Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կս դաս 13 էջ 16
  • Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել
  • Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հետաքրքրական բացում պատրաստել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Ջանալ սրտին հասնիլ
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Խանդավառութեամբ խօսիլ
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Արժէքաւոր տեղեկութիւն տալ
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
Տես աւելին
Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
կս դաս 13 էջ 16

ԴԱՍ 13

Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել

Նշուած համար

Առակաց 3։21

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողներուն օգնել, որ հասկնան թէ նիւթը ինչպէ՛ս կ’ազդէ իրենց կեանքին եւ ցոյց տալ որ իրենց սորվածը ինչպէ՛ս կրնան գործադրել։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն մասին մտածէ։ Մտածէ, թէ անոնք ինչո՛ւ պէտք ունին տեղեկութիւններուդ։ Եւ նկատի առ, թէ նիւթին ո՛ր մասը մասնաւորաբար օգտակար պիտի ըլլայ իրենց։

  • Երբ նիւթը կը ներկայացնես, քեզի մտիկ ընողներուն ցոյց տուր անոր գործնական ըլլալը։ Նիւթին սկիզբէն իսկ անոնք պէտք է որ իրենք իրենց ըսեն. ‘Այս նիւթը ինծի՛ համար է’։ Ամէն մէկ գլխաւոր կէտ զարգացնելէ ետք, ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս կարելի է ատիկա գործադրել։ Մասնայատուկ կէտեր փոխանցէ։

    Գործնական առաջարկ

    Սիրալիր եւ կարեկից ոճով ցոյց տուր, որ ինչպէ՛ս կարելի է Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել։ Փոխանակ քեզի մտիկ ընողները յանցաւոր զգացնելու, անոնց սէրը եւ հաւատքը զօրացուր եւ ցոյց տուր որ վստահ ես որ ճիշդը պիտի ընեն։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Երբ քարոզելու կը պատրաստուիս, տես թէ վերջին լուրերը ինչ են եւ թէ թաղամասի մարդիկը ո՛ր նիւթերով հետաքրքրուած են։ Իսկ երբ նկատես որ անոնք ուրիշ նիւթերով հետաքրքրուած են՝ ըսելիքդ ատոնց յարմարցուր։ Տանտէրին փափկանկատ հարցումներ հարցուր, որ կարենայ իր մտահոգութիւններն ու հետաքրքրութիւնները հանգիստ կերպով արտայայտել։ Անոր ուշի–ուշով մտիկ ընելէ ետք, ըսելիքդ յարմարցուր։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել