Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 3/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սամարացի կնոջ մը կը սորվեցնէ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Աստուած որո՛ւ պաշտամունքը կ’ընդունի
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 3/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Ապրիլ 1—Թո՛ղ տուր ատոր, այդ բանը իմ թաղմանս օրուանը համար պահեց։—Յովհաննու 12։7, Դիտ. 4/1/92 6, 7, եւ Ղուկաս 19։29–44a

a Յիշատակատօնի համար Սուրբ Գրոց ընթերցանութիւն։

Ապրիլ 2—Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց։—Ղուկաս 21։3, Դիտ. 4/1/92 11–13, եւ Ղուկաս 19։45–48. Մատթէոս 21։12, 13, 18, 19*

Ապրիլ 3—Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց։—Ա. Պետրոս 2։9, Դիտ. 4/1/92 13, 14ա, եւ Ղուկաս 20։1–40*

Ապրիլ 4—Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։—Յովհաննու 17։3, Դիտ. 4/1/92 18, 19ա, եւ Ղուկաս 22։1–6*

Ապրիլ 5—Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի։—Յովհաննու 16։33, Դիտ. 4/1/92 1, 2ա, եւ Ղուկաս 22։7–13. Մարկոս 14։12–16*

Ապրիլ 6—Յիշատակատօն՝ արեւնամուտէն ետք։ Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար։—Ղուկաս 22։19, Դիտ. 4/1/92 11, 12ա, եւ Ղուկաս 22։14–71*

Ապրիլ 7—Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։—Ա. Պետրոս 5։5, Դիտ. 4/1/92 3, 4ա

Ապրիլ 8—Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։ Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։—Առակաց 5։5

Ապրիլ 9—Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէսզի մենք հաւատքով արդարանանք։ Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք։ Վասնզի ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։—Գաղատացիս 3։24–26, Դիտ. 12/1/91 14, 15

Ապրիլ 10—Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։—Մատթէոս 24։13

Ապրիլ 11—Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ։—Յայտնութիւն 21։5, Դիտ. 1/1/92 20, 21

Ապրիլ 12—Չարերուն համար մի՛ նեղանար, անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր։ Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։—Սաղմոս 37։1, 8, Դիտ. 3/1/92 13ա

Ապրիլ 13—Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա՝ յաւիտենական կեանք ունենայ։—Յովհաննու 3։16

Ապրիլ 14—Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ ... [որ] կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։—Բ. Կորնթացիս 5։14, 15

Ապրիլ 15—Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Եհովա ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։—Կողոսացիս 3։13

Ապրիլ 16—Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։—Հռովմայեցիս 9։21

Ապրիլ 17—Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը [Եհովայի] ուրախութեամբ։—Սաղմոս 100։2, Դիտ. 6/1/92 7, 8բ

Ապրիլ 18—Երբ ըսելու ըլլան թէ «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է», այն ատեն կորուստը [կործանումը (ՆԱ)] յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3, Դիտ. 12/1/91 8–10ա

Ապրիլ 19—Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ։—Առակաց 27։11, Դիտ. 3/1/92 20, 21ա

Ապրիլ 20—Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։ Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ։—Յակոբու 4։8, Դիտ. 1/1/92 3, 4գ

Ապրիլ 21—Մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ Ո՛վ Տէր [Եհովա], զիս խրատէ։—Երեմեայ 10։23, 24, Դիտ. 7/1/92 11, 13ա

Ապրիլ 22—Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէսզի մեղքերնիդ ջնջուի. որպէսզի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը [Եհովայի] երեսէն։—Գործք 3։19, Դիտ. 6/1/92 17ա

Ապրիլ 23—Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները։—Մատթէոս 7։12

Ապրիլ 24—Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս [Եհովան] իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։—Եսայեայ 60։22

Ապրիլ 25—Թէեւ ես ամենէն ազատ էի, բայց իմ անձս ամենուն ծառայ ըրի, որպէսզի շատերը շահիմ։ Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէսզի Հրեաները շահիմ, .... Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէսզի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէսզի մէկ քանիները ապրեցնեմ։—Ա. Կորնթացիս 9։19, 20, 22

Ապրիլ 26—Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ։—Յայտնութիւն 22։1, Դիտ. 12/1/91 17, 18ա

Ապրիլ 27—Իմ աչքերս ամէն ատեն Տէրոջը [Եհովայի] կը նային, վասնզի ան պիտի հանէ իմ ոտքերս որոգայթէն։—Սաղմոս 25։15, Դիտ. 1/1/92 19, 20ա

Ապրիլ 28—Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք [գլխաւորաբար երէցները] որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։—Գաղատացիս 6։1, Դիտ. 3/1/92 8բ

Ապրիլ 29—Տէրոջը [Եհովայի] ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է։—Նէեմեայ 8։10, Դիտ. 6/1/92 1–3բ

Ապրիլ 30—Յօժարակամութեամբ [անոնք] կ’աղաչէին որ տուրքերը ու սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք։—Բ. Կորնթացիս 8։3, 4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել