Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 5/1 էջ 13-18
  • ‘Սուրբ հոգիին անունով’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Սուրբ հոգիին անունով’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սուրբ Հոգիով Մկրտուիլ
  • ‘Սուրբ Հոգիին Անունով’ Մկրտուիլ
  • Հոգիին Պտուղը
  • Սուրբ Հոգիին Կողմէ Նշանակուած
  • Հոգիին Կողմէ Առաջնորդուիլ
  • Հոգին եւ Քարոզչութեան Գործը
  • Մեր Մկրտութեան Համաձայն Ապրինք
  • Հոգիով ընթացիր եւ նուիրումիդ համաձայն ապրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլը՝ առաջին դարուն եւ ներկայիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Եհովայի պարգեւը՝ սուրբ հոգին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Եհովայի հոգին կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 5/1 էջ 13-18

‘Սուրբ հոգիին անունով’

«Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն ... հոգւոյն սրբոյ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19

1. Յովհաննէս Մկրտիչ ի՞նչ նոր արտայայտութիւն մը գործածեց սուրբ հոգիին մասին։

ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի 29 թուին, Յովհաննէս Մկրտիչ Իսրայէլի մէջ փութաջանօրէն Մեսիային համար ճամբան կը պատրաստէր։ Իր ծառայութեան ընթացքին, ան նոր բան մը ծանուցանեց սուրբ հոգիին մասին։ Անշուշտ, Հրեաները արդէն գիտէին թէ Եբրայերէն Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսէին հոգիին մասին։ Սակայն, անոնք թերեւս զարմացան երբ Յովհաննէս ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ... ձեզ պիտի մկրտէ սուրբ հոգիով»։ (Մատթէոս 3։11) ‘Սուրբ հոգիով մկրտուիլ’ը նոր արտայայտութիւն մըն էր։

2. Սուրբ հոգիին մասին Յիսուս ի՞նչ նոր արտայայտութիւն մը գործածեց։

2 Եկողը Յիսուսն էր։ Իր երկրային կեանքին ընթացքին, Յիսուս իրապէս ոեւէ մէկը չմկրտեց սուրբ հոգիով, թէեւ հոգիին մասին շատ անգամներ խօսեցաւ։ Ասկէ զատ, իր յարութենէն ետք, ան տակաւին ուրիշ նոր արտայայտութիւն մը գործածեց սուրբ հոգիին մասին։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ»։ (Մատթէոս 28։19) «Յանուն» արտայայտութիւնը կը նշանակէ «ճանաչելով»։ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին ճանաչելով ջուրին մէջ մկրտուիլը սուրբ հոգիով մկրտուելէն տարբեր պիտի ըլլար։ Ասիկա ալ սուրբ հոգիին առնչութեամբ նոր արտայայտութիւն մըն էր։

Սուրբ Հոգիով Մկրտուիլ

3, 4. (ա) Սուրբ հոգիով առաջին մկրտութիւնները ե՞րբ տեղի ունեցան։ (բ) Մկրտելէ զատ, սուրբ հոգին Յիսուսի աշակերտներուն վրայ ի՞նչ կերպով գործեց Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։

3 Սուրբ հոգիով մկրտուելու մասին, Յիսուս հետեւեալ խոստումը տուաւ իր աշակերտներուն, համբառնալէ ճիշդ առաջ. «Դուք շատ օրեր չանցած սուրբ հոգիով պիտի մկրտուիք»։ (Գործք 1։5, 8) Անկէ քիչ ետք, այս խոստումը կատարուեցաւ։ Սուրբ հոգին իջաւ Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ հաւաքուած 120 աշակերտներուն վրայ, երբ Յիսուս, երկինքէն, սուրբ հոգիով իր առաջին մկրտութիւնները կը կատարէր։ (Գործք 2։1–4, 33) Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աշակերտները Քրիստոսի հոգեւոր մարմնին անդամները եղան։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ, անոնք «մէ՛կ հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու [մկրտուեցան]»։ (Ա. Կորնթացիս 12։13) Միեւնոյն ատեն, անոնք Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ ապագայ թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալու համար օծուեցան։ (Եփեսացիս 1։13, 14. Բ. Տիմոթէոս 2։12. Յայտնութիւն 20։6) Սուրբ հոգին նաեւ այդ ապագայ փառաւոր ժառանգութեան համար որպէս կնիք եւ գրաւական ծառայեց, բայց միայն ասոնք չէին։—Բ. Կորնթացիս 1։21, 22

4 Քանի մը տարիներ առաջ, Յիսուս Նիկոդէմոսի ըսած էր. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել։ ... Եթէ մարդ մը ջուրէն ու հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ (Յովհաննու 3։3, 5) Արդ, 120 հոգի նորէն ծնանած էին։ Սուրբ հոգիին միջոցաւ, անոնք որդեգրուած էին որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիները, Քրիստոսի եղբայրները։ (Յովհաննու 1։11–13. Հռովմայեցիս 8։14, 15) Սուրբ հոգիին այս բոլոր գործունէութիւնները, իրենց կերպին մէջ, հրաշքներէն աւելի հոյակապ են։ Ասկէ զատ, անցեալի հրաշքներուն հակառակը, սուրբ հոգիին գործունէութիւնը չդադրեցաւ առաքեալներուն մահուընէ ետք, այլ՝ շարունակուեցաւ մինչեւ մեր օրերը։ Եհովայի Վկաներուն առանձնաշնորհումն է իրենց մէջ ունենալ Քրիստոսի մարմնին հոգիէն մկրտուած վերջին անդամները որոնք կը ծառայեն որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը, ատենին հոգեւոր կերակուրը տալու համար։—Մատթէոս 24։45–47

‘Սուրբ Հոգիին Անունով’ Մկրտուիլ

5, 6. Սուրբ հոգիով առաջին մկրտութիւնները ինչպէ՞ս ջուրի մկրտութեան առաջնորդեցին։

5 Իսկ Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով ջուրի մկրտութեան խոստումին մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Հոգիով մկրտուած առաջին աշակերտները այս ջուրի մկրտութիւնը չունեցան։ Անոնք արդէն Յովհաննէսի ջուրի մկրտութիւնը ունեցած էին եւ քանի որ այդ մասնայատուկ ժամանակին ատիկա ընդունելի էր Եհովայի, անոնք վերստին մկրտուելու կարիքը չունեցան։ Բայց, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, մեծ բազմութիւն մը ջուրի այդ նոր մկրտութիւնը ունեցաւ։ Ասիկա ինչպէ՞ս պատահեցաւ։

6 120 մարդոց սուրբ հոգիով մկրտութեան զօրաւոր ձայն մը ընկերակցած էր, որ բազմութիւններու ուշադրութիւնը գրաւեց։ Անոնք ապշեցան լսելով որ աշակերտները տարբեր լեզուներով կը խօսէին, այսինքն, հոն ներկայ եղողներուն հասկցած լեզուներով։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց որ այս հրաշքը ապացոյց մըն էր թէ Աստուծոյ հոգին թափուած էր Յիսուսի կողմէ, որ մեռելներէն յարուցուած ու երկնքի մէջ Աստուծոյ աջ կողմը նստած էր։ Պետրոս քաջալերեց իր ունկնդիրներուն. «Բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ Ապա, ան եզրափակեց, ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ սուրբ հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ Շուրջ 3,000 հոգիներ ընդառաջեցին այս կոչին։—Գործք 2։36, 38, 41

7. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, 3,000 հոգին ի՞նչ իմաստով մկրտուեցան Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով։

7 Կրնա՞նք ըսել որ այս մարդիկը մկրտուեցան Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով (զանոնք ճանաչելով)։ Այո՛։ Թէեւ Պետրոս անոնց չըսաւ որ Հօրը անունով մկրտուին, սակայն, անոնք արդէն Եհովան կը ճանաչէին որպէս Գերիշխան Տէր, քանի որ բնական Հրեաներ էին, Իրեն նուիրուած ազգի մը անդամները։ Բայց Պետրոս արդարեւ ըսաւ. «Ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը»։ Ուստի, անոնց մկրտութիւնը կը նշանակէր որ անոնք Յիսուսը կը ճանաչէին որպէս Տէր եւ Քրիստոս։ Արդ անոնք իր աշակերտներն էին եւ կ’ընդունէին որ մեղքերու թողութիւնը այսուհետեւ իր միջոցաւ էր։ Վերջապէս, այս մկրտութիւնը սուրբ հոգին ճանաչելով էր եւ անիկա եղաւ առ ի կատարում այն խոստումին թէ անոնք պիտի ստանային սուրբ հոգին որպէս ձրի պարգեւ մը։

8. (ա) Ջուրի մկրտութենէն զատ, օծեալ Քրիստոնեաները ուրիշ ի՞նչ մկրտութիւն ունեցան։ (բ) 144,000–էն զատ, որո՞նք ալ կը մկրտուին սուրբ հոգիին անունով։

8 Անոնք որոնք Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ջուրով մկրտուեցան, հոգիով ալ մկրտուեցան, օծուելով երկնային Թագաւորութեան մէջ ապագայ թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալու համար։ Ըստ Յայտնութիւն գրքին, անոնք միայն 144,000 հոգի են։ Ուստի, սուրբ հոգիով մկրտուածները եւ վերջապէս որպէս Թագաւորութեան ժառանգորդներ «կնքուածներ»ը միայն 144,000 հոգի են։ (Յայտնութիւն 7։4. 14։1) Սակայն, բոլոր նոր աշակերտները՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց յոյսը՝ ջուրով կը մկրտուին Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով։ (Մատթէոս 28։19, 20) Արդ, սուրբ հոգիին անունով մկրտութիւնը ի՞նչ իմաստ կը կրէ բոլոր Քրիստոնեաներուն համար, ըլլան «պզտիկ հօտ»էն թէ «ուրիշ ոչխարներ»էն։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ, նկատի առնենք սուրբ հոգիին կարգ մը գործունէութիւնները Քրիստոնէական դարաշրջանին։

Հոգիին Պտուղը

9. Սուրբ հոգիին ո՞ր գործունէութիւնը կարեւոր է բոլոր Քրիստոնեաներուն համար։

9 Սուրբ հոգիին կարեւոր մէկ գործունէութիւնն է մեզի օգնել Քրիստոնէական անձնաւորութիւն կերտելու։ Ճիշդ է որ անկատարութեան պատճառաւ, անխուսափելիօրէն կը մեղանչենք։ (Հռովմայեցիս 7։21–23) Բայց երբ անկեղծօրէն զղջանք, Քրիստոսի զոհագործութեան հիման վրայ Եհովա մեզի կը ներէ։ (Մատթէոս 12։31, 32. Հռովմայեցիս 7։24, 25. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Ասկէ զատ, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեղքի մեր հակումին դէմ պայքարինք, իսկ սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ ասիկա ընելու։ «Հոգիով գացէք», ըսաւ Պօղոս, «ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։ (Գաղատացիս 5։16) Պօղոս կը շարունակէ ցոյց տալ որ հոգին կրնայ մեր մէջ ազնուագոյն յատկութիւններ յառաջ բերել։ Ան գրեց. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։—Գաղատացիս 5։22, 23

10. Հոգիին պտուղը ինչպէ՞ս կը զարգանայ Քրիստոնեայի մը մէջ։

10 Հոգին ինչպէ՞ս կարելի կ’ընէ որ Քրիստոնեայի մը մէջ այսպիսի պտուղներ զարգանան։ Ասիկա ինքնաբերաբար չըլլար պարզ անոր համար որ նուիրուած եւ մկրտուած Քրիստոնեաներ ենք։ Անոնց վրայ պէտք է աշխատինք։ Բայց եթէ այս յատկութիւնները յայտնաբերող Քրիստոնեաներու հետ ընկերակցինք, եթէ Աստուծոյ աղօթենք իր հոգիին համար որպէսզի մեզի օգնէ մասնայատուկ յատկութիւններ մշակելու, եթէ խուսափինք չար ընկերակցութիւններէ եւ խրատներու ու լաւ օրինակներու համար Աստուածաշունչը կարդանք, այդ ատեն հոգիին պտուղները պիտի աճին մեր մէջ։—Առակաց 13։20. Ա. Կորնթացիս 15։33. Գաղատացիս 5։24–26. Եբրայեցիս 10։24, 25

Սուրբ Հոգիին Կողմէ Նշանակուած

11. Երէցները ի՞նչ իմաստով նշանակուած են սուրբ հոգիին կողմէ։

11 Պօղոս, Եփեսոսի երէցներուն հետ խօսած ատեն, սուրբ հոգիին ուրիշ մէկ գործունէութեան ակնարկեց, երբ ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [Որդւոյն (ՆԱ)] արիւնովը ստացաւ»։ (Գործք 20։28) Արդարեւ, ժողովքի տեսուչները կամ երէցները, սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են։ Ի՞նչ իմաստով։ Այդ իմաստով որ նշանակուած երէցները ներշնչեալ Աստուածաշունչին մէջ ուրուագծուած որակումներուն գոհացում պէտք է տան։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1–13. Տիտոս 1։5–9) Անոնք այս որակումները կրնան զարգացնել միմիայն սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Ասկէ աւելին, երբ նոր երէց մը կը յանձնարարէ, երէցներու մարմինը սուրբ հոգիին առաջնորդութեան համար կ’աղօթէ գիտնալու համար թէ արդեօք այդ անհատը պահանջուած պայմանները կը լեցնէ՛ թէ ոչ։ Իսկ իրական նշանակումը կը կատարուի հոգիէն օծուած հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառային հսկողութեան ներքեւ։

Հոգիին Կողմէ Առաջնորդուիլ

12. Հոգին ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի Աստուածաշունչին միջոցաւ։

12 Քրիստոնեաները կ’ընդունին որ Սուրբ Գրութիւնները գրուեցան սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ։ Հետեւաբար, անոնք հոգիէն ներշնչուած իմաստութիւնը ձեռք ձգելու համար զանոնք կը պեղեն, Եհովայի նախա–Քրիստոնէական դարաշրջանի վկաներուն նման։ (Առակաց 2։1–9) Անոնք կը կարդան այդ գրութիւնները, անոնց վրայ կը խոկան եւ թոյլ կու տան որ անոնք առաջնորդեն իրենց կեանքերը։ (Սաղմոս 1։1–3. Բ. Տիմոթէոս 3։16) Այսպիսով անոնք հոգիին կողմէ օգնութիւն կը ստանան «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը քննելու։ (Ա. Կորնթացիս 2։10, 13. 3։19) Աստուծոյ հոգիին կարեւոր գործունէութիւններէն մէկն է մեր օրերուն Աստուծոյ ծառաները այս կերպով առաջնորդել։

13, 14. Յիսուս ի՞նչ գործածեց ժողովքին մէջ խնդիրները լուծելու համար, եւ հիմա նոյն բանը ինչպէ՞ս կ’ընէ։

13 Աւելի ետք, Յայտնութիւն գրքին մէջ, կը կարդանք որ յարուցեալ Յիսուս Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքներուն պատգամներ ղրկեց։ (Յայտնութիւն 2 եւ 3 գլուխները։) Անոնց մէջ, ան յայտնեց որ ժողովքները քննութենէ անցուցած էր եւ նկատած էր անոնց հոգեւոր վիճակը։ Ան գտած էր որ ոմանք հաւատքի լաւ օրինակ կը հանդիսանային։ Ուրիշ ժողովքներու մէջ, երէցները թոյլ տուած էին որ աղանդապաշտութիւնը, անբարոյութիւնը եւ անտարբերութիւնը ապականէին հօտը։ Օրինակի համար, Սարդիկէի ժողովքը, ի բացառեալ քանի մը հաւատարիմ հոգիներէ, հոգեւորապէս մեռած էր։ (Յայտնութիւն 3։1, 4) Յիսուս այս խնդիրները ինչպէ՞ս ձեռք առաւ։ Սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Երբ եօթը ժողովքներուն խրատներ տուաւ, իւրաքանչիւր պարագային, Յիսուս իր պատգամը հետեւեալ արտայայտութեամբ աւարտեց. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։—Յայտնութիւն 2։7, 11, 17, 29. 3։6, 13, 22

14 Այսօր ալ, Յիսուս քննութեան կ’ենթարկէ ժողովքները։ Երբ խնդիրներ նկատէ, ան տակաւին զանոնք ձեռք կ’առնէ սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութեամբ, հոգին կրնայ մեզի օգնել որ խնդիրներուն գիտակցինք եւ զանոնք ուղղակիօրէն յաղթահարենք։ Օգնութիւնը կրնայ նաեւ գալ հոգիէն օծուած հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հրատարակած գրականութիւններուն միջոցաւ եւ կամ ժողովքին մէջ հոգիին կողմէ նշանակուած երէցներէն։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, անհատապէս խրատուինք թէ որպէս ժողովք մը, Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն ուշադրութիւն կ’ընծայե՞նք. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ»։

Հոգին եւ Քարոզչութեան Գործը

15. Հոգին ինչպէ՞ս գործեց Յիսուսի վրայ քարոզչութեան գործին կապակցաբար։

15 Առիթով մը, երբ Նազարէթի ժողովարանի մը մէջ կը քարոզէր, Յիսուս հոգիին ուրիշ մէկ գործունէութեան ալ մատնանշեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր. ‘Տէրոջը հոգին իմ վրաս է. վասնզի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու’։ Սկսաւ անոնց ըսել. ‘Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին’»։ (Ղուկաս 4։17–19, 21. Եսայեայ 61։1, 2) Այո, Յիսուս սուրբ հոգիին կողմէ օծուեցաւ բարի լուրը քարոզելու համար։

16. Առաջին դարուն, սուրբ հոգին ինչպէ՞ս խոր կերպով առնչուեցաւ բարի լուրին քարոզչութեան հետ։

16 Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս նախագուշակեց որ իր հետեւորդները քարոզչութեան հսկայ արշաւի մը պիտի ձեռնարկէին։ Ան ըսաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մարկոս 13։10) Այս խօսքերը նախնական կատարում մը ունեցան առաջին դարուն եւ ասոր մէջ սուրբ հոգիին խաղցած դերը աչքառու էր։ Սուրբ հոգին էր որ առաջնորդեց Փիլիպպոսը Եթէովպիացի ներքինիին քարոզելու։ Սուրբ հոգին էր որ ուղղեց Պետրոսը Կոռնելիոսի, իսկ դարձեալ սուրբ հոգին էր որ ուղղեց որ Պօղոսն ու Բառնաբասը Անտիոքէն որպէս առաքեալներ ղրկուին։ Հետագային, երբ Պօղոս ուզեց Ասիոյ եւ Բիւթանիոյ մէջ քարոզել, սուրբ հոգին կերպով մը արգիլեց զինք։ Աստուած կ’ուզէր որ վկայութեան գործը Եւրոպա փոխադրուէր։—Գործք 8։29. 10։19. 13։2. 16։6, 7

17. Ներկայիս, սուրբ հոգին ինչպէ՞ս առնչուած է քարոզչութեան գործին հետ։

17 Ներկայիս, սուրբ հոգին դարձեալ խոր կերպով առնչուած է քարոզչութեան գործին հետ։ Եսայեայ 61։1, 2–ը անգամ մը եւս կատարուելով, Եհովայի հոգին օծեց Յիսուսի եղբայրները որ քարոզեն։ Մարկոս 13։10–ի վերջին կատարումով, այս օծեալները, մեծ բազմութեան աջակցութեամբ, բառացիօրէն «բոլոր ազգեր»ուն կը քարոզեն։ (Յայտնութիւն 7։9) Իսկ սուրբ հոգին այս գործին մէջ բոլորին թիկունք կը կանգնի։ Ինչպէս առաջին դարուն, անիկա թաղամասեր կը բանայ եւ ընդհանուր գործին յառաջդիմութիւնը կ’ուղղէ։ Անիկա կը զօրացնէ անհատները, անոնց օգնելով որ յաղթահարեն երկչոտութեան եւ իրենց սորվեցնելու հմտութիւնները զարգացնեն։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք ...։ Վասնզի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի»։—Մատթէոս 10։18–20

18, 19. Հոգին ի՞նչ իմաստով կը միանայ հարսին խոնարհ սիրտ ունեցողներուն ‘կենաց ջուրը ձրի առնել’ու հրաւիրելու համար։

18 Յայտնութիւն գրքին մէջն ալ, Աստուածաշունչը կը շեշտէ քարոզչութեան գործին հետ սուրբ հոգիին առնչութիւնը։ Յովհաննէս առաքեալ կը տեղեկագրէ. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 22։17) Հարսը՝ տակաւին երկրի վրայ եղող 144,000–ին մնացորդով ներկայացուած՝ կը հրաւիրէ բոլոր մարդոց որ կենաց ջուրը ձրի առնեն։ Բայց կը նկատենք որ սուրբ հոգին նաեւ կ’ըսէ. «Եկո՛ւր»։ Ի՞նչ իմաստով։

19 Այն իմաստով որ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութենէն աջակցութիւն ստացող հարս դասակարգին կողմէ քարոզուած պատգամը Աստուածաշունչէն կու գայ, որ սուրբ հոգիին ուղղակի ազդեցութեան ներքեւ գրուած է։ Իսկ այդ նոյն հոգին հարս դասակարգին սիրտը եւ միտքը բացած է, որպէսզի ան ներշընչեալ Խօսքը հասկնայ եւ ուրիշներուն բացատրէ։ Յիսուս Քրիստոսի նոր մկրտուած աշակերտները հաճոյքով ձրի կ’առնեն կենաց ջուրը։ Իսկ անոնք կը տոգորին հոգիին եւ հարսին հետ համագործակցելու, տակաւին ուրիշներուն ըսելու համար. «Եկո՛ւր»։ Ներկայիս, աւելի քան չորս միլիոն անհատներ հոգիին հետ կը մասնակցին այս գործին։

Մեր Մկրտութեան Համաձայն Ապրինք

20, 21. Ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ հոգիին անունով մեր մկրտութեան իմաստին համաձայն ապրիլ, եւ այս մկրտութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

20 Սուրբ հոգիին անունով մկրտուիլը հանրային յայտարարութիւն մըն է թէ մենք կ’ընդունինք սուրբ հոգին եւ կը գիտակցինք Եհովայի նպատակներուն մէջ անոր խաղցած դերին։ Ասիկա կը պահանջէ որ համագործակցինք այդ հոգիին հետ, բա՛ն մը չընելով որ Եհովայի ժողովուրդին մէջ անոր ներգործութեան արգելք հանդիսանայ։ Այս կերպով, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան կը ճանաչենք եւ անոր հետ կը համագործակցինք։ Ժողովքին մէջ երէցներու կարգադրութեան հետ կը համագործակցինք։ (Եբրայեցիս 13։7, 17. Ա. Պետրոս 5։1–4) Հոգեւոր եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ կ’ապրինք եւ թոյլ կու տանք որ հոգին ձեւաւորէ մեր անձնաւորութիւնը, զայն աւելի Քրիստոսանման դարձնելով։ (Հռովմայեցիս 13։14) Իսկ հոգիին եւ հարսին սրտանց կը միանանք, տակաւին ընդառաջելիք միլիոնաւոր անհատներուն՝ «Եկո՛ւր» ըսելու համար։

21 Որքա՜ն լուրջ բան մըն է ‘սուրբ հոգիին անունով’ մկրտուիլը։ Միաժամանակ, ասիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է։ Թող որ այս կերպով մկրտուողներուն թիւը շարունակ աւելնայ։ Իսկ բոլորս ալ շարունակենք այդ մկրտութեան իմաստին համաձայն ապրիլ, Եհովայի ծառայելով եւ ‘հոգիով բորբոքելով’։—Հռովմայեցիս 12։11

Սուրբ Հոգիին Մասին Ի՞նչ կը Վերյիշէք

◻ Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպերով գործեց Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։

◻ Ինչպէ՞ս կրնանք հոգիին պտուղները արտադրել։

◻ Երէցները ի՞նչ իմաստով նշանակուած են սուրբ հոգիին կողմէ։

◻ Յիսուս ժողովքին մէջ խնդիրները ինչպէ՞ս ձեռք կ’առնէ սուրբ հոգիին միջոցաւ։

◻ Հոգին ինչպէ՞ս խոր կերպով առնչուած է քարոզչութեան գործին հետ։

[Նկար՝ էջ 15]

Պետրոսի քարոզած մկրտութիւնը նաեւ Հօրը եւ սուրբ հոգիին անունով էր

[Նկար՝ էջ 17]

Հոգին խոր կերպով առնչուած է բարի լուրին քարոզչութեան հետ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել