Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 1/1 էջ 8-13
  • Եհովայի փրկարար բազուկին վստահինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի փրկարար բազուկին վստահինք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Փրկարար Բազուկը Գործի Վրայ
  • Ժողովքին մէջ Օգնութիւն
  • Օգնութիւն՝ Երբ Փորձութիւններ Մեզ Պատեն
  • Անձնական Գործերու մէջ Օգնութիւն
  • Բոլոր Նեղութիւններէն
  • Մարդկային տկարութեան վրայ յաղթանակ տանիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եհովա մեր գերիշխան Տէրն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Եհովա մեր աղաղակը կը լսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • «Քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 1/1 էջ 8-13

Եհովայի փրկարար բազուկին վստահինք

«Ո՛վ Եհովա ... ամէն առտու մեզի բազուկ եղիր ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 33։2 ՆԱ

1. Ի՞նչ առումով Եհովա հզօր բազուկ ունի։

ԵՀՈՎԱՅԻ բազուկը հզօր է։ Քանի որ «Աստուած հոգի է», անշուշտ անիկա մարմնաւոր բազուկ մը չէ։ (Յովհաննու 4։24) Աստուածաշունչին մէջ, այլաբանական բազուկը զօրութիւն ի գործ դնելու կարողութիւն կը ներկայացնէ։ Ուստի, իր բազուկով է որ Աստուած կ’ազատագրէ իր ժողովուրդը։ Արդարեւ, ‘անիկա հովիւի մը պէս իր հօտը կը հովուէ։ Գառնուկները իր բազուկովը կը հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ կը կրէ’։ (Եսայեայ 40։11. Սաղմոս 23։1–4) Եհովայի ժողովուրդը ինքզինք ի՜նչ ապահով կը զգայ իր սիրալիր բազուկին մէջ։—Բաղդատել Բ. Օրինաց 3։24։

2. Ո՞ր հարցումները մեր նկատողութեան արժանի են հոս։

2 Եհովայի բազուկը ինչպէ՞ս փրկած է իր ժողովուրդը անցեալին եւ ներկայիս։ Աստուած ի՞նչ օգնութիւն կու տայ անոնց որպէս ժողովք մը։ Իսկ իր ժողովուրդը, իր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, ինչո՞ւ կրնայ վստահիլ իր փրկարար բազուկին։

Աստուծոյ Փրկարար Բազուկը Գործի Վրայ

3. Աստուածաշունչը ի՞նչ բանի կը վերագրէ Եգիպտոսէ Իսրայէլի ազատագրումը։

3 Իսրայելացիները 3,500 տարի առաջ, Եգիպտական գերութենէն նախ քան ազատագրելը, Աստուած իր Մովսէս մարգարէին ըսաւ. «Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. ‘Ես եմ Եհովա, ես ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն պիտի հանեմ ու ձեզ անոնց ծառայութենէն պիտի ազատեմ եւ ձեզ երկնցած բազուկով ու մեծ դատաստաններով պիտի փրկեմ’»։ (Ելից 6։6) Ըստ Պօղոս առաքեալին, Աստուած Իսրայելացիները Եգիպտոսէն հանեց «զօրաւոր բազուկով»։ (Գործք 13։17) Կորխի որդիները Խոստացեալ Երկրին յաղթանակը Աստուծոյ վերագրեցին, ըսելով. «Ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը ու ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց, այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝ վասնզի անոնց հաճեցար»։—Սաղմոս 44։3

4. Եհովայի փրկարար բազուկին վստահիլը ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ Ասորական ներխուժումի օրերուն։

4 Եհովայի բազուկը դարձեալ իր ժողովուրդին օգնութեան հասաւ Ասորական ներխուժումի օրերուն։ Այդ ժամանակ, Եսայի մարգարէն աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի՛ կը յուսանք. ամէն առտու մեր բազուկը եղիր ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր»։ (Եսայեայ 33։2, ՆԱ։) Այդ աղօթքը պատասխանուեցաւ, երբ Աստուծոյ հրեշտակը Ասորական բանակէն 185,000 հոգի սպաննեց, Սենեքերիմ Թագաւորը «ամօթով» հեռացնելով Երուսաղէմէն։ (Բ. Մնացորդաց 32։21. Եսայեայ 37։33–37) Եհովայի փրկարար բազուկին վստահութիւն դնողը միշտ կը վարձատրուի։

5. Աստուծոյ հզօր բազուկը ի՞նչ ըրաւ հալածուած Քրիստոնեաներուն համար Ա. Աշխարհամարտի վախճանին։

5 Աստուծոյ հզօր բազուկը փրկեց հալածուած օծեալ Քրիստոնեաները Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան։ Թշնամիները Կառավարիչ Մարմինին կեդրոնատեղիին վրայ յարձակեցան 1918–ին եւ լաւ ճանչցուած եղբայրները բանտարկուեցան։ Աշխարհային ուժերէն վախնալով, օծեալները գրեթէ դադրեցուցին իրենց վկայութեան գործը։ Բայց անոնք աղօթեցին որ վերակենդանանան եւ անգործունէութեան մեղքէն ու վախի պղծութենէն մաքրուին։ Աստուած պատասխանեց անոնց, բանտարկուած եղբայրները ազատ արձակել տալով եւ անկէ քիչ ետք զանոնք անպարտ հանելով։ Անոնց 1919–ի համաժողովին արտայայտուած ճշմարտութիւններուն եւ Աստուծոյ գործօն հոգիին անոնց վրայ թափուելուն որպէս հետեւանք, օծեալները վերակենդանացան անվախօրէն Եհովայի ծառայելու համար, որպէս Յովելեայ 2։28–32–ի վերջին կատարումը։—Յայտնութիւն 11։7–12

Ժողովքին մէջ Օգնութիւն

6. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ կարելի է ժողովքի մը մէջ գոյութիւն ունեցող փորձիչ վիճակի մը տոկալ։

6 Մինչ Աստուած թիկունք կը կանգնի իր ընդհանուր կազմակերպութեան, իր բազուկը անոր մէջ գտնուող անհատներն ալ կը պաշտպանէ։ Անշուշտ, ոչ մէկ ժողովքի մէջ կատարեալ վիճակ կը տիրէ, քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ուստի, Եհովայի ծառաներէն ոմանք երբեմն դժուար կացութեան կրնան մատնուիլ ժողովքի մը մէջ։ Օրինակի համար, թէեւ Գայիոս ‘հաւատարիմ գործ’ մը կ’ընէր այցելու եղբայրները հիւրասիրելով, սակայն Դիոտրեփէս զանոնք չէր ընդուներ եւ կը փորձէր ժողովքէն վտարել հիւրասէր եղողները։ (Գ. Յովհաննու 5, 9, 10) Այսուհանդերձ, Եհովա օգնեց Գայիոսի եւ ուրիշներուն, որպէսզի շարունակեն հիւրասիրութիւն ցուցաբերել Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին թիկունք կանգնելով։ Աղօթքով Աստուծոյ ապաւինիլը պիտի օգնէ մեզի որ շարունակենք հաւատարիմ գործեր ընել, սպասելով որ Աստուած շտկէ պարագայ մը, որ մեր հաւատքը փորձի կ’ենթարկէ։

7. Կորնթոսի ժողովքին մէջ հակառակ ո՞ր պարագաներուն, հաւատարիմ Քրիստոնեաներ Աստուծոյ հանդէպ իրենց նուիրումը կատարեցին։

7 Ենթադրեցէք որ դուք առաջին դարու Կորընթոսի ժողովքին հետ կ’ընկերակցիք։ Ժամանակ մը անոր մէջ գտնուած երկպառակութիւններ կը սպառնային անոր միութեան, իսկ անբարոյութեան հանդուրժելը կը վտանգէր ժողովքի հոգիին։ (Ա. Կորնթացիս 1։10, 11. 5։1–5) Հաւատացեալները զիրար աշխարհային ատեաններու կը քաշէին եւ շատ նիւթերու վրայ կը վիճէին։ (Ա. Կորնթացիս 6։1–8. 8։1–13) Կռիւը, նախանձը, բարկութիւնը եւ անկարգութիւնը կեանքը կը դժուարացնէին։ Ոմանք նոյնիսկ կասկած կը յայտնէին Պօղոսի հեղինակութեան վրայ եւ իր խօսելու կարողութիւնը կ’աղարտէին։ (Բ. Կորնթացիս 10։10) Սակայն, այդ դժուարին ժամանակին, ժողովքին հետ ընկերակցող հաւատարիմները Աստուծոյ կատարած իրենց նուիրումը կը շարունակէին կատարել։

8, 9. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ ժողովքի մը մէջ փորձիչ վիճակ մը դիմագրաւենք։

8 Երբ փորձիչ պարագայ մը ծագի, պէտք է կառչած մնանք Աստուծոյ ժողովուրդին։ (Բաղդատել Յովհաննու 6։67–70)։ Իրարու համբերենք, գիտակցելով որ ոմանք ուրիշներէն աւելի ժամանակ կ’ուզեն ‘նոր անձնաւորութիւն’ը, գութը, ողորմութիւնը, քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը եւ երկայնամտութիւնը հագնելու։ Քանի որ Աստուծոյ ծառաները տարբեր միջավայրներէ եկած են, բոլորս ալ պէտք է սէր ցուցաբերենք եւ ներողամիտ ըլլանք։—Կողոսացիս 3։10–14

9 Երկար տարիներ, Եհովայի ծառայելէ ետք, եղբայր մը ըսաւ. «Ինծի համար ամենէն կարեւոր բանը եղած է Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան մօտիկ մնալ։ Սկիզբը իմ ունեցած փորձառութիւնս ինծի սորվեցուց թէ որքան անխոհեմութիւն է մարդկային տրամաբանութեան վստահիլ։ Անգամ մը որ միտքս այս կէտին համոզուեցաւ, որոշեցի հաւատարիմ մնալ կազմակերպութեան կողքին։ Ապա թէ ոչ անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովայի հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը ունենալ»։ Դուք ալ նմանապէս իր ուրախ ժողովուրդին հետ Եհովայի ծառայելու ձեր առանձնաշնորհումին վրայ կը գուրգուրա՞ք։ (Սաղմոս 100։2) Եթէ այո, թոյլ պիտի չտաք որ որե՛ւէ բան ձեզ հեռացնէ Աստուծոյ կազմակերպութենէն, կամ ձեր յարաբերութիւնը խզէ Անոր հետ որու բազուկը կը փրկէ բոլոր զինք սիրողները։

Օգնութիւն՝ Երբ Փորձութիւններ Մեզ Պատեն

10. (ա) Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ Աստուծոյ ժողովուրդին փորձութիւնը դիմագրաւելու։ (բ) Պօղոս ի՞նչ երաշխիք տուաւ Ա. Կորնթացիս 10։13–ի մէջ։

10 Փորձութեան ժամանակ Աստուած կ’օգնէ մեզի երբ որպէս հաւատարիմ անհատներ, կ’ընկերակցինք իր կազմակերպութեան հետ։ Օրինակի համար, երբ փորձութեան դիմաց գտնուինք, ան կ’օգնէ մեզի մեր ուղղամտութիւնը պահելու։ Անշուշտ, Յիսուսի սորվեցուցած խօսքերուն համաձայն, պէտք է աղօթենք. «Մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն [Բանսարկու Սատանայէն] մեզ ազատէ»։ (Մատթէոս 6։9–13) Ասիկա ըսելով, իրականութեան մէջ, Աստուծմէ կը խնդրենք որ երբ իրեն անհնազանդ գտնուելու փորձի մը դիմաց գտնուինք, թոյլ չտայ որ տկարանանք։ Ան նաեւ կը պատասխանէ երբ փորձութիւնները դիմագրաւելու համար իրմէ իմաստութիւն խնդրենք։ (Յակոբու 1։5–8) Եհովայի ծառաները կրնան վստահ ըլլալ իր օգնութենէն, քանի որ Պօղոս ըսաւ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել»։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Այս փորձութեան աղբիւրը ի՞նչ է, իսկ Աստուած ինչպէ՞ս ազատութեան միջոց մը կու տայ։

11, 12. Իսրայելացիները ո՞ր փորձութիւններու տեղի տուին, եւ իրենց փորձառութենէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

11 Փորձութիւնը կու գայ այն պարագաներէն որոնք մեզ կը դրդեն Աստուծոյ անհաւատարիմ գտնուիլ։ Պօղոս ըսաւ. «Այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէսզի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք [Իսրայելացիները] ցանկացին։ Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. ‘Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու’։ Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան։ Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։ Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան»։—Ա. Կորնթացիս 10։6–10

12 Իսրայելացիները չար բաներ ցանկացին, երբ Աստուծոյ կողմէ հրաշքով հայթայթուած լորամարգիները հաւաքելու եւ ուտելու ատեն ագահութեան անձնատուր եղան։ (Թուոց 11։19, 20, 31–35) Անկէ առաջ անոնք կռապաշտութիւն ըրին, երբ Մովսէսի բացակայութիւնը զիրենք մղեց հորթի պաշտամունքին։ (Ելից 32։1–6) Հազարաւորներ մեռան, քանի որ փորձութեան տեղի տալով պոռնկութիւն ըրին Մովաբացի կիներու հետ։ (Թուոց 25։1–9) Երբ Իսրայելացիները փորձութեան տեղի տուին եւ ըմբոստ Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի եւ անոնց ընկերակիցներուն կործանման համար տրտնջացին, Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ժանտախտէն 14,700 հոգի բնաջնջուեցան։ (Թուոց 16։41–49) Այս փորձառութիւններէն կ’օգտուինք, եթէ գիտակցինք որ անոնցմէ ո՛չ մէկը այնքան մեծ էր որ Իսրայելացիները չկրցան անոր դիմադրել։ Անոնք պիտի կարենային դէմ դնել եթէ հաւատք գործադրէին, Աստուծոյ սիրալիր հոգածութեան հանդէպ երախտապարտ ըլլային եւ իր Օրէնքին իրաւացի ըլլալը գնահատէին։ Այդ պարագային Եհովայի բազուկը կրնար փրկել զիրենք, ինչպէս կրնայ մեզ ալ փրկել։

13, 14. Երբ իր ծառաները փորձութեան դիմաց գտնուին, Եհովա ինչպէ՞ս ազատութեան միջոց մը կը հայթայթէ անոնց։

13 Որպէս Քրիստոնեաներ, մեր դիմագրաւած փորձութիւնները մարդկային փորձութիւններ են։ Սակայն, մենք կրնանք Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ իր օգնութեան համար աղօթելով եւ փորձութեան դէմ դնելու համար աշխատելով։ Աստուած հաւատարիմ է եւ թոյլ պիտի չտայ որ մենք մեր կարողութենէն աւելին փորձուինք։ Եթէ Եհովայի հաւատարիմ ըլլանք, մենք իր կամքը կատարելը բնաւ անկարելի պիտի չգըտնենք։ Ան ազատութեան միջոց մը կու տայ, մեզ զօրացնելով որ մենք փորձութեան տոկանք։ Օրինակի համար հալածանքի ներքեւ տանջանքէ կամ մահէ խուսափելու համար, մենք կրնանք համակերպելու փորձութեան մէջ իյնալ։ Բայց եթէ մենք Եհովայի հզօր բազուկին վստահինք, փորձութիւնը բնաւ չի հասնիր մինչեւ այն կէտին, ուր անիկա չկարենայ մեր հաւատքը զօրացնել եւ ուղղամտութիւն պահելու համար մեզի բաւարար ոյժ տալ։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք։ Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք»։—Բ. Կորնթացիս 4։8, 9

14 Եհովա նաեւ իր ժողովուրդին թիկունք կը կանգնի իր հոգին գործածելով որպէս յուշարար եւ ուսուցիչ։ Անիկա սուրբ գրային կէտեր կը յիշեցնէ եւ մեզի կ’օգնէ որ փորձութեան դէմ դնելու համար անոնց կիրարկումը ըմբռնենք։ (Յովհաննու 14։26) Եհովայի հաւատարիմ ծառաները կը հասկնան փորձութեան մը պարփակած հարցերը եւ խաբուելով սխալ ընթացքի մը չեն հետեւիր։ Աստուած ազատութեան միջոց մը կը հայթայթէ, անոնց օգնելով որ, առանց փորձութեան տեղի տալու, նոյնիսկ մահուան ենթարկուին։ (Յայտնութիւն 2։10) Իր ծառաներուն իր հոգիով օգնելէ զատ, Եհովա իր հրեշտակները կը գործածէ իր կազմակերպութեան ի նպաստ։—Եբրայեցիս 1։14

Անձնական Գործերու մէջ Օգնութիւն

15. Սողոմոնի Երգ Երգոցին մէջ անձնական ի՞նչ օգնութիւն մը կրնանք գտնել։

15 Եհովայի կազմակերպութեան հետ ընկերակցողները իրենց անձնական գործերուն մէջ ալ իր օգնութիւնը ունին։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք Քրիստոնեայ կողակից մը կը փնտռեն։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Եթէ յուսախաբ եղած են, իրենց համար օգտակար կրնայ ըլլալ Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը նկատի ունենալ։ Ան չկըրցաւ Սունամացի աղջկայ մը սիրտը գրաւել, քանի որ ան համեստ հովիւ մը կը սիրէր։ Այս նիւթին մասին Թագաւորին գրութիւնը կարելի է կոչել՝ Սողոմոնի Յուսախաբ Սիրոյ Երգը։ Թերեւս արցունք թափենք երբ պատահի որ անհատի մը հանդէպ մեր սիրոյ ջանքերը ապարդիւն ըլլան, բայց Սողոմոն յաղթահարեց իր յուսախաբութեան, ուստի մենք ալ կրնանք։ Աստուծոյ հոգին կրնայ օգնել մեզի որ ժուժկալութիւն եւ աստուածային ուրիշ յատկութիւններ ցուցաբերենք։ Իր Խօսքը մեզի կ’օգնէ ընդունելու այն ցաւալի իրողութիւնը թէ անհատ մը չի կրնար սիրել ոեւէ մէկը։ (Երգ Երգոց 2։7. 3։5) Սակայն, Սողոմոնի Երգ Երգոցը ցոյց կու տայ թէ կարելի է հաւատակից մը գտնել, որ մեզի սրտանց կը սիրէ։ Ասկէ կարեւորը, այս «գերադրական երգ»ին կատարումն էր Բարի Հովիւ Յիսուս Քրիստոսի սէրը, իր «հարս»ին՝ 144,000 օծեալ հետեւորդներուն հանդէպ։—Երգ Երգոց 1։1. Յայտնութիւն 14։1–4. 21։2, 9. Յովհաննու 10։14

16. Ամուսնացած Քրիստոնեաներուն «մարմնի նեղութիւն»ը իր մէջ ի՞նչ կը բովանդակէ։

16 Նոյնիսկ հաւատացեալի մը հետ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն» ունին։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Ամուսին, կին, զաւակներ, մտահոգութիւններու աղբիւր են եւ անոնց հոգ պէտք է տարուի։ (Ա. Կորնթացիս 7։32–35) Հիւանդութիւնը բեռ եւ ճնշում կրնայ բերել։ Հալածանքը կամ տնտեսական նեղութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ Քրիստոնեայ հայր մը դժուարութիւն ունենայ իր ընտանիքին կեանքի անհրաժեշտ բաները հայթայթել։ Ծնողներ եւ զաւակներ կրնան բանտարկութեամբ իրարմէ բաժնուիլ, ոմանք կրնան չարչարուիլ եւ նոյնիսկ սպաննուիլ։ Բայց այս բոլոր պարագաներուն, մենք կրնանք մեր հաւատքը ուրանալու փորձութեան դէմ դնել, եթէ իրապէս վստահինք Եհովայի փրկարար բազուկին։—Սաղմոս 145։14

17. Իսահակ եւ Ռեբեկա Աստուծոյ շնորհիւ ընտանեկան ո՞ր խնդրին դիմացան։

17 Թերեւս երկար ժամանակ կարգ մը փորձութիւններու տոկանք։ Զաւակ մը կրնայ իր բարեպաշտ ծնողքին վիշտ պատճառել, զոր օրինակ, անհաւատի մը հետ ամուսնանալով։ Ատիկա պատահեցաւ նահապետ Իսահակի եւ իր կնոջ Ռեբեկայի ընտանիքին մէջ։ Անոնց 40 տարեկան որդին՝ Եսաւը՝ Քետացի երկու կիներ առաւ, որոնք «Իսահակին ու Ռեբեկային սրտի ցաւ եղան»։ Արդ, Ռեբեկան սկսաւ անդադար ըսել Իսահակի. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ [անոնց միւս զաւակը] այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։ (Ծննդոց 26։34, 35. 27։46) Երեւութապէս, Ռեբեկայի արդար հոգին կը տանջուէր այս շարունակական խնդիրով։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8) Սակայն, Եհովայի բազուկը նեցուկ կանգնեցաւ Իսահակի ու Ռեբեկայի, որպէսզի տոկային այս փորձութեան, մինչ շարունակելով զօրաւոր յարաբերութիւն մը պահել Իրեն հետ։

18. Չարլզ Ռասըլ անձնական ի՞նչ փորձութեան տոկաց Աստուծոյ օգնութեամբ։

18 Վիշտ կը պատճառէ երբ ընտանիքի մկրտուած անդամ մը Աստուծոյ ծառայութեան մէջ դանդաղի։ (Բաղդատել Բ. Տիմոթէոս 2։15)։ Սակայն, ոմանք նոյնիսկ իրենց կողակիցին հոգեւոր կորուստին տոկացած են, ինչպէս եղաւ պարագան Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահին՝ Չարլզ Թ. Ռասըլին։ Իր կինը Ընկերութեան հետ իր կապերը խզեց եւ զինք լքեց 1897–ին, մօտ 18 տարուան ամուսնութենէ ետք։ Կինը իր օրինաւոր բաժանման դիմումը ներկայացուց 1903–ին եւ 1908–ին արտօնութիւն ստացաւ։ Ռասըլի վիշտը մեծ էր, ինչպէս նախապէս իր կնոջ գրած նամակի մը մէջ կը յայտնուի. «Քեզի համար ջերմեռանդօրէն աղօթեցի Տէրոջը։ ... Քեզ չեմ ուզեր բեռնաւորել իմ վշտիս պատմութիւններով, ոչ ալ կը փորձեմ իմ զգացումներս նկարագրելով քու գութդ շարժել, ամէն անգամ որ հագուստներուդ կամ քեզի պատկանած իրերուն քովէն կ’անցնիմ, որոնք ինծի կենսունակութեամբ կը յիշեցնեն ա՛յնքան սիրով, կարեկցութեամբ եւ օգնող քու նախկին անձնաւորութիւնդ՝ Քրիստոսի հոգին ...։ Ի՛նչ որ կ’ըսեմ, հաճիս աղօթքով նկատի առ։ Իսկ վստահ եղիր որ իմ ծայր աստիճան վիշտս եւ խայթոցներս կեանքիս մնացեալ ճամբորդութեան համար առանձին մնալուս համար չեն, այլ՝ քու անկումիդ, քու յաւիտենական կորուստիդ համար են, սիրելիս, ըստ իմ դատումիս»։ Հակառակ իր այս կսկիծին, Աստուած թիկունք կանգնեցաւ Ռասըլի մինչեւ իր երկրային կեանքի վերջաւորութեան։ (Սաղմոս 116։12–15) Եհովա միշտ նեցուկ կը կանգնի իր հաւատարիմ ծառաներուն։

Բոլոր Նեղութիւններէն

19. Ի՞նչ պէտք է յիշենք երբ նեղացուցիչ խնդիրներ յարատեւեն։

19 Եհովայի ժողովուրդը զինք կը ճանչնայ որպէս ‘փրկարար արարքներ ունեցող Աստուած’ մը, որպէս Մէկը որ ‘ամէն օր մեր տեղը մեր բեռը կը կրէ’։ (Սաղմոս 68։19, 20, ՆԱ) Հետեւաբար, որպէս իր երկրային կազմակերպութեան ընկերակցող անհատներ, բնաւ յուսահատութեան չմատնուինք, երբ նեղացուցիչ խնդիրներ յարատեւեն։ Յիշենք թէ «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու»։ (Սաղմոս 46։1) Իր վրայ դրած մեր վստահութիւնը միշտ վարձատրուած է։ «Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ», ըսաւ Դաւիթ՝ «եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։ ... Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց»։—Սաղմոս 34։4–6

20. Ո՞ր հարցումը տակաւին նկատողութեան արժանի է։

20 Այո, մեր երկնաւոր Հայրը իր ժողովուրդը կը փրկէ բոլոր նեղութիւններէն։ Ան թիկունք կը կանգնի իր երկրային կազմակերպութեան, օգնութիւն մատակարարելով ժողովքային հարցերու եւ անձնական գործերու մէջ։ Արդարեւ, «Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ»։ (Սաղմոս 94։14) Բայց նկատի առնենք կարգ մը ուրիշ կերպեր որոնցմով Եհովա անհատապէս իր ժողովուրդին կ’օգնէ։ Մեր երկնաւոր Հայրը ինչպէ՞ս նեցուկ կը կանգնի իր ծառաներուն որոնք հիւանդ, մտքով ընկճուած, կամ սիրելիի մը կորուստով վշտահար են, կամ իրենց գործած սխալներուն համար նեղուած են։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, այս հարցերուն մէջ ալ պատճառ ունինք Եհովայի հզօր բազուկին ապաւինելու։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Անցեալին Եհովայի բազուկը ինչպէ՞ս փրկեց։

◻ Ներկայիս, Եհովա ինչպէ՞ս կ’օգնէ իր ժողովուրդին՝ ժողովքին մէջ։

◻ Աստուած ի՞նչ օգնութիւն կը հայթայթէ անձնական գործերու մէջ։

◻ Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ նեղացուցիչ խնդիրներ յարատեւեն։

[Նկար՝ էջ 8,9]

Աստուած Իսրայելացիները Եգիպտոսէ դուրս բերաւ «զօրաւոր բազուկով»

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել