Մաս 3–ի վերաքաղ
Ուսուցիչիդ հետ նկատի առ այս հարցումները.
1. Կարդացէ՛ք Առակաց 27։11։
Ինչո՞ւ կ’ուզես Եհովային հաւատարիմ ըլլալ։
(Տե՛ս Դաս 34)
2. Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ որոշումներ առնել, երբ Սուրբ Գիրքը մասնաւոր պատուէր չէ տուած։
(Տե՛ս Դաս 35)
3. Ինչպէ՞ս կրնաս ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալ։
(Տե՛ս Դաս 36)
4. Կարդացէ՛ք Մատթէոս 6։33։
Գործի եւ դրամական հարցերու մէջ, ինչպէ՞ս կրնաս շարունակել ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը’։
(Տե՛ս Դաս 37)
5. Ինչպէ՞ս կրնաս կեանքը արժեւորել, ինչպէս որ Եհովան կ’արժեւորէ։
(Տե՛ս Դաս 38)
6. Կարդացէ՛ք Գործք 15։29։
Ինչպէ՞ս կրնաս արեան նկատմամբ Եհովայի պատուէրին հնազանդիլ։
Քու կարծիքովդ, Եհովայի պահանջածը տրամաբանակա՞ն է։
(Տե՛ս Դաս 39)
7. Կարդացէ՛ք Բ. Կորնթացիս 7։1։
Ի՞նչ կը նշանակէ ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս մաքուր ըլլալ։
(Տե՛ս Դաս 40)
8. Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։9, 10։
Ի՞նչ է Սուրբ Գիրքին տեսակէտը սեռային յարաբերութեան մասին։ Ատոր համաձա՞յն ես։
Սուրբ Գիրքը ի՞նչ ուղղութիւններ կու տայ խմիչք գործածելուն նկատմամբ։
9. Կարդացէ՛ք Մատթէոս 19։4-6, 9։
Ի՞նչ է ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշը։
Ինչո՞ւ ամուսնութիւնները եւ ամուսնալուծումները պէտք է որ օրինապէս արձանագրուին։
(Տե՛ս Դաս 42)
10. Եհովան ո՞ր կարգ մը տօներուն չի հաճիր, եւ ինչո՞ւ։
(Տե՛ս Դաս 44)
11. Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 17։16 եւ Գործք 5։29։
Ինչպէ՞ս կրնաս չէզոք ըլլալ։
Եթէ մարդուն դրած օրէնքը հակառակ է Աստուծոյ դրած օրէնքին, ի՞նչ պիտի ընես։
(Տե՛ս Դաս 45)
12. Կարդացէ՛ք Մարկոս 12։30։
Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, որ Եհովան կը սիրես։