Աստուած կը հաւնի՞ հրաշագործ բուժումներուն
«ԱՅՍՕՐ նորանշան բաներ տեսանք»։ Այո, դիտողները տպաւորուած էին։ Իրենց աչքին առջեւ բուժուած էր ծանրօրէն անդամալուծուած մարդ մը։ Բուժողը ըսաւ մարդուն. «Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ Մարդը իսկոյն այդպէս ըրաւ։ Ան այլեւս անդամալոյծ չէր։ Չենք զարմանար որ հոն ներկայ եղողները «Աստուծոյ փառք կու տային»։ (Ղուկաս 5։18–26) Գրեթէ 2,000 տարի առաջ, Յիսուս Քրիստոսի կողմէ կատարուած այս բուժումը իրապէս Աստուծոյ հաւանութեամբ էր։
Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն համար։ Արդեօք հրաշքով կատարուած բուժումը տակաւին լաւ կարելիութի՞ւն մըն է անոնց համար, որոնք բժշկական դարման չեն կրնար գտնել։ Յիսուս բուժիչ հրաշքներ կատարեց։ Ներկայիս, հաւատքի բուժիչներ կը դաւանին որ զինք կ’ընդօրինակեն։ Անոնց հաստատութիւնները ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
Հրաշագործ բուժումը սահմանուած է որպէս «աղօթքով եւ Աստուծոյ հաւատալով հիւանդութիւններ բուժելու կերպ մը»։ Պրիթանիքա Համայնագիտարանը կը հաստատէ. «Քրիստոնէութեան մէջ, հրաշագործ բուժումի պատմութիւնը սկսաւ Յիսուսի եւ առաքեալներուն ապշեցուցիչ ծառայութիւններով»։ Այո, Յիսուս աչքառու բուժումներ կատարեց։ Բայց ներկայ հաւատքի բուժիչները, իր ըրած հրաշքները կ’ընե՞ն։
Հաւատքը Պահա՞նջ մըն Է
Ըստ սուրբ գրային բառարանի մը (Black’s Bible Dictionary), Յիսուս «շեշտեց որ հրաշագործ իր բուժումներուն համար, [հաւատքը] նախապայման էր»։ Բայց ա՞յս էր պարագան։ Յիսուս պահանջե՞ց որ հիւանդ անհատ մը բուժուելէ առաջ հաւատք ունենայ։ Պատասխանը ո՛չ է։ Բուժո՛ղը հաւատք պէտք էր ունենար եւ ոչ թէ հիւանդ անհատը։ Առիթով մը Յիսուսի աշակերտները չկրցան լուսնոտ երիտասարդ մը բուժել։ Յիսուս բուժեց երիտասարդը եւ ապա աշակերտները հարցուցին, որ իրենք ինչո՛ւ չէին կրցած բուժել զինք։ «Յիսուս ըսաւ. ‘Ձեր թերահաւատութեանը համար’»։—Մատթէոս 17։14–20
Ըստ Մատթէոս 8։16, 17–ի, Յիսուս «բոլոր հիւանդները բժշկեց»։ Ճիշդ է որ այս մարդիկը Յիսուսի կը հաւատային եւ անոր համար կը մօտենային իրեն։ (Մատթէոս 8։13. 9։22, 29) Շատ պարագաներու, անոնք նախ կու գային եւ կը խնդրէին որ զիրենք բուժէ։ Սակայն հրաշքը կատարուելու համար հաւատքի խոստովանութիւն մը պահանջուած չէր։ Առիթով մը Յիսուս կաղ մարդ մը բուժեց, որ նոյնիսկ Յիսուսին ով ըլլալը չէր գիտեր։ (Յովհաննու 5։5–9, 13) Իր ձերբակալութեան գիշերը, Յիսուս քահանայապետի ծառային կտրուած ականջը կպցուց, հակառակ անոր որ այս մարդը զինք ձերբակալելու եկած իր թշնամիներուն խումբին մէջ էր։ (Ղուկաս 22։50, 51) Արդարեւ, կարգ մը առիթներով Յիսուս նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց։—Ղուկաս 8։54, 55. Յովհաննու 11։43, 44
Յիսուս ինչպէ՞ս կրնար այսպիսի հրաշքներ ընել։ Քանի որ ան Աստուծոյ սուրբ հոգիին, կամ գործօն ոյժին կ’ապաւինէր։ Այս էր որ հրաշքը կը կատարէր եւ ոչ թէ հիւանդ անհատին հաւատքը։ Եթէ Աւետարաններուն մէջ կարդաք Յիսուսի կատարած հրաշքներուն դէպքերը, պիտի նշմարէք որ անոնք գրեթէ առանց արարողութեան կը կատարէր Յիսուս։ Ան ցուցամոլութեամբ չէր ըներ զանոնք, ոչ ալ զգացումներու հետ կը խաղար։ Ասկէ զատ, հիւանդութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլար, Յիսուս կը բուժէր եւ անոր համար դրամ չէր պահանջեր։—Մատթէոս 15։30, 31
Արդի Բուժումները Նմա՞ն Են Յիսուսի Կատարածներուն
Հիւանդութիւնը ահռելի խնդիր մըն է եւ երբ հարուածէ, բնականաբար անկէ ամոքում կը փտռենք։ Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ կ’ապրինք հոն, ուր առողջութեան արհեստավարժները «մարդոց՝ մանաւանդ շատ քիչ նիւթական ունեցողներուն՝ հետ, որպէս իրեր կը վարուին եւ ոչ թէ որպէս մարդ արարածներ»։ Լատին Ամերիկայի մէջ բժիշկ մը նկատեց որ պարագան այս էր։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ընել եթէ կ’ապրինք տեղ մը ուր՝ ինչպէս է պարագան այս նոյն երկրին մէջ՝ ‘բժիշկներուն միայն 40 տոկոսը իրենց արհեստը ընելու որակելի են’։
Զարմանալի չէ որ շատեր, ուրիշ ելք մը չունենալով, կ’ուզեն առ նուազն փորձել հրաշագործ բուժում մը։ Սակայն, հաւատքի բուժիչներու կողմէ կատարուած բուժումները հակաճառելի են։ Օրինակի համար, Պրազիլիոյ Սաօ Փոլօ քաղաքին մէջ, 70,000 անհատներ ժողովի մը ներկայ եղան, ուր երկու բուժողներ ‘ունկնդիրներւն կողմէ նետուած հարիւրաւոր ակնոցներուն վրայ կոխկռտեցին, այդ դիւրահաւատներուն խոստանալով իրենց տեսողութեան վերահաստատումը’։ Բուժողներէն մէկը հարցազրոյցի մը ընթացքին պարկեշտօրէն ընդունեց. «Չեմ կրնար ըսել որ այն բոլոր հիւանդները որոնց համար կ’աղօթենք, պիտի բուժուին։ Անիկա կախեալ է իրենց հաւատքէն։ Եթէ անհատ մը հաւատայ, պիտի բուժուի»։ Ըստ իրեն, բուժումի որեւէ ձախողանքի մը պատճառը հիւանդին հաւատքի պակասն է։ Բայց յիշեցէք որ Յիսուս, բուժումը կատարողին հաւատքի պակասին վերագրեց բուժումի մը ձախողութիւնը։—Մարկոս 9։37–42
Ուրիշ բուժող մը խոստացաւ քաղցկեղը եւ անդամալուծութիւնը բուժել։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Ըստ պարբերաթերթի մը (Veja), «անշուշտ խոստումը չկատարուեցաւ»։ Իսկ մտիկ ըրէք թէ այս մարդը ինչպէս վարուեցաւ. «Մօտաւորապէս երկու ժամ, [հաւատքի բուժիչը] ունկնդիրները զբաղեցուց քարոզներով, աղօթքներով, պոռչտուքներով, երգերով. նոյնիսկ բռունցքի հարուածներ տալով, իբրեւ թէ հաւատացեալներուն մէջէն դեւերը հանելու համար։ Վերջաւորութեան, ան իր փողկապն ու թաշկինակը հմայուած ունկնդիրներուն նետեց եւ աման մը շրջեցնել տուաւ ‘յօժարակամ նուիրատուութիւններ’ հաւաքելու համար»։ Յիսուս եւ իր առաքեալները բնաւ դրամ չպահանջեցին իրենց հրաշագործ բուժումներուն համար, ոչ ալ այսպիսի թատերական վիճակի մէջ գտնուեցան։
Յստակ է ուրեմն, որ արդի հաւատքի բուժիչները Յիսուսի ըրածը չէ որ կ’ընեն։ Իսկ դժուար է հաւատալ որ Աստուած հաճի անոնց արարքներուն։ Բայց արդեօք ներկայիս կա՞ն բուժիչ հրաշքներ, որոնց կը հաճի Աստուած։ Կամ, արդեօք կերպ մը կա՞յ որ մեր հաւատքը մեզի օգտակար ըլլայ երբ մենք, կամ մեր սիրելիները, հիւանդանան։