Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 2/1 էջ 20-24
  • Եհովան՝ հրաշալի բաներ ընողը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան՝ հրաշալի բաներ ընողը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վշտահար՝ Բայց Հաւատարիմ
  • Եհովայի Հետ Մտերմութիւն
  • Եհովայի Բարութիւնը
  • Եհովայի Անբաղդատելի Գործերը
  • Եհովայի Մեծութիւնը
  • Միացուած սրտով մը քալենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Եհովա՝ բարութեան գերագոյն օրինակն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Եհովա բազումողորմ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Եհովայի մեծութիւնը անքննելի է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 2/1 էջ 20-24

Եհովան՝ հրաշալի բաներ ընողը

«Դուն մեծ ես ու հրաշքներ [հրաշալի բաներ] կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես»։—ՍԱՂՄՈՍ 86։10

1, 2. (ա) Մարդուն գիւտերը ինչպէ՞ս ազդած են աշխարհին։ (բ) Աւելի լաւ բաներու յոյսը ո՞ւր կրնանք գտնել։

ԱՐԴԻ մարդը կրնայ պարծենալ իր հրաշալի գիւտերուն համար. Ելէկտրական սարքերը, հեռահաղորդակցութիւնը, վիտէօն, ինքնաշարժը, սրընթաց ճամբորդութիւնը եւ համակարգուած արուեստագիտութիւնը։ Այս բաները համայն աշխարհը իրար մօտեցուցած են։ Բայց ի՜նչ մօտիկութիւն մը։ Փոխանակ խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ բոլորին առատութիւն բերելու, մարդկութիւնը արիւնահեղ պատերազմներով, ոճիրով, ահաբեկչութեամբ, ապականութեամբ, հիւանդութիւններով եւ աղքատութեամբ հարուածուած է։ Իսկ համայն աշխարհի մէջ ցրուած կորիզային զէնքերը՝ թէեւ թիւով նուազած՝ տակաւին կրնան մարդկութիւնը բնաջնջել։ Մահուան վաճառականները՝ զինամթերք արտադրողները՝ կը շարունակեն մեծագոյն առեւտուրը ընել երկրի վրայ։ Հարուստը աւելի կը հարստանայ եւ աղքատը աւելի կ’աղքատանայ։ Ոեւէ մէկը կրնա՞յ լուծում մը գտնել։

2 Այո՛. քանի որ կա՛յ Մէկը որ ազատագրութիւն կ’երաշխաւորէ, որ «բարձրերուն վրայ Բարձր եղող»ըն է, Եհովա Աստուած։ (Ժողովողի 5։8) Ան ներշնչեց սաղմոսներուն գրութիւնը, որոնք շատ մխիթարութիւն եւ իմաստուն խրատներ կու տան տագնապալի ժամանակներուն։ Անոնց մաս կը կազմէ 86–րդ Սաղմոսը, որ հետեւեալ պարզ վերնագիրը կը կրէ. «Աղօթք Դաւիթի»։ Անիկա աղօթք մըն է որ կրնաք ձեր անձնականը ընել։

Վշտահար՝ Բայց Հաւատարիմ

3. Այս օրերուն, Դաւիթ քաջալերական ի՞նչ օրինակ կը հայթայթէ մեզի։

3 Դաւիթ այս սաղմոսը գրեց երբ վշտահար էր։ Մենք ալ, որ ներկայիս Սատանայի դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ, նոյնպէս փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. տես նաեւ Մատթէոս 24։9–13–ը։) Դաւիթ ալ մեզի նման մտատանջուեցաւ եւ ընկճուեցաւ զինք հարուածող խնդիրներով։ Բայց ան բնաւ թոյլ չտուաւ որ այս փորձութիւնները Ստեղծիչին հանդէպ իր հաւատարիմ վստահութիւնը տկարացնեն։ Ան աղաղակեց. «Ո՛վ Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ։ Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասնզի աղքատ ու տնանկ եմ։ Պահէ իմ անձս, վասնզի ես սուրբ եմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ»։—Սաղմոս 86։1, 2

4. Մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ցոյց տանք։

4 Դաւիթի նման, մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ «ամէն մխիթարութեանը Աստուածը»՝ Եհովան, իր ականջը պիտի դարձնէ այս երկրին եւ պիտի լսէ մեր խոնարհ աղօթքները։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Անվարանօրէն մեր Աստուծոյն վստահելով, կրնանք Դաւիթի խրատին հետեւիլ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։—Սաղմոս 55։22

Եհովայի Հետ Մտերմութիւն

5. (ա) Կարգ մը բծախնդիր թարգմանութիւններ, Հրեայ դպիրներուն սխալները ինչպէ՞ս շտկած են։ (բ) 85–րդ եւ 86–րդ Սաղմոսները ի՞նչ կերպով Եհովան կը փառաւորեն։ (Տես լուսանցքի բացատրութիւնը։)

5 86–րդ Սաղմոսին մէջ, Դաւիթ 11 անգամ կը գործածէ «Ո՛վ Տէր [Եհովա]» արտայայտութիւնը։ Ի՜նչ ջերմեռանդ է Դաւիթի աղօթքը, իսկ Եհովայի հետ իր մտերմութիւնը՝ որքա՜ն սերտ։ Հետագային, Աստուծոյ անունը այսքան մտերմաբար գործածելը անհաճելի դարձաւ Հրեայ դպրիներուն, մանաւանդ Սոփերիմներուն։ Անոնք Աստուծոյ անունը սխալ կերպով գործածելու աւելորդապաշտ վախ մը սնուցանեցին։ Անտեսելով այն իրողութիւնը, թէ մարդը ստեղծուած էր Աստուծոյ պատկերով, անոնք մերժեցին Աստուծոյ վերագրել այն որակումները զորս մարդիկ ալ կը ցուցաբերեն։ Հետեւաբար, այս մէկ սաղմոսին Եբրայերէն բնագրին մէջ աստուածային անուան՝ ԵՀՎՀ [Եհովա] 11 գործածութենէն 7–ն փոխարինեցին ‘Ատոնայ’ [Տէր] տիտղոսով։ Երախտապարտ ենք որ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշ բծախնդիր թարգմանութիւններ, Աստուծոյ անունը իր ճշգրիտ տեղը դարձեալ զետեղած են Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Ասիկա Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը աչքառու դարձուցած է, ինչպէս պարտի ըլլալ։a

6. Ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովայի անունը թանկարժէք է մեզի համար։

6 Դաւիթ կը շարունակէ աղօթել. «Ողորմէ ինծի, ո՛վ Տէր [Եհովա], վասնզի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։ Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը, վասնզի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, Ո՜վ Տէր [Եհովա]»։ (Սաղմոս 86։3, 4) Նկատի առէք որ Դաւիթ «ամէն օր» կը շարունակէր Եհովան կանչել։ Արդարեւ, ան յաճախ գիշերը կ’աղօթէր, երբ փախստական էր անապատին մէջ։ (Սաղմոս 63։6, 7) Այսօր ալ, կարգ մը Վկաներ երբ բռնաբարումի կամ ոճրային յարձակման սպառնալիքի տակ գտնուած են, բարձրաձայն Եհովայի աղաղակած են։ Երբեմն անոր ուրախ արդիւնքը զարմացուցած է զիրենք։b Եհովայի անունը թանկագին է մեզի, ինչպէս էր «Յիսուսի Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին» համար, երբ երկրի վրայ էր։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Եհովայի անուան սրբացման համար աղօթեն եւ անոնց գիտցուց այդ անուան իմաստը։—Մատթէոս 1։1. 6։9. Յովհաննու 17։6, 25, 26

7. Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ Եհովա Իր ծառաներուն հոգին կը բարձրացմէ, իսկ մենք ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։

7 Դաւիթ իր հոգիով, իր ամբողջ էութեամբ Եհովայի դիմեց։ Ան Սաղմոս 37։5–ին մէջ կը քաջալերէ որ մենք ալ նոյնը ընենք, ըսելով. «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ»։ Ուստի, մեր հոգին ուրախացնելու համար Եհովայի ուղղուած աղաղակները անպատասխան պիտի չմնան։ Եհովայի ուղղամիտ ծառաներէն շատեր կը շարունակեն մեծ ուրախութիւն գտնել իր ծառայութեան մէջ, հակառակ դժուարութիւններու, հալածանքներու եւ հիւանդութիւններու։ Մեր եղբայրները, որոնք պատերազմով պառակտուած Ափրիկեան կարգ մը շրջաններու մէջ կ’ապրին, ինչպէս Անկոլա, Լիպերիա, Մոզամպիք եւ Զայիր, շարունակած են Եհովայի ծառայութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել։c Ան իրապէս պատճառ եղած է որ անոնք հոգեւոր առատ հունձքով ուրախանան։ Անոնք ինչպէս տոկացին, մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ (Հռովմայեցիս 5։3–5) Իսկ, մինչ կը տոկանք, հետեւեալ երաշխիքը ունինք. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ ... ետ պիտի չմնայ»։ (Ամբակումայ 2։3) Եհովայի վրայ կատարեալ վստահութիւն ունենալով, մենք ալ շարունակենք ‘դէպի վախճանը արտորալ’։

Եհովայի Բարութիւնը

8. Եհովայի հետ ի՞նչ մտերմութիւն կրնանք ունենալ եւ ան իր բարութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուած է։

8 Դաւիթ յաւելեալ անհամբեր պաղատանքը կը մատուցանէ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր [Եհովա], բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։ Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր, ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։ Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, վասնզի դուն ինծի կը պատասխանես»։ (Սաղմոս 86։5–7) «Ո՛վ Եհովա».—կրկին ու կրկին այս արտայայտութեան մտերմութիւնը մեզ կը խայտացնէ։ Այս մտերմութիւնը կարելի է յարատեւաբար մշակել աղօթքի միջոցաւ։ Ուրիշ առիթով մը Դաւիթ աղօթեց. «Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի՛ յիշեր, հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝ քու բարութեանդ համար, ո՛վ Տէր»։ (Սաղմոս 25։7) Եհովա Յիսուսի փրկանքը հայթայթելով, զղջացող մեղաւորներուն ողորմելով, եւ իր հաւատարիմ ու գնահատող Վկաներուն գթալով, փաստած է բարութեան մարմնացումը ալլալ։—Սաղմոս 100։3–5. Մաղաքեայ 3։10

9. Զղջացող մեղաւորները ո՞ր երաշխիքը լուրջի պէտք է առնեն։

9 Մեր անցեալի սխալներուն համար պէ՞տք է յուզուինք։ Եթէ հիմա մեր քայլերը ուղիղ են, կը հրճուինք վերյիշելով զղջացողներուն ուղղած Պետրոս առաքեալի խօսքերը, թէ «սփոփանքի ժամանակներ» պիտի գան Եհովայէն։ (Գործք 3։20) Շարունակենք աղօթքով Եհովայի մօտիկ մնալ, մեր Փրկարարին՝ Յիսուսի միջոցով, որ խանդաղատանքով ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ Ներկայիս, երբ հաւատարիմ Վկաները Եհովայի կ’աղօթեն Յիսուսի թանկարժէք անունով, իրապէս հանգստութիւն կը գտնեն։—Մատթէոս 11։28, 29. Յովհաննու 15։16

10. Սաղմոսաց գիրքը ինչպէ՞ս ուշագրաւ կը դարձնէ Եհովայի ողորմութիւնը։

10 Սաղմոսաց գիրքը, Եհովայի «ողորմութեան» կ’ակնարկէ հարիւրաւոր անգամներ։ Իրապէս Եհովայի ողորմութիւնը առատ է։ 118–րդ Սաղմոսին առաջին չորս համարները, կոչ կ’ընեն Աստուծոյ ծառաներուն, որ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեն, չորս անգամ կրկնելով՝ «անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ 136րդ Սաղմոսը 26 անգամ կը շեշտէ ‘ողորմութեան’ խանդակաթ յատկութիւնը։ Եթէ կերպով մը սխալինք՝ ինչպէս Յակոբու 3։2–ը կ’ըսէ թէ «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք»՝ շուտով Եհովայի թողութիւնը փնտռենք, վստահելով իր գութին եւ ողորմութեան։ Իր ողորմութիւնը, մեզի հանդէպ իր ունեցած հաւատարիմ սիրոյն արտայայտութիւնն է։ Եթէ հաւատարմօրէն շարունակենք Աստուծոյ կամքը ընել, ան իր հաւատարիմ սէրը ցոյց պիտի տայ, մեզ զօրացնելով որ որեւէ փորձութիւն դիմագրաւենք։—Ա. Կորնթացիս 10։13

11. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել յանցապարտութեան զգացումները վանելու։

11 Երբեմն կրնայ պատահիլ որ ուրիշներ մեզ գայթակղեցնեն։ Մանկութեան շրջանին ֆիզիքական եւ զգացական եղծանումն ալ պատճառ եղած է որ ոմանք իրենք զիրենք յանցաւոր եւ շատ անարժէք զգան։ Այս բաներու զոհ գացող անհատ մը կրնայ Եհովայի աղաղակել, վստահ ըլլալով որ Ան պիտի պատասխանէ։ (Սաղմոս 55։16, 17) Ազնիւ երէց մը կրնայ այսպիսի անհատով մը հետաքրքրուիլ, անոր օգնելով որ ընդունի թէ յանցանքը իրը չէր։ Անկէ ետք, երէցին պարբերական եւ բարեկամական հեռաձայնները կրնան օգնել անոր որ վերջապէս կարենայ ‘իր բեռը կրել’։—Գաղատացիս 6։2, 5

12. Տագնապները ինչպէ՞ս կրնան բազմապատկուիլ, բայց ինչպէ՞ս կրնանք յաջողութեամբ զանոնք դիմագրաւել։

12 Կան շատ մը ուրիշ տագնապալի պարագաներ, որոնց դէմ պէտք է պայքարին Եհովայի ծառաները այսօր։ 1914–ի Ա. Աշխարհամարտէն սկսեալ, մեծ դժբախտութիւններ սկսան հարուածել երկիրը։ Ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, անոնք «ցաւերուն սկիզբն» էին։ Մինչ ‘իրերու դրութեան վախճանին’ մէջ կը յառաջանանք, նեղութիւնները կը բազմապատկուին։ (Մատթէոս 24։3, 8) Բանսարկուին «քիչ ժամանակ»ը դէպի իր աղետալի վախճանը կը սուրայ։ (Յայտնութիւն 12։12) Որս փնտռող «մռնչող առիւծի պէս», այդ մեծագոյն Հակառակորդը կարելի ամէն հնարք կը գործածէ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ հօտէն զատէ եւ կործանէ։ (Ա. Պետրոս 5։8) Բայց ան պիտի չյա՛ջողի։ Քանի որ Դաւիթին նման, մենք մեր վստահութիւնը ամբողջովին կը խարսխենք մեր միակ Աստուծոյն՝ Եհովայի վրայ։

13. Ծնողներ եւ իրենց զաւակները ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ Եհովայի բարութենէն։

13 Անկասկած, Դաւիթ իր որդւոյն՝ Սողոմոնի սրտին մէջ աստիճանաբար տեղաւորեց Եհովայի բարութեան ապաւինելու կարիքը։ Հետեւաբար, Սողոմոն ալ իր որդւոյն կրնար հետեւեալ խրատը տալ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։ Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ»։ (Առակաց 3։5–7) Այսօր ալ ծնողներ պէտք է սորվեցնեն իրենց երախաներուն թէ ինչպէս կրնան վստահութեամբ Եհովայի աղօթել եւ այս անսիրտ աշխարհի յարձակումները դիմագրաւել, ըլլայ դպրոցի դասընկերներուն կողմէ եկած ճնշումը, թէ անբարոյութիւն գործելու փորձութիւնները։ Ամէն օր ձեր զաւակներուն հետ ճշմարտութիւնը ապրիլը, կրնայ անոնց մատղաշ սրտերուն վրայ տպաւորել Եհովայի հանդէպ անկեղծ սէր եւ աղօթքի միջոցաւ իրեն ապաւինելու կարեւորութիւնը։—Բ. Օրինաց 6։4–9. 11։18, 19

Եհովայի Անբաղդատելի Գործերը

14, 15. Եհովայի անբաղդատելի գործերէն ոմանք ի՞նչ են։

14 Դաւիթ խոր համոզումով ըսաւ. «Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր [Եհովա] եւ քու գործերուդ պէս չկայ»։ (Սաղմոս 86։8) Եհովայի գործերը ոեւէ մէկուն երեւակայածէն աւելի մեծ, աւելի հոյակապ եւ շատ աւելի վեհ են։ Ինչպէս նշմարուած է արդի գիտութեան կողմէ, ստեղծուած տիեզերքը՝ անոր անհունութիւնը, անոր ներդաշնակութիւնը եւ անոր վսեմութիւնը՝ շատ աւելի ապշեցուցիչ է քան ինչ որ Դաւիթ կրցաւ նշմարել։ Այսուհանդերձ, ան մղուեցաւ ըսել. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։—Սաղմոս 19։1

15 Եհովայի գործերը հոյակապ կերպով ներկայացուած են նաեւ, երկրին տեղաւորման եւ պատրաստութեան մէջ, ցորեկն ու գիշերը, եղանակները, ցանքն ու հունձքը եւ ապագային մարդկութեան վայելելիք բազմաթիւ հաճոյալի բաները հայթայթելով։ Իսկ մենք ի՜նչ հրաշալի կերպով շինուած եւ օժտուած ենք, որպէսզի մեզ շրջապատող Եհովայի գործերը վայելելու կարող ըլլանք։—Ծննդոց 2։7–9. 8։22. Սաղմոս 139։14

16. Եհովայի բարութեան մեծագոյն արտայայտութիւնը ի՞նչ է եւ ասիկա յաւելեալ ի՞նչ անբաղդատելի գործերու կ’առաջնորդէ։

16 Մեր առաջին ծնողքը Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելէ ետք՝ ցարդ երկիրը հարուածող տառապանքներու դուռ բանալով՝ Եհովա սէրէ մղուած հոյակապ գործ մը ըրաւ իր Որդին երկիր ղրկելով, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզէ եւ որպէս փրկանք մեռնի մարդկութեան համար։ Իսկ ամենէն հոյակապ բանը, Եհովա անկէ ետք յարուցանեց Քրիստոսը որպէսզի իր ընկերակից ընտրեալ Թագաւորը ըլլայ։ (Մատթէոս 20։28. Գործք 2։32, 34) Աստուած հաւատարիմ մարդոցմէ նաեւ ընտրած է «նոր ստեղծուած մը», որ Քրիստոսին հետ պիտի իշխէ, որպէս բարեգործ «նոր երկինք մը», ‘նոր երկրի’ ընկերութեան վրայ, որ պիտի բովանդակէ միլիառաւոր յարուցեալներ։ (Բ. Կորնթացիս 5։17. Յայտնութիւն 21։1, 5–7. Ա. Կորնթացիս 15։22–26) Այս կերպով Եհովայի գործերը պիտի ընթանան դէպի փառաւոր յանգում։ Իրապէս մենք ալ կրնանք բացագանչել. «Ո՛վ Տէր [Եհովա], ... ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ՝ որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր»։—Սաղմոս 31։17–19

17. Եհովայի գործերը նկատի ունենալով, Սաղմոս 86։9–ն հիմա ինչպէ՞ս կը կատարուի։

17 Եհովայի արդի գործերը կը բովանդակեն ինչ որ Դաւիթ նկարագրեց Սաղմոս 86։9–ի մէջ. «Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր [Եհովա] եւ քու անուանդ փառք պիտի տան»։ Իր նոր ստեղծուածին՝ Թագաւորութեան ժառանգորդներու «պզտիկ հօտ»ին մնացեալ անդամները մարդկութեան մէջէն հաւաքելէն ետք, Եհովա «բոլոր ազգեր»էն «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն մը» հաւաքելու ձեռնարկած է, միլիոնաւորներ՝ որոնք Յիսուսի թափած արեան հաւատք կ’ընծայեն։ Անոնց հետ ուժեղ կազմակերպութիւն մը կերտած է, ներկայիս երկրի վրայ խաղաղասէր անհատներու համերկրային միակ ընկերութիւնը։ Ասիկա դիտելով, երկնային բանակները Եհովայի առջեւ կ’երկրպագեն, ըսելով. «Օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Մեծ բազմութիւնն ալ կը փառաւորէ Եհովայի անունը, իրեն ծառայելով «ցորեկ ու գիշեր», յուսալով այս աշխարհի վախճանէն վերապրիլ եւ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրիլ։—Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 7։9–17. Յովհաննու 10։16

Եհովայի Մեծութիւնը

18. Եհովա ինչպէ՞ս ցոյց տուած է թէ ‘միայն ինք’ «Աստուած» է։

18 Ապա Դաւիթ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Եհովայի Աստուածութեան վրայ, ըսելով. «Վասնզի դուն մեծ ես ու հրաշքներ [հրաշալի բաներ] կ’ընես։ Միան դո՛ւն Աստուած ես»։ (Սաղմոս 86։10) Հինուց ի վեր Եհովա ապացուցանած է որ արդարեւ ‘միայն ինք’ «Աստուած» է։ Եգիպտոսի բռնատէր Փարաւոնն էր որ յանդգնօրէն մարտահրաւէր կարդաց Մովսէսի. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թուլատրեր»։ Բայց ան շուտով սորվեցաւ որ Եհովան որքա՜ն մեծ է։ Ամենակալ Աստուած խոնարհեցուց Եգիպտոսի չաստուածները եւ կախարդ քուրմերը, աղետալի պատուհասներ ղրկելով, Եգիպտոսի անդրանիկները սպաննելով եւ Փարաւոնն ու իր ընտրանի բանակը Կարմիր Ծովուն մէջ բնաջնջելով։ Իրապէս, աստուածներուն մէջ Եհովայի նման մէկը չկայ։—Ելից 5։2. 15։11, 12

19, 20. (ա) Յայտնութիւն 15։3, 4–ի երգը ե՞րբ իր մեծագոյն արտայայտութիւնը պիտի ունենայ։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք նոյնիսկ հիմա մասնակցիլ Եհովայի գործերուն։

19 Որպէս միակ Աստուածը, Եհովան հրաշալի բաներ ըրած է, իր հնազանդ երկրպագուները արդի Եգիպտոսէն՝ Սատանայի աշխարհէն ազատագրելու համար։ Ան իր աստուածային դատաստանները որպէս վկայութիւն ծանուցանել տուած է համայն երկրի մէջ, ամբողջ պատմութեան ամենէն լայնատարած քարոզչական արշաւի մը միջոցաւ, կատարելով Մատթէոս 24։14–ի Յիսուսի մարգարէութիւնը։ Շուտով «վերջը» պիտի գայ, երբ Եհովա իր մեծութիւնը աննախընթաց տարողութեամբ ցոյց տայ, երկրի վրայէն ամէն ամբարըշտութիւն սրբելով։ (Սաղմոս 145։20) Այն ատեն Մովսէսին եւ Գառնուկին երգը իր բարձրակէտին պիտի հասնի. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր [Եհովա] Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի դո՛ւն միայն սուրբ ես»։—Յայտնութիւն 15։3, 4

20 Թող որ մեր կարգին մենք ալ ուրիշներուն նախանձախնդրութեամբ խօսինք Աստուծոյ այս փառաւոր նպատակներուն մասին։ (Բաղդատել Գործք 2։11–ը։) Եհովա պիտի շարունակէ մեծ եւ հրաշալի բաներ ընել թէ՛ մեր օրերուն եւ թէ ապագային, ինչպէս մեր յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ։

[Ստորանիշ էջ 21]

a 1874–ի Աստուածաշունչի մեկնաբանութիւն մը կը մէջբերէ Անտրիու Ա. Պոնարը, որ կ’ըսէ. «Վերջին Սաղմոսին [85րդ] վերջաւորութեան, Շատ որոշ կերպով Աստուծոյ մասնայատուկ յատկանիշը,, իր փառաւոր անունը ուշադրութեան յանձնուած է վերջին [85–րդ]Սաղմոսին վերջաւորութեան։ Այս պատճառով ուրիշ մը անոր կը հետեւի՝ ‘Դաւիթի մէկ Աղօթքը’, որ գրեթէ նոյնքան Եհովայի յատկանիշներով լեցուն է։ Այս [86–րդ] Սաղմոսին գլխաւոր բնաբանը՝ Եհովայի անունն է»։

b Տես 22 Յունիս 1984–ի Զարթի՛րին 28րդ էջը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

c Մանրամասնութեանց համար, տես՝ «Համայն Աշխարհի Եհովայի Վկաներու 1992–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագրութիւն» ցանկը, որ Յունուար 1993–ի Դիտարանի [Անգլ.] թիւթին մէջ պիտի տպագրուի։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Ինչո՞ւ 86րդ Սաղմոսի աղօթքը մեր անձնականը պէտք է ընենք։

◻ Եհովայի հետ ինչպէ՞ս կրնանք մտերմութիւն ունենալ։

◻ Եհովա մեզի հանդէպ իր բարութիւնը ինչպէ՞ս կ’արտայայտէ։

◻ Եհովայի անբաղդատելի գործերէն ոմանք ի՞նչ են։

◻ Եհովա ինչպէ՞ս մեծութեամբ ‘միակ Աստուած’ն է։

[Նկար՝ էջ 22]

Գալիք ‘նոր երկրին’ մէջ Եհովայի հրաշալի գործերը իր փառքին ու բարութեան մասին պիտի վկայեն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել