Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաւատք ունենանք
«Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ. վասնզի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11։6
1, 2. Ադամի հաւատքը ինչպէ՞ս փորձի ենթարկուեցաւ, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
ՀԱՒԱՏՔԸ՝ Աստուծոյ գոյութեան հաւատալէն աւելին կը պահանջէ։ Առաջին մարդը Ադամ կասկած չուներ Եհովա Աստուծոյ գոյութեան վրայ։ Աստուած հաղորդակցած էր իրեն հետ, շատ հաւանաբար իր Որդւոյն՝ Բանին միջոցաւ։ (Յովհաննու 1։1–3. Կողոսացիս 1։15–17) Այսուհանդերձ, Ադամ յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը կորսնցուց, քանի որ Եհովայի հնազանդելու եւ անոր հաւատալու մէջ թերացաւ։
2 Ադամի ապագայ ուրախութիւնը վտանգի ենթարկուեցաւ, երբ իր կինը՝ Եւա Եհովայի անհնազանդ գտնուեցաւ։ Արդ, իր կինը կորսնցնելու գաղափարը, առաջին մարդուն հաւատքը փորձի ենթարկեց։ Աստուած կրնա՞ր այս խնդիրը այնպէս մը լուծել որ Ադամի մնայուն ուրախութիւնը եւ բարօրութիւնը ապահովէր։ Յանցագործութեան մէջ Եւայի միանալով, Ադամ ապացուցանեց թէ ինք այս կերպով չէր մտածեր։ Ան փորձեց իր կերպով լուծել խնդիրը, փոխանակ ամբողջ սրտով աստուածային առաջնորդութիւնը փնտռելու։ Եհովայի հաւատք ընծայելու մէջ թերանալով, Ադամ իր եւ իր սերունդին վրայ մահ բերաւ։—Հռովմայեցիս 5։12
Հաւատքը Ի՞նչ Է
3. Հաւատքի մասին Աստուածաշունչի սահմանումը ինչպէ՞ս տարբեր է բառարանի մը տուած բացատրութենէն։
3 Բառարան մը հաւատքը կը սահմանէ որպէս «հաստատօրէն բանի մը հաւատալ, որու համար փաստ չկայ»։ Սակայն Աստուածաշունչը փոխանակ այս գաղափարը պաշտպանելու, ասոր ճիշդ հակառակը կ’ըսէ։ Հաւատքը իրողութիւններու, իրականութիւններու եւ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն երաշխաւորուած ակնկալութիւնը եւ չերեւցած իրողութիւններու հաստատ ապացոյցն է»։ (Եբրայեցիս 11։1) Հաւատք ունեցող անհատ մը երաշխիքը ունի թէ Աստուած ի՛նչ որ խոստացած է, որպէս թէ արդէն կատարուած է։ Չտեսնուած իրականութիւններուն համոզիչ փաստը այնքան զօրաւոր է որ հաւատքը համապատասխան է այդ ապացոյցին։
4. Արժանահաւատ երկ մը ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի հաւատքի մասին Աստուածաշունչի սահմանումին։
4 Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան մէջ, Եբրայերէն ‘աման’ բային պատճառաբանեալ ձեւը երբեմն «հաւատք ի գործ դնել» թարգմանուած է։ Ըստ Հին Կտակարանի Աստուածաբանական Բառագիրքին, «[բառին] արմատին բուն իմաստը վստահութեան գաղափարը կու տայ, ... ճիշդ հակառակը արդի գաղափարաբանութեան, ըստ որուն, հաւատքը հաւանական, ճշմարիտ ըլլալը ակնկալուելիք, բայց անորոշ բան մըն է»։ Նոյն երկը կ’ըսէ. «Ածանցուած ամէնը ‘ճշմարիտ’, Նոր Կտակարանին մէջ անցած է որպէս ամէն, որ ‘ամէն’ բառն է։ Յիսուս յաճախ գործածեց այս բառը (Մատթէոս 5։18, 26, եւայլն.), նիւթի մը վստահ ըլլալը շեշտելու համար»։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ «հաւատք» թարգմանուած բառը կը նշանակէ նաեւ իրողութեան կամ ճշմարտութեան վրայ հաստատօրէն հիմնուած բանի մը հաւատալ։
5. Եբրայեցիս 11։1–ի մէջ «երաշխաւորուած ակընկալութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը ինչպէ՞ս գործածուած է վաղեմի առեւտրական փաստաթուղթերուն մէջ, եւ ասիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի Քրիստոնեաներուն համար։
5 Եբրայեցիս 11։1–ի մէջ «երաշխաւորուած ակնկալութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը (Հիբոսթասիս), սովորաբար կը գործածուէր վաղեմի առեւտրական պապիրոսի փաստաթուղթերուն մէջ, որ ապագային ստացուելիք բանի մը երաշխաւորուած ըլլալուն գաղափարը կը հաղորդէր։ Մուլթոն եւ Միլիկան ուսումնականները հետեւեալ թարգմանութիւնը կը թելադրեն. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն կալուածագիրն է»։ (Յունարէն Կտակարանին Բառացանկ։) Բացայայտ է որ երբ անհատ մը ստացուածքի մը կալուածագիրը ունի, «երաշխաւորուած ակնկալութիւն»ը կրնայ ունենալ թէ օր մը զայն ձեռք ձգելու իր յոյսը պիտի իրականանայ։
6. Եբրայեցիս 11։1–ի մէջ «հաստատ ապացոյց» թարգմանուած Յունարէն բառին իմաստը ի՞նչ է։
6 Եբրայեցիս 11։1–ի մէջ «հաստատ ապացոյց» (էլէկխօս) թարգմանուած Յունարէն բառը բան մը ցոյց տալու համար ապացոյց ներկայացնելու գաղափարը կը հաղորդէ, մանաւանդ եղած հարցին հակառակը թուող բան մը։ Դրական կամ հաստատ ապացոյց մը կը յստակացնէ բան մը որ նախապէս աննկատ մնացած էր, հետեւաբար ժխտելով այդպէս երեւցած հարցը։ Ուստի, թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, հաւատքը ոչ մէկ կերպով ‘փաստ չունեցող բանի մը հաստատօրէն հաւատալ է’։ Ճիշդ հակառակը, հաւատքը ճշմարտութեան վրայ կը հիմնուի։
Արմատական Ճշմարտութիւններու Վրայ Հիմնուած
7. Պօղոս եւ Դաւիթ ինչպէ՞ս նկարագրեցին Աստուծոյ գոյութիւնը ուրացողները։
7 Պօղոս առաքեալ հիմնական ճշմարտութիւն մը նշեց, երբ գրեց թէ Ստեղծիչին «աներեւոյթ բաները [յատկութիւնները] աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենական զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէսզի [ճշմարտութեան հակառակորդները] անպատասխանի մնան»։ (Հռովմայեցիս 1։20) Այո, երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ» եւ «երկիրը լեցուած է [իր] ստեղծածներով»։ (Սաղմոս 19։1. 104։24) Իսկ, եթէ անհատ մը չուզեր նկատի առնել փաստերը. այդպիսիներուն մասին Դաւիթ ըսաւ. «Ամբարիշտը իր սրտին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր. անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ»։ (Սաղմոս 10։4. 14։1) Մասամբ, հաւատքը հաստատուած է այն հիմնական ճշմարտութեան վրայ թէ Աստուած գոյութիւն ունի։
8. Հաւատք ունեցողները ի՞նչ երաշխիք եւ ներատեսութիւն կրնան ունենալ։
8 Եհովա միայն գոյութիւն չունի. ան նաեւ վստահելի է եւ կրնանք ապաւինիլ իր խոստումներուն։ Ան ըսած է. «Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի»։ (Եսայեայ 14։24. 46։9, 10) Ասոնք անիմաստ խօսքեր չեն։ Յստակ փաստ կայ թէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած հարիւրաւոր մարգարէութիւնները կատարուած են։ Այս լուսաբանութեամբ, հաւատացեալները կրնան նաեւ հիմա նկատել Աստուածաշունչին շատ մը ուրիշ մարգարէութիւններուն կատարումը։ (Եփեսացիս 1։18) Օրինակի համար, անոնք կը տեսնեն Յիսուսի ներկայութեան «նշան»ին կատարումը, որ կը բովանդակէ նաեւ հաստատուած Թագաւորութեան քարոզչութեան արագացումը, ինչպէս նաեւ ճշմարիտ պաշտամունքին ընդլայնումը։ (Մատթէոս 24։3–14. Եսայեայ 2։2–4. 60։8, 22) Անոնք գիտեն թէ շուտով ազգերը «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի աղաղակեն եւ թէ անկէ շուտով ետք, Աստուած ‘երկիրը ապականողները պիտի ապականէ’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3. Յայտնութիւն 11։18) Ի՜նչ օրհնութիւն է մարգարէական ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած հաւատք մը ունենալ։
Սուրբ Հոգիին Պտուղը
9. Հաւատքին եւ սուրբ հոգիին միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կայ։
9 Այն ճշմարտութիւնը որուն վրայ հաւատքը հիմնուած է, Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի, որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին մէկ արտադրութիւնն է։ (Բ. Թագաւորաց 23։2. Զաքարեայ 7։12. Մարկոս 12։36) Տրամաբանական է ուրեմն, որ հաւատքը չի կրնար սուրբ հոգիին գործողութենէն անջատ գոյութիւն ունենալ։ Անոր համար Պօղոս կրցաւ գրել. «Հոգիին պտուղը [կը բովանդակէ] ... հաւատարմութիւն [հաւատք]»։ (Գաղատացիս 5։22) Բայց շատեր կը մերժեն աստուածային ճշմարտութիւնը, իրենց կեանքերը վարակելով մարմնաւոր ցանկութիւններով եւ տեսակէտներով որոնք Աստուծոյ հոգին կը նեղացնեն։ Ուստի, «ամէնքը հաւատք չունին», քանի որ հիմ մը չունին որուն վրայ զարգացնեն զայն։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2. Գաղատացիս 5։16–21. Եփեսացիս 4։30
10. Եհովայի նախկին ծառաներէն ոմանք ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ կը հաւատային։
10 Ադամի սերունդէն ոմանք, սակայն, հաւատացին։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը կը յիշէ Աբէլը, Ենովքը, Նոյը, Աբրահամը, Սառան, Իսահակը, Յակոբը, Յովսէփը, Մովսէսը, Ռախաբը, Գեդէօնը, Բարակը, Սամփսոնը, Յեփթայէն, Դաւիթը եւ Սամուէլը, անունները չյիշուած Եհովայի բազմաթիւ ուրիշ ծառաներուն կողքին, որոնք «հաւատքով վկայուած» են։ Նկատի առէք թէ «հաւատքով» ի՛նչ բաներ կատարուեցան։ Հաւատքով Աբէլ «զոհ մատուցանեց Աստուծոյ» եւ Նոյ «տապանը շինեց»։ Հաւատքով Աբրահամ «մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր»։ Իսկ հաւատքով Մովսէս «Եգիպտոսը թողուց»։—Եբրայեցիս 11։4, 7, 8, 27, 29, 39
11. Գործք Առաքելոց 5։32–ը ի՞նչ կը մատնանշէ Աստուծոյ հնազանդողներուն առնչութեամբ։
11 Եհովայի այս բոլոր ծառաները բացայայտօրէն Աստուծոյ գոյութեան պարզապէս հաւատալէն աւելին ըրին։ Հաւատք ընծայելով, անոնք վստահեցան իրեն՝ որպէս Մէկը որ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Անոնք ըրին ի՛նչ որ Աստուծոյ հոգին առաջնորդեց զիրենք ընելու, այն ատեն իրենց ունեցած ճշմարիտ՝ թէեւ սահմանափակ՝ գիտութեան համաձայն վարուելով։ Որքա՜ն տարբեր Ադամէն. ան ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաւատքով կամ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան համաձայն չվարուեցաւ։ Աստուած իր հոգին կու տայ միայն անոնց՝ որոնք իրեն կը հնազանդին։—Գործք 5։32
12. (ա) Աբէլ ի՞նչ բանի վրայ հաւատք ունէր, եւ զայն ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ։ (բ) Հակառակ իրենց հաւատքին, նախա–Քրիստոնէական շրջանի Եհովայի վկաները ի՞նչ բան չստացան։
12 Բարեպաշտ Աբէլ իր հօրը՝ Ադամի հակառակը, հաւատք ունէր։ Երեւութապէս իր ծնողքէն ան սորված էր տրուած առաջին մարգարէութիւնը. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Այս կերպով Աստուած խոստացաւ ամբարշտութիւնը վերցնել եւ արդարութիւնը հաստատել։ Աբէլ չէր գիտեր թէ այս խոստումը ի՛նչպէս պիտի կատարուէր։ Բայց Աստուած զինք փնտռողներուն վարձահատոյց ըլլալու մասին անոր հաւատքը բաւական զօրաւոր էր, որ զոհ մատուցանեց։ Ան հաւանաբար շատ մտածեց մարգարէութեան մասին եւ հաւատաց որ արիւն թափուիլը անհրաժեշտ էր որպէսզի խոստումը կատարուէր եւ մարդկութիւնը կատարելութեան բերուէր։ Հետեւաբար, Աբէլի անասնական զոհը տեղին էր։ Հակառակ իրենց հաւատքին, սակայն, Աբէլ եւ նախա–Քրիստոնէական շրջանի միւս վկաները «խոստումը չառին»։—Եբրայեցիս 11։39
Հաւատքը Կատարելագործել
13. (ա) Աբրահամ եւ Դաւիթ ի՞նչ սորվեցան խոստումին կատարման մասին։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ «ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եղաւ»։
13 Դարերու ընթացքին, Աստուած պարբերաբար յաւելեալ ճշմարտութիւններ յայտնեց թէ ‘կնոջ սերունդ’ին մասին տրուած խոստումը ի՛նչպէս պիտի կատարուէր։ Աբրահամին ըսուեցաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին»։ (Ծննդոց 22։18) Հետագային, Դաւիթ Թագաւորին ըսուեցաւ որ խոստացեալ Սերունդը իր արքայական շառաւիղէն պիտի գար։ Այդ Սերունդը Յիսուս Քրիստոսով յայտնուեցաւ Հ.Դ. 29–ին։ (Սաղմոս 89։3, 4. Մատթէոս 1։1. 3։16, 17) Անհաւատ Ադամին հակառակը, «վերջին Ադամը»՝ Յիսուս Քրիստոս՝ հաւատք ցուցաբերելու մէջ օրինակելի էր։ (Ա. Կորնթացիս 15։45) Ան Եհովայի ծառայութեան նուիրուած կեանք մը վարեց եւ Մեսիայի մասին նախագուշակուած բազմաթիւ մարգարէութիւններ կատարեց։ Այս կերպով Յիսուս խոստացեալ Սերունդին մասին ճշմարտութիւնը աւելի յստակացուց եւ Մովսիսական Օրէնքին կողմէ նախագուշակուած բաները իրականութիւն մը դարձուց։ (Կողոսացիս 2։16, 17) Անոր համար կարելի է ըսել թէ «ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եղաւ»։—Յովհաննու 1։17
14. Պօղոս ինչպէ՞ս Գաղատացիներուն ցոյց տուաւ որ հաւատքը նոր հանգամանք մը ստացած էր։
14 Արդ, ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով եկած ըլլալով, աւելի մեծ հիմ մը կար, որու վրայ կրնայինք հաւատալ «խոստում»ին։ Հաւատքը աւելի հաստատ եղած եւ նոր հանգամանք մը ստացած էր։ Այս առնչութեամբ, Պօղոս Քրիստոնեայ օծեալ հաւատակիցներուն գրեց. «Գիրքը բոլոր աշխարհը մեղքի տակ կը ցուցնէ, որպէսզի խոստումը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքովը տրուի հաւատացեալներուն։ Բայց քանի որ հաւատքը չէր եկած, օրէնքին տակ գոցուած կը պահուէինք, սպասելով այն հաւատքին, որ պիտի յայտնուէր։ Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէսզի մենք հաւատքով արդարանանք։ Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք։ Վասնզի ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով»։—Գաղատացիս 3։22–26
15. Հաւատքը միայն ինչպէ՞ս կրնար կատարելագործուիլ։
15 Իսրայելացիները հաւատք ընծայած էին իրենց հետ Աստուծոյ ունեցած վերաբերմունքին վրայ, Օրէնքի ուխտին միջոցով։ Բայց հիմա կարիքը կար այս հաւատքը աւելցնելու։ Ինչպէ՞ս։ Հաւատք ընծայելով հոգիէն ծնած Յիսուսին որու առաջնորդելու համար նշանակուած էր Օրէնքը։ Միայն այդ կերպով էր որ նախա–Քրիստոնէական հաւատքը պիտի կատարելագործուէր։ Որքա՜ն կենսական էր որ այդ նախկին Քրիստոնեաները ‘Յիսուսի նայէին, իրենց հաւատքի առաջնորդին եւ կատարողին’։ (Եբրայեցիս 12։2) Արդարեւ, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ պէտք է ընեն ասիկա։
16. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս եկաւ աւելի ընդարձակ կերպով մը եւ ինչո՞ւ։
16 Աստուածային ճշմարտութեան գիտութիւնը աւելնալով եւ անով հաւատքը կատարելագործուելով, արդեօք սուրբ հոգին ալ պէ՞տք էր աւելի ընդարձակ ձեւով գար։ Այո՛. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի խօսած օգնականը թափուեցաւ աշակերտներուն վրայ։ (Յովհաննու 14։26. Գործք 2։1–4) Այն ատեն սուրբ հոգին անոնց վրայ սկսաւ գործել ամբողջովին նոր կերպով մը, որպէս Քրիստոսի օծեալ եղբայրները։ Սուրբ հոգիին պտուղը եղող հաւատքը զօրացաւ։ Ասիկա զիրենք պատրաստեց իրենց դիմաց գտնուող աշակերտելու հսկայական գործին համար։—Մատթէոս 28։19, 20
17. (ա) 1914–էն ի վեր ինչպէ՞ս ճշմարտութիւնը եկած եւ հաւատքը կատարելագործուած է։ (բ) 1919–էն ի վեր, սուրբ հոգիին գործունէութեան ի՞նչ ապացոյց կայ։
17 Հաւատքը եկաւ, շուրջ 1,900 տարիներ առաջ, երբ Յիսուս ինքզինք ներկայացուց որպէս Նշանակուած Թագաւոր։ Բայց հիմա որ ան երկնքի մէջ գահակալուած Թագաւոր մըն է, մեր հաւատքին հիմը՝ յայտնուած ճշմարտութիւնը՝ չափազանց ընդարձակուած է մեր հաւատքը կատարելագործելով։ Նմանապէս, սուրբ հոգիին գործողութիւնն ալ զօրացած է։ Ասիկա յստակօրէն ապացուցուեցաւ 1919–ին, երբ սուրբ հոգին Աստուծոյ նուիրուած ծառաները վերակենդանացուց, գրեթէ անգործունեայ վիճակէն։ (Եզեկիէլ 37։1–14. Յայտնութիւն 11։7–12) Այն ատեն հոգեւոր դրախտին հիմը դրուեցաւ, որ յաջորդող տարիներուն երթալով աւելի բացայայտ եւ աւելի փառաւոր եղաւ։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին գործունէութեան նկատմամբ ասկէ աւելի մեծ փաստ մը կրնա՞յ ըլլալ։
Ինչո՞ւ Վերլուծենք Մեր Հաւատքը
18. Իսրայելացի լրտեսները ինչպէ՞ս իրարմէ տարբեր էին հաւատքով։
18 Իսրայելացիներուն Եգիպտոսէ ազատագրուելէն քիչ ետք, 12 մարդիկ ղրկուեցան Քանանու երկիրը լրտեսելու։ Սակայն անոնցմէ տասն հաւատքի պակաս ցուցաբերեցին, կասկածելով այդ երկիրը Իսրայէլի տալու իր խոստումը կատարելու Եհովայի կարողութեան վրայ։ Անոնք երեւութական, մարմնաւոր բաներով տարուեցան։ Տասներկուքէն միայն Յեսուն եւ Քաղէբը ցոյց տուին որ իրենք հաւատքով կը քալէին եւ ոչ թէ երեւոյթով։ (Բ. Կորնթացիս 5։7) Իրենց հաւատքին պատճառով, այդ մարդոցմէ միայն իրենք վերապրեցան եւ Խոստացեալ Երկիրը մտան։—Թուոց 13։1–33. 14։35–38
19. Այն հիմը որու վրայ հաւատքը պէտք է կերտուի ներկայիս ինչո՞ւ որեւէ ատենէն խորունկ է, եւ սակայն տակաւին ի՞նչ պէտք է ընենք։
19 Ներկայիս, մենք Աստուծոյ արդար նոր աշխարհի սեմին կը գտնուինք։ Հոն մտնելու համար հաւատքը անհրաժեշտ է։ Բարեբախտաբար, այդ հաւատքը հաստատելու համար ճշմարտութեան հիմը բնաւ այսքան խորունկ չէ եղած։ Աստուծոյ ամբողջ Խօսքը, Յիսուս Քրիստոսի եւ իր օծեալ հետեւորդներուն օրինակը եւ միլիոնաւոր հոգեւոր եղբայրներու եւ քոյրերու օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ որեւէ ժամանակէ աւելի Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնը ունինք։ Այսուհանդերձ, լաւ է որ մեր հաւատքը վերլուծենք եւ զայն զօրացնելու քայլեր առնենք, քանի տակաւին կրնանք։
20. Տեղին ըլլալով մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։
20 ‘Այո, կը հաւատամ որ ասիկա է ճշմարտութիւնը’, կրնաք ըսել։ Բայց ձեր հաւատքը որքա՞ն զօրաւոր է։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Եհովայի երկնային Թագաւորութիւնը ինծի համար մարդկային կառավարութեան մը պէս իրակա՞ն է։ Ես Եհովայի տեսանելի կազմակերպութիւնը եւ անոր Կառավարիչ Մարմինը իրապէս կ’ընդունի՞մ եւ անոնց լիովին թիկունք կը կանգնի՞մ։ Հաւատքի աչքերով կը տեսնե՞մ որ ազգերը հիմա Արմագեդոնին համար իրենց վերջնական դիրքը կը բռնեն։ Իմ հաւատքս կը նմանի՞ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ յիշուած «վկաներու բազմութեան» հաւատքին’։—Եբրայեցիս 12։1. Յայտնութիւն 16։14–16
21. Հաւատք ունեցողները ի՞նչ ընելու կը մղուին, եւ անոնք ինչպէ՞ս օրհնուած են (ի ներառեալ էջ 13–ի տուփը)։
21 Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաւատք ունեցողները գործի կը լծուին։ Աբէլի մատուցած ընդունելի զոհին նման, անոնց փառաբանութեան զոհերը հաճելի են Աստուծոյ։ (Եբրայեցիս 13։15, 16) Արդարութեան քարոզիչ Նոյի նման, որ Աստուծոյ հնազանդեցաւ, անոնք որպէս Թագաւորութեան քարոզիչներ արդար ընթացք մը կը հետապնդեն։ (Եբրայեցիս 11։7. Բ. Պետրոս 2։5) Աբրահամի նման, ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաւատք ունեցողները Եհովայի կը հնազանդին հակառակ անյարմարութիւններու եւ նոյնիսկ շատ ծանր փորձութիւններու ներքեւ։ (Եբրայեցիս 11։17–19) Եհովայի վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն նման, այսօր ալ հաւատք ունեցողները մեծապէս օրհնուած են եւ իրենց սիրալիր երկնաւոր Հօրը հոգածութեան առարկան են։—Մատթէոս 6։25–34. Ա. Տիմոթէոս 6։6–10
22. Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատքը զօրացնել։
22 Եթէ դուք Եհովայի ծառայ մըն էք, բայց կը զգաք որ ձեր հաւատքը կերպով մը տկար է, ի՞նչ կրնաք ընել։ Ձեր հաւատքը զօրացուցէք ջանադրութեամբ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ թոյլ տուէք որ ձեր բերնէն ճշմարտութեան ջուրերը բխին, որոնք ձեր հոգիները կը լեցնեն։ (Առակաց 18։4) Եթէ ձեր հաւատքը կանոնաւորաբար չզօրացնէք, անիկա կրնայ տկարանալ, անգործունեայ ըլլալ, նոյնիսկ մեռնիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19. Յակոբու 2։20, 26) Վճռեցէք որ ասիկա բնաւ չպատահի ձեզի։ Եհովայի օգնութիւնը խնդրեցէք, աղօթելով. «Օգնէ իմ անհաւատութեանս [Օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ, (ՆԱ)]»։—Մարկոս 9։23
Ի՞նչ Է Ձեր Պատասխանը
◻ Հաւատքը ի՞նչ է։
◻ Ինչո՞ւ ճշմարտութենէն եւ սուրբ հոգիէն անջատ հաւատք գոյութիւն չի կրնար ունենալ։
◻ Յիսուս Քրիստոս ինչպէ՞ս մեր հաւատքին Կատարողը եղաւ։
◻ Ինչո՞ւ պէտք է վերլուծենք մեր հաւատքին զօրութիւնը։
[Շրջանակ՝ էջ 13]
ԱՆՈՆՔ ՈՐՈՆՔ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԻՆ ...
◻ Եհովայի մասին կը խօսին։—Բ. Կորնթացիս 4։13
◻ Յիսուսի նման գործեր կ’ընեն։—Յովհաննու 14։12
◻ Ուրիշներուն համար քաջալերութեան աղբիւր են։—Հռովմայեցիս 1։8, 11, 12
◻ Աշխարհին կը յաղթեն։—Ա. Յովհաննու 5։5
◻ Վախնալու պատճառ չունին։—Եսայեայ 28։16
◻ Յաւիտենական կեանքի համար հաւաքուողներուն մէջն են։—Յովհաննու 3։16