Աղօթքներ որոնք վստահաբար պիտի պատասխանուին
ԱՂՕԹՔՆԵՐ կան, որոնք անպայմանօրէն պիտի լսուին։ Անոնց բուն միտքը կաղապարուած է իր աշակերտներուն տուած Յիսուս Քրիստոսի տիպար աղօթքին վրայ, երբ ըսաւ. «Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։— Մատթէոս 6։9–13
Յիսուսի տիպար աղօթքին այս բառերը միլիոնաւոր անգամներ կրկնուած են։ Թէեւ Քրիստոս իր ճշմարիտ հետեւորդներէն չակնկալեց որ գոց արտասանեն այս աղօթքը, բայց նոյնանման զգացումներ արտայայտող իրենց խնդրանքները վստահաբար պիտի պատասխանուին։ (Մատթէոս 6։7, 8) Արդ, ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ անուան սրբացուիլը։ Ինչո՞ւ աղօթել որ իր Թագաւորութիւնը գայ։ Իսկ ինչո՞ւ աղօթել որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ։
«Քու Անունդ Սուրբ Ըլլայ»
Երբ Յիսուս աղօթքը սկսաւ «Ով Հայր մեր» ըսելով, ան զայն ուղղեց ‘ամբողջ երկրի վրայ Բարձրեալ’ եղող Եհովային։ (Սաղմոս 83։18) Աստուած «Հայր» եղած էր Իսրայելացիներուն, զանոնք Եգիպտական կապանքէն ազատագրելով եւ անոնց հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ գալով։ (Բ. Օրինաց 32։6, 18. Ելից 4։22. Եսայեայ 63։16) Ներկայիս, օծեալ Քրիստոնեաները խանդաղատանքով կը նային իրենց Հօրը՝ Եհովայի։ (Հռովմայեցիս 8։15) Իսկ երկրային յոյս ունեցող իրենց ընկերակիցներն ալ Եհովա Աստուծոյ կ’աղօթեն որպէս իրենց Հայրը։—Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։1–9
Բայց ինչո՞ւ աղօթել Աստուծոյ անուան սրբացման համար։ Քանի որ Եդեմի պարտէզին մէջ մարդկային առաջին զոյգին ըմբոստութենէն ի վեր, աստուածային անունը նախատինքով լեցուած է։ Այսպիսի աղօթքներու պատասխանելով, Եհովա իր յիշատակելի անուան վրայ կուտակուած ամէն նախատինք պիտի մաքրէ։ (Սաղմոս 135։13) Ասիկա պիտի ընէ երկրէն ամբարշտութիւնը վերցնելով։ Այդ ժամանակին առնչութեամբ, Աստուած Եզեկիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ Ե՛ս եմ Տէրը»։—Եզեկիէլ 38։23
Եհովա Աստուած սուրբ եւ մաքուր է։ Հետեւաբար իր անունը պէտք է սրբացուի կամ սուրբ նկատուի։ Ան իր սրբութիւնը պիտի ապացուցանէ, ամէն ստեղծագործութեան առջեւ ինքզինք սրբացնելով։ (Եզեկիէլ 36։23) Անոնք որոնք կը փափաքին Իր հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը ունենալ, պէտք է պատկառանք ունենան Եհովայի հանդէպ եւ իր անունը սրբացնեն, զայն բոլոր ուրիշ անուններէն զատուած եւ բարձր պահելով։ (Ղեւտացւոց 22։32. Եսայեայ 8։13. 29։23) Ասոր համար էր որ Յիսուս ըսաւ իր հետեւորդներուն որ աղօթեն՝ «Քու անունդ սուրբ ըլլայ», կամ, «սրբազան պահուի. սուրբ նկատուի»։ Վստահ կրնանք ըլլալ որ Աստուած պիտի պատասխանէ Յիսուսի տուած տիպար աղօթքին այս բաժնին։
Քու Թագաւորութիւնդ Գայ»
Յիսուս իր հետեւորդներուն նաեւ ըսաւ որ աղօթեն՝ «Քու Թագաւորութիւնդ գայ»։ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար մատուցուած աղօթքները անպայմանօրէն պիտի պատասխանուին։ Թագաւորութիւնը Եհովայի գերիշխանութիւնն է որ յայտնաբերուած է իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ ընկերակից «սուրբերուն» յանձնուած երկնային Մեսիական կառավարութեամբ։ (Դանիէլ 7։13, 14, 18, 22, 27. Եսայեայ 9։6, 7) Եհովայի Վկաները երկար ատենէ փաստած են Աստուածաշունչէն թէ Յիսուս որպէս երկնային Թագաւոր գահակալուած է 1914–ին։ Ուստի, ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք որ Թագաւորութիւնը «գայ»։
Թագաւորութեան գալուն համար աղօթելը իրապէս կը նշանակէ խնդրել որ անիկա գայ երկրի վրայ աստուածային իշխանութեան բոլոր հակառակորդներուն դէմ։ Այլեւս շուտով «[Աստուծոյ] թագաւորութիւնը ... այս բոլոր [երկրային] թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Դանիէլ 2։44) Այս փոփոխութիւնը Եհովայի սուրբ անուան սրբացման պիտի նպաստէ։
«Քու Կամքդ Ըլլայ»
Յիսուս տակաւին իր աշակերտներուն խրատեց որ աղօթեն՝ «Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Ասիկա խնդրանք մըն է որ Եհովա երկրի կապակցաբար իր կամքին համաձայն գործէ։ Ասիկա կը նմանի սաղմոսերգուին յայտարարութեան. «Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ, ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ։ Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ, անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։ Անիկա Եգիպտոսի անդրանիկները զարկաւ մարդէն մինչեւ անասուն։ Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս, Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։ Շատ ազգեր զարկաւ ու զօրեղ թագաւորներ սպաննեց»։—Սաղմոս 135։6–10
Երբ կ’աղօթենք որ Եհովայի կամքը ըլլայ երկրի վրայ, անիկա խնդրանք մըն է որ ան այս երկրագունդին նկատմամբ իր նպատակը ի գործ դնէ։ Անիկա կը պարփակէ իր հակառակորդները վերջնականապէս մէջտեղէն վերցնել, ինչպէս պզտիկ չափով ըրաւ անցեալին։ (Սաղմոս 83։9–18. Յայտնութիւն 19։19–21) Համայն երկրի եւ տիեզերքի մէջ Եհովայի կամքը ի գործ դրուելուն համար եղած աղօթքը վստահա՛բար պիտի պատասխանուի։
Թագաւորութեան Իշխանութեան Ներքեւ
Ներկայիս մարդկային ընկերութիւնը պատած ամբարշտութեան փոխարէն, ի՞նչ կրնանք ակնկալել երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տիրէ եւ իր կամքը կատարուի ինչպէս երկինքը, նոյնպէս երկրի վրայ։ Ըստ Պետրոս առաքեալին, «Իր խոստմունքին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) «Նոր երկինք»ը հոգեւոր արդար իշխանութիւն մըն է, բաղկացած Յիսուս Քրիստոսէ եւ 144,000 ժառանգակիցներէ, երկնային Թագաւորութեան մէջ։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17. Յայտնութիւն 14։1–5. 20։4–6) «Նոր երկիր»ը ուրիշ երկրային մոլորակ մը չէ, այլ՝ անիկա երկրի վրայ ապրելիք մարդկային արդար ընկերութիւն մըն է։—Բաղդատել Սաղմոս 96։1։
Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, երկիրը համերկրային դրախտի մը պիտի վերածուի։ (Ղուկաս 23։43) Այն ատեն ամբողջ հնազանդ մարդկութիւնը իրական խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն պիտի վայելէ։ (Սաղմոս 72։1–15. Յայտնութիւն 21։1–5) Դուք ալ կրնաք այս ուրախ ամբոխին մէջ գտնուիլ, եթէ հնազանդ երկրային հպատակներուն վրայ Մեսիական իշխանութեան հաւատարիմ ջատագով մըն էք։ Այսպիսի իշխանութեան ջատագովները անխոնջօրէն կ’աղօթեն Եհովայի անուան սրբացման, իր Թագաւորութեան գալուն եւ իր կամքը ի գործ դրուելուն մասին։ Անոնց սրտանց աղօթքները վստահաբար պիտի պատասխանուին։