Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 8/1 էջ 7-12
  • Մեր մտքին մէջ պահենք Եհովայի օրը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր մտքին մէջ պահենք Եհովայի օրը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Օրինապահ Քաղաքացիներ
  • Իր Վճիռը Ի Գործ կը Դնէ
  • Մարախներու Խումբ մը
  • «Շատուոր ու Զօրաւոր Ժողովուրդ մը»
  • «Սուրբ Հոգիով Լեցուեցան»
  • Եհովայի օրը մօտ է
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
  • Յարձակում՝ հիւսիսէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ո՞վ անկէ «պիտի ազատի»
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
  • Դատաստան ի գործ կը դրուի վճիռի հովիտին մէջ
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 8/1 էջ 7-12

Մեր մտքին մէջ պահենք Եհովայի օրը

«Եհովայի օրը մօտ է վճիռի հովիտին մէջ»։—ՅՈՎԵԼԵԱՅ 3։14, ՆԱ

1. Եհովայի յայտարարած մօտալուտ սուրբ պատերազմը ինչո՞ւ տարբեր պիտի ըլլայ մարդոց «սուրբ» պատերազմներէն։

«ԱՍԻԿԱ ազգերու մէջ հրատարակեցէ՛ք, ‘Պատերազմ յայտարարեցէ՛ք [պատերազմը սրբացուցէ՛ք (ՆԱ)]’»։ (Յովելեայ 3։9) Արդեօք ասիկա սո՞ւրբ պատերազմ մը կը նշանակէ։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք Խաչակրութիւններուն, կրօնական պատերազմներուն եւ երկու համաշխարհային պատերազմներուն վրայ, որոնց մէջ Քրիստոնեայ Աշխարհը գլխաւոր դեր մը խաղցաւ, «սուրբ» պատերազմի մը գաղափարն իսկ կրնայ սարսռեցնել մեզ։ Սակայն, Յովէլի մարգարէութեան սուրբ պատերազմը ազգերուն մէջ պատերազմ մը չէ։ Անիկա, կրօնքը գործածելով որպէս չքմեղանք մը, հողամասի մը կամ ստացուածքի համար մղուած ատելավառ պայքար մը չէ։ Անիկա արդար պատերազմ մըն է։ Անիկա Աստուծոյ պատերազմն է, երկիրը ագահութենէ, պայքարէ, ապականութենէ եւ կեղեքումէ ազատելու համար։ Անիկա պիտի ջատագովէ Եհովայի իրաւացի գերիշխանութիւնը իր ստեղծագործութեան ամբողջ ծիրին վրայ։ Այդ պատերազմը ճամբան պիտի հարթէ Քրիստոսի Թագաւորութեան համար, մարդիկը առաջնորդելու տիեզերական խաղաղութեան, բարգաւաճութեան եւ ուրախութեան Հազարամեային մէջ, զորս նախագուշակեցին Աստուծոյ մարգարէները։—Սաղմոս 37։9–11. Եսայեայ 65։17, 18. Յայտնութիւն 20։6

2, 3. (ա) Յովելեայ 3։14–ին մէջ մարգարէացուած «Եհովայի օրը» ի՞նչ է։ (բ) Ազգերը ինչո՞ւ արժանի են այն ինչ որ պիտի դիմագրաւեն այդ օրուան ընթացքին։

2 Արդ, Յովելեայ 3։14–ին մէջ, նախագուշակուած «Եհովայի օրը (ՆԱ)» ի՞նչ է։ «Աւա՜ղ այն օրուան համար», անձամբ կը բացագանչէ Եհովա։ «Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ»։ Անիկա ի՞նչ կերպով աւերում մըն է։ Մարգարէն աւելի ետքը կը բացատրէ. «Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։ [Քանզի Եհովայի օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ (ՆԱ)]»։ (Յովելեայ 1։15. 3։14) Ասիկա այն օրն է, երբ Եհովա իր դատավճիռը ի գործ կը դնէ մարդկութեան անաստուած բազմութիւններուն վրայ, որոնք կը մերժեն երկնքի մէջ ու երկրի վրայ իր իրաւացի գերիշխանութիւնը։ Անիկա Եհովայի վճիռն է՝ աւերել իրերու սատանայական դրութիւնը որ այսքան երկար ժամանակ մարդկութիւնը իր բողկունքներուն մէջ առած է։—Երեմեայ 17։5–7. 25։31–33

3 Երկրի վրայ ապականած դրութիւնը պէտք է դիմագրաւէ այդ վճիռը։ Սակայն աշխարհի դրութիւնը իրապէ՞ս այդքան գէշ է։ Անոր տեղեկագրութեան վրայ ակնարկ մը նետելը պէտք է բաւէ։ Մատթէոս 7։16–ին մէջ, Յիսուս սկզբունք մը տուաւ. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ Աշխարհի մեծ քաղաքները թմրեցուցիչի, ոճիրի, ահաբեկչութեան, անբարոյութեան եւ ապականութեան պիղծ կեդրոններ չե՞ն դարձած։ Շատ մը երկիրներու մէջ, նոր ձեռք բերուած ազատութիւնները կը խեղդուին քաղաքական խառնաշփոթութիւնով, ուտելիքի պակասով եւ աղքատութիւնով։ Աւելի քան մէկ միլիառ մարդիկ թերի սննդարութեան աստիճան օրապահիկներով կ’ապրին։ Ասկէ զատ, ԱԴԱ–ի [AIDS] համաճարակը որ թմրեցուցիչներով եւ անբարոյ կենցաղով կը հրահրուի, երկրին մեծ մասը սեւ ամպով մը կը ծածկէ։ Մասնաւորաբար 1914–ին՝ Առաջին Աշխարհամարտի պայթումէն ի վեր, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ համաշխարհային տարողութեամբ վատթարացում եղած է։—Բաղդատել Բ. Տիմոթէոս 3։1–5։

4. Եհովա ի՞նչ մարտահրաւէր կը կարդայ ազգերուն։

4 Սակայն, Եհովա բոլոր ազգերէն ժողովուրդ մը կը հաւաքէ, որ իր ճամբաներուն մասին ուրախութեամբ կը սորվի եւ իր շաւիղներուն մէջ կը քալէ։ Համայն աշխարհի մէջ տարածուող այս ժողովուրդը իր սուրերէն խոփեր շինած է, աշխարհին վայրագ ճամբաները մերժելով։ (Եսայեայ 2։2–4) Այո, սուրերը՝ խոփերու։ Բայց ասիկա հակառակ չէ՞ այն կոչին զոր Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ հրատարակուի, ըստ Յովելեայ 3։9, 10–ին։ Կը կարդանք. «Ասիկա ազգերուն մէջ հրատարակեցէ՛ք, ‘Պատերազմ յայտարարեցէ՛ք [պատերազմը սրբացուցէ՛ք (ՆԱ)], զօրաւորները արթնցուցէ՛ք, բոլոր պատերազմիկները թող մօտենան ու ելլեն։ Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէ՛ք ու ձեր յօտոցները՝ նիզակներ’»։ Այո, Եհովա հոս մարտահրաւէր կը կարդայ աշխարհի կառավարիչներուն որ Արմագեդոնին իրեն դէմ ելլեն իրենց միացուած զինեալ ուժերով։ Բայց անոնք չեն կրնար յաջողիլ։ Անոնք ամբողջական պարտութիւն պիտի կրեն։—Յայտնութիւն 16։16

5. Երբ Յիսուս ‘երկրի այգին’ կթէ, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

5 Գերիշխան Տէր Եհովայի ասպարէզ կարդալով, հզօր կառավարիչներ ահաւոր զէնքերու զինարաններ շինած են, բայց ի զո՜ւր։ Յովելեայ 3։13–ի մէջ, Եհովա սա հրամանը կու տայ. «Մանգաղը երկնցուցէ՛ք, քանզի հունձքը հասած է։ Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ, աւազանները կը յորդին. քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է»։ Այս խօսքերը կը համեմատին Յայտնութիւն 14։18–20–ի խօսքերուն, ուր թագադրուած Մեսիական Թագաւորը՝ Յիսուս՝ պատուէր կը ստանայ «երկրի այգիին ողկոյզները [կթելու], վասնզի անոր խաղողները հասունցած են»։ Թագաւորը սուր մանգաղով կը հնձէ եւ ասպարէզ կարդացող ազգերը կը ձգէ «Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ»։ Այլաբանօրէն խօսելով, հնձանէն արիւն կ’ելլէ, որ մինչեւ ձիերուն սանձերը կը հասնի, 1,600 ասպարէզ՝ շուրջ 300 քմ. տարածութեան վրայ։ Եհովան անպատուող ազգերուն համար ի՜նչ ահաւոր հեռանկար մը։

Օրինապահ Քաղաքացիներ

6. Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս կը նկատեն ազգերը եւ անոնց կառավարիչները։

6 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովայի Վկաները չեն յարգեր ազգերն ու անոնց կառավարիչները։ Բնա՛ւ երբեք։ Անոնք պարզապէս ցաւ կը զգան այն եղծանումին վրայ, զոր բոլորս կը տեսնենք եւ մարդոց կ’ազդարարեն իր վճիռը ի գործ դնելու Եհովայի արագօրէն մօտեցող օրուան մասին։ Միեւնոյն ատեն, անոնք խոնարհութեամբ կը հնազանդին Հռովմայեցիս 13։1–ի մէջ արձանագրուած Պօղոս առաքեալի պատուէրին. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ Անոնք այդ մարդկային կառավարիչներուն հարկ եղած պատիւը կու տան, բայց ոչ թէ պաշտամունք։ Որպէս օրինապահ քաղաքացիներ, անոնք Աստուածաշունչի պարկեշտութեան, ճշմարտասիրութեան եւ մաքրութեան չափանիշներուն կը հետեւին եւ իրենց ընտանիքներուն մէջ լաւ բարոյականութիւն կը կերտեն։ Անոնք կ’օգնեն ուրիշներուն որ սորվին թէ ի՛նչպէս իրենք ալ կրնան ասիկա ընել։ Անոնք խաղաղութեամբ կ’ապրին բոլոր մարդոց հետ, ցոյցերու կամ քաղաքական յեղափոխութիւններու միջամուխ չըլլալով։ Եհովայի Վկաները կը ջանան օրինակելի ըլլալ իրենց վրայ եղած մարդկային իշխանութիւններուն հնազանդելով, մինչ կը սպասեն որ Գերագոյն Իշխանութիւնը՝ Գերիշխան Տէր Եհովա՝ կատարեալ խաղաղութիւնը եւ արդար կառավարութիւնը վերահաստատէ այս երկրին վրայ։

Իր Վճիռը Ի Գործ կը Դնէ

7, 8. (ա) Ի՞նչ կերպով ազգերը պիտի սարսին ու խաւարին։ (բ) Յովէլ որո՞նք կը պատկերացնէ մեր օրերուն, իսկ ընդհանուր աշխարհին հակառակը, անոնք ինչպէ՞ս օրհնուած են։

7 Այլաբանական կենսունակ լեզուով մը, իր վճիռը ի գործ դնելուն մասին Եհովա սա յաւելեալ նկարագրութիւնը կու տայ. «Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։ Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, երկինք ու երկիր պիտի սարսին, բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ»։ (Յովելեայ 3։15, 16) Մարդկութեան երեւութապէս պայծառ, բարգաւաճ վիճակը պիտի խաւարի եւ սպառնալից դառնայ եւ պառակտուող համաշխարհային դրութիւնը պիտի սարսի, աւերուելով որպէս թէ մեծ երկրաշարժով մը։—Անգեայ 2։20–22

8 Նկատի առէք այս ուրախ երաշխիքը. Եհովան իր ժողովուրդին ապաւէն ու ամրութիւն պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա միակ ժողովուրդն է—միջազգային ժողովուրդ մը—որ ընդառաջած է Եհովայի սա խօսքերուն. «Պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր [Եհովա (ՆԱ)] Աստուածը»։ (Յովելեայ 3։17) Քանի որ Յովէլ անունը կը նշանակէ «Եհովան Է Աստուած», ան պատշաճօրէն կը պատկերացնէ Եհովայի այժմու օծեալ Վկաները որոնք խիզախօրէն կը ծառայեն Եհովայի գերիշխանութիւնը ծանուցանելով։ (Բաղդատել Մաղաքեայ 1։11։) Յովէլի մարգարէութեան բացման խօսքերուն դառնալով, պիտի տեսնենք թէ որքան կենսունակօրէն ան կը նախագուշակէ Աստուծոյ ժողովուրդին ներկայ գործունէութիւնը։

Մարախներու Խումբ մը

9, 10. (ա) Յովէլ ի՞նչ պատուհաս նախագուշակեց։ (բ) Յայտնութիւնը ինչպէ՞ս կ‘արձագանգէ Յովէլի պատուհասին մարգարէութեան, եւ այս պատուհասը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Քրիստոնեայ Աշխարհին վրայ։

9 Արդ, մտիկ ընենք «Տէրոջը խօսքը ... Յովէլին». «Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ, միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։ Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն ու անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն։ Ինչ որ խառնիճը թողուց՝ մարախը կերաւ, ինչ որ մարախը թողուց՝ ջորեակը կերաւ, ինչ որ ջորեակը թողուց՝ գրուիճը կերաւ»։—Յովելեայ 1։1–4

10 Ասիկա արտասովոր արշաւանք մըն է, արշաւանք մը՝ որ յաւիտեան յիշողութեան մէջ պիտի պահուի։ Միջատներու յաջորդական ալիքներ, մասնաւորաբար մարախներ, կ’աւերեն երկիրը։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Յայտնութիւն 9։1–12–ն ալ կը խօսի մարախներու պատուհասի մը մասին, Եհովայի կողմէ ղրկուած, որոնք «իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը»՝ որ ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Քրիստոս Յիսուս։ Անոր անունները՝ Աբադոն (Եբրայերէն), իսկ Ապողղիոն (Յունարէն) կը նշանակեն «Կործանում» եւ «Կործանող»։ Այս մարախները կը պատկերացնեն Քրիստոնեաներու օծեալ մնացորդը, որոնք՝ Տէրունական օրը որու մէջ կ’ապրինք, կ’երթան Քրիստոնեայ Աշխարհի արօտները աւերելու, սուտ կրօնքը ամբողջովին քօղազերծելով եւ անոր վրայ Եհովայի վրէժխնդրութիւնը հրատարակելով։

11. Մեր օրերու մարախները ինչպէ՞ս կ’ամրանան, եւ մասնաւորաբար որո՞նք անոնց յարձակումներուն թիրախն են։

11 Յայտնութիւն 9։13–21–ը կը նշէ որ մարախներու պատուհասին կը յաջորդէ հեծելազօրքի հսկայ պատուհաս մը։ Ասիկա որքա՜ն ճշմարիտ է այսօր, քանի որ մնացող քանի մը հազար օծեալ Քրիստոնեաները կ’ամրանան աւելի քան չորս միլիոն «ուրիշ ոչխարներ»ով, միասնաբար կազմելով անդիմադրելի հեծելազօրք մը։ (Յովհաննու 10։16) Անոնք կը միանան հրատարակելու համար Եհովայի խայթող դատաստանները Քրիստոնեայ Աշխարհի կռապաշտներուն վրայ եւ անոնց վրայ՝ որոնք ‘չեն ապաշխարեր իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն’։ Դատաստանի այս պատգամները ուղղուած են թէ՛ Կաթողիկէ եւ թէ Բողոքական կղերներուն, որոնք եռանդով նեցուկ կանգնեցան այս դարու արիւնահեղ պատերազմներուն, ինչպէս նաեւ ապիրատ մանկասէր վարդապետներուն եւ հեռատեսիլի խեղաթիւր աւետարանիչներուն դէմ։

12. Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները ինչո՞ւ արժանի են դատաստանի պատգամներ ստանալուն, եւ շուտով ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, ինչպէս նաեւ Մեծն Բաբելոնի բոլոր անդամներուն։

12 Եհովա հետեւեալ դատական ազդարարութիւնը կը թնդացնէ խեղաթիւր կղերական «ազնուականներ»ուն. «Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ ու լացէ՛ք եւ դուք ամէնքդ, ո՛վ գինի խմողներ. սուգ բռնեցէ՛ք քաղցուին համար, քանզի ձեր բերնէն կտրուեցաւ»։ (Յովելեայ 1։5) Այս Ի. դարուն, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքը աշխարհի մեղկ ընթացքով փոխարինած է Աստուծոյ Խօսքին բարոյական մաքուր սկզբունքները։ Սուտ կրօնքին եւ անոր ծուխերուն քաղցր թուած է աշխարհին ճամբաները որդեգրել, բայց ասոր համար հոգեկան եւ ֆիզիքական հիւանդութեան ի՜նչ հունձք մը հնձած են։ Ըստ Յայտնութիւն 17։16 եւ 17–ին, շուտով Աստուծոյ «կամքը» պիտի ըլլայ երբ քաղաքական ուժերը սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ Մեծն Բաբելոնի՝ դէմ ելլեն եւ զայն աւերեն։ Երբ սուտ կրօնքը տեսնէ Եհովայի վճիռը իր դէմ ի գործ դրուիլը, միմիայն այն ատեն պիտի ‘արթննայ’ իր գինովութեան թմրութենէն։

«Շատուոր ու Զօրաւոր Ժողովուրդ մը»

13. Ի՞նչ կերպով մարախներու խումբը Քրիստոնեայ Աշխարհէն «շատուոր ու զօրաւոր» կը թուի։

13 Եհովայի մարգարէն շարունակելով, մարախներու խումբը կը նկարագրէ որպէս «շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը». այսպէս է որ Մեծն Բաբելոն կը տեսնէ զանոնք։ (Յովելեայ 2։2) Անոր կղերները, զոր օրինակ, կ’ողբան այն իրողութեան վրայ թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները չյաջողեցան Պուտտայական Ճաբոնի մէջ շատ մը մարդիկ նորահաւատ դարձնել։ Սակայն ներկայիս, աւելի քան 160,000 Եհովայի Ճաբոնցի Վկաներ կը վխտան այդ երկրին մէջ եւ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւններ կը վարեն աւելի քան 200,000 մարդոց տուներու մէջ։ Իտալիոյ մէջ, 180,000 Եհովայի Վկաները ներկայիս ճանչցուած են որպէս թիւով երկրորդ կրօնքը՝ Կաթողիկէներէն ճիշդ ետք։ Իտալացի Հռովմէական Կաթողիկէ գերապայծառ մը ի զուր ողբաց այն իրողութեան վրայ թէ Եհովայի Վկաները ամէն տարի ‘առնուազն 10,000 Կաթողիկէ հաւատացեալներ’ կ’առնեն եկեղեցիէն։a Վկաները ուրախութեամբ կ’ընդունին այսպիսիները։—Եսայեայ 60։8, 22

14, 15. Յովէլ ինչպէ՞ս կը նկարագրէ մարախներու խումբը, եւ ի՞նչ կերպով այս բաները կը կատարուին մեր օրերուն։

14 Օծեալ Վկաներու մարախներու խումբը նկարագրելով, Յովելեայ 2։7–9–ն կը նշէ. «Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի վազեն, պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի ելլեն, իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ, իրենց շաւիղներէն պիտի չխոտորին։ Մէկզմէկ պիտի չհրեն, իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ։ Եթէ սուրի վրայ ալ իյնան՝ պիտի չվիրաւորուին։ Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին ու պարսպին վրայ պիտի վազեն։ Տուներուն վրայ պիտի ելլեն, գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն»։

15 Արդարեւ, օծեալ «մարախներ»ու բանակին մասին ի՜նչ կենսունակ նկարագրութիւն մը, որու հետ ընկերակցած են այսօր աւելի քան չորս միլիոն անհատներ, ուրիշ ոչխարները։ Ո՛չ մէկ «պարիսպ»՝ կրօնական թշնամանք՝ կրնայ ետ պահել զանոնք։ Անոնք խիզախօրէն կը շարունակեն ‘նոյն կանոնին համեմատ քալել, նոյն խորհուրդը ունենալով’ հանրային վկայութեան եւ ուրիշ Քրիստոնէական գործունէութիւններու մէջ։ (Բաղդատել Փիլիպպեցիս 3։16։) Փոխանակ համակերպելու, անոնք կը յօժարին մահը դիմագրաւել, ինչպէս ըրին հազարաւոր Վկաներ որոնք ‘սուրի վրայ ինկան’, քանի որ կը մերժէին Նացի Գերմանիոյ Կաթողիկէ Հիթլէրին բարեւի կենալ։ Մարախներու խումբը «քաղաքին»՝ Քրիստոնեայ Աշխարհին՝ մէջ ամբողջական վկայութիւն մը տուած է, բոլոր արգելքները մագլցելով, կարծէք թէ գողի պէս տուներէն ներս մտնելով իրենց տունէ տուն գործունէութեան մէջ սուրբ գրային միլիառաւոր գրականութիւններ բաշխելու համար։ Եհովայի կամքն է որ այս վկայութիւնը տրուի եւ ոչ մէկ երկնային ու երկրային ոյժ կրնայ զայն կասեցնել։—Եսայեայ 55։11

«Սուրբ Հոգիով Լեցուեցան»

16, 17. (ա) Յովելեայ 2։28, 29–ի խօսքերը ե՞րբ աչքառու կատարում մը ունեցան։ (բ) Յովէլի մարգարէական ո՞ր խօսքերը ամբողջական կատարում մը չունեցան առաջին դարուն։

16 Եհովա իր Վկաներուն կ’ըսէ. «Պիտի գիտնաք թէ ես [հոգեւոր] Իսրայէլի մէջ եմ, թէ ձեր Տէր Աստուածը ես եմ եւ ուրիշ մը չկայ»։ (Յովելեայ 2։27) Իր ժողովուրդը այս թանկագին իրողութիւնը հասկցաւ, երբ Եհովա սկսաւ իրագործել Յովելեայ 2։28, 29–ի մէջ իր խօսքերը։ «Իմ հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան»։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Յիսուսի հաւաքուած աշակերտները օծուեցան «եւ ամէնքն ալ սուրբ հոգիով լեցուեցան»։ Սուրբ հոգիին զօրութեան շնորհիւ, անոնք քարոզեցին եւ այդ օրն իսկ «երեք հազար հոգիի չափ աւելցան»։—Գործք 2։4, 16, 17, 41

17 Այդ ուրախ առիթով, Պետրոս մէջբերեց նաեւ Յովելեայ 2։30–32–ը. «Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։ Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։ Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի»։ Այս խօսքերը մասնակի կատարում մը ունեցան երբ Երուսաղէմ կործանեցաւ Հ.Դ. 70–ին։

18. Յովելեայ 2։28, 29–ի աւելի մեծ կատարումը ե՞րբ սկսաւ տեղի ունենալ։

18 Սակայն, Յովելեայ 2։28–32–ը ուրիշ կիրարկում մըն ալ պիտի ունենար։ Արդարեւ, այս մարգարէութիւնը աչքառու կատարում մը ունեցաւ Սեպտեմբեր 1919–էն ի վեր։ Այդ ժամանակ, Եհովայի ժողովուրդին անմոռանալի համաժողով մը տեղի ունեցաւ Սիտըր Փոյնթ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Օհայօ Նահանգին մէջ։ Աստուծոյ հոգին յստակօրէն բացայայտուեցաւ եւ իր օծեալ ծառաները ոգեւորուեցան վկայութեան համաշխարհային արշաւ մը ձեռնարկելու, որ երկարեցաւ մինչեւ ներկայ օրս։ Ի՜նչ հոյակապ յաւելում մը եղած է։ Սիտըր Փոյնթի համաժողովին աւելի քան 7,000 ներկաներէն հասանք 10,650,158 ներկաներու, Մարտ 30, 1991–ի Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին։ Անոնցմէ միայն 8,850 հոգի դաւանեցան օծեալ Քրիստոնեաներէն ըլլալ։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է այս օծեալներուն համար, տեսնելով Եհովայի ուժական հոգիին կողմէ յառաջ բերուած պտուղները ամբողջ երկրին վրայ։—Եսայեայ 40։29, 31

19. Քանի որ Եհովայի օրը շատ մօտ է, ի՞նչ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւրիս կեցուածքը։

19 Շուտով պիտի գայ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը» որ իրերու Սատանայի դրութիւնը պիտի աւերէ։ (Յովելեայ 2։31) Բարեբախտաբար, «ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ (Գործք 2։21) Ինչպէ՞ս։ Պետրոս առաքեալ մեզի կ’ըսէ որ «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ» եւ կ’աւելցնէ. «Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։ Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահելով, պիտի ուրախանանք նաեւ տեսնելով արդար «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը» մասին Եհովայի խոստման կատարումը։—Բ. Պետրոս 3։10–13

[Ստորանիշ էջ 10]

a La Repubblica, Հռովմ, Իտալիա, Նոյեմբեր 12, 1985 եւ La rivista del clero italiano, Մայիս 1985։

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ «Եհովայի օրը» ի՞նչ է։

◻ Յիսուս ‘երկրի այգին’ ինչպէ՞ս պիտի կթէ եւ ինչո՞ւ։

◻ Մարախներու պատուհաս մը ի՞նչ կերպով հարուածած է Քրիստոնեայ Աշխարհը 1919–էն ի վեր։

◻ Եհովայի հոգին ինչպէ՞ս իր ժողովուրդին վրայ թափուեցաւ Հ.Դ. 33–ին, եւ դարձեալ 1919–ին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել