Քրիստոնէական միսիոնարական գործունէութեան ներշնչեալ մէկ օրինակը
«Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11։1
1. Ո՞ր մարզերուն մէջ Յիսուս իր հետեւորդներուն համար աչքառու օրինակ հանդիսացաւ։ (Փիլիպպեցիս 2։5–9)
Ի՜ՆՉ կարկառուն օրինակ մը հանդիսացաւ Յիսուս իր աշակերտներուն։ Ան ուրախութեամբ իր երկնային փառքը ձգեց երկիր գալու եւ մեղաւոր մարդոց մէջ ապրելու համար։ Ան յանձն առաւ մեծապէս տառապիլ մարդկութիւնը փրկելու եւ մանաւանդ իր երկնաւոր Հօր անունը սրբացնելու համար։ (Յովհաննու 3։16. 17։4) Երբ իր կեանքին համար կը դատուէր, Յիսուս խիզախաբար ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէսզի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։—Յովհաննու 18։37
2. Յարուցեալ Յիսուս ինչո՞ւ կրնար իր աշակերտներուն պատուիրել որ շարունակեն իր սկսած գործը։
2 Իր մահուընէ առաջ, Յիսուս հոյակապ կերպով մարզեց իր աշակերտները, որպէսզի անոնք կարենային Թագաւորութեան ճշմարտութեան մասին շարունակել վկայութիւն տալ։ (Մատթէոս 10։5–23. Ղուկաս 10։1–16) Ուստի, իր յարութենէն ետք, Յիսուս կրցաւ հետեւեալ պատուէրը տալ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։—Մատթէոս 28։19, 20
3. Աշակերտելու գործը ինչպէ՞ս տարածուեցաւ, բայց անիկա ո՞ր շրջաններուն մէջ գլխաւորաբար կեդրոնացած էր։
3 Յաջորդ երեքուկէս տարիներու ընթացքին, աշակերտները այս պատուէրին հնազանդեցան, բայց անոնք միայն Հրեաներուն, Հրեայ նորադարձներուն եւ թլփատուած Սամարացիներուն մէջ աշակերտեցին։ Ապա, Հ.Դ. 36–ին, Աստուած իրերը առաջնորդեց, որպէսզի բարի լուրը քարոզուի անթլփատ մարդու մը՝ Կոռնելիոսի եւ անոր ընտանիքին։ Ասոր յաջորդած տասնամեակներու ընթացքին, ուրիշ հեթանոսներ ալ ժողովք բերուեցան։ Սակայն, այնպէս կը թուէր թէ Միջերկրականի արեւելեան շրջանները շատ աւելի գործ կար։—Գործք 10։24, 44–48. 11։19–21
4. Յատկանշական ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 47–48–ի ատենները։
4 Բանի մը կարիքը կար, որպէսզի մղէր Քրիստոնեաները աւելի հեռաւոր շրջաններու մէջ գտնուող Հրեաներուն եւ հեթանոսներուն քարոզելու։ Ուստի, Հ.Դ. 47–48–ի ատենները, Սուրիական Անտիոքի ժողովքի երէցները աստուածային սա պատգամը ստացան. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սողօսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք»։ (Գործք 13։2) Նկատի առէք որ Պօղոս այդ ժամանակ իր բուն անունով՝ Սօղօս՝ կոչուած է։ Նաեւ նկատի առէք թէ Բառնաբասը Պօղոսէն առաջ յիշուած է, թերեւս անոր համար որ այդ ժամանակ այս երկուքէն աւելի կարկառունը Բառնաբասն էր։
5. Պօղոսի եւ Բառնաբասի միսիոնարական շրջապտոյտը ինչո՞ւ մեծապէս արժէքաւոր է մեր օրերու Քրիստոնեաներուն։
5 Պօղոսի եւ Բառնաբասի միսիոնարական շրջապտոյտին մանրամասնուած արձանագրութիւնը մեծապէս քաջալերական է Եհովայի Վկաներուն, մանաւանդ միսիոնարներուն եւ ռահվիրաներուն որոնք իրենց բնակավայրերը ձգելով օտար վայրեր գացած են Աստուծոյ ծառայելու համար։ Գործք 13–րդ եւ 14–րդ գլուխներն ալ աչքէ անցնելը վստահաբար տակաւին պիտի մղէ շատերուն որ Պօղոսը եւ Բառնաբասը ընդօրինակեն եւ աշակերտելու կարեւորագոյն գործին մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնեն։
Կիպրոս Կղզին
6. Կիպրոսի մէջ միսիոնարները ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։
6 Առանց յապաղելու, միսիոնարները Սուրիական Սելեւկիա նաւահանգիստէն ճամբայ ելան դէպի Կիպրոս կղզին։ Սաղամիան հասնելով, անոնք չմոռցան իրենց պարտականութիւնը, այլ՝ «Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին»։ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, անոնք չբաւականացան այդ քաղաքին մէջ հաստատուելով, սպասելով որ կղզիաբնակները իրենց գան, այլ անոնք «բոլոր կղզին գացին» ու քարոզեցին։ Անկասկած, անոնք շատ քալեցին եւ յաճախ իրենց իջեւանը փոխեցին, քանի որ Կիպրոսը մեծ կղզի մըն է եւ իրենց շրջապտոյտին պատճառաւ, անոր ամենէն լայն մասերը գացին։—Գործք 13։5, 6
7. (ա) Պափոսի մէջ ի՞նչ աչքառու դէպք մը պատահեցաւ։ (բ) Այս արձանագրութիւնը մեզ կը քաջալերէ որ ի՞նչպիսի կեցուածք մը ունենանք։
7 Իրենց կեցութեան վերջաւորութեան, այս երկու մարդիկը հոյակապ փորձառութիւն մը ունեցան Պափոս քաղաքին մէջ։ Կղզիին կառավարիչը՝ Սերգիոս Պօղոս՝ իրենց պատգամին ականջ տուաւ եւ «հաւատաց»։ (Գործք 13։7, 12) Հետագային, Պօղոս գրեց. «Դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան»։ (Ա. Կորնթացիս 1։26) Այսուհանդերձ, զօրաւորներուն մէջէն Սերգիոս Պօղոս ընդառաջեց։ Այս փորձառութիւնը պէտք է քաջալերէ բոլորիս՝ բայց մանաւանդ միսիոնարներուն, որպէսզի կառավարական պաշտօնեաներու քարոզելու նկատմամբ դրական կեցուածք մը ունենան, ինչպէս Ա. Տիմոթէոս 2։1–4–ը կը յորդորէ մեզ։ Հեղինակաւոր անհատներ երբեմն մեծապէս օգտակար եղած են Աստուծոյ ծառաներուն։—Նէեմեայ 2։4–8
8. (ա) Ասկէ ետք, Բառնաբասի եւ Պօղոսի միջեւ յարաբերութեան ի՞նչ փոփոխութիւն կը տեսնենք։ (բ) Ի՞նչ կերպով Բառնաբաս լաւ օրինակ հանդիսացան։
8 Եհովայի հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, Պօղոս մեծ դեր մը ունեցաւ Սերգիոս Պօղոսի դարձի գալուն մէջ։ (Գործք 13։8–12) Նաեւ, այս դէպքէն սկսեալ, այդպէս կ’երեւի որ Պօղոս ինք առաջնորդութիւնը ստանձնեց։ (Բաղդատել Գործք 13։7–ն Գործք 13։15, 16, 43–ին հետ)։ Ասիկա ներդաշնակ էր իր դարձի եկած ատեն Պօղոսի ստացած յանձնարարութեան հետ։ (Գործք 9։15) Թերեւս այս փոփոխութիւնը Բառնաբասի հեզութիւնը փորձի ենթարկեց։ Սակայն, փոխանակ այս փոփոխութիւնը անձնական վիրաւորանք նկատելու, Բառնաբաս հաւանաբար իր անուան իմաստին համաձայն վարուեցաւ, որ կը նշանակէ՝ «Մխիթարութեան Որդի» եւ հաւատարմօրէն աջակցեցաւ Պօղոսին, միսիոնարական ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ հետագային, երբ Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներէն ոմանք խնդիր հանեցին անթլփատ հեթանոսներուն մէջ իրենց կատարած ծառայութեան համար։ (Գործք 15։1, 2) Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը բոլորիս, մէջը ըլլալով միսիոնարական տուներու եւ Պէթէլներու մէջ եղողներուն համար։ Միշտ յօժար պէտք է ըլլանք աստուածպետական վերաճշդումները ընդունելու եւ լիովին թիկունք կանգնելու մեզ առաջնորդելու համար նշանակում ստացողներուն։—Եբրայեցիս 13։17
Փոքր Ասիոյ Բարձրավանդակը
9. Պիսիդիայի Անտիոք երթալու Պօղոսի եւ Բառնաբասի պատրաստակամութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
9 Պօղոս եւ Բառնաբաս Կիպրոսէն նաւարկեցին դէպի Հիւսիս, Ասիական ցամաքամաս։ Չբացատրուած պատճառով մը, այս միսիոնարները ծովեզերեայ շրջանը չմնացին, այլ շուրջ 180 քմ. երկար եւ վտանգաւոր ճամբորդութիւն մը ըրին Փոքր Ասիոյ կեդրոնական բարձրավանդակը գտնուող Պիսիդիայի Անտիոքը երթալու համար։ Հոն երթալու համար, անոնք լեռ մը պէտք էր մագլցէին եւ ծովու մակերեսէն 1,100 մեթր բարձր դաշտագետին մը իջնէին։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը՝ Ժ. Հաուսըն կ’ըսէ. «Հին պատմութեան բոլոր մասերուն մէջ, համբաւաւոր էր հարաւային ծովափի դաշտագետիններէն ... բարձրավանդակը բաժնող այդ լեռներու բնակիչներուն անօրէն եւ ասպատակող բարքը»։ Ասկէ զատ, միսիոնարները բնական տարերքներէն ալ վտանգներ կը դիմագրաւէին։ Հաուսըն կ’աւելցնէ. «Փոքր Ասիոյ ոչ մէկ շրջան այսքան մասնայատուկ է իր ‘ջուրի հեղեղներով’ որքան Պիսիդիայի լեռնաշղթան, ուր գետերը հսկայական խարակներու փէշերէն կը ժայթքին, կամ նեղ հեղեղատներէն սանձարձակ կը սլանան»։ Այս մանրամասնութիւնները մեզի կ’օգնեն երեւակայելու թէ միսիոնարները ի՛նչպիսի ճամբորդութիւններ կատարելու կը յօժարէին բարի լուրը տարածելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 11։26) Այսօր ալ, Եհովայի ծառաներէն շատեր ամէն տեսակ արգելքներ կը դիմագրաւեն մարդոց հասնելու եւ անոնց հետ բարի լուրը բաժնեկցելու համար։
10, 11. (ա) Պօղոս ինչպէ՞ս հասարակաց գետին մը պահեց իր ունկնդիրներուն հետ։ (բ) Շատ մը Հրեաներ հաւանաբար ինչո՞ւ ապշեցան Մեսիայի տառապանքներուն մասին լսելով։ (գ) Պօղոս իր ունկնդիրներուն ի՞նչպիսի փրկութիւն մը հրամցուց։
10 Քանի որ Պիսիդիայի Անտիոքին մէջ Հրէական ժողովարան մը կար, միսիոնարները նախ հոն գացին, որպէսզի արդէն Աստուծոյ Խօսքին ծանօթ եղողներուն առիթ տան բարի լուրը ընդունելու։ Երբ Պօղոսի հրաւէր տրուեցաւ որ խօսի, ան ոտքի կայնեցաւ եւ հանրային փառաւոր դասախօսութիւն մը տուաւ։ Ամբողջ դասախօսութեան տեւողութեան, ան զինք ունկնդրող Հրեաներուն եւ նորադարձներուն հետ հասարակաց գետին մը պահեց։ (Գործք 13։13–16, 26) Յառաջաբանէ մը ետք, Պօղոս վերաքաղ մը ըրաւ Հրեաներուն նշանաւոր պատմութիւնը, անոնց յիշեցնելով որ Եհովա իրենց նախահայրերը ընտրած էր եւ ապա զանոնք Եգիպտոսէ ազատագրած էր եւ թէ ի՛նչպէս անոնց օգնած էր որ Խոստացեալ Երկրի բնակիչները պարտութեան մատնեն։ Ապա Պօղոս ընդգծեց Դաւիթին հետ Եհովայի ունեցած վերաբերմունքը։ Այս տեղեկութիւնը մեծապէս կը հետաքրքրէր առաջին դարու Հրեաները, քանի որ անոնք կ’ակնկալէին որ Աստուած Դաւիթի շառաւիղէն մէկը հանէր որպէս փրկիչ եւ յաւիտենական իշխան մը։ Երբ այս կէտին հասաւ, Պօղոս խիզախօրէն ըսաւ. «Ասոր [Դաւիթին] սերունդէն Աստուած իր խոստումին պէս Իսրայէլին՝ Փրկիչ Յիսուսը հանեց»։—Գործք 13։17–23
11 Սակայն շատ մը Հրեաներու սպասած փրկիչը զինուորական հերոս մըն էր, որ զիրենք պիտի ազատագրէր Հռովմէական լուծէն եւ Հրեայ ազգը միւս ազգերէն աւելի բարձրացնէր։ Հետեւաբար, անկասկած անոնք ապշեցան լսելով Պօղոսի խօսքերը թէ Մեսիան իրենց իսկ կրօնական առաջնորդներուն ձեռքով սպաննուելու յանձնուած էր։ «Բայց Աստուած զանիկա յարուցանեց», ըսաւ Պօղոս քաջութեամբ։ Իր դասախօսութեան աւարտին, ան իր ունկնդիրներուն ցոյց տուաւ որ անոնք կրնային հոյակապ փրկութիւն մը ձեռք ձգել։ «Յայտնի ըլլայ ձեզի», ըսաւ ան, «որ Յիսուսի միջոցով ձեզի մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի։ Այն ամէ՛ն բաներէն՝ որոնցմէ Մովսէսին օրէնքովը չկրցաք արդարանալ, բայց ամէն ով որ Յիսուսին հաւատայ, պիտի արդարանայ»։ Պօղոս իր դասախօսութիւնը եզրափակեց իր ունկնդիրները յորդորելով որ այն շատերուն մէջ չըլլան որոնք, ըստ Աստուծոյ, պիտի անտեսէին փրկութեան այս սքանչելի հայթայթումը։—Գործք 13։30–41
12. Պօղոսի դասախօսութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս պէտք է քաջալերէ մեզ։
12 Շատ լաւ մատուցուած սուրբ գրային դասախօսութիւն մը։ Ունկնդիրները ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։ «Հրեաներէն ու նորահաւատ բարեպաշտներէն շատեր Պօղոսին ու Բառնաբասին ետեւէն կ’երթային»։ (Գործք 13։43) Ի՜նչ քաջալերական օրինակ մը մեզի համար։ Մենք ալ մեր լաւագոյնը ընենք ճշմարտութիւնը ազդեցիկ կերպով ներկայացնելու, ըլլայ մեր հանրային ծառայութեան ընթացքին թէ մեր ժողովներուն մէջ պատասխաններով եւ դասախօսութիւններով։—Ա. Տիմոթէոս 4։13–16
13. Միսիոնարները ինչո՞ւ ստիպուեցան Պիսիդիայի Անտիոքէն մեկնիլ, եւ նոր աշակերտներուն նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
13 Պիսիդիայի Անտիոքի մէջ նոր հետաքրքրուածները չէին կրնար իրենց պահել այս բարի լուրը։ Այնպէս որ, «հետեւեալ շաբաթ օրը գրեթէ բոլոր քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու»։ Իսկ շուտով պատգամը քաղաքէն անդին հասաւ։ Իրականութեան մէջ, «Տէրոջը խօսքը բոլոր գաւառը կը տարածուէր»։ (Գործք 13։44, 49) Փոխանակ լաւ ընդունելու այս բանը, նախանձ Հրեաները յաջողեցան միսիոնարները քաղաքէն դուրս դնել։ (Գործք 13։45, 50) Նոր աշակերտները ասկէ ինչպէ՞ս ազդուեցան։ Անոնք յուսահատուեցան ու լքեցի՞ն։
14. Հակառակորդները ինչո՞ւ չկրցան կասեցնել միսիոնարներուն գործը, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։
14 Ո՛չ, քանի որ ասիկա Աստուծոյ գործն էր։ Իսկ միսիոնարները յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի վրայ հաւատքի հաստատուն հիմ մը դրած էին։ Բացայայտօրէն, ուրեմն, նոր աշակերտները Քրիստոսը կը նկատէին որպէս իրենց Առաջնորդը եւ ոչ թէ միսիոնարները։ Ուստի, կը կարդանք, որ անոնք «ուրախութեամբ եւ սուրբ հոգիով կը լեցուէին»։ (Գործք 13։52) Ասիկա որքա՜ն քաջալերական է այսօր միսիոնարներուն եւ ուրիշ աշակերտողներուն համար։ Եթէ մենք հեզութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ մեր բաժինը կատարենք, Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս պիտի օրհնեն մեր ծառայութիւնը։—Ա. Կորնթացիս 3։9
Իկոնիոն, Լիւստրա եւ Դերբէ
15. Իկոնիոնի մէջ, միսիոնարները ինչպէ՞ս վարուեցան, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
15 Ապա Պօղոս եւ Բառնաբաս 140 քմ. ճամբորդեցին, հարաւ արեւելք գտնուող Իկոնիոն քաղաքը երթալու համար։ Հալածանքի վախը զիրենք ետ չպահեց հոն ալ վարուելու ինչպէս վարուած էին Անտիոքի մէջ։ Որպէս արդիւնք, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին»։ (Գործք 14։1) Դարձեալ բարի լուրը չընդունող Հրեաները հակառակութիւն հրահրեցին։ Սակայն, միսիոնարները տոկացին եւ բաւական ժամանակ անցուցին Իկոնիոնի մէջ, նոր աշակերտներուն օգնելով։ Ապա, երբ իմացան որ իրենց Հրեայ հակառակորդները զիրենք պիտի քարկոծեն, Պօղոս եւ Բառնաբաս իմաստութեամբ յաջորդ թաղամասը փախան, այսինքն, «Լիւստրա եւ Դերբէ եւ շրջակայ տեղերը»։—Գործք 14։2–6
16, 17. (ա) Լիւստրայի մէջ Պօղոսի ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Առաքեալին հետ Աստուծոյ վերաբերումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Լիւստրացի երիտասարդի մը վրայ։
16 Այս կոյս թաղամասին մէջ, անոնք խիզախօրէն «աւետարանը կը քարոզէին»։ (Գործք 14։6) Երբ Պիսիդիայի, Անտիոքի եւ Իկոնիոնի Հրեաները ասիկա լսեցին, անոնք մինչեւ Լիւստրա եկան եւ ժողովուրդը համոզեցին որ Պօղոսը քարկոծէ։ Փախչելու ժամանակ չունենալով, Պօղոս քարկոծուեցաւ, այն աստիճան որ հակառակորդները զայն մեռած կարծելով, քաղաքէն դուրս քաշեցին։—Գործք 14։19
17 Կրնա՞ք երեւակայել թէ ասիկա որքա՜ն տխրեցուց նոր աշակերտները։ Բայց ի մեծ զարմանք բոլորին, երբ անոնք շրջապատեցին զինք, Պօղոս ոտքի ելաւ։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ այդ նոր աշակերտներուն մէջ Տիմոթէոս անունով երիտասարդ մը կար թէ ոչ։ Վստահաբար ան կերպով մը գիտցաւ թէ Աստուած ի՛նչպէս վարուած էր Պօղոսին հետ եւ ասիկա իր երիտասարդ մտքին վրայ մեծապէս դրոշմուած էր։ Տիմոթէոսի գրած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս գրեց. «Դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, ... հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։10, 11) Իր քարկոծուելէն մէկ կամ երկու տարի ետք, Պօղոս Լիւստրա գնաց եւ տեսաւ որ երիտասարդ Տիմոթէոսը օրինակելի Քրիստոնեայ մըն էր, «Լիւստրացի եւ Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած»։ (Գործք 16։1, 2) Ուստի, Պօղոս զինք ընտրեց որպէս ճամբորդակից։ Ասիկա Տիմոթէոսի օգնեց որ հոգեւորապէս աճի եւ ժամանակի ընթացքին պէտք եղած որակումները ունեցաւ որպէսզի Պօղոս զինք ղրկէ տարբեր ժողովքներ այցելելու։ (Փիլիպպեցիս 2։19, 20. Ա. Տիմոթէոս 1։3) Այսօր ալ, Աստուծոյ նախանձախնդիր ծառաները հոյակապ ազդեցութիւն մը կը ձգեն երիտասարդներուն վրայ եւ անոնցմէ շատեր, Տիմոթէոսի նման, մեծնալով Աստուծոյ համար արժէքաւոր ծառաներ կը դառնան։
18. (ա) Դերբէի մէջ միսիոնարներուն ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Անոնց դիմաց ի՞նչ պատեհութիւն կար, բայց անոնք ի՞նչ ընթացք ընտրեցին։
18 Լիւստրայի մէջ, մահուընէ ազատուելուն յաջորդ առաւօտը, Պօղոս Բառնաբասին հետ Դերբէ մեկնեցաւ։ Այս անգամ հակառակորդներ չհետեւեցան անոնց եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ անոնք ‘շատերը աշակերտ ըրին’։ (Գործք 14։19, 20) Դերբէի մէջ ժողովք մը հաստատելով, Պօղոս եւ Բառնաբաս որոշում մը պէտք էր առնէին։ Դերբէէն Տարսոն տանող Հռովմէական բանուկ ճամբայ մը կար։ Անկէ Սուրիական Անտիոք երթալը հեռու չէր։ Հաւանաբար անիկա վերադարձի ամենէն յարմար ճամբան էր եւ այս միսիոնարները հաւանաբար զգացին որ հանգիստի կարիքը ունէին։ Սակայն, իրենց Տէրը ընդօրինակելով, Պօղոս եւ Բառնաբաս զգացին որ աւելի մեծ կարիք մը կար։—Մարկոս 6։31–34
Լիովին կը Կատարեն Աստուծոյ Գործը
19, 20. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս օրհնեց միսիոնարներուն Լիւստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք վերադարձը։ (բ) Ասիկա ի՞նչ դաս կը հայթայթէ Եհովայի արդի ժողովուրդին։
19 Փոխանակ կարճ ճամբով տուն վերադառնալու, միսիոնարները խիզախօրէն վերադարձան եւ վերայցելեցին այն քաղաքները ուր իրենց կեանքը վտանգուած էր։ Եհովա օրհնե՞ց նոր ոչխարներու հանդէպ անոնց անշահախնդիր հետաքրքրութիւնը։ Արդարե՛ւ, քանի որ պատմութիւնը կ’ըսէ մեզի որ անոնք կրցան ‘աշակերտներուն սրտերը հաստատել եւ յորդորել, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ’։ Տեղին ըլլալով, անոնք այդ նոր աշակերտներուն ըսին. «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ (Գործք 14։20, 21) Պօղոս եւ Բառնաբաս անոնց նաեւ յիշեցուցին Աստուծոյ գալիք Թագաւորութեան մէջ ժառանգակիցներ ըլլալու իրենց կոչումը։ Ներկայիս մենք ալ նոյն կերպով պէտք է յորդորենք նոր աշակերտները։ Կրնանք անոնց քաջալերել որ փորձութիւններու տոկան, միշտ իրենց ուշադրութեան յանձնելով Պօղոսի եւ Բառնաբասի քարոզած Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու ակնկալութիւնը։
20 Իւրաքանչիւր քաղաքէն մեկնելէ առաջ, Պօղոս եւ Բառնաբաս կ’օգնէին տեղական ժողովքին որ աւելի լաւ կազմակերպուի։ Ակներեւաբար, անոնք մարզեցին որակելի այրեր եւ զանոնք նշանակեցին որ առաջնորդութիւնը ստանձնեն։ (Գործք 14։22) Անկասկած ասիկա ընդլայնումին նպաստեց։ Նմանապէս այսօր, անփորձներուն օգնելէ ետք, որ յառաջդիմեն ու պատասխանատուութիւն վերցնեն, միսիոնարներ եւ ուրիշ անհատներ երբեմն կը մեկնին եւ իրենց բարերար գործը կը շարունակեն հոն ուր աւելի մեծ կարիք կայ։
21, 22. (ա) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս ամբողջացուցին իրենց միսիոնարական ճամբորդութիւնը։ (բ) Ասիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։
21 Երբ միսիոնարները վերջապէս Սուրիական Անտիոք վերադարձան, հաւանաբար խոր գոհունակութիւն զգացին։ Այո, Աստուածաշունչի պատմութիւնը կ’ըսէ որ անոնք լիովին ‘կատարեցին’ այն գործը զոր Աստուած վստահած էր իրենց։ (Գործք 14։25) Հասկնալի է որ իրենց փորձառութիւնները պատմելով «մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները»։ (Գործք 15։3) Արդ, ի՞նչ պիտի ընէին։ Այլեւս իրենց տեղը նստելով իրենց քաջագործութիւններով պիտի գոհանայի՞ն։ Բնա՛ւ երբեք։ Թլփատութեան հարցին շուրջ որոշում ձեռք ձգելու համար Երուսաղէմի կառավարիչ մարմնին այցելելէ ետք, այս երկու Քրիստոնեաները անգամ մը եւս միսիոնարական ճամբորդութեան ձեռնարկեցին։ Այս անգամ անոնք տարբեր ուղղութեամբ գացին։ Բառնաբաս Յովհաննէս Մարկոսը իրեն հետ առաւ ու Կիպրոս գնաց, մինչ Պօղոս նոր ճամբորդակից մը գտաւ՝ Շիղան՝ ու մեկնեցաւ դէպի Սուրիա եւ Կիլիկիա։ (Գործք 15։39–41) Այս շրջապտոյտին ընթացքին էր որ ան հանդիպեցաւ երիտասարդ Տիմոթէոսին եւ զինք իրեն հետ առաւ։
22 Աստուածաշունչը Բառնաբասի երկրորդ ճամբորդութեան արդիւնքին մասին բան մը չի յայտներ։ Իսկ Պօղոսի պարագային, ան Եւրոպայի մէջ նոր հողամասեր գնաց ու ժողովքներ հաստատեց առնուազն հինգ քաղաքներու մէջ. Փիլիպպէ, Բերիա, Թեսաղոնիկէ, Կորնթոս եւ Եփեսոս։ Պօղոսի ակնառու յաջողութեան բանալին ի՞նչ էր։ Նոյն սկզբունքները վաւերակա՞ն են ներկայ Քրիստոնեայ աշակերտողներուն համար ալ։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Յիսուս ինչո՞ւ ընդօրինակուելու արժանի աչքառու օրինակ մըն է։
◻ Բառնաբաս ի՞նչ կերպով օրինակելի էր։
◻ Պիսիդիայի Անտիոքին մէջ Պօղոսի բանախօսութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Պօղոս եւ Բառնաբաս ինչպէ՞ս լիովին կատարեցին իրենց յանձնարարութիւնը։