Նախնական եկեղեցին կը սորվեցնէ՞ր թէ Աստուած երրորդութիւն մըն է
Մաս Գ.—Ջատագովները սորվեցուցի՞ն երրորդութեան վարդապետութիւնը
Փետրուար 1 եւ Մայիս 1, 1992–ի իր թիւերուն մէջ, Դիտարանը ցոյց տուաւ որ ոչ Յիսուս, ոչ իր աշակերտները եւ ոչ ալ Հ.Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան ու երկրորդ դարու սկիզբի Առաքելական Հայրերը սորվեցուցին Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Արդեօք երկրորդ դարու վերջաւորութեան եկեղեցականներ սորվեցուցի՞ն զայն։
ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի երկրորդ դարուն կէսէն մինչեւ անոր վերջաւորութիւնը, եկեղեցականներ երեւան եկան, որոնք ներկայիս կոչուած են Ջատագովներ։ Անոնք գրեցին իրենց գիտցած Քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու համար այդ ժամանակ Հռովմէական աշխարհին մէջ տիրող թշնամական փիլիսոփայութիւններու դէմ։ Անոնց երկերը կը զուգադիպին Առաքելական Հայրերուն գրութիւններու վախճանին հետ եւ անոնք շարունակուեցան անոնցմէ ետք։
Յունարէնով գրած Ջատագովներուն մաս կը կազմեն Յուստինոս Նահատակ, Տատեան, Աթենագորաս, Թէոփիլոս եւ Աղեքսանդրիացի Կղեմէս։ Տերտուղիանոս Ջատագով մըն է, որ Լատիներէնով գրած է։ Այս բոլորը սորվեցուցի՞ն այժմու Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը. Աստուածութեան մը մէջ երեք հաւասարակից անձեր (Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին), իւրաքանչիւրը ճշմարիտ Աստուածը ըլլալով, բայց ոչ թէ երեք Աստուածներ կան, այլ՝ մէկ։
«Որդին Ստորադաս Է»
Նախնական Եկեղեցիին Հակիրճ Պատմութիւն մը իր գրքին մէջ (Անգլ.), Տոքթ. Հ. Պոյէր կը բացատրէ Ջատագովներուն ուսուցումին գլխաւոր գաղափարը.
«Յուստինոս [Նահատակ] սորվեցուց որ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ, Աստուած առանձին էր եւ Որդի չկար։ ... Երբ Աստուած փափաքեցաւ աշխարհը ստեղծել, ... ան ծնաւ ուրիշ աստուածային էութիւն մը, իրեն համար աշխարհը ստեղծելու համար։ Այս աստուածային էութիւնը կոչուեցաւ ... Որդի քանի որ ծնած էր. ան Բան կոչուեցաւ քանի որ Աստուծոյ Բանականութենէն կամ Միտքէն առնուեցաւ։ ...
«Յուստինոս եւ միւս Ջատագովները կը սորվեցնէին, ուրեմն, որ Որդին արարած մըն է։ Ան բարձր արարած մըն է, աշխարհը ստեղծելու համար բաւական զօրաւոր արարած մը, բայց, այսուհանդերձ, արարած մը։ Աստուածաբանութեան մէջ, Որդիէն–Հօրը այս յարաբերութիւնը կոչուած է ստորադասականութիւն։ Որդին ստորադաս է, այսինքն, Հօրմէն երկրորդական, կախեալ եւ անոր կողմէ պատճառուած է։ Ջատագովները ստորադասականներ էին»։
Քրիստոնէական Հաւատալիքի Կազմութիւնը գրքին մէջ (Անգլ.), Տոքթ. Մարթին Վէրնէր կը բացատրէ Որդիէն–Աստուծոյ յարաբերութեան մասին ամենէն նախնական հասկացողութիւնը.
«Անժխտելիօրէն այդ յարաբերութիւնը հասկցուած էր որպէս ‘ստորակարգութիւն’, այսինքն, Քրիստոսին Աստուծմէ ստորադաս ըլլալու իմաստով։ Նոր Կտակարանին մէջ ուր որ Յիսուսէն–Աստուծոյ, Հօրը, յարաբերութիւնը նկատի առնուած է, ... անիկա նկատուած եւ բացարձակապէս ներկայացուած է որպէս ստորակարգութիւն։ Իսկ Նոր Կտակարանին ամենէն վճռական ստորադասականը, ըստ Համացուցական արձանագրութեան, Յիսուս ինքն էր ...։ Այս սկզբնական դիրքը, որ հաստատ եւ բացայայտ էր, կրցաւ երկար ատեն պահպանուիլ։ ‘Նախա–Նիկեան բոլոր մեծ աստուածաբանները Բանին Աստուծմէ ստորադաս ըլլալը պարզեցին’»։
Ասոր հետ համաձայն, Աստուծոյ Քրիստոնէական Վարդապետութեան Փնտռտուքը գրքին մէջ (Անգլ.), Ր. Հէնսըն կ’ըսէ.
«Արիոսական Հակաճառութեան [չորրորդ դարուն] պայթումէն առաջ, Արեւելեան կամ Արեւմտեան Եկեղեցիին մէջ աստուածաբան մը չկայ, որ կերպով մը, Որդին չնկատէ որպէս Հօրմէն ստորադաս»։
Տոքթ. Ալվան Լէմսըն, Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին գրքին մէջ (Անգլ.), Նիկիոյ Խորհրդաժողովէն (Հ.Դ. 325) առաջ եկեղեցական հեղինակութիւններու ուսուցումին նկատմամբ հետեւեալ վկայութիւնը կ’աւելցնէ.
«Նախա–Նիկեան Հայրերը ընդհանրապէս, եթէ ոչ միաձայնութեամբ, հաստատեցին Որդւոյն ստորադասութիւնը։ ... Անոնք Որդին Հօրմէն անջատ կը նկատէին եւ ասիկա բացայայտ է այն իրողութենէն թէ անոնք յստակօրէն կը հաստատեն անոր ստորադասութիւնը։ ... Անոնք զայն կը նկատէին որպէս անջատ եւ ստորադաս»։
Նմանապէս, Աստուածներ եւ Միակ Աստուած գրքին մէջ (Անգլ.), Րապըրթ Մ. Կրէնթ հետեւեալը կ’ըսէ Ջատագովներուն մասին.
«Ջատագովութիւններու Քրիստոսաբանութիւնը, Նոր Կտակարանինին նման, հիմնականօրէն ստորադասական է։ Որդին միշտ ստորադաս է Հօրմէն, որ Հին Կտակարանին միակ Աստուածն է։ ... Ուստի, ինչ որ կը գտնենք այս նախկին հեղինակներուն քով Երրորդութեան վարդապետութիւն մը չէ։ ... Նիկիոյ [Խորհրդաժողովէն] առաջ, Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը գրեթէ համաշխարհայինօրէն ստորադասական էր»։
Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը կը սորվեցնէ որ Որդին հաւասար է Հայր Աստուծոյ, յաւիտենականութեամբ, զօրութեամբ, դիրքով եւ իմաստութեամբ։ Բայց Ջատագովները կ’ըսէին որ Որդին հաւասար չէ Հայր Աստուծոյ։ Անոնք Որդին ստորադաս կը նկատէին։ Ասիկա Երրորդութեան ուսուցումը չէ։
Առաջին Դարու Ուսուցումը Արտացոլացնել
Ջատագովներն ու նախնական Եկեղեցիի Հայրերը մեծ չափով կ’արտացոլացնէին ինչ որ առաջին դարու Քրիստոնեաները սորվեցուցին Հօրը եւ Որդիին յարաբերութեան մասին։ Նկատի առէք թէ ասիկա ի՛նչպէս արտայայտուած է Քրիստոնէական Հաւատալիքի Կազմութիւնը գրքին մէջ.
«Նախկին Քրիստոնէական դարաշրջանին, Երրորդութենական խնդրի կամ հակաճառութեան նշոյլ մ’իսկ չկար, ինչ որ հետագային բուռն պայքարներ յառաջացուց Եկեղեցիին մէջ։ Անկասկած ասոր պատճառը այդ է թէ Նախնական Քրիստոնէութեան համար, Քրիստոս ... բարձր երկնքի հրեշտակային աշխարհի պատկանող էակ մըն էր, որ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած եւ ընտրուած էր սա գործին համար. դարերու վախճանին, ... Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բերել»։
Դարձեալ, նախնական Եկեղեցիի Հայրերուն ուսուցումին նկատմամբ, համայնագիտարան մը (The International Standard Bible Encyclopedia) կ’ընդունի.
«Եկեղեցիին նախնագոյն մտածումին մէջ, երբ Հայր Աստուծոյ մասին կը խօսուի, հակումն է նախ զինք մտապատկերացնել ոչ որպէս Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, այլ՝ որպէս ամէն գոյութեան աղբիւրը։ Հետեւաբար, Հայր Աստուածը, ուրիշ խօսքով, գերագոյն Աստուածն է։ Անոր կը պատկանի անսկզբնագոյ, անմահ, անփոփոխ, աննկարագրելի, անտեսանելի եւ անծին ստորոգելիները։ Ան է որ ամէն բան ըրած է, ի ներառեալ ամէն ստեղծագործութեան բուն իսկ նիւթը, ոչինչէն։ ...
«Ասկէ այնպէս կը հասկցուի թէ միայն Հայրը պատշաճօրէն Աստուած է եւ թէ Որդին ու Հոգին միայն երկրորդականօրէն այսպէս են։ Ասոր թիկունք կանգնող այս նախնական ժամանակներէն բազմաթիւ արտայայտութիւններ կան»։
Թէեւ այս համայնագիտարանը կը շարունակէ նսեմացնել այս ճշմարտութիւնները եւ դաւանիլ թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը ընդունուած էր այդ նախնական ժամանակներուն, սակայն իրողութիւնները կը հերքեն այս դաւանութիւնը։ Նկատի առնենք Կաթողիկէ հռչակաւոր աստուածաբանի մը՝ Կարտինալ Ճոն Հէնրի Նիումանի՝ խօսքերը.
«Համարենք թէ Նախնական Եկեղեցին համաձայնութեամբ եւ միաձայնութեամբ կը դաւանէր այն բոլոր վարդապետութիւնները որոնց կորիզը կը կազմէ Մեր Տէրը։ ... Բայց վստահաբար պարագան տարբեր է Կաթողիկէ Երրորդութեան վարդապետութեան։ Չեմ տեսներ թէ ի՛նչ առումով կրնանք ըսել որ նախնական [եկեղեցիի հեղինակութիւններու] կողմէ անոր ի նպաստ համաձայնութիւն մը կայ ...։
«Այդ վաղ օրերու Հանգանակները բնաւ [Երրորդութիւն]ը չեն յիշեր։ Ճիշդ է որ կը յիշեն Երեք մը. բայց չեն հաստատեր եւ բնաւ կարելի չէ անոնցմէ քաղել այդ գաղափարը թէ վարդապետութեան մէջ խորհուրդ մը կայ, թէ Երեքը Մէկ են, թէ հաւասարակից, յաւիտենակից, բոլորն ալ ինքնագոյ, բոլորն ալ ամենակալ, բոլորն ալ անիմանալի են»։
Ինչ որ Սորվեցուց Յուստինոս Նահատակ
Յուստինոս Նահատակ առաջին Ջատագովներէն մէկն էր, որ ապրեցաւ Հ.Դ. շուրջ 110–էն 165։ Մեր ձեռքը հասած իր գրութիւններէն ոչ մէկը կը յիշէ երեք հաւասարակից անձեր մէկ Աստուծոյ մէջ։
Օրինակի համար, ըստ Կաթողիկէ Երուսաղէմի Աստուածաշունչին, Առակաց 8։22–30–ը Յիսուսի նախամարդկային գոյութեան մասին կ’ըսէ. «Եահվէն զիս ստեղծեց երբ իր նպատակը սկսաւ պարզուիլ, իր ամենահին գործերէն առաջ։ ... Անդունդը չկար, երբ ես ծնայ ... բլուրներէն առաջ, ես ծնայ ... Ես իր [Աստուծոյ] կողքին էի, որպէս վարպետ արհեստագէտ»։ Տրիփոնին հետ Երկխօսութիւն իր երկին մէջ (Անգլ.), Յուստինոս այս համարներուն մասին կ’ըսէ.
«Այս համարը կը ծանուցանէ թէ բոլոր բաները ստեղծելէ առաջ, Հայրը ստեղծած էր այս Զաւակը եւ, ոեւէ մէկը պիտի ընդունի, թէ ստեղծուածը ստեղծողէն թուապէս անջատ է»։
Քանի որ Որդին Հօրմէն ծնած է, Յուստինոս Որդւոյն կապակցաբար «Աստուած» արտայայտութիւնը կը գործածէ։ Առաջին Ջատագովութիւն իր երկին մէջ (Անգլ.), ան կը գրէ. «Տիեզերքի Հայրը Որդի մը ունի, որ Աստուծոյ առաջին ստեղծուած Բանը ըլլալով, նոյնիսկ Աստուած է»։ Աստուածաշունչն ալ Աստուծոյ Որդւոյն կու տայ «Աստուած» տիտղոսը։ Եսայեայ 9։6–ի մէջ, ան կոչուած է «Հզօր Աստուած»։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ, հրեշտակները, մարդիկը, սուտ աստուածները եւ Սատանան ալ կոչուած են «աստուածներ»։ (Հրեշտակները՝ Սաղմոս 8։5 ՆԱ. բաղդատել Եբրայեցիս 2։6, 7։ Մարդիկը՝ Սաղմոս 82։6։ Սուտ աստուածները՝ Ելից 12։12. Ա. Կորնթացիս 8։5։ Սատանան՝ Բ. Կորնթացիս 4։4։) Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «Աստուած» թարգմանուած Էլ բառը պարզապէս կը նշանակէ «Հզօր» կամ «Զօրաւոր»։ Յունարէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ անոր համարժէք բառն է՝ թէօս։
Ասկէ զատ, Եսայեայ 9։6–ի մէջ գործածուած Եբրայերէն արտայայտութիւնը որոշ տարբերութիւն մը ցոյց կու տայ Որդւոյն եւ Աստուծոյ միջեւ։ Հոն Որդին կոչուած է «Հզօր Աստուած», Էլ Ժիպպօր, ոչ թէ «Ամենակալ Աստուած»։ Այս վերջին արտայայտութիւնը Եբրայերէնով Էլ Շատտայի է, որ միմիայն Եհովա Աստուծոյ կը կիրարկուի։
Նկատի առնենք, սակայն, որ թէեւ Յուստինոս Որդին կը կոչէ «Աստուած», սակայն ան բնաւ չ’ըսեր թէ Որդին երեք հաւասար անձերէն մէկն է, որոնց իւրաքանչիւրը Աստուած է, մինչ երեքը մէկ Աստուած կը կազմեն։ Այլ, Տրիփոնին Հետ Երկխօսութիւն իր երկին մէջ, ան կ’ըսէ.
«Կայ ... ուրիշ Աստուած եւ Տէր մը [նախամարդկային Յիսուս] որ բոլոր բաներու Արարիչին [Ամենակալ Աստուծոյ] ենթակայ է. ան [Որդին] նաեւ կոչուած է Հրեշտակ, քանի որ Ան [Որդին] մարդոց կը ծանուցանէ ամէն ինչ որ բոլոր բաներու Արարիչը—որմէ վեր ուրիշ Աստուած չկայ—կը փափաքի անոնց ծանուցել։ ...
«[Որդին] բոլոր բաները Ընողէն անջատ է, թուապէս ըսել կ’ուզեմ, ոչ թէ կամեցողութեամբ [անջատ]»։
Հետաքրքրական հատուած մը կայ Յուստինոսի Առաջին Ջատագովութիւն երկին, գլուխ Զ.–ին մէջ, ուր ան կը հերքէ հեթանոսներուն ամբաստանութիւնը թէ Քրիստոնեաները անաստուածներ են։ Ան կը գրէ.
«Մենք կը պատուենք եւ կը պաշտենք թէ՛ Զինք [Աստուած], թէ Որդին (որ Իրմէ ելաւ ու մեզի սորվեցուց այս ուսուցումները, թէ միւս բարի հրեշտակներու բանակը որոնք Իրեն կը հետեւին ու Իրեն նման են) եւ թէ մարգարէական Հոգին»։
Այս հատուածը թարգմանող մը՝ Պէրնար Լոհսէ, կը բացատրէ. «Որպէս թէ բաւարար չըլլար թուել հրեշտակները որպէս էակներ զորս Քրիստոնեաները կը պատուեն եւ կը պաշտեն, Յուստինոս չի վարանիր հրեշտակները յիշել Սուրբ Հոգիէն առաջ»։—Տես նաեւ Քրիստոնէական Վարդապետութեան Զարգացման Մասին Քննասիրութիւն մը երկը (Անգլ.)։
Թէեւ Յուստինոս Նահատակ կը թուի շեղած ըլլալ Աստուածաշունչի այն մաքուր վարդապետութենէն այն հարցով թէ Քրիստոնէական պաշտամունքին առարկան ո՛վ պէտք է ըլլայ, սակայն ան որոշապէս Որդին Հօրը հաւասար չէր նկատեր, ոչ ալ հրեշտակները Անոր հաւասար կը նկատէր։ Յուստինոսի առնչութեամբ, դարձեալ կը մէջբերենք Լէմսընի Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին երկէն.
«Յուստինոս Որդին կը նկատէր որպէս Աստուծմէ անջատ եւ անկէ ստորադաս. անջատ՝ ոչ թէ այժմէական իմաստով, որպէս երեք իսկութիւններէ, կամ անձերէ մէկը, ... այլ՝ անջատ՝ էութեամբ եւ բնոյթով. իրապէս, հիմնականօրէն, անհատապէս գոյութիւն ունենալով, Աստուծմէ անջատ, որմէ ստացած էր իր բոլոր զօրութիւնները եւ տիտղոսները. անոր ներքեւ ըլլալով, ու ամէն բանի մէջ անոր կամքին՝ ենթակայ։ Հայրը գերադաս է. Որդին՝ ստորադաս. Հայրը զօրութեան աղբիւրն է. Որդին՝ ստացողը։ Հայրը ծագում տուողն է. Որդին, որպէս իր ծառան կամ գործիքը, կը գործադրէ։ Անոնք թիւով երկուք են, բայց համաձայնութեամբ, կամ կամքով, մէկ։ Որդւոյն համար Հօրը կամքը տիրական է»։
Ասկէ աւելին, Յուստինոս ոչ մէկ տեղ կ’ըսէ թէ սուրբ հոգին Հօրը եւ Որդւոյն հաւասար անձ մըն է։ Հետեւաբար, միայն պարկեշտութեամբ կրնայ ըսուիլ թէ Յուստինոս ոչ մէկ կերպով այժմու Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը սորվեցուց։
Ինչ որ Սորվեցուց Կղեմէս
Աղեքսանդրիացի Կղեմէսն ալ (Հ.Դ. շուրջ 150–215) Որդին «Աստուած» կը կոչէ։ Ան նոյնիսկ զայն կը կոչէ «Ստեղծիչ», արտայայտութիւն մը՝ որ բնաւ Յիսուսի համար գործածուած չէ Աստուածաշունչին մէջ։ Արդեօք ըսե՞լ կ’ուզէր որ Որդին ամէն կերպով Ամենակալ Ստեղծիչին հաւասար էր։ Ո՛չ։ Կղեմէս հաւանաբար Յովհաննու 1։3–ին կ’ակնարկէր, ուր Որդւոյն մասին կ’ըսէ. «Ամէն բան անով եղաւ»։ Աստուած իր Որդին որպէս գործակալ մը գործածեց Իր ստեղծագործութեան մէջ։—Կողոսացիս 1։15–17
Կղեմէս Գերագոյն Աստուածը կը կոչէ «մեր Տէր Յիսուսի Աստուածը եւ Հայրը» եւ կ’ըսէ որ «Տէրը՝ Ստեղծիչին Որդին է»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Ամենուն Աստուածը միայն մէկ բարի, արդար Ստեղծիչն է եւ Որդին Հօրը մէջ [է]»։ Ուստի, ան գրեց որ Որդին իր վրայ Աստուած մը ունի։
Կղեմէս Աստուծոյ մասին կը խօսի որպէս «առաջին եւ միակ յաւիտենական կեանք տուողը, զոր Որդին, որ զայն ստացաւ Անկէ [Աստուծմէ], մեզի կու տայ»։ Յստակ է որ սկիզբը յաւիտենական կեանք տուողը գերակայ է անկէ որ զայն ուրիշին կը փոխանցէ։ Հետեւաբար, Կղեմէս կ’ըսէ որ Աստուած «առաջին եւ բարձրագոյնն է»։ Ասկէ զատ, ան կ’ըսէ որ Որդին «ամենամօտիկն է Անոր որ միակ Ամենակալն է» եւ որ Որդին «ամէն բան Հօրը կամքին համաձայն կը կարգադրէ»։ Կրկին անգամ Կղեմէս ցոյց կու տայ Ամենակալ Աստուծոյ գերակայութիւնը Որդւոյն վրայ։
Աղեքսանդրիացի Կղեմէսի մասին կը կարդանք Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին երկին մէջ.
«Կրնանք բազմաթիւ հատուածներ մէջբերել Կղեմէսէն, որոնց մէջ Որդւոյն ստորադասութիւնը յստակօրէն ապացուցուած է։ ...
«Կը զարմանանք որ ոեւէ մէկը կրնայ կարդալ Կղեմէսը սովորական ուշադրութեամբ եւ վայրկեան մ’իսկ երեւակայել թէ ան Որդին կը նկատէր որպէս Հօրը հետ թուապէս մէկ եղող մը։ Իր անկախ եւ ստորադաս բնոյթը, ինչպէս կը թուի մեզի, ամենուրէք ընդունուած է։ Կղեմէս կը հաւատար որ Աստուած եւ Որդին թուապէս իրարմէ անջատ են. ուրիշ խօսքով, երկու էութիւններ են. մէկը գերադաս է, իսկ միւսը՝ ստորադաս»։
Ասկէ զատ, կրնանք կրկնել. Նոյնիսկ եթէ երբեմն Կղեմէս Յիսուսի մասին Աստուածաշունչի ըսածէն անդին կ’երթայ, սակայն ան ոչ մի տեղ մէկ Աստուծոյ մէջ երեք հաւասար անձերէ բաղկացած Երրորդութեան մը մասին կը խօսի։ Տատեանի, Թէոփիլոսի, Աթենագորասի նման Ջատագովներ ալ, որոնք Յուստինոսի եւ Կղեմէսի ժամանակաշրջանին ապրեցան, նոյնանման գաղափարներ ունէին։ Լէմսըն կ’ըսէ որ անոնք «Յուստինոսէ աւելի Երրորդութենականներ չէին. այսինքն, անոնք չէին հաւատար անբաժան, հաւասարակից Երեքի, այլ՝ այս հաւատամքին հետ ամբողջովին անհամաձայն վարդապետութիւն մը կը սորվեցնէին»։
Տերտուղիանոսի Աստուածաբանութիւնը
Տերտուղիանոս (Հ.Դ. շուրջ 160–230) առաջինն էր՝ որ գործածեց Լատիներէն թրինիթաս բառը։ Ինչպէս նշել կու տայ Հէնրի Չէտուիք, Տերտուղիանոս այն գաղափարը յառաջացուց թէ Աստուած ‘երեք անձերէ բաղկացած մէկ էութիւն մըն է’։ Ասիկա չի նշանակեր, սակայն, թէ ան ի մտի ունէր երեք հաւասարակից եւ յաւիտենակից անձեր։ Բայց իր գաղափարները հիմ ծառայեցին անոնց որոնք կ’աշխատէին այն բանին վրայ, որ հետագային եղաւ Երրորդութեան վարդապետութիւն։
Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին մասին Տերտուղիանոսի յղացումը ոչ մէկ կապ ունէր Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութեան հետ, քանի որ ան ստորադասական մըն էր։ Ան Որդին կը նկատէր որպէս Հօրմէն ստորադաս։ Երմոգենէսին Դէմ իր երկին մէջ (Անգլ.), ան գրեց.
«Պէտք է խորհինք որ գոյութիւն ունեցող ոչ մէկ էակ, ի բացառեալ Աստուծմէ, անծին եւ անստեղծ է։ ... Ինչպէ՞ս կարելի է որ որեւէ բան, ի բացառեալ Հօրմէն, Աստուծոյ Որդիէն՝ միածին եւ անդրանիկ Բանէն՝ աւելի հին ըլլայ։ ... Ան [Աստուած], որ գոյութիւն ունենալու համար Արարիչի մը պէտք չունեցաւ, շատ աւելի բարձր է դիրքով քան ան [Որդին] որ գոյութիւն ունենալու համար հեղինակի մը պէտք ունեցաւ»։
Դարձեալ, Պրաքսէային Դէմ երկին մէջ (Անգլ), ան ցոյց կու տայ թէ Որդին Ամենակալ Աստուծմէ տարբեր եւ ստորադաս է, ըսելով.
«Հայրը ամբողջ էութիւնն է, բայց Որդին այդ ամբողջութենէն ծագում առած եւ անոր մէկ մասն է, ինչպէս Ան կ’ընդունի. ‘Հայրս ինծմէ մեծ է’։ ... Հետեւաբար, Հայրը անջատ է Որդիէն, այն իմաստով որ ան աւելի մեծ է Որդիէն. այն իմաստով որ Ծնանողը ուրիշ է, իսկ Ծնողը՝ ուրիշ. այն իմաստով որ Ղրկողը ուրիշ է, Ղրկուածը՝ ուրիշ. այն իմաստով որ Արարողը ուրիշ է, իսկ Արարուողը՝ ուրիշ»։
Տերտուղիանոս, Երմոգենէսին Դէմ իր երկին մէջ, նաեւ կը նշէ թէ ժամանակ մը եղաւ երբ Որդին գոյութիւն չունէր որպէս անձ մը, ցոյց տալով որ իրեն համար Որդին յաւիտենական էակ մը չէր, այն իմաստով որ Աստուած է։ Կարտինալ Նիուման ըսաւ. «Տերտուղիանոս պէտք է նկատել այլադաւան [ոչ–ուղղափառ վարդապետութիւններու հաւատացող] Մեր Տիրոջ յաւիտենական գոյութեան վարդապետութեան վրայ»։ Տերտուղիանոսի նկատմամբ, Լէմսըն կ’ըսէ.
«Այս բանականութիւնը, կամ Բանը, ինչպէս Յոյները կը կոչէին, ըստ Տերտուղիանոսի հաւատամքին, յետոյ փոխուեցաւ Բանի կամ Որդիի, այսինքն, իրական էակի մը, միայն որպէս Հօրը մէկ յատկութիւնը յաւիտեան գոյութիւն ունեցած ըլլալով։ Տերտուղիանոս, սակայն, անոր նշանակեց Հօրմէն ստորադաս կարգ մը ...։
«Երրորդութեան մասին ներկայիս որեւէ ձեռք ձգուած բացատրութենէն դատելով, ի զուր պիտի ըլլար փորձել Տերտուղիանոսը փրկել [որպէս հերետիկոս մը] դատապարտութենէն։ Ան վայրկեան մ’իսկ քննութեան պիտի չդիմանար»։
Երրորդութիւն Չկայ
Եթէ Ջատագովներուն բոլոր գրութիւնները կարդայիք, պիտի նկատէիք որ անոնցմէ ոչ մէկը սորվեցուց որ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին հաւասարակից են յաւիտենականութեամբ, զօրութեամբ, դիրքով եւ իմաստութեամբ, հակառակ անոր որ անոնք կարգ մը մարզերու մէջ շեղած են Աստուածաշունչի ուսուցումներէն։
Նոյնն է պարագան երկրորդ եւ երրորդ դարերու գրողներուն, ինչպէս Իրենէոս, Հիպպողիտոս, Որոգինէս, Կիպրիանոս եւ Նովատիանոս։ Թէեւ ոմանք որոշ մարզերու մէջ Հայրը եւ Որդին իրար հաւասարեցուցին, սակայն ուրիշ մարզերու մէջ անոնք Որդին կը նկատէին որպէս Հայր Աստուծմէն ստորադաս։ Իսկ անոնցմէ ոչ մէկը թելադրեց թէ սուրբ հոգին Հօրը եւ Որդւոյն հաւասար էր։ Օրինակի համար, Որոգինէս (Հ.Դ. շուրջ 185–254) կը նշէ որ Աստուծոյ Որդին «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկն է» եւ թէ Սուրբ Գրութիւնները «զինք կը ճանչնան որպէս ամբողջ ստեղծագործութեան հնագոյնը»։
Եթէ առարկայօրէն կարդանք նախնական եկեղեցիի հեղինակութիւններուն գրութիւնները, պիտի տեսնենք որ Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութեան վարդապետութիւնը գոյութիւն չունէր այդ ժամանակ։ Ինչպէս Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին կ’ըսէ.
«Երրորդութեան արդի ժողովրդական վարդապետութիւնը ... Յուստինոսի լեզուով չի հաստատուիր. իսկ այս դիտողութիւնը կրնայ տարածուիլ նախա–Նիկեան բոլոր Հայրերուն. այսինքն, Քրիստոսի ծնունդին յաջորդած երեք դարերու Քրիստոնեայ գրողներուն։ Ճիշդ է որ անոնք կը խօսին Հօրը, Որդւոյն եւ մարգարէական կամ սուրբ Հոգիին մասին, բայց ո՛չ որպէս հաւասարակից, ո՛չ որպէս թուապէս նոյն բնոյթը ունեցող, ո՛չ Երեքը Մէկի մէջ, կամ հիմա Երրորդութենականներուն կողմէ ընդունուած որեւէ իմաստով։ Իրականութեան մէջ, ճիշդ հակառակն է։ Այս Հայրերուն բացատրած Երրորդութեան վարդապետութիւնը հիմնականօրէն տարբեր էր արդի վարդապետութենէն։ Այս իրողութիւնը զոր կը նշենք կարելի է փաստել, ինչպէս մարդկային վարկածներու պատմութեան մէջ որեւէ ուրիշ իրողութիւն»։
Իրականութեան մէջ, Տերտուղիանոսէն առաջ Երրորդութիւնը նոյնիսկ չէր յիշուած։ Իսկ Տերտուղիանոսի «այլադաւան» Երրորդութիւնը շատ տարբեր էր այժմու հաւատամքէն։ Արդ, ներկայիս հասկցուած Երրորդութեան վարդապետութիւնը ինչպէ՞ս զարգացաւ։ Հ.Դ. 325–ի Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի՞ն էր։ Դիտարանի ուրիշ թիւով մը, այս յօդուածաշարքին Մաս Դ.–ին մէջ պիտի քննենք այս հարցումները։
Մատենագրութիւն՝
1. A Short History of the Early Church, Harry R. Boer–ի կողմէ, 1976, էջ 110
2. The Formation of Christian Dogma, Martin Werner–ի կողմէ, 1957, էջ 125
3. The Search for the Christian Doctrine of God, R. P. C. Hanson–ի կողմէ, 1988, էջ 64
4. The Church of the First Three Centuries, Alvan Lamson–ի կողմէ, 1869, էջ 70–1
5. Gods and the One God, Robert M. Grant–ի կողմէ, 1986, էջ 109, 156, 160
6. The Formation of Christian Dogma, էջ 122, 125
7. The International Standard Bible Encyclopedia, 1982, Հատոր Բ., էջ 513
8. An Essay on the Development of Christian Doctrine, John Henry Cardinal Newman–ի կողմէ, Զ. Հրատարակութիւն, 1989, էջ 14–18
9. The Ante-Nicene Fathers, հրատարակուած՝ Alexander Roberts–ի եւ James Donaldson–ի կողմէ, Edinburgh–ի Հրատարակութեան Ամերիկեան Նոր Տպագրութիւն, 1885, Հատոր Ա., էջ 264
10. Ibid., էջ 184
11. The Ante-Nicene Fathers, Հատոր Ա., էջ 223
12. Ibid., էջ 164
13. A Short History of Christian Doctrine, Bernhard Lohse–ի կողմէ, Գերմաներէնէ թարգմանուած՝ F. Ernest Stoeffler–ի կողմէ, 1963, կակուղ կոխքով երկրորդ տպագրութիւն, 1980, էջ 43
14. An Essay on the Development of Christian Doctrine, էջ 20
15. The Church of the First Three Centuries, էջ 73–4, 76
16. The Ante-Nicene Fathers, Հատոր Բ., էջ 234
17. Ibid., էջ 227
18. Ibid., էջ 228
19. Ibid.
20. Ibid., էջ 593
21. Ibid.
22. Ibid., էջ 524
23. The Church of the First Three Centuries, էջ 124–5
24. Ibid., էջ 95
25. The Early Church, Henry Chadwick–ի կողմէ, 1980 տպագրութիւն, էջ 89
26. The Ante-Nicene Fathers, Հատոր Գ., էջ 487
27. Ibid., էջ 603–4
28. Ibid., էջ 478
29. An Essay on the Development of Christian Doctrine, էջ 19, 20
30. The Church of the First Three Centuries, էջ 108–9
31. The Ante-Nicene Fathers, Հատոր Դ., էջ 560
32. The Church of the First Three Centuries, էջ 75–6
[Նկար՝ էջ 29]
Կղեմէս
[Նկար՝ էջ 30]
Տերտուղիանոս