթէ Եհովային աղօթելը իրապէս կ’արժեւորենք, ամէն առիթ պիտի օգտագործենք որ իրեն հետ խօսինք։
15. Ինչո՞ւ աղօթքի վերջաւորութեան պէտք է «ամէն» ըսենք։
15 Ինչո՞ւ աղօթքի վերջաւորութեան պէտք է «ամէն» ըսենք։ «Ամէն» բառը կը նշանակէ «թող այդպէս ըլլայ»։ «Ամէն» ըսելով ցոյց կու տանք որ այն ինչ որ ըսինք՝ անկեղծօրէն ըսինք (Սաղմոս 41։13)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ երբ ուրիշը աղօթէ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր մտքէն կամ բարձրաձայն «ամէն» ըսենք, ցոյց տալու համար որ իր ըսածներուն համաձայն ենք (Ա. Մնացորդաց 16։36. Ա. Կորնթացիս 14։16)։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
16. Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ՞. բացատրէ։
16 Եհովա Աստուած մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ՞։ Այո՛, կը պատասխանէ։ Աստուածաշունչը Եհովան կը կոչէ «աղօթքի լսող» (Սաղմոս 65։2)։ Ան միլիոնաւորներու անկեղծ աղօթքները կը լսէ ու կը պատասխանէ. եւ ասիկա կ’ընէ շատ մը կերպերով։
17. Եհովան ինչպէ՞ս հրեշտակներուն եւ երկրի վրայ իր ծառաներուն միջոցաւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։
17 Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ հրեշտակներուն եւ երկրի վրայ իր ծառաներուն միջոցաւ (Եբրայեցիս 1։13, 14)։ Շատեր աղօթքով օգնութիւն խնդրած են որ Աստուածաշունչը հասկնան կամ Աստուած ճանչնան, եւ շատ չանցած Եհովայի վկայ մը իրենց այցելած է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ ամբողջ երկրի վրայ «աւետիսը» կամ բարի լուրը կը քարոզուի հրեշտակներուն առաջնորդութեամբ (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6)։ Ասկէ զատ, մեզմէ շատեր խնդիրի կամ պէտքի մը մասին Եհովային աղօթելէ ետք, եղբայր մը կամ քոյր մը իրենց օգնութեան հասած է (Առակաց 12։25. Յակոբոս 2։16)։
Եհովան կրնայ մեր աղօթքներուն պատասխանել մեր եղբայրներուն միջոցաւ
18. Եհովան ինչպէ՞ս իր սուրբ հոգիին եւ Աստուածաշունչին միջոցաւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։
18 Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ ալ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Երբ աղօթքով Եհովայէն խնդրենք որ խնդիրի մը հետ գլուխ ելլենք, ան կրնայ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզ առաջնորդել եւ զօրացնել (Բ. Կորնթացիս 4։7)։ Եհովան նաեւ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ եւ մեզի կ’օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Երբ Սուրբ Գիրքը կարդանք, թերեւս գտնենք համարներ, որոնք կրնան մեզի օգնել։ Ասկէ զատ, Եհովան կրնայ մէկը մղել որ ժողովի ատեն տայ պատասխան մը, որուն պէտք ունինք կամ ալ կրնայ մղել երէց մը, որ Աստուածաշունչէն կէտ մը նկատի առնէ մեզի հետ (Գաղատացիս 6։1)։
19. Ինչո՞ւ թերեւս այնպէս երեւի որ Եհովան մեր աղօթքներուն չի պատասխաներ։
19 Բայց թերեւս երբեմն հարց տանք. ‘Եհովան ինչո՞ւ մինչեւ հիմա աղօթքիս չի պատասխաներ’։ Յիշէ որ ան գիտէ թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ Ան գիտէ թէ մենք ինչի՛ պէտք ունինք։ Թերեւս պէտք է շարունակենք որոշ ժամանակ նոյն խնդրանքին համար աղօթել, որ ցոյց տանք թէ մեր խնդրանքը իրապէս կարեւոր է մեզի համար եւ թէ հաւատք ունինք որ Եհովան մեր աղօթքին պիտի պատասխանէ (Ղուկաս 11։5-10)։ Երբեմն Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ կերպով մը՝ որ չենք սպասեր։ Օրինակ, թերեւս աղօթենք դժուար պարագայի մը մասին, բայց ան խնդիրը լուծելու տեղ, թերեւս մեզ զօրացնէ որ անոր դիմանանք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13)։
20. Ինչո՞ւ պէտք է յաճախ Եհովային աղօթենք։
20 Մեզի համար ի՜նչ մեծ պատիւ է Եհովային աղօթել։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզ պիտի լսէ (Սաղմոս 145։18)։ Եւ որքա՛ն յաճախ իրեն սրտանց աղօթենք, այնքա՛ն աւելի պիտի մտերմանանք իրեն հետ։