Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 1/1 էջ 27-29
  • ‘Պէ՞տք է մկրտուիմ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Պէ՞տք է մկրտուիմ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մկրտութիւնը Ի՞նչ կը Բովանդակէ
  • Ո՞վ Պէտք Է Մկրտուի
  • ‘Տակաւին Պատանի Եմ’
  • ‘Շատ Ծեր Եմ’
  • ‘Որ Հիմա կ’Ապրեցնէ Ձեզ’
  • Քրիստոնեաներէն պահանջուած է մկրտուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Մկրտուելու պատրա՞ստ ես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Պատանինե՛ր, պատրա՞ստ էք մկրտուելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 1/1 էջ 27-29

‘Պէ՞տք է մկրտուիմ’

ԿԵԱՆՔԻ մէջ տրուելիք բոլոր որոշումներուն մէջ թերեւս ամենէն կարեւորը հետեւեալն է. ‘Պէ՞տք է մկրտուիմ’։ Ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է ասիկա։ Քանի որ այս որոշումին հետ ուղղակի առնչութիւն ունի ոչ միայն մեր ներկայ կեանքի ընթացքը, այլ նաեւ՝ մեր յաւիտենական բարօրութիւնը։

Դուք ալ այս որոշումին դիմաց կը գտնուի՞ք։ Թերեւս Եհովայի Վկաներուն հետ որոշ ժամանակէ ի վեր կ’ուսումնասիրէք։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ ձեր ծնողքը ձեր մանկութենէն ձեզի Սուրբ Գրութիւնները սորվեցուցած է։ Հիմա կէտի մը հասած էք որ դուք պէտք է որոշէք թէ ի՛նչ պէտք է ընէք։ Որպէսզի շիտակ որոշում մը տաք, պէտք է գիտնաք թէ մկրտութիւնը ի՛նչ կը բովանդակէ եւ ո՛վ պէտք է մկրտուի։

Մկրտութիւնը Ի՞նչ կը Բովանդակէ

Գրեթէ ամուսնութեան նման, մկրտութիւնը արարողութիւն մըն է, որ յարաբերութիւն մը կը պաշտօնականացնէ։ Ամուսնութեան մը պարագային, խնդրոյ առարկայ այրը եւ կինը արդէն իրարու հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակած են։ Ամուսնական արարողութիւնը պարզապէս հանրութեան կը գիտցնէ ինչ որ առանձնապէս համաձայնուած էր, այսինքն, թէ երկուքն ալ հիմա իրապէս ամուսնական միութեան մէջ կը մտնեն։ Անիկա նաեւ ամոլներու վերապահուած առանձնաշնորհումներ վայելելու դուռ կը բանայ, բայց իրեն հետ պատասխանատուութիւններ ալ կը բերէ, որոնց համաձայն պէտք է վարեն իրենց կեանքը։

Մկրտութեան պարագան ալ գրեթէ ասոր նման է։ Երբ Աստուածաշունչը կը սերտենք, կը սորվինք այն բաներուն մասին, զորս Եհովա սիրալիր կերպով ըրած է մեզի համար։ Ան մեզի տուած է ոչ միայն մեր կեանքը եւ զայն պահպանելու համար հարկ եղած բոլոր բաները, այլ նաեւ՝ իր միածին Որդին, որպէսզի մեղաւոր մարդկութեան առջեւ ճամբայ բանալով Իրեն հետ յարաբերութեան մէջ գան եւ դրախտանման երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն։ Երբ այս բոլոր բաներուն մասին մտածենք, գործի լծուելու չե՞նք մղուիր։

Ի՞նչ կրնանք ընել։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ մեզի. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։ (Մատթէոս 16։24) Այո, կրնանք Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլալ, իր օրինակին հետեւիլ, իր Հօրը՝ Եհովայի շահերուն ծառայելով։ Սակայն ասիկա ընելը անձը ‘ուրանալ’ կը պահանջէ, այսինքն, կամաւ վճռել Աստուծոյ կամքը մեր կամքէն առաջ դնել. Ասիկա կը բովանդակէ մեր կեանքը մատուցանել կամ նուիրել իր կամքը կատարելու համար։ Այս յօժարակամ եւ անձնական որոշումը գիտցնելու համար, հանրային արարողութիւն մը կը կատարուի։ Ջուրի մկրտութիւնը այդ արարողութիւնն է, որ կը խորհրդանշէ մեր հանրապէս կատարած նուիրումը Աստուծոյ։

Ո՞վ Պէտք Է Մկրտուի

Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն հրահանգեց որ ‘երթա՛ն եւ բոլոր ազգերը աշակերտեն, մկրտելով զանոնք Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով, սորվեցնելով անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն, ինչ որ ինք պատուիրած էր’։ (Մատթէոս 28։19, 20) Յստակ է, ուրեմն, որ մկրտուողներէն մտքի եւ սրտի հասունութիւն կը պահանջուի։ Աստուծոյ Խօսքը անձնապէս սերտելով, անոնք գնահատած են իրենց նախկին կեանքի ընթացքէն ‘զղջալու եւ դարձի գալու’ կարեւորութիւնը։ (Գործք 3։19) Ապա, անոնք կարեւորութիւնը տեսած են Յիսուս Քրիստոսի կողմէ կատարուած աւետարանելու գործը ստանձնելու, իր աշակերտները ըլլալով։ Այս բոլորը տեղի ունեցած են մկրտութենէն առաջ։

Ձեր հոգեւոր յառաջդիմութեան մէջ այս աստիճանին հասա՞ծ էք։ Կը փափաքի՞ք Աստուծոյ ծառայել։ Եթէ այո, աղօթքով նկատի առէք Եթովպիացի ներքինիին պատմութիւնը Աստուածաշունչէն, որ արձանագրուած է Գործք 8–րդ գլուխին մէջ։ Երբ այս մարդուն Մեսիա Յիսուսի մասին մարգարէութիւններ բացատրուեցան, ան իր միտքը եւ սիրտը զննեց եւ ապա հարցուց. «Ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Երեւութապէս արգելք մը չկար. ուստի մկրտուեցաւ։—Գործք 8։26–38

Ներկայիս շատեր կը հարցնեն նոյն հարցումը. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Որպէս հետեւանք, 1991–ին, 300,945 նոր նուիրուած անհատներ մկրտուեցան։ Ասիկա մեծ ուրախութիւն պատճառեց Եհովայի ամբողջ ժողովուրդին եւ ժողովքներուն մէջ երէցները ուրախութեամբ կ’օգնեն ուրիշ արդարամիտ անհատներու որ յառաջդիմեն ու մկրտութեան պայմանները լեցնեն։

Սակայն, կրնայ ըլլալ որ ձեր ժողովքի երէցները ձեզի թելադրեն որ սպասէք։ Կամ եթէ պատանի մըն էք, ձեր ծնողքը կրնան ձեզ ուղղել որ սպասէք։ Ի՞նչ կրնաք ընել։ Մի՛ յուսահատիք։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ Բարձրեալ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութեան մէջ մտնելը շատ լուրջ հարց մըն է։ Բարձր չափանիշներ պէտք է ունենալ եւ զանոնք պահել։ Ուստի մատուցուած թելադրութիւններուն մտիկ ըրէք եւ զանոնք բոլոր սրտով կիրարկեցէք։ Եթէ տրուած պատճառները լիովին չէք հասկնար, մի՛ ամչնաք, այլ հարցուցէք, որպէսզի իրապէս հասկնաք թէ ի՛նչ պատրաստութիւններ տեսնելու կարիքը ունիք։

Միւս կողմէն, ոմանք կը վարանին իրենց աչքին մեծ երեւցող այս քայլը առնելու։ Դուք անոնցմէ մէ՞կն էք։ Անշուշտ, նուիրումը եւ մկրտութիւնը յետաձգելու որոշ պատճառներ կրնաք ունենալ։ Բայց եթէ որակելի էք եւ ասով հանդերձ ետ կը կենաք, լաւ է որ դուք ձեզի հարց տաք. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Աղօթքով վերլուծեցէք ձեր դիրքը եւ տեսէք թէ իրապէս վաւերական պատճառ մը ունի՞ք, իրեն հետ անձնական յարաբերութեան մէջ մտնելու Եհովայի հրաւէրը յետաձգելու համար։

‘Տակաւին Պատանի Եմ’

Եթէ պատանի մըն էք, թերեւս մտածէք. ‘Տակաւին պատանի եմ’։ Ճիշդ է որ այնքան ատեն որ պատանիները հնազանդ են իրենց ծնողներուն եւ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն Սուրբ Գրութիւնները կիրարկելու մէջ, կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովա զիրենք «սուրբ» կը նկատէ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ արդար ծնողներու վայելած աստուածային հաճութիւնը կ’երկարի նաեւ անոնցմէ կախեալ եղող զաւակներուն վրայ։ (Ա. Կորնթացիս 7։14) Սակայն, Աստուածաշունչը որոշ տարիք մը չի տար թէ կախեալ ըլլալու այս շրջանը ե՛րբ կ’աւարտի։ Հետեւաբար, կարեւոր է որ Քրիստոնեայ երիտասարդներ լրջութեամբ նկատի առնեն այս հարցումը. «Պէ՞տք է մկրտուիմ»։

Աստուածաշունչը կը քաջալերէ երիտասարդներուն որ ‘իրենց Մեծ Ստեղծիչը իրենց երիտասարդութեանը օրերուն մէջ յիշեն’։ (Ժողովողի 12։1) Այս մարզին մէջ ունինք պատանի Սամուէլի պարագան, որ մանուկ վիճակին մէջ «Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր»։ Ունինք նաեւ Տիմոթէոսի օրինակը, որ իր մանկութենէն սրտանց հետեւեցաւ այն ճշմարտութեան զոր իր մայրը եւ մեծ–մայրը իրեն սորվեցուցին։—Ա. Թագաւորաց 2։18. Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15

Այսօր ալ, շատ մը երիտասարդներ իրենց կեանքը նուիրած են Եհովայի ծառայելու համար։ 15 տարեկան երիտասարդ մը՝ Աֆիգուսա՝ ըսաւ որ Ծառայութեան Ժողովէն նիւթ մը օգնեց իրեն, որ որոշէ մկրտուիլ։ Այումին մկրտուեցաւ երբ 10 տարեկան աղջնակ մըն էր։ Ան կ’ուզէր Եհովայի ծառայել, քանի որ իրապէս սկսած էր սիրել զինք։ Հիմա 13 տարեկան է, ան ներկայ եղաւ 12 տարեկան աղջնակի մը մկրտութեան, որու հետ ուսումնասիրութիւն վարած էր եւ որ, իր կարգին, Եհովան կը սիրէր։ Այումիին կրտսեր եղբայրը՝ Հիգարուն ալ մկրտուեցաւ 10 տարեկանին։ «Ոմանք ըսին որ շատ երիտասարդ եմ», կը յիշէ ան, «բայց Եհովան գիտէ իմ զգացումներս։ Վճռած էի կեանքս նուիրելէ ետք մկրտուիլ, որպէսզի բոլոր ունեցածովս իրեն ծառայեմ»։

Ծնողքի մը տուած օրինակն ալ կարեւոր ազդակ մըն է, ինչպէս կը տեսնուի երիտասարդ քրոջ մը փորձառութեամբ։ Իր հայրը արգիլած էր մօրը որ իրեն, իր եղբօրը եւ քրոջը հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէր։ Ան անոնց կը ծեծէր եւ գիրքերը կը պատռէր։ Բայց մօրը համբերութեան եւ հաւատքին շնորհիւ, զաւակները Եհովա Աստուծոյ ծառայելու կարեւորութիւնը տեսան։ Այս երիտասարդ պատանուհին 13 տարեկանին մկրտուեցաւ եւ իր կրտսեր եղբայրն ու քոյրն ալ իր օրինակին հետեւեցան։

‘Շատ Ծեր Եմ’

Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ծերեր ու տղաքներ ... թող Տէրոջը անունը օրհնեն»։ (Սաղմոս 148։12, 13) Այո, ծերերն ալ պէտք է գիտակցին որ Եհովայի կողմը դիրք պէտք է բռնեն։ Սակայն, կարգ մը տարեցներ կը խուսափին հարկ եղած փոփոխութիւնը ընելէ։ Անոնք կը խորհին որ «այս տարիքէս յետոյ սազ նուագե՞լ պիտի սորվիմ»։ Սակայն, յիշեցէք որ հաւատարիմ Աբրահամ 75 տարեկան էր երբ Եհովա իրեն ըսաւ. «Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ (Գործք 7։3. Ծննդոց 12։1, 4) Մովսէս 80 տարեկան էր երբ Եհովա իրեն յանձնարարեց. ‘Իմ ժողովուրդս ... Եգիպտոսէն հանէ’։ (Ելից 3։10) Այս մարդիկը եւ ուրիշներ, լաւ տեղաւորուած, հանգիստ կեանք մը կը վարէին, երբ Եհովա անոնցմէ խնդրեց որ իրեն հանդէպ իրենց սէրը եւ նուիրումը ցոյց տային։ Անոնք առանց վարանելու ընդառաջեցին Եհովայի հրաւէրին։

Ի՞նչ կրնանք ըսել այսօր։ Շիզումու 78 տարի Պուտտայական կրօնքին պատկանած էր, երբ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Իր ընտանիքը հակառակեցաւ իրեն, նոյնիսկ թոյլ չտալով որ ան իր տան մէջ ուսումնասիրէր։ Միայն տարի մը ետք, ան կարեւորութիւնը տեսաւ ինքզինք Եհովայի նուիրելու եւ մկրտուելու։ Ինչո՞ւ այս փոփոխութիւնը ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Երկար տարիներ, սուտ կրօնքէն խաբուած էի եւ փափաքեցայ Եհովայէն եկած ճշմարտութիւնը յաւիտեան ստանալ»։

‘Որ Հիմա կ’Ապրեցնէ Ձեզ’

Ժամանակը երթալով կը կարճնայ։ Կեանքեր, ի ներառեալ ձերինը, խնդրոյ առարկայ են։ Ստիպողական է լրջութեամբ նկատի առնել Եհովայի նուիրուելու եւ զայն ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշելու հարցը։ Պետրոս առաքեալ ասիկա շեշտեց, ըսելով. «Մեզ ալ ... մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ»։ Ան բացատրեց որ մկրտութիւնը ‘ո՛չ թէ մարմնին աղտը մէկդի կը ձգէ’ (անհատը արդէն անիկա ըրած պիտի ըլլար մկրտութեան համար որակելի ըլլալէն առաջ), ‘հապա բարի խղճմտանքի համար Աստուծոյ մատուցուած խնդրանքն է’։—Ա. Պետրոս 3։21, ՆԱ։

Եհովայի պահանջներուն գոհացում տալով, մկրտուած աշակերտը բարի խղճմտանք մը ձեռք կը ձգէ։ Եհովայի ծառայութեան մէջ շարունակաբար իր լաւագոյնը ընելով, ան մտքի խաղաղութիւն եւ գոհունակութիւն կը վայելէ։ (Յակոբու 1։25) Մանաւանդ որ ան կրնայ վստահութեամբ ակնկալել գալիք նոր դրութեան մէջ Եհովայէ անվերջ օրհնութիւններ վայելել։ Կը մաղթենք որ ձեր բաժինն ալ ասիկա ըլլայ, մինչ դրականօրէն կը պատասխանէք սա հարցումին. ‘Պէ՞տք է մկրտուիմ’։

[Նկար՝ էջ 29]

Ներկայիս մկրտուող թէ՛ երիտասարդներ եւ թէ տարեցներ կրնան Աստուծոյ նոր դրութեան մէջ անվերջ օրհնութիւններ անկալել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել