Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 7/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հալածանք դիմագրաւելու համար պատրաստութիւն
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Յիսուս երախաները կը սիրէ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Առաքեալները Յիսուսէն նշան մը կը խնդրեն
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Առաքեալները կը պատրաստէ իր մեկնումին համար
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 7/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Օգոստոս 1—Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ։—Մատթէոս 16։19, Դիտ. 6/1/90 16, 17ա

Օգոստոս 2—[Եհովային (ՆԱ)] օրը ... պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2, 3

Օգոստոս 3—Եկեղեցիներն [ժողովքներն] ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար։—Գործք 16։5, Դիտ. 7/1/90 19, 20

Օգոստոս 4—[Ան] զիս ղրկեց ... Տէրոջը [Եհովայի]՝ ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, բոլոր սգաւորները մխիթարելու։—Եսայեայ 61։1, 2

Օգոստոս 5—Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները ... Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

Օգոստոս 6—Միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։—Եբրայեցիս 12։3, Դիտ. 3/1/90 2ա

Օգոստոս 7—[Ան] ... Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ։—Բ. Պետրոս 2։5

Օգոստոս 8—Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասնզի ձեր հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ։—Ղուկաս 12։32

Օգոստոս 9—Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ։—Գործք 20։28, Դիտ. 6/1/90 21, 22գ

Օգոստոս 10—Կ’արժէ որ ձեր ամենուն մասին այսպէս խորհիմ՝ ձեզ իմ սրտիս մէջ ունենալուս համար իմ կապերուս մէջ եւ աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը մէջ եւ ամէնքդ ինծի եղած շնորհքին հաղորդ ըլլալնուդ համար։—Փիլիպպեցիս 1։7, Դիտ. 7/1/90 13, 14բ

Օգոստոս 11—Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասնզի օրերս չար են։ Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը։—Եփեսացիս 5։15–17, Դիտ. 4/1/90 7, 8գ

Օգոստոս 12—Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։—Մատթէոս 24։22, Դիտ. 12/1/89 7ա

Օգոստոս 13—Չխառնուի[ք], այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։—Ա. Կորնթացիս 5։11

Օգոստոս 14—Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ, բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։—Առակաց 11։13, Դիտ. 2/1/90 21, 22

Օգոստոս 15—Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս [Մկրտիչ] իր աշակերտներուն սորվեցուց։—Ղուկաս 11։1, Դիտ. 8/1/90 2, 4ա

Օգոստոս 16—Թէեւ կրնայինք իբրեւ Քրիստոսին առաքեալներ ծանրութիւն ըլլալ, բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, Դիտ. 5/1/90 12, 13ա

Օգոստոս 17—Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար։—Գործք 19։20, Դիտ. 7/1/90 18, 19ա

Օգոստոս 18—Բայց դուք Սիօն լերան մօտեցեր էք ու կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին եւ բիւրաւոր հրեշտակներուն ... հանդիսաւոր ժողովին։—Եբրայեցիս 12։22, 23, Դիտ. 1/1/90 17

Օգոստոս 19—Մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ։—Մատթէոս 6։13

Օգոստոս 20—Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։—Յովհաննու 17։16

Օգոստոս 21—Եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին [ժողովքին] հոգաբարձու պիտի ըլլայ։—Ա. Տիմոթէոս 3։5, Դիտ. 3/1/90 13, 14ա

Օգոստոս 22—Մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են ու մեզ փորձութեան մի տանիր։—Ղուկաս 11։4, Դիտ. 8/1/90 14, 15ա

Օգոստոս 23—Վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար։—Գործք 15։2, Դիտ. 6/1/90 17գ

Օգոստոս 24—Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ։—Մարկոս 8։38

Օգոստոս 25—Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի քաղաքները պիտի չհատցնէք, մինչեւ Որդին մարդոյ գայ։—Մատթէոս 10։23, Դիտ. 7/1/90 8, 9

Օգոստոս 26—Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։—Սաղմոս 40։4

Օգոստոս 27—Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։—Հռովմայեցիս 12։9

Օգոստոս 28—Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս։—Ծննդոց 3։19

Օգոստոս 29—Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր։—Ղուկաս 11։3, Դիտ. 8/1/90 12, 13ա

Օգոստոս 30—Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ։—Յայտնութիւն 20։2, 3, Դիտ. 12/1/89 4, 5

Օգոստոս 31—[Ան (ՆԱ)] աշխարհէն ընդունուեցաւ։—Ա. Տիմոթէոս 3։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել