Հիմա է ժամանակը Եհովան փնտռելու
«Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, որպէսզի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, որ Աստուած փնտռէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 14։2
1, 2. (ա) Շատեր ինչպէ՞ս կը նկատեն ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան։ (բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովա անտեղեակ չէ մարդոց անտարբերութենէն։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ, ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան, մերժուած է անաստուածներուն, երեւութապաշտներուն, կեղծ աստուածներ պաշտողներուն եւ այն միլիոնաւորներուն կողմէ, որոնք կը դաւանին Աստուծոյ հաւատալ, բայց իրենց գործերով կ’ուրանան զինք։ (Տիտոս 1։16) Շատեր, ԺԹ. դարու Գերմանացի իմաստասէրին՝ Նիչէի նման կը հաւատան թէ «Աստուած մեռած է»։ Արդեօք Եհովա այս ամբողջական անտարբերութենէն անտեղեա՞կ է։ Ոչ, քանի որ ան ներշնչեց Դաւիթը գրելու. «Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ ‘Աստուած չկայ’։ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին. մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ»։—Սաղմոս 14։1
2 Դաւիթ շարունակեց. «Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, որպէսզի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, որ Աստուած փնտռէ»։ Այո, Գերիշխան Տէրը տեղեակ է թէ որո՛նք կը ջանան զինք ճանչնալ եւ իրեն ծառայել։ Հետեւաբար, հիմա ջանախնդրութեամբ զինք փնտռելը կենսական է։ Ասիկա է որ տարբերութիւն պիտի դնէ յաւիտենական կեանքին եւ յաւիտենական բնաջնջումին միջեւ։—Սաղմոս 14։2. Մատթէոս 25։41, 46. Եբրայեցիս 11։6
3. Ապագայի ի՞նչ հաւանականութիւն կայ։
3 Ուստի, կը տեսնենք թէ որքա՛ն կարեւոր է ուրիշներուն օգնել որ հիմա Եհովան փնտռեն։ Տակաւին միլիոնաւոր անհատներ կան որոնք Եհովայի Վկայի մը չեն հանդիպած, ոչ ալ «թագաւորութեան բարի լուրը» լսած են։ Իսկ, «մեծ նեղութենէն» առաջ, ‘մեծ բազմութեան’ թիւը որքա՛ն պիտի մեծնայ՝ չենք գիտեր։ Սակայն, վստահաբար հաւանականութիւնը կայ որ տակաւին շատեր Եհովա Աստուածը փնտռեն ու գտնեն զինք մօտ ապագային, շա՜տ ուշ է ըլլալէ առաջ։ Արդ կը հարցնենք. Ի՞նչ կրնանք ընել բիւրաւոր անհատներու օգնելու որ Աստուած գտնեն։—Մատթէոս 24։14, ՆԱ. Յայտնութիւն 7։9, 14
4, 5. Շատեր երբ աստուած մը կը փնտռեն, ի՞նչ կը նախընտրեն։
4 Աշխարհի մէջ շատեր հիմա կը փնտռեն, բայց՝ ի՞նչ։ Շատ քիչեր իրապէս ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան կը փնտռեն։ Շատեր կը նախընտրեն աստուած մը, որ իրենց անձնական փափաքներուն եւ նախապաշարումներուն յարմարի։ Ինչպէս Մ.Ն. հարցախոյզ Ճորճ Կէլլըբ նշեց. «Իրապէս շատ տարբերութիւն մը չի գտնուիր եկեղեցի գացողներուն եւ չգացողներուն միջեւ, խաբելու, տուրքէ փախելու եւ շորթումի առնչութեամբ, մեծաւ մասամբ քանի որ շատ մը ընկերային կրօնքներ կան»։ Ան կ’աւելցնէ թէ «շատեր կրօնք մը մէջտեղ կը հանեն, որ իրենց համար հանգստաւէտ է եւ կը խտղտացնէ զիրենք ...։ Անհատ մը զայն կոչեց ճաշակի համաձայն կրօնք մը»։
5 Ուրիշներ պիտի ըսեն՝ «Իմ կրօնքս լաւ է ինծի համար»։ Իրականութեան մէջ հարցումը պէտք է ըլլայ. «Իմ կրօնքս լա՞ւ է Աստուծոյ համար»։ Ճիշդ է որ Քրիստոնեայ Աշխարհին եւ Պրահմանականութեան մէջ շատեր կը գոհանան իրենց պատկերներն ու կուռքերը պաշտելով։ Այդպէս կոչուած շատ մը Քրիստոնեաներ կը խորհին թէ անանուն Երրեակ աստուած մը բաւարար է իրենց համար։ Իսկ աւելի քան 900 միլիոն Մահմետականներ Ալլահ–ին կը հաւատան։ Իսկ միւս կողմէ, միլիոնաւոր անաստուածներ կ’ըսեն թէ Աստուած չկայ։
Օգնութեան կարիքը ունեցողներ
6. Դիտարանի ընթերցողներէն շատեր ի՞նչ երեւան հանած են։
6 Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այս պարբերաթերթը կանոնաւորաբար կարդացողներուս մասին։ Մենք ճշմարիտ Աստուածը փնտռած եւ զայն գտած ենք։ Փաստած ենք որ Յակոբու 4։8–ի խօսքերը ճշմարիտ են, ուր կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Քրիստոնէական ժողովքին հետ գործօն կերպով ընկերակցելով, Աստուծոյ աւելի մօտեցած եւ անձնապէս փորձառութիւնը ունեցած ենք թէ Եհովա ի՛նչպէս աւելի մօտ է մեզի։—Յովհաննու 6։44, 65
7. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ տակաւին շատեր կան որոնք ճշմարտութեան մէջ գործունեայ ըլլալով հետաքրքրուած են։
7 Սակայն, գիտենք որ տակաւին շատեր կան, որոնք ուրախութեամբ պարբերաբար կ’ընկերակցին Եհովայի ժողովուրդին հետ, բայց տակաւին դրական քայլ մը չեն առած նուիրումով եւ մկրտութեամբ Եհովայի մօտենալու։ Ինչպէ՞ս գիտենք ասիկա։ 1990–ին, մօտաւորապէս տասը միլիոն անհատներ ներկայ եղան Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին։ Բայց քանի՞ հոգի գործօն կերպով կը հրատարակէ Թագաւորութեան բարի լուրը։ Չորս միլիոնէ քիչ մը աւելի։ Ասիկա կը նշանակէ որ տակաւին ունինք շուրջ վեց միլիոն անհատներ որոնք բարեկամական կեցուածք մը ունին ճշմարտութեան հանդէպ եւ որոնք երբեմն մեզի հետ ընկերակցելէն հաճոյք կ’առնեն, բայց տակաւին Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով ճշմարտութեան մաքուր լեզուն ուրիշներուն չեն սկսած յանձնարարել։ Անկասկած, ասոնցմէ շատեր պատահաբար կը խօսին Եհովայի եւ իր Թագաւորական իշխանութեան մասին։ Բայց եւ այնպէս, անոնք տակաւին իրենք զիրենք յստակօրէն չեն ճանչցուցած որպէս Եհովայի Վկաներ։ Ասոնց ալ կ’ուզենք օգնել։—Սոփոնեայ 3։9. Մարկոս 13։10
8, 9. (ա) Եհովա ի՞նչ ընել կը քաջալերէ մեզ։ (բ) Ինչո՞ւ յիմարութիւն է Եհովայի խրատը մերժել։
8 Կ’ուզենք անոնց քաջալերել որ Եհովայի ուրախ եւ գործունեայ Վկաները ըլլան, հիմա համաշխարհային տարողութեամբ կատարուող մեծ գործին այս վերջնագոյն աստիճանին։ Հաճեցէք նկատի առնել Առակաց 1։23–ի մէջ տրուած Եհովայի սիրալիր հրաւէրը. «Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։ Ահա իմ հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ, իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ»։ (Բաղդատել Յովհաննու 4։14)։ Որքա՜ն խրախուսիչ է գիտնալ թէ Եհովա իր կարգին պիտի ընդառաջէ, երբ մենք իր անունով եւ պաշտամունքով ճանչցուելու դրական քայլերը առնենք։ Վստահաբար, չենք ուզեր Առակաց 1։24, 25–ի մէջ նկարագրուած անհատներուն մէջ գտնուիլ. «Որովհետեւ ես կանչեցի ու դուք չուզեցիք լսել. ձեռքս երկնցուցի ու մտիկ ընող չեղաւ։ Հապա իմ բոլոր խրատներս մերժեցիք եւ իմ յանդիմանութիւնս չուզեցիք»։
9 Անոնք որոնք կ’անտեսեն Եհովան փնտռելու խրատը՝ երբ տակաւին կը գտնուի՝ եւ կը յետաձգեն իրենց որոշումը մինչեւ մեծ նեղութեան սկսիլը տեսնեն, պիտի անդրադառնան որ շա՜տ երկար սպասած են։ Այսպիսի ընթացք մը հաւատքի եւ իմաստութեան պակաս եւ Եհովայի անարժան ողորմութեան հանդէպ անարգանք ցոյց կու տայ։—Բ. Կորնթացիս 6։1, 2
10. Ինչո՞ւ անզգայութիւնը եւ անտարբերութիւնը վտանգաւոր են։
10 Անմիջապէս գործի լծուելու կարիքը ցոյց տալու համար, օրինակ մը կ’ուզենք տալ. բժիշկի մը լաւ խրատին պիտի հետեւէիք միայն երբ կրկի՞ն թոքատապ ունենայիք, թէ ոչ՝ հիւանդութեան առաջին ախտանշանները նշմարելէ ետք։ Ուստի, ինչո՞ւ աւելի երկար սպասել Սատանայի հիւանդոտ աշխարհէն զատուելու եւ Եհովայի ու իր Վկաներուն կողմը անցնելու համար։ Անզգայութեան, անտարբերութեան եւ անտեսումի հետեւանքները որոշ են Առակաց 1։26–29–ի մէջ. «Ես ալ ձեր թշուառութեանը վրայ պիտի ծիծաղիմ ու ձեր վախը հասնելուն՝ ծաղր պիտի ընեմ։ ... Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն ու պատասխան պիտի չտամ. զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել. որովհետեւ գիտութիւնը ատեցին ու Տէրոջը վախը չընտրեցին»։ Մենք ալ ‘չփնտռենք Եհովան’, երբ արդէն շա՜տ ուշ է։
11. Աստուծոյ ծառայել փափաքողներուն համար ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։
11 Այս պարբերաթերթը կարդացողներէն ոմանք թերեւս տակաւին ճշմարիտ Աստուածը փնտռելու ետեւէ են։ Ուրախ ենք որ կը յարատեւէք ձեր փնտռտուքին մէջ։ Կ’աղօթենք որ Աստուածաշունչի ձեր գիտութիւնը ձեզ մղէ որ ճշմարտութեան համար դրական յաւելեալ քայլեր առնէք։ Վստահ եղէք որ Եհովայի Վկաներու իւրաքանչիւր ժողովք պատրաստ է ձեզի օգնելու ձեր փնտռտուքին մէջ։—Փիլիպպեցիս 2։1–4
Նախանձախնդրութեան եւ գործի անցնելու ժամանակ
12, 13. Ճշմարիտ պաշտամունքին առնչութեամբ, ինչո՞ւ պէտք է գործի անցնինք։
12 Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ բոլորս գործի անցնինք, ցոյց տալու համար որ Եհովա Աստուծոյ եւ իր ճշմարիտ պաշտամունքին հետ ենք։ Քանի որ աշխարհի դէպքերը դէպի իրենց բարձրակէտը կ’ընթանան։ Պատմութեան էջերը կարդալու չհասցուելէն աւելի արագ կը դառնան։ Հիմա ժամանակը չէ վերապահ կամ գաղջ ըլլալու։ Յիսուս շատ յստակօրէն նշեց. «Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը»։—Մատթէոս 12։30. Ղուկաս 9։26
13 Հիմա՛ է նախանձախնդրութեան եւ գործի անցնելու ժամանակը։ Գիտենք թէ աշխարհի դէպքերը ո՛ր ուղղութեամբ կ’ընթանան եւ Արմագեդոնը հորիզոնին վրայ կ’երեւնայ։ Ուստի, տրուած կոչն է՝ հիմա՛, ‘իր բարկութեան օրը’ գալէն առաջ, Եհովան փնտռենք, երբ տակաւին կրնանք գտնել զինք։ Մեծ նեղութեան ատեն, շա՜տ ուշ պիտի ըլլայ։—Սոփոնեայ 2։2, 3. Հռովմայեցիս 13։11, 12. Յայտնութիւն 16։14, 16
14. Աստուած փնտռելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։
14 Իրապէս, բոլոր մարդկութիւնը հիմա պէտք է փնտռէ Աստուծոյ հաճութիւնը։ Պօղոս առաքեալ այս մասին տեղին ըլլալով արտայայտուեցաւ Գործք 17։26–28–ի մէջ. «[Աստուած] բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ, որպէսզի բոլոր երկրի երեսին վրայ բնակին եւ որոշուած ժամանակներ հաստատեց ու անոնց բնակութեան սահմանները՝ Աստուած փնտռելու. որպէսզի խարխափելով զինք գտնեն. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ. վասնզի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք»։ Վերջին արտայայտութիւնը՝ «վասնզի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք»՝ բաւարար պատճառ կու տայ մեզի Աստուած փնտռելու։ Եհովայի անարժան ողորմութեան շնորհիւ, գոյութիւն ունինք այս շատ փոքր երկրին նեղ բայց կենսական կենսագունդին մէջ։ Երախտապարտ պէտք չէ՞ ըլլանք տիեզերքի Գերիշխան Տիրոջ եւ զայն պէտք չէ՞ արտայայտենք գործնական բառերով։—Գործք 4։24
15. (ա) Ըստ պատմաբան Արլոնտ Թոյնպիի, վսեմ կրօնքին նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ (բ) Աստուած կարենալ փառաբանելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
15 Առիթով մը պատմաբան Արնոլտ Թոյնպի գրեց. «Վսեմ կրօնքի մը իրական նպատակն է իր էութիւնը կազմող հոգեւոր խրատներ եւ ճշմարտութիւններ ճառագայթել իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եղած աւելի շատ հոգիներու մէջ, որպէսզի այս հոգիներէն իւրաքանչիւրը անկէ ետք կարենայ Մարդուն իրական վախճանը իրագործել։ Մարդուն իրական վախճանն է Աստուած փառաբանել եւ յաւիտեան Անոր հաճոյ ըլլալ»։ (Պատմաբանի մը Մերձեցումը Կրօնքի Հանդէպ, էջ 268–9, [Անգլ.]) Աստուած փառաբանելու համար, նախ պէտք է զինք փնտռենք եւ իր ու իր նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգենք։ Ուստի, Եսայիի կոչը շատ տեղին է. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։ Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր ու մեր Աստուծոյն՝ վասնզի անիկա առատապէս կը ներէ»։—Եսայեայ 55։6, 7
Գործնական ի՞նչ օգնութիւն կրնանք մատուցանել
16. (ա) Քրիստոնէական ժողովը ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ։ (բ) Գործնական ի՞նչ կերպով կրնանք ուրիշներուն օգնել որ Եհովայի ծառայեն։
16 Այն միլիոնաւոր հետաքրքրուող անհատները որոնք տակաւին գործօն հրատարակիչներ չեն, մարտահրաւէր մըն են բոլորիս համար։ Որպէս երէցներ, օգնական ծառաներ, ռահվիրաներ կամ հրատարակիչներ, գործնական ի՞նչ կ’ընենք որպէսզի ճշմարտութեան հանդէպ բարեկամական եղողները մեզի հետ ճշմարիտ պաշտամունքին մասնակից ըլլան։ Գործնական օգնութիւն մատուցանելու կերպերէն մէկն է անոնց տուները երթալ եւ զանոնք Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու տանիլ, որպէսզի անոնք ալ կարենան կանոնաւորաբար Եհովայի հոգիին օգուտները վայելել։ Պօղոսի խրատը, Եբրայեցիս 10։24, 25–ի մէջ, նոյնքան ստիպողական է հիմա, որքան՝ այդ ատեն. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ Եհովայի բարեացակամութիւնը վայելել փափաքող բոլոր անհատները կը քաջալերենք որ կանոնաւորաբար ընկերակցին Եհովայի Վկաներուն հետ, իրենց տեղւոյն Թագաւորութեան Սրահին մէջ։
17. Եթէ Աստուածաշունչը սերտողներուն պիտի օգնենք որ Եհովան փնտռելու մէջ յառաջդիմեն, ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։
17 Եթէ Աստուածաշունչը կը սերտենք մէկու մը հետ, որ կանոնաւորաբար ժողովներու կը յաճախէ, կրնա՞նք անոր օգնել որ բարի լուրի հրատարակիչ մը ըլլալու որակելի ըլլայ։ (Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը Ընելու Համար՝ Կազմակերպուած, էջ 97–9, [Անգլ.])։ Ան չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալէ ետք, զինք կը հրաւիրե՞նք որ մեզի հետ կանոնաւորաբար հանրային քարոզչութեան գործին եւ մեր կարգ մը դասերուն եւ վերայցելութիւններուն գայ։ (Տես՝ Դեկտեմբեր 1, 1989–ի Դիտարանը, էջ 31, [Անգլ.])։ Ուրիշ խօսքով, այս նորեկները որակելի ըլլալէ ետք, զիրենք կը քաջալերե՞նք որ մեր քարոզչութեան գործունէութեան կարգ մը դրական արդիւնքները ուղղակի տեսնեն։—Մատթէոս 28։19, 20
Եհովան փնտռուելու արժանի է
18. Եհովա իր ողորմութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուած է մարդկութեան հանդէպ։
18 Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին պատճառաւ, Եհովա մեր անցեալի մեղքերը նկատի չ’առներ եւ մեզ չ’արհամարհեր, եթէ զղջանք եւ հաւատք ի գործ դնենք։ Նկատի առէք Դաւիթի խօսքերը. «Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասնզի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։—Սաղմոս 103։10–14. Եբրայեցիս 10։10, 12–14
19. Ճշմարտութենէն հեռացածներուն ի՞նչ քաջալերութիւն կը տրուի։
19 Եհովա իրապէս բարերար եւ ողորմած Աստուած է։ Եթէ խոնարհութեամբ եւ զղջումով իրեն մօտենանք, ան կը ներէ եւ կը մոռնայ։ Ան յաւիտեան ոխ չի պահեր, յաւիտենական կրակի մէջ չարչարելով։ Այլ, ինչպէս ինք նշեց. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ»։ Ի՜նչ քաջալերութիւն պէտք է ըլլայ ասիկա անոնց համար որ ճշմարտութենէն հեռացած եւ Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը անտեսած են։ Անոնք ալ քաջալերուած են Եհովան փնտռել հիմա եւ իր անունը կրող ժողովուրդին հետ դարձեալ գործօն կերպով ընկերակցիլ։—Եսայեայ 43։25
20, 21. (ա) Վաղեմի Յուդայի մէջ քաջալերական ի՞նչ օրինակ կը գտնենք։ (բ) Յուդայի բնակիչները ի՞նչ պէտք էր ընէին Եհովայի օրհնութիւնը ունենալու համար։
20 Այս առնչութեամբ, վաղեմի Յուդայի Ասա Թագաւորին քաջալերական օրինակը ունինք։ Ան իր թագաւորութենէն արմատախիլ ըրաւ սուտ պաշտամունքը, բայց հեթանոսական պաշտամունքի հետքերը տակաւին մնացին։ Բ. Մնացորդաց 15։2–4–ի տեղեկութիւնը մեզի կ’ըսէ թէ Ազարիա մարգարէն ի՛նչ ըսաւ Ասա թագաւորին, առ ի յիշեցում. «Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու։ Իսրայէլ երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ ... մնացեր էր. բայց իրենց նեղութեանը մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ դարձան ու զանիկա փնտռելով գտան»։
21 Եհովա աչկապուկ չխաղցաւ Ասա Թագաւորին հետ, այլ թոյլ տուաւ որ զինք ‘գտնէ’։ Թագաւորը ինչպէ՞ս ընդառաջեց այս պատգամին։ Նոյն գլուխին 8–12–րդ համարները կը պատասխանեն. «Ասա այս խօսքերն ... լսելով՝ զօրացաւ եւ ... բոլոր երկրէն ... պղծութիւնները վերցուց ու Տէրոջը տաճարին սրահին առջեւը եղող սեղանը նորոգեց։ Եւ ուխտ ըրին, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով փնտռեն»։ Այո, անոնք լրջօրէն «բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով» Եհովան փնտռեցին։ Ասոր արդիւնքը ի՞նչ եղաւ ազգին համար։ Պատասխանը կը գտնենք 15–րդ համարին մէջ. «Բոլոր Յուդան այն երդումին վրայ ուրախացաւ. քանզի իրենց բոլոր սրտովը երդում ըրին ու իրենց բոլոր կամքովը փնտռելով՝ գտան զանիկա։ Տէրը ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք»։
22. Ի՞նչ բան մեզ կը խրախուսէ Եհովայի ծառայութեան մէջ գուրծունեայ ըլլալու։
22 Ասիկա բոլորիս համար քաջալերութիւն մը չէ՞, հիմա դրական քայլեր առնելու Եհովայի մաքուր պաշտամունքին նկատմամբ։ Գիտենք թէ հաւանականութիւնը կայ որ միլիոնաւոր ուրիշներ ալ Եհովան փառաբանեն։ Անկասկած, ասոնցմէ շատեր իրենց կեանքերուն մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն որպէսզի Եհովայի ծառայելու սուրբ գրային պահանջներուն գոհացում տան։ Ուրիշներ ներատեսութեան եւ հաւատքի մէջ կ’ուռճանան, Եհովան կը փնտռեն եւ շուտով պիտի մղուին մաքուր լեզուն ուրիշներուն հետ բաժնել, անոնց փոխանցելով Եհովայի եւ իր Թագաւորութեան մասին ճշմարտութեան խոր հասկացողութիւնը։ Իսկ ինչո՞ւ կենսական է որ բոլորս ալ հիմա Եհովան փնտռենք, երբ տակաւին կարելի է զինք գտնել։ Քանի որ իր խոստացած նոր աշխարհը մօտ է։—Եսայեայ 65։17–25. Ղուկաս 21։29–33. Հռովմայեցիս 10։13–15
Կը յիշէ՞ք
◻ Որո՞նք անտարբերութիւն ցոյց կու տան ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի հանդէպ։
◻ Կրօնքը յաճախ ո՞ր աստիճան կ’ազդէ մարդոց վարմունքին։
◻ Գործունեայ Վկաներու յաւելումի ի՞նչ հաւանականութիւն կայ։
◻ Ինչո՞ւ հիմա նախանձախնդրութեան եւ գործի անցնելու ժամանակն է։
◻ Ինչո՞ւ Եհովան արժանի է փնտռուելու։
[Նկար՝ էջ 10]
Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող Եհովայի Վկաներու շատ մը բարեկամներ Աստուծոյ հաւանական ծառաներն են
1990–ի Յիշատակատօնի ներկաներ՝ 9,950,058
1990–ի Հրատարակիչներուն գագաթ թիւն էր՝ 4,017,213
[Նկար՝ էջ 14]
Ասա Թագաւորին օրերուն, ազգը Եհովայի դարձաւ