Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 3/1 էջ 26
  • Հռովմէացի ազնիւ հարիւրապետ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հռովմէացի ազնիւ հարիւրապետ մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քա՛ջ եղիր. Եհովան օգնականդ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Քաղցրութիւն. թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 3/1 էջ 26

Հռովմէացի ազնիւ հարիւրապետ մը

ՀՌՈՎՄԷԱՑԻ հարիւրապետները ազնիւ ըլլալու համբաւը չէին վայլեր։ Պատերազմով թրծուած հարիւր զինուորներու գունդ մը առաջնորդելու նշանակումը ունենալով, հարիւրապետ մը խիստ զինուորամարզ, հրահանգիչ եւ երբեմն դահիճ մը պէտք էր ըլլար։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը մեզի կը խօսի Սեբաստիան գունդէն եղող Հռովմէացի հարիւրապետի մը մասին, որ Պօղոս առաքեալին հանդէպ իրապէս առատաձեռնութիւն եւ կարեկցութիւն ցուցաբերեց։ Ի՞նչ է անոր անունը։ Յուլիոս։

Աստուածաշունչը մեզի կը ներկայացնէ այս մարդը Գործք Առաքելոց 27–րդ գլուխին մէջ։ Պօղոս առաքեալ բողոքած էր Հռովմի մէջ Կայսրին առջեւ ներկայանալ։ Ուստի, բազմաթիւ ուրիշ բանտարկեալներու հետ, ան յանձնուած էր «հարիւրապետի մը, որուն անունը Յուլիոս էր, Սեբաստեան գունդէն»։ Անոնք Երուսաղէմի հիւսիս–արեւմտեան նաւահանգիստէ մը՝ Կեսարեայէն նաւով ճամբայ ելան, որ Հռովմէական գունդերուն համար որպէս կեդրոնատեղի կը ծառայէր։ Ղուկաս պատմաբանը կ’ըսէ. «Հետեւեալ օրը Սիդոն հասանք։ Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով Պօղոսին՝ հրաման տուաւ որ բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի»։—Գործք 27։1–3

Աստուածաշունչը չի յիշեր թէ Յուլիոս ի՛նչու այսպիսի ազնուութիւն ցուցաբերեց Պօղոսի հանդէպ։ Կրնայ ըլլալ որ ան Փեստոս Կուսակալին կողմէ պատուէր ստացած էր որ Պօղոսի մասնաւոր հոգ տանէր։ Կամ, Պօղոսի ձերբակալութեան պարագաներուն տեղեակ ըլլալով, թերեւս Յուլիոս պարզապէս զմայլած էր Պօղոսի քաջութեան եւ ուղղամտութեան վրայ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլար պարագան, Յուլիոս անդրադարձած էր որ Պօղոս սովորական բանտարկեալ մը չէր։

Այսուհանդերձ, Յուլիոս նախընտրեց մտիկ չընել Գեղեցիկ կոչուած նաւահանգիստէն ճամբայ չելլելու Պօղոսի ազդարարութեան։ Անմիջապէս նաւը մրրկալից հովէ մը բռնուեցաւ եւ Ափրիկէի հիւսիսային ծովափի ծանծաղուտին մէջ խրուելու վտանգին առջեւ գտնուեցաւ։ (Գործք 27։8–17) Այս ալեկոծութեան մէջ, Պօղոս կայնեցաւ եւ զարհուրած ճամբորդներուն ըսաւ որ ‘մէկուն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ, միայն նաւին’։ Հակառակ ասոր, կարգ մը նաւավարներ հետագային փորձեցին փախչիլ։ Այն ատեն Պօղոս ըսաւ Յուլիոսի. «Եթէ ատոնք նաւին մէջ չկենան՝ դուք չէք կրնար ազատիլ»։—Գործք 27։21, 22, 30, 31

Այս անգամ Յուլիոս որոշեց Պօղոսի մտիկ ընել եւ նաւավարներուն փախուստին արգելք հանդիսացաւ։ Պօղոսի նախագուշակութիւնը շիտակ ելլելով, նաւը ծանծաղուտի մը մէջ խրուեցաւ եւ խորտակուեցաւ։ Վախնալով որ բանտարկեալները փախչին, նաւուն վրայի զինուորները որոշեցին սպաննել զանոնք։ Անգամ մը եւս, Յուլիոս միջամտեց եւ արգելք հանդիսացաւ իր մարդոց, այսպիսով Պօղոսի կեանքը փրկելով։—Գործք 27։32, 41–44

Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ ի՛նչ եղաւ այս ազնիւ հարիւրապետը, կամ թէ Քրիստոնէական հաւատքը ողջունեց թէ ոչ։ Իր ցուցաբերած ազնուութիւնը, աստուածատուր գործող խղճի մը յայտնաբերումն էր։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Քրիստոնեաները, սակայն, մարդկային ազնուութենէն անդին կ’երթան եւ աստուածային ազնուութիւն կամ քաղցրութիւն կը ցուցաբերեն, որ Աստուծոյ հոգին ունենալուն արդիւնքն է։ (Գաղատացիս 5։22) Եթէ հեթանոս զինուոր մը, որ Աստուած չէր ճանչնար, կրցաւ ազնուութիւն ցուցաբերել, որքա՜ն աւելի Աստուծոյ ժողովուրդը ասիկա ընելու մղումը պէտք է ունենայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել