Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 1/1 էջ 25-29
  • Եհովայի կառչած մնացէ՛ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի կառչած մնացէ՛ք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատասխան՝ Ըստ Աստուծոյ Ծրագրին
  • Եհովայի Կառչած Մնալու Օրինակներ
  • Յիսուս՝ Մեր Տիպարը
  • Մեր Բեռը Եհովայի Վրայ Նետենք
  • Աղօթքը եւ Յոյսը Պիտի Շարունակուին
  • Ինչո՞ւ անդադար պէտք է աղօթենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Աղօթելու համար՝ հաւատարմութեամբ բարձրացնենք մեր ձեռքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 1/1 էջ 25-29

Եհովայի կառչած մնացէ՛ք

«Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։12

1. Աղօթքի նկատմամբ ի՞նչ է Եհովայի կամքը եւ այս մասին Պօղոս առաքեալ ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ։

ԵՀՈՎԱ իր բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն ‘յոյս [տուող] Աստուած է’։ Որպէս «աղօթքի լսող», ան կը լսէ անոնց առջեւ դրած ուրախ յոյսին հասնելու համար անոնց օգնութեան պաղատանքը։ (Հռովմայեցիս 15։13. Սաղմոս 65։2) Իսկ իր խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ, ան իր բոլոր ծառաները կը քաջալերէ որ իրեն մօտենան որե՛ւէ ատեն։ Ան միշտ պատրաստ է անոնց ներքնագոյն մտահոգութիւնները լսելու։ Իրապէս Աստուած կը քաջալերէ զանոնք որ ‘աղօթքի մէջ յարատեւեն’ եւ ‘անդադար աղօթք ընեն’։a (Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Եհովայի փափաքն է որ բոլոր Քրիստոնեաները յարատեւաբար իրեն մօտենան աղօթքով, իրենց սրտերը թափելով իր առջեւը եւ ասիկա ընեն իր սիրելի Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով։—Յովհաննու 14։6, 13, 14

2, 3. (ա) Պօղոս ինչո՞ւ մեզ յորդորեց որ ‘աղօթքի մէջ յարատեւենք’։ (բ) Ի՞նչ երաշխիք ունինք որ Աստուած կ’ուզէ որ աղօթենք։

2 Աստուած ինչո՞ւ այս յորդորը կու տայ մեզի։ Քանի որ կեանքի ճնշումները եւ պատասխանատուութիւնները կրնան մեր վրայ այնքան ծանր կշռել որ թերեւս աղօթելը մոռնանք։ Կամ խնդիրները կրնան մեզ խեղդել եւ պատճառ ըլլալ որ այլեւս յոյսով չուրախանանք եւ աղօթելը դադրեցնենք։ Այս բոլորին ի տես, յուշարարներու պէտք ունինք մեզ քաջալերելու որ աղօթենք եւ օգնութեան ու մխիթարութեան աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ, աւելի մօտենանք։

3 Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։8) Այո՛, Աստուած ոչ շատ բարձր եւ ոչ շատ հեռու է իրեն ներկայացուցած մեր արտայայտութիւնները լսելու, հակառակ մեր մարդկային անկատար վիճակին։ (Գործք 17։27) Մանաւանդ որ ան անտարբեր կամ մեզի հանդէպ հետաքրքրութիւն չունեցող չէ։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։—Սաղմոս 34։15. Ա. Պետրոս 3։12

4. Ինչպէ՞ս կրնանք պատկերացնել Եհովայի աղօթքի ուշադրութիւն ընծայելը։

4 Այո՛, Եհովա մեզ կը հրաւիրէ որ աղօթենք։ Ասիկա կրնանք բաղդատել հաւաքոյթի մը ուր շատ անհատներ իրարու հետ կը խօսին։ Դուք հոն էք եւ մտիկ կ’ընէք ուրիշներուն խօսակցութիւնը. դիտողի դեր կը կատարէք։ Յանկարծ մէկը ձեզի կը դառնայ, ձեր անունը կու տայ եւ իր խօսքը ձեզի կ’ուղղէ։ Ասիկա ձեր ուշադրութիւնը մասնաւոր կերպով մը կը կեդրոնացնէ։ Նմանապէս, Աստուած միշտ ուշադիր է իր ծառաներուն, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք։ (Բ. Մնացորդաց 16։9. Առակաց 15։3) Ուստի, ան կը լսէ մեր խօսքերուն եւ մեզի կը դիտէ մեզ պաշտպանելու եւ մեզմով հետաքրքրուելու միտքով։ Սակայն, երբ աղօթքի մէջ Աստուծոյ անունը կու տանք, անոր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ մեր վրայ բացայայտ կերպով։ Իր ունեցած զօրութեան շնորհիւ, Եհովա նոյնիսկ կրնայ նշմարել եւ հասկնալ մարդուն չարտայայտած խնդրանքը որ իր սրտին եւ մտքին պահուած խոռոջներուն մէջ կը մատուցանէ։ Աստուած մեզ կը վստահեցնէ որ ինք կը մօտենայ բոլոր անոնց որոնք անկեղծօրէն իր անունը կը կանչեն եւ կը ջանան իրեն կառչած մնալ։—Սաղմոս 145։18

Պատասխան՝ Ըստ Աստուծոյ Ծրագրին

5. (ա) «Աղօթքի մէջ յարատեւեցէ՛ք» խրատը ի՞նչ ցոյց կու տայ մեր աղօթքներուն նկատմամբ։ (բ) Աստուած ինչպէ՞ս կը պատասխանէ աղօթքներու։

5 Աղօթքի մէջ յարատեւելու խրատը կը մատնանշէ թէ երբեմն Եհովա թոյլ կու տայ որ շարունակենք աղօթել հարցի մը մասին որոշ ատեն, մինչեւ որ իր կողմէ երեւութական պատասխան մը ստանանք։ Նոյնիսկ հակումը կրնանք ունենալ ձանձրանալու, Աստուծմէ խնդրելով շնորհք մը կամ ողորմութիւն մը որու անհրաժեշտ կարիքը ունինք եւ որ կ’ուշանայ։ Հետեւաբար Եհովա Աստուած մեզմէ կը խնդրէ որ այսպիսի հակումներ չունենանք, այլ՝ շարունակենք աղօթել։ Պէտք է շարունակենք իրեն ներկայացնել մեր հոգերը, վստահ ըլլալով որ ան կը յարգէ մեր աղօթքը եւ մեր անհրաժեշտ կարիքները պիտի լեցնէ, ո՛չ ինչպէս մենք կը խորհէինք։ Եհովա Աստուած անկասկած իր ծրագրին համաձայն կը հաւասարակշռէ մեր խնդրանքները։ Օրինակի համար նկատի կ’առնէ թէ արդեօք ուրիշներ պիտի ազդուի՞ն մեր խնդրանքէն։ Ասիկա կրնանք նմանցնել հօր մը, որու որդին իրմէ հեծանիւ մը կ’ուզէ։ Հայրը գիտէ որ եթէ իր այդ զաւկին հեծանիւ մը առնէ, միւս զաւակն ալ պիտի ուզէ։ Քանի որ զաւակներէն մէկը հեծանիւ գործածելու համար տակաւին շատ պզտիկ է, հայրը կրնայ որոշել որ այդ ատեն ո՛չ մէկուն հեծանիւ գնէ։ Նոյն կերպով, իր ծրագրին լոյսին տակ եւ հարցերուն ժամանակը նկատի ունենալով, մեր երկնաւոր Հայրը կ’որոշէ ի՛նչ որ իրապէս լաւագոյնն է մեզի եւ ուրիշներուն համար։—Սաղմոս 84։8, 11. բաղդատել Ամբակումայ 2։3։

6. Յիսուս ի՞նչ առակ տուաւ աղօթքի մասին, եւ աղօթքի մէջ յարատեւելը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

6 Յիշատակութեան արժանի է Յիսուսի տուած առակը, որու նպատակն էր իր աշակերտներուն ցոյց տալ «թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ»։ Որբեւարի մը կար, որու անիրաւութիւն եղած էր, ան յարատեւեց մարդկային դատաւորի մը քով երթալ մինչեւ որ վերջապէս իրաւունք ձեռք ձգեց։ Յիսուս աւելցուց. «Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞»։ (Ղուկաս 18։1–7) Աղօթքի մէջ յարատեւելը մեր հաւատքը, Եհովայէ մեր կախեալ ըլլալը, իրեն մօտիկ մնալու եւ մեր խնդրանքը ներկայացնելու մեր կամեցողութիւնը ցոյց կու տայ, անոր պատասխանը իր ձեռքերուն մէջ ձգելով։—Եբրայեցիս 11։6

Եհովայի Կառչած Մնալու Օրինակներ

7. Եհովայի կառչած մնալով ինչպէ՞ս կրնանք Աբէլի հաւատքը ընդօրինակել։

7 Աստուածաշունչը լեցուն է Աստուծոյ ծառաներուն մատուցած աղօթքներով։ Ասոնք ‘գրուեցան որ սորվինք, որպէսզի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով յոյս ունենանք’։ (Հռովմայեցիս 15։4) Մեր յոյսը կը զօրանայ նկատի առնելով այս օրինակներէն քանի մը հատը որ Եհովայէ չհեռացան։ Աբէլ՝ Աստուծոյ ընդունելի զոհ մը մատուցանեց, թէեւ իր աղօթքը արձանագրուած չէ, բայց անկասկած աղօթքով Եհովայի աղերսեց որ իր զոհը ընդունելի ըլլայ։ Եբրայեցիս 11։4–ը կ’ըսէ. «Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը»։ Աբէլ տեղեակ էր Ծննդոց 3։15–ի Աստուծոյ խոստումին, բայց հիմա մեր ունեցած գիտութեան հետ բաղդատած, ան շատ քիչ բան գիտեր։ Սակայն, ան իր ունեցած գիտութեան համաձայն վարուեցաւ։ Այսօր ալ, ճշմարտութեամբ նոր հետաքրքրուողները շատ գիտութիւն չունին։ Բայց անոնք կ’աղօթեն եւ Աբէլի նման իրենց ունեցած գիտութիւնը լաւագոյնս կ’օգտագործեն։ Այո, անոնք հաւատքով կը վարուին։

8. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աբրահամ Եհովայի կառչած մնաց, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։

8 Աստուծոյ հաւատարիմ ուրիշ ծառայ մըն էր Աբրահամ՝ ‘բոլոր հաւատացեալներուն հայրը’։ (Հռովմայեցիս 4։11) Ներկայիս, որեւէ ժամանակէ աւելի զօրաւոր հաւատքի կարիքը ունինք, եւ Աբրահամի նման, հաւատքով աղօթելու կարիքը ունինք։ Ծննդոց 12։8–ն կ’ըսէ թէ ան սեղան մը շինեց «ու Տէրոջը անունը կանչեց»։ Աբրահամ գիտէր Աստուծոյ անունը եւ իր աղօթքին մէջ գործածեց զայն։ Կրկին անգամներ, ան անկեղծօրէն յարատեւեց իր աղօթքին մէջ, «յաւիտենական Աստուծոյ, Եհովայի անունը կանչեց»։ (Ծննդոց 13։4. 21։33) Աբրահամ հաւատքով Աստուած կանչելուն համար համբաւաւոր եղաւ։ (Եբրայեցիս 11։17–19) Աղօթքը օգնեց Աբրահամի որ շարունակէ մեծապէս ուրախանալ Թագաւորութեան յոյսով։ Աղօթքի մէջ յարատեւելու մէջ Աբրահամի օրինակին կը հետեւի՞նք։

9. (ա) Ինչո՞ւ Դաւիթի աղօթքները շատ օգտակար են Աստուծոյ ժողովուրդին այսօր։ (բ) Դաւիթի նման, Եհովայի կառչած մնալու համար աղօթելուն արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

9 Դաւիթ ականաւոր էր աղօթքի մէջ յարատեւելու մէջ եւ իր սաղմոսները ցոյց կու տան թէ աղօթքները ի՛նչ պէտք է բովանդակեն։ Օրինակի համար, Աստուծոյ ծառաները կրնան փրկութեան, կամ ազատագրումի (Սաղմոս 3։7, 8. 60։5), առաջնորդութեան (Սաղմոս 25։4, 5), պաշտպանութեան (Սաղմոս 17։8) մեղքերու թողութեան (Սաղմոս 25։7, 11, 18) եւ մաքուր սիրտ ունենալու (Սաղմոս 51։10) համար աղօթել։ Երբ Դաւիթ վշտահարուած կը զգար, կ’աղօթէր՝ «Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը»։ (Սաղմոս 86։4) Նոյնպէս կրնանք աղօթել սրտի ուրախութեան համար, գիտնալով որ Եհովա կը փափաքի որ մեր յոյսով ուրախ ըլլանք։ Դաւիթ Եհովայի կառչած մնաց եւ աղօթեց. «Իմ անձս քեզի կը յարի, քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ»։ (Սաղմոս 63։8) Մենք ալ Դաւիթի նման Եհովայի պիտի յարի՞նք։ Եթէ այսպէս վարուինք, Եհովա ալ մեզ պիտի պահէ։

10. Ասափ ի՞նչ սխալ խորհուրդներ ունեցաւ որոշ ժամանակ մը, բայց ան ի՞նչ բանի գիտակցեցաւ։

10 Եթէ Եհովայի պիտի յարինք, պէտք է խուսափինք ամբարիշտներուն անհոգ եւ նիւթապաշտ կենցաղին նախանձելէ։ Սաղմոսերգու Ասափ այն կէտին հասաւ որ խորհեցաւ թէ անարժէք է Եհովայի ծառայել, քանի որ ամբարիշտները «միշտ յաջողութիւն ունին»։ Բայց ան նկատեց որ իր այս բանականութիւնը սխալ էր եւ թէ ամբարիշտները «սահուն տեղեր» կը գտնուին։ Գիտակցեցաւ որ Եհովայի կառչած մնալէն լաւ բան չկար եւ Աստուծոյ արտայայտուեցաւ հետեւեալ կերպով. «Ես միշտ քեզի հետ եմ, դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Վասնզի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին. ... Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ, որպէսզի քու բոլոր գործերդ պատմեմ»։ (Սաղմոս 73։12, 13, 18, 23, 27, 28) Փոխանակ ամբարիշտներուն, անհոգ կեանքեր վարողներուն, անյոյս մարդոց նախանձելու, Ասափի նմանինք որ Եհովայի կառչած մնաց։

11. Եհովայի կառչած մնալու մէջ, Դանիէլ ինչո՞ւ գեղեցիկ օրինակ մըն է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

11 Դանիէլ վճռակամօրէն աղօթքի մէջ յարատեւեց, նոյնիսկ առիւծներուն գուբին մէջ գտնուելու վտանգին դիմաց, նկատի չառնելով աղօթելու կառավարական արգելքը։ Բայց Դանիէլը փրկելու համար, Եհովա «իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց»։ (Դանիէլ 6։7–10, 22, 27) Դանիէլ մեծապէս օրհնուեցաւ աղօթքի մէջ իր յարատեւելուն շնորհիւ։ Մենք ալ աղօթքի մէջ կը յարատեւե՞նք, մանաւանդ երբ Թագաւորութիւնը քարոզելու համար հակառակութեան հանդիպինք։

Յիսուս՝ Մեր Տիպարը

12. (ա) Յիսուս իր ծառայութեան սկիզբը, աղօթքի նկատմամբ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ Քրիստոնեաներուն։ (բ) Յիսուսի տիպար աղօթքը ի՞նչ ցոյց կու տայ աղօթքի նկատմամբ։

12 Իր երկրային ծառայութեան սկիզբէն իսկ, Յիսուս աղօթքի ձեռնարկեց։ Մկրտութեան ժամանակ իր աղօթարար կեցուածքը գեղեցիկ օրինակ մըն է արդի ժամանակներուն ջուրի մէջ մկրտուողներուն։ (Ղուկաս 3։21, 22) Անհատ մը Աստուծմէ օգնութիւն կրնայ խնդրել, ջուրի մկրտութեան խորհրդանշածը կատարելու համար։ Յիսուս ուրիշներուն ալ օգնեց որ աղօթքով Եհովայի մօտենան։ Առիթով մը, երբ Յիսուս տեղ մը կ’աղօթէր, աղօթքը վերջացնելէն ետք, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր»։ Ուստի, Յիսուս անոնց տուաւ հանրածանօթ տիպար աղօթքը, որու նիւթերու յաջորդականութիւնը ցոյց կու տայ թէ նախապատուութիւնը Աստուծոյ անուան եւ նպատակին պէտք է տրուի։ (Ղուկաս 11։1–4) Արդ, մեր աղօթքներուն մէջ իրական համեստութիւն եւ հաւասարակշռութիւն պէտք է պահենք, չանտեսելով ‘աւելի կարեւոր բաները’։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10, ՆԱ)։ Անշուշտ, երբեմն մասնաւոր կարիք մը կամ մասնայատուկ խնդիր մը կը ծագի որու մասին պէտք է խօսիք։ Յիսուսի նման, Քրիստոնեաները կրնան Աստուծոյ դիմել աղօթքով, որոշ նշանակումներ կատարելու, կամ մասնայատուկ փորձութիւններ եւ վտանգներ դիմագրաւելու համար զօրութիւն խնդրելով։ (Մատթէոս 26։36–44) Իրականութեան մէջ, անձնական աղօթքները կրնան կեանքի բոլոր մարզերը պարփակել։

13. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ ուրիշներուն համար աղօթելու կարեւորութիւնը։

13 Իր լաւ օրինակով, Յիսուս ուրիշներու ի նպաստ աղօթելու կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ։ Ան գիտէր թէ իր աշակերտները իրեն նման պիտի ատուէին եւ հալածուէին։ (Յովհաննու 15։18–20. Ա. Պետրոս 5։9) Հետեւաբար, ան Աստուծմէ խնդրեց որ ‘զանոնք չարէն պահէ’։ (Յովհաննու 17։9, 11, 15, 20) Իսկ գիտնալով որ Պետրոսի մասնաւոր փորձութիւն մը կը սպասէր, անոր ըսաւ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէսզի քու հաւատքդ չպակսի»։ (Ղուկաս 22։32) Որքա՜ն օգտաշատ կրնայ ըլլալ եթէ մենք ալ յարատեւենք մեր եղբայրներուն համար աղօթել, ուրիշներուն եւ ո՛չ թէ միայն մեր խնդիրներուն եւ շահերուն մասին մտածելով։—Փիլիպպեցիս 2։4. Կողոսացիս 1։9, 10

14. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յիսուս Եհովայի կառչած մնաց իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

14 Յիսուս, իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, յարատեւեց աղօթել, Եհովայի իրապէս կառչած մնալով։ (Եբրայեցիս 5։7–10) Գործք 2։25–28–ի մէջ, Պետրոս առաքեալ կը մէջբերէ Սաղմոս 16։8–ն եւ զայն կը կիրարկէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի. «Դաւիթ անոր համար կ’ըսէ. ‘Ամէն ատեն Տէրը կը տեսնեմ իմ առջեւս, քանզի իմ աջ կողմս է, որպէսզի չսասանիմ’»։ Մենք ալ նոյնը կրնանք ընել։ Կրնանք աղօթել որ Աստուած մեզի մօտ ըլլայ եւ Եհովայի վրայ մեր ունեցած վստահութիւնը կրնանք ցոյց տալ միշտ զինք մեր աչքին առջեւ ունենալով։ (Բաղդատել Սաղմոս 110։5. Եսայեայ 41։10, 13)։ Այն ատեն ամէն տեսակ խնդիրներէ պիտի խուսափինք, քանի որ Եհովա մեզի թիկունք պիտի կանգնի եւ բնաւ պիտի չսասանինք։

15. (ա) Ի՞նչ բանի նկատմամբ բնաւ պէտք չէ թերանանք աղօթքի մէջ յարատեւելու մէջ։ (բ) Մեր երախտապարտութեան նկատմամբ ի՞նչ ազդարարութիւն տրուած է։

15 Թող որ բնաւ չմոռնանք Եհովայի յայտնելու մեր շնորհակալութիւնը, մեզի համար ըրած բոլոր բարիքներուն, այո, «Աստուծոյ գերազանց շնորհքին» համար, որ կը ներփակէ մեր մեղքերուն համար որպէս քաւիչ զոհ իր Որդւոյն պարգեւը։ (Բ. Կորնթացիս 9։14, 15. Մարկոս 10։45. Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 8։32. Ա. Յովհաննու 4։9, 10) Արդարեւ, «ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը»։ (Եփեսացիս 5։19, 20. Կողոսացիս 4։2. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18) Ուշադիր պէտք է ըլլանք որ մեր չունեցած բաներուն կամ մեր խնդիրներուն համար դառնանալով, զանց չընենք Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել։

Մեր Բեռը Եհովայի Վրայ Նետենք

16. Երբ կարգ մը հոգեր կը նեղեն մեզ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

16 Աղօթքի մէջ յարատեւելը մեր նուիրումին խորութիւնը ցոյց կու տայ։ Երբ Աստուծոյ կ’աղաղակենք, իրմէ պատասխանը ստանալէ առաջ արդէն մենք մեզ լաւ կը զգանք։ Եթէ բեռ մը ունինք որ մեր միտքերը կը խռովեցնէ, Եհովայի կառչած կրնանք մնալ, հետեւեալ խրատին հետեւելով. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ»։ (Սաղմոս 55։22) Մեր բոլոր բեռները՝ մեր մտատանջութիւնները, հոգերը, յուսախաբութիւնները, վախերը, եւայլն, լման հաւատքով Եհովայի վրայ ձգելով, սրտի հանդարտութիւն ձեռք կը ձգենք, այսինքն, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ վեր է»։—Փիլիպպեցիս 4։4, 7. Սաղմոս 68։19. Մարկոս 11։24. Ա. Պետրոս 5։7

17. Աստուծոյ խաղաղութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ձեռք ձգել։

17 Աստուծոյ այս խաղաղութիւնը վայրկենակա՞ն կու գայ։ Թէեւ անմիջական թեթեւութիւն մը կրնանք զգալ, բայց ինչ որ Յիսուս ըսաւ սուրբ հոգիին համար աղօթելու մասին, հոս ալ ճշմարիտ կը մնայ. «Շարունակեցէք խնդրել եւ պիտի տրուի ձեզի, շարունակեցէք փնտռել ու պիտի գտնէք, շարունակեցէք դուռը զարնել եւ պիտի բացուի ձեզի»։ (Ղուկաս 11։9–13, ՆԱ)։ Քանի որ սուրբ հոգին այն միջոցն է որով մեր մտավախութիւններէն կը թեթեւնանք, պէտք է յարատեւենք Աստուծոյ խաղաղութեան եւ մեր բեռները կրելու համար իրմէ օգնութիւն ստանալու համար՝ աղօթել։ Վստահ կրնանք ըլլալ որ աղօթքի մէջ յարատեւելով, կրնանք մեր փափաքած մխիթարութիւնը եւ սրտի անդորրութիւնը ստանալ։

18. Երբ որոշ պարագայի մը մէջ չենք գիտեր ի՛նչ աղօթել, Եհովա ի՞նչ կ’ընէ մեզի համար։

18 Բայց եթէ ճիշդ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթել, ի՞նչ կրնանք ընել։ Մեր ներքին հառաչանքները յաճախ չենք կրնար արտայայտել, քանի որ լիովին չենք հասկնար մեր դրութիւնը եւ կամ շուարած ենք թէ ի՛նչ ներկայացնենք Եհովայի։ Հոս է որ սուրբ հոգին կրնայ բարեխօսել մեզի համար։ Պօղոս գրեց. «Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով»։ (Հռովմայեցիս 8։26) Ինչպէ՞ս։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ մարգարէութիւններ, աղօթքներ ներշնչուած են, որոնք մեր վիճակին կը յարմարին։ Աստուած թոյլ կու տայ որ անոնք ձեւով մը բարեխօսեն մեզի համար։ Զանոնք կ’ընդունի որպէս մեր կողմէ մատուցուած աղօթք մը, եթէ միայն մեր պարագային անոնց իմաստը գիտնանք եւ ըստ այնմ կը կատարէ զայն։

Աղօթքը եւ Յոյսը Պիտի Շարունակուին

19. Աղօթքը եւ յոյսը ինչո՞ւ յաւիտեան պիտի շարունակուին։

19 Մեր երկնաւոր Հօրը մատուցուած աղօթքները յաւիտեան պիտի շարունակուին, մանաւանդ նոր աշխարհին եւ անոր մէջի բոլոր օրհնութիւններուն համար երախտագիտութեան աղօթքները։ (Եսայեայ 65։24. Յայտնութիւն 21։5) Նաեւ պիտի շարունակենք յոյսով ուրախանալ, քանի որ յոյսը կերպով մը յաւիտեան պիտի մնայ։ (Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 13։13)։ Չենք կրնար նոյնիսկ երեւակայել թէ Եհովա ի՛նչ նոր բաներ մէջտեղ պիտի բերէ, երբ երկրի նկատմամբ այլեւս իր որոշած Շաբաթ Օրուան մէջ չըլլայ։ (Ծննդոց 2։2, 3) Ան յաւիտեան սիրալիր անակնկալներ պիտի ունենայ իր ժողովուրդին համար, իսկ իր կամքը կատարելու գծով ապագան հոյակապ բաներ վերապահած է։

20. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր որոշումը եւ ինչո՞ւ։

20 Մեր դիմաց այսպիսի յոյս մը ունենալով, բոլորս ալ Եհովայի կառչած մնանք՝ աղօթքի մէջ յարատեւելով։ Մեր ստացած բոլոր օրհնութիւններուն համար մեր երկնաւոր Հօր շնորհակալութիւն յայտնելէ չդադրինք։ Յարմար ժամանակին, մեր ակնկալութիւնները ուրախութեամբ պիտի իրականացուին, նոյնիսկ մեր երեւակայածէն կամ ակնկալածէն աւելի լաւ կերպով մը, քանի որ Եհովա «կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք»։ (Եփեսացիս 3։20) Ուստի, ասիկա ի մտի ունենալով, Եհովա մեր Աստուծոյն՝ «աղօթքի Լսող»ին, յաւիտեան գովաբանութիւն, փառաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն յա՛յտնենք։

[Ստորանիշ էջ 25]

a Ըստ, Ուէպսթըր Նոր Բառարանի Հոմանիշներուն, «Յարատեւել գրեթէ միշտ հիանալի յատկութեան մը ակնարկում մըն է։ Անիկա թէ՛ կը թելադրէ մերժել ձախորդութեան, կասկածներու, կամ դժուարութիւններու պատճառով յուսալքուիլ, եւ թէ բան մը մինչեւ վերջը հասցնելու կամ իրագործելու անսասան կամ յամառ հետապնդում մը»։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ինչո՞ւ պէտք է աղօթքի մէջ յարատեւենք։

◻ Ի՞նչ կը սորվինք նախա–Քրիստոնէական շրջանի աղօթքի մէջ օրինակելի եղողներէն։

◻ Յիսուսի օրինակը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի աղօթքի մասին։

◻ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր բեռը Եհովայի վրայ նետել եւ ի՞նչ արդիւնքով։

[Նկար՝ էջ 28]

Դանիէլ շարունակեց աղօթել հակառակ առիւծներուն գուբը նետուելու սպառնալիքին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել