Բարութիւն ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնենք
«Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն [բարութիւն (ՆԱ)] սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։—ՄԻՔԻԱՅ 6։8
1. Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք թէ Եհովա կ’ակընկալէ որ իր ժողովուրդը բարութիւն ցուցաբերէ։
ԵՀՈՎԱ կ’ակնկալէ որ իր ժողովուրդը բարութիւն ցուցաբերէ։ Ասիկա պէտք չէ զարմացնէ մեզ։ Աստուած բարի է ամենուն՝ նոյնիսկ ապերախտ ամբարիշտներուն հանդէպ։ Այս առնչութեամբ, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասնզի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։ Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։—Ղուկաս 6։35, 36
2. Բարութեան նկատմամբ ո՞ր հարցումները մեր նկատողութեան արժանի են։
2 Ինչպէս Միքիայ 6։8–ն կ’ըսէ, Աստուծոյ հետ քալողները պէտք է ‘բարութիւն սիրեն’։ Իրապէս, Եհովա կը հաճի երբ իր ծառաները բարութիւնը կը սիրեն եւ զայն սրտանց կը ցուցաբերեն։ Բայց ի՞նչ է բարութիւնը։ Անիկա ցուցաբերելը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։ Այս յատկութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ցուցաբերել։
Բարութիւնը Ի՛նչ Է
3. Ինչպէ՞ս կը բացատրէք բարութիւնը։
3 Բարութիւնը ուրիշներուն հանդէպ գործօն հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու յատկութիւնն է։ Անիկա կը ցուցաբերուի օգնութեան արարքներով եւ նկատառու խօսքերով։ Բարի ըլլալ կը նշանակէ բարիք քան թէ վնասաբեր բան մը ընել։ Բարի անհատ մը ընկերային, վեհանձն, համակրելի եւ բարեգութ է։ Ան ուրիշներուն հանդէպ առատաձեռն եւ նկատառու կեցուածք մը ունի։ Իսկ բարութիւնը ամէն ճշմարիտ Քրիստոնեայի խորհրդանշական հագուստին ուղղակի հիւսքն է, քանի որ Պօղոս յորդորեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը [բարութիւնը (ՆԱ)] եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնամտութիւնը»։—Կողոսացիս 3։12
4. Եհովա ինչպէ՞ս մարդկութեան հանդէպ բարութիւն ցուցաբերելու մէջ առաջնորդութիւնը առած է։
4 Բարութիւն ցուցաբերելու մէջ Եհովա առաջնորդութիւնը կ’առնէ։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն [բարութիւնն (ՆԱ)] ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ,» «իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին [լոգանքին [ՆԱ)] միջոցաւ ու սուրբ հոգիին նորոգելովը»։ (Տիտոս 3։4, 5) Աստուած օծեալ Քրիստոնեաները կը ‘լուայ’ Յիսուսի արիւնով, Քրիստոսի քաւիչ զոհագործութեան արժանիքը կիրարկելով ի նպաստ անոնց։ Անոնք նաեւ նորոգուած են սուրբ հոգիով որպէս հոգիէն ծնած Աստուծոյ որդիներ, «նոր ստեղծուած» մը ըլլալով։ (Բ. Կորնթացիս 5։17) Անշուշտ, մարդուն հանդէպ Աստուծոյ բարութիւնը եւ սէրը կը հասնի նաեւ միջազգային ‘մեծ բազմութեան’ անդամներուն որոնք ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’։ (Յայտնութիւն 7։9, 14. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Ասկէ զատ, թէ՛ օծեալները եւ թէ երկրային յոյս ունեցող մեծ բազմութիւնը Յիսուսի «քաղցր» լուծին տակ են։—Մատթէոս 11։30
5. Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուողները ուրիշներուն հանդէպ բարութիւն ցուցաբերեն։
5 Բարութիւնը նաեւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին կամ գործօն ոյժին պտուղներէն մէկն է։ Պօղոս ըսաւ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ուստի, Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուողներէն ի՞նչ պէտք է ակնկալենք։ Վստահաբար, անոնք ուրիշներուն հանդէպ բարութիւն պէտք է ցուցաբերեն։
6. Բարութիւնը պատճառ պէտք է ըլլայ որ երէցները եւ միւս Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով վարուին։
6 Բարութիւնը շատ մը կերպերով կրնայ ցուցաբերուիլ։ Բարութիւն կը ցուցաբերենք երբ գթառատ ենք։ Օրինակի համար, Քրիստոնեայ երէցները բարի են երբ կ’ողորմին զղջացող յանցագործի մը եւ կը ջանան անոր օգնել հոգեւորապէս։ Բարութեան աստուածատուր յատկութիւնը տեսուչները համբերող, նկատառու, կարեկից եւ ազնիւ կը դարձնէ։ Անիկա կը մղէ զանոնք որ ‘հօտին հետ փափկութեամբ վարուին’։ (Գործք 20։28, 29, ՆԱ։) Իրականութեան մէջ, հոգիին բարութեան պտուղը բոլոր Քրիստոնեաներն ալ պէտք է գթառատ, համբերող, նկատառու, կարեկից, ընկերային եւ հիւրասէր դարձնէ։
Խուսափինք Անտեղի Բարութենէ
7. Ինչո՞ւ անտեղի բարութիւնը տկարութիւն մըն է։
7 Ոմանք բարութիւնը տկարութիւն կը սեպեն։ Անոնք կը խորհին թէ անհատ մը խիստ, նոյնիսկ բիրտ պէտք է ըլլայ, երբեմն ուրիշները տպաւորելու համար իր ոյժով։ Բայց լաւ կերպով ըսուած է թէ «բրտութիւնը տկար մարդուն ոյժի կեղծ ընդօրինակութիւնն է»։ Իրապէս ոյժ կը պահանջէ որ անհատ մը թէ՛ բարի ըլլայ եւ թէ խուսափի անտեղի բարութենէ։ Աստուծոյ հոգիին պտուղը եղող բարութիւնը սխալ վարքին հանդէպ տկար, համակերպող կեցուածք մը ունենալ չէ։ Ընդհակառակը, անտեղի բարութիւնը տկարութիւն մըն է, որմով անհատ մը յանցագործութիւնը կը թոյլատրէ։
8. (ա) Հեղի իր որդիներուն հանդէպ ինչպէ՞ս թոյլ գտնուեցաւ։ (բ) Երէցները ինչո՞ւ անտեղի բարութեան անձնատուր ըլլալէ պէտք է զգուշանան։
8 Իսրայէլի Հեղի քահանայապետը իր որդիները՝ Ոփնին եւ Փենէհէսը կրթելու մէջ թոյլ էր, որոնք սրբարանին մէջ որպէս քահանաներ կը սպասարկէին։ Աստուծոյ Օրէնքին կողմէ, իրենց նշանակուած զոհի մը մասերէն չգոհանալով, անոնք իրենց սպասաւորը կը ղրկէին որպէսզի խորանին վրայ ճարպը մատուցուելէ առաջ, զոհ ընողէն հում միս պահանջէ։ Հեղիի որդիները նաեւ սրբարանին մուտքը ծառայող կիներուն հետ անբարոյ յարաբերութիւն կ’ունենային։ Փոխանակ Ոփնին եւ Փենէհէսը պաշտօնազուրկ ընելու, Հեղին մեղմութեամբ պարզապէս յանդիմանեց զանոնք, իր որդիները Աստուծմէ աւելի պատուելով։ (Ա. Թագաւորաց 2։12–29) Զարմանալի չէր որ «այն օրերը Տէրոջը խօսքը հազուագիւտ էր»։ (Ա. Թագաւորաց 3։1) Ուստի Քրիստոնեայ երէցները սխալ տրամաբանութեան անձնատուր պէտք չէ ըլլան կամ անտեղի բարութիւն ցուցաբերեն, որոնք կրնան ժողովքին հոգեւորականութիւնը վտանգել։ Իրական բարութիւնը կոյր չէ Աստուծոյ չափանիշները բռնաբարող չար խօսքերու եւ արարքներու հանդէպ։
9. (ա) Ի՞նչ կեցուածք կրնայ օգնել մեզի անտեղի բարութեան անձնատուր չըլլալու։ (բ) Յիսուս ինչպէ՞ս ոյժ ցուցաբերեց հաւատուրաց կրօնաւորներուն հետ գործ ունեցած ատեն։
9 Անտեղի բարութիւն ցուցաբերելէ խուսափելու համար, մենք օգնութեան համար Աստուծոյ պէտք է աղօթենք այն ոյժը ունենալու, որ բացայայտ է սաղմոսերգուին խօսքերուն մէջ. «Ե՛տ քաշուեցէք ինծմէ, ո՛վ չարագործներ, վասնզի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ»։ (Սաղմոս 119։115) Մենք նաեւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին պէտք է հետեւինք, որ բնաւ անտեղի բարութիւն ցուցաբերելու յանցանքով չբռնուեցաւ։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իսկական բարութեան մարմնացումն էր։ Օրինակի համար, ան ժողովուրդներուն վրայ «խղճաց, վասնզի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ Այս պատճառով, պարկեշտ սրտով անհատներ ազատ կը զգային Յիսուսի մօտենալու, նոյնիսկ իրենց երախաները բերելով իրեն։ Միայն երեւակայեցէք իր ցուցաբերած բարութիւնը եւ կարեկցութիւնը, երբ «զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ (Մատթէոս 9։36. Մարկոս 10։13–16) Թէեւ Յիսուս բարի էր, այսուհանդերձ, ան հաստատ էր իր երկնաւոր Հօրը աչքին շիտակ եղած բաներուն հանդէպ։ Յիսուս բնաւ չթոյլատրեց յանցագործութիւնը։ Ան աստուածատուր ոյժը ունէր կրօնական կեղծաւոր առաջնորդները քօղազերծելու։ Մատթէոս 23։13–26–ի մէջ, ան քանիցս կրկնեց՝ «վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ» արտայայտութիւնը եւ ամէն անգամ, աստուածային դատաստանին պատճառը նշեց։
Բարութիւնը Սիրոյ Հետ Կապուած
10. Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս բարութիւն եւ սէր ցուցաբերեցին հաւատակիցներուն հանդէպ։
10 Յիսուս իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Իսկ Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները բնորոշող սիրոյ երեսակներէն մէկը ի՞նչ է։ Պօղոս ըսաւ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր [բարի (ՆԱ)] է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Երկայնամիտ եւ բարի ըլլալը կը նշանակէ ուրիշներուն անկատարութիւնները եւ թերութիւնները ներել, ինչպէս Եհովա այնքան բարութեամբ կը ներէ մեզի։ (Սաղմոս 103։10–14. Հռովմայեցիս 2։4. Բ. Պետրոս 3։9, 15) Քրիստոնէական սէրը եւ բարութիւնը կը ցուցաբերուի նաեւ երբ ուրիշ երկրի մը մէջ մեր հաւատակիցները նեղութեան մատնուին։ ‘Մարդասիրական բարութենէն’ աւելի մեծ ընդառաջում մը ցոյց տալով, ուրիշ տեղ գտնուող Քրիստոնեաները եղբայրական սէր կը ցուցաբերեն նիւթական իրեր նուիրելով Եհովայի այդ երկրպագուներուն օգնելու համար։—Գործք 28։2
11. Ի՞նչ է ողորմածութիւնը, ըստ Աստուածաշունչին։
11 Բարութիւնը կապուած է սիրոյ հետ, Աստուածաշունչին մէջ յաճախ գործածուած «ողորմածութիւն» բառէն դատելով։ Այս բարութիւնը հաւատարիմ սէրէ ծագում կ’առնէ։ «Ողորմածութիւն (ՆԱ)» թարգմանուած Եբրայերէն բառը (շէսէտհ) կարեկից ակնարկէ մը աւելի խոր իմաստ ունի։ Անիկա բարութիւն մըն է, որ սիրալիր կերպով կը կապուի բանի մը կամ մէկու մը մինչեւ անոր նկատմամբ իր նպատակը իրագործուի։ Եհովայի ողորմածութիւնը կամ հաւատարիմ սէրը շատ մը կերպերով կը յայտնաբերուի։ Օրինակի համար, անիկա կը ցուցաբերուի իր փրկարար եւ պահպանիչ արարքներով։—Սաղմոս 6։4. 40։11. 143։12
12. Երբ Եհովայի ծառաները օգնութեան կամ փրկութեան համար կ’աղօթեն, ի՞նչ բանէ վստահ կրնան ըլլալ։
12 Զարմանալի չէ որ Եհովայի ողորմածութիւնը մարդիկը իրեն կը քաշէ։ (Երեմեայ 31։3) Երբ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ազատագրութեան կամ օգնութեան կարիքը ունենան, անոնք գիտեն որ Իր ողորմածութիւնը արդարեւ հաւատարիմ սէր մըն է, զոր անպայմանօրէն կը ցուցաբերէ իրենց հանդէպ։ Հետեւաբար, անոնց հաւատքով կրնան աղօթել, սաղմոսերգուին նման, որ ըսաւ. «Ես քու [ողորմութեանդ (ՆԱ)] յուսացի, իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ»։ (Սաղմոս 13։5) Քանի որ Աստուծոյ սէրը հաւատարիմ է, իր ծառաները ի զուր իր ողորմութեան չեն վստահիր։ Երբ անոնք օգնութեան կամ փրկութեան համար կ’աղօթեն, անոնք սա վստահութիւնը ունին. «Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ»։—Սաղմոս 94։14
Բարութեան Վարձատրութիւններ
13, 14. Բարի անհատ մը ինչո՞ւ հաւատարիմ բարեկամներ ունի։
13 Եհովան ընդօրինակելով, իր ծառաներն ալ «ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն» կ’ընէ։ (Զաքարեայ 7։9. Եփեսացիս 5։1) «Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է» եւ այս յատկութիւնը ցուցաբերող անհատը ճոխ վարձատրութիւններ կը քաղէ։ (Առակաց 19։22) Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։
14 Բարութիւնը մեզ փափկանկատ կը դարձնէ եւ այսպիսով կ’օգնէ մեզի որ ուրիշներուն հետ լաւ յարաբերութիւն մը պահենք։ Փափկանկատ անհատ մը բաներ կ’ըսէ եւ կ’ընէ կամ դժուար կացութիւններ նկատառութեամբ եւ վիրաւորական չեղող կերպով մը ձեռք կ’առնէ։ Մինչ «անողորմ մարդը» ուրիշներու կողմէ կը մերժուի, «ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ»։ (Առակաց 11։17) Մարդիկ անողորմ անհատներէն կը խուսափին, բայց իրենց հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերողին կը մօտենան։ Ուստի բարի անհատ մը հաւատարիմ բարեկամներ կ’ունենայ։—Առակաց 18։24
15. Բարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ կրօնապէս բաժնուած տան մը մէջ։
15 Քրիստոնեայ կնոջ մը անհաւատ ամուսինը կրնայ Աստուծոյ ճշմարտութեան մօտենալ բարութեան յատկութեան միջոցաւ։ Ճշմարտութիւնը սորվելէ եւ «Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած» ‘նոր անձնաւորութիւնը’ հագնելէ առաջ, թերեւս ան բարի չէր եւ նոյնիսկ կռուազան էր։ (Եփեսացիս 4։24) Եթէ իր ամուսինը Առակաց գրքին կարգ մը համարներու ծանօթ ըլլար, վստահաբար համաձայն պիտի գտնուէր թէ «կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են» եւ թէ «աղէկ է անապատը բնակիլ, քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ»։ (Առակաց 19։13. 21։19) Բայց հիմա Քրիստոնեայ կնոջ երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը եւ խոր յարգանքը՝ բարութեան նման յատկութիւններու հետ՝ կրնան օգնել իր կողակիցին որ ճշմարիտ հաւատքին շահուի։ (Ա. Պետրոս 3։1, 2) Այո, ասիկա կրնայ իր բարութեան մէկ վարձատրութիւնը ըլլալ։
16. Մեզի հանդէպ ցուցաբերուած բարութենէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։
16 Մեզի հանդէպ ցուցաբերուած բարութիւնը կրնայ մեզ օգտակար ըլլալ, մեզ աւելի կարեկից եւ ներողամիտ դարձնելով։ Օրինակի համար, եթէ մենք հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունենայինք եւ եթէ մեզի հետ բարի եւ մեղմ կերպով վարուէին, ասիկա պատճառ պիտի չըլլա՞ր որ մենք ալ ուրիշներուն հետ նոյն կերպով վարուինք։ Այո, հոգեւոր որակում ունեցող այրերէն կ’ակնկալուի որ բարի եւ մեղմ վերաբերմունք ունենան, քանի որ Պօղոս գրեց. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս»։ (Գաղատացիս 6։1) Նշանակուած երէցները մեղմութեամբ եւ բարութեամբ կը խօսին երբ կը ջանան մոլորեալ հաւատակիցի մը օգնել։ Անհատապէս այսպիսի օգնութիւն ստացած ըլլանք կամ ոչ, իրապէս Աստուած ի՞նչ կ’ակնկալէ իրեն ծառայողներէն։ Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ուրիշներուն հանդէպ բարութիւն պէտք է ցուցաբերեն եւ Պօղոսի խրատին ուշադրութիւն ընծայեն. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։ (Եփեսացիս 4։32) Անշուշտ, եթէ ուրիշ մը ներած է մեզի, կամ հոգեւոր դժուարութենէ մը դուրս գալու համար ազնիւ կերպով օգնութիւն ստացած ենք, ասիկա մեզ աւելի ատակ պէտք է դարձնէ ներողամիտ, կարեկից եւ բարի ըլլալու մէջ։
Աստուծոյ Անարժան Ողորմութիւնը Գնահատենք
17. Քանի որ ի ծնէ մեղաւոր ենք, ո՞ր բարութեան համար մասնաւորաբար երախտապարտ պէտք է ըլլանք։
17 Քանի որ բոլորս ալ մահուան դատապարտուած որպէս մեղաւորներ ծնած ենք, բարութիւն մը կայ, որու համար մասնաւորաբար երախտապարտ պէտք է ըլլանք։ Անիկա Եհովա Աստուծոյ անարժան բարութիւնը կամ ողորմութիւնն է։ Քանի որ մեղաւորները մահուան դատապարտութենէն ազատագրելը եւ արդար յայտարարելը ողորմութիւն մըն է, որու ամենեւին արժանի չենք։ Պօղոս, որ Աստուծոյ անարժան ողորմութեան մասին 90 անգամ խօսեցաւ իր 14 ներշնչեալ նամակներուն մէջ, վաղեմի Հռովմի Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան։ Բայց անոր շնորհքով [անարժան ողորմութեամբ (ՆԱ)] եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան»։ (Հռովմայեցիս 3։23, 24) Որքա՜ն պէտք է գնահատենք Եհովա Աստուծոյ ցուցաբերած անարժան ողորմութիւնը։
18, 19. Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ Աստուծոյ անարժան ողորմութեան նպատակէն վրիպելէ։
18 Ապերախտ գտնուելով, մենք կրնանք Աստուծոյ անարժան ողորմութեան նպատակէն վրիպիլ։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս ըսաւ. «Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, [մենք Քրիստոսը փոխարինող դեսպաններ ենք (ՆԱ)], որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, ‘հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ’։ Վասնզի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց, որպէսզի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք։ Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով՝ կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը [անարժան ողորմութիւնը (ՆԱ)] պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։ Վասնզի ‘Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի’ [Եսայեայ 49։8–ի մէջ]։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը։ Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէսզի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս»։ (Բ. Կորնթացիս 5։20–6։4) Պօղոս ի՞նչ բան ի մտի ունէր։
19 Օծեալ Քրիստոնեաները Քրիստոսը փոխարինող դեսպաններ են եւ մեծ բազմութիւնը իր պատգամաւորներն են։ Միասնաբար, անոնք մարդոց կը յորդորեն, որ Աստուծոյ հետ հաշտուին փրկութիւն ձեռք ձգելու համար։ Պօղոս չէր ուզեր որ ոեւէ մէկը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ անարժան ողորմութիւնը պարապ տեղ ստանայ, այսինքն, զայն ստանալէ ետք, անոր նպատակէն վրիպի։ Ասիկա կրնայ պատահիլ եթէ թերանանք ընել այն գործը որու այդ անարժան ողորմութեամբ արժանի եղանք։ Աստուծոյ հետ բարեկամական յարաբերութեան մէջ ըլլալով՝ իրեն հետ հաշտուած ըլլալով՝ իր անարժան ողորմութիւնը պարապ տեղ ստացած չենք ըլլար, երբ կատարենք «հաշտութեան պաշտօնը, այսինքն, Աստուած էր որ «Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց»։ (Բ. Կորնթացիս 5։18, 19) Ուրիշներուն հանդէպ ալ մեծագոյն բարութիւն պիտի ընենք, անոնց օգնելով որ Աստուծոյ հետ հաշտուին։
20. Յաջորդ յօդուածով ի՞նչ պիտի քննենք։
20 Եհովայի Վկաները իրենց ժամանակը եւ նիւթականը կը գործածեն բարի գործերու համար, երբ կը ջանան մարդոց հոգեւորապէս օգնել Քրիստոնէական ծառայութեան միջոցաւ։ Բայց Աստուածաշունչի օրինակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ գործօն բարութեան մասին։ Յաջորդ յօդուածով անոնցմէ քանի մը հատը քննենք եւ բարութիւն ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնելու ուրիշ կերպեր նկատի առնենք։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ է բարութիւնը։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք անտեղի բարութեան անձնատուր ըլլալէ խուսափիլ։
◻ Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ կրնայ իր ողորմածութեան վստահիլ։
◻ Բարութեան կարգ մը վարձատրութիւնները ի՞նչ են։
◻ Ի՞նչ ընելով Աստուծոյ անարժան ողորմութեան նպատակէն պիտի չվրիպինք։
[Նկար՝ էջ 21]
Բարութիւնը Քրիստոնեայ երէցները համբերող, նկատառու եւ կարեկից կը դարձնէ
[Նկար՝ էջ 23]
Քրիստոնեայ կնոջ մը բարութիւնը կրնայ օգնել իր կողակիցին որ ճշմարիտ հաւատքին շահուի
[Նկար՝ էջ 24]
Մենք կրնանք ուրիշներուն մեծագոյն բարիքը ընել անոնց օգնելով որ Աստուծոյ հետ հաշտուին